Պետրոս Հաճեան
Պետրոս Հաճեան (Ճարապլուս, Սուրիա 24 Յունուար, 1933- 4 Սեպտեմբեր, 2012 Պուէնոս Այրէս, Արժանթին), սփիւռքահայ մանկավարժ, ուսուցիչ, մտաւորական, արձակագիր, կուսակցական ազգային գործիչ եւ հրապարակագիր։
Պետրոս Հաճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | Յունուար 24, 1933 |
Ծննդավայր | Ճարապլուս, Սուրիա |
Մահացած է | 4 Սեպտեմբեր, 2012 |
Մահուան վայր | Պուէնոս Այրես, Արժանթին |
Քաղաքացիութիւն |
Արժանթին Հայաստան |
Ազգութիւն | Արժանթինահայեր եւ Հայերը Սիրիայում? |
Մասնագիտութիւն | Մանկավարժ, արձակագիր, կուսակցական եւ ազգային գործի |
Ամուսին | Սօսի Հաճեան |
Երեխաներ | Աւետիս (Աւօ), Արազ, Ալինա, Արի, Ալեքսիս եւ Անիա-Քարէն. |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Ճարապլուս, Սուրիա։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։
Տասնհինգ տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը եւ կը հարկադրուի նետուիլ գործի ասպարէզ՝ մօր եւ իրմէ փոքր եղբօր ապրուստը հոգալու համար։
1954-1970 տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Տէր-Զօրի եւ Հալէպի մէջ: Հալէպի «Հայկազեան» ազգային վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն:
1968-1970 կը վարէ «Քարեն Եփփէ» Ազգային ճեմարանին տնօրէնութիւնը։ Եղած է Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթին փոխ-խմբագիրը։ Ունեցած է ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւն Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերէն ներս։
1970-ին կը փոխադրուի Պուէնոս Այրէս, ուր կը ստանձնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթ. Հաստատութեան տնօրէնութիւնը՝ 35 տարի։
1971-1986 կը վարէ «Արմենիա» երբեմնի օրաթերթին (1989-էն ի վեր՝ շաբաթաթերթ) խմբագրութիւնը։
1986-էն ետք, կը նուիրուի գրական աշխատանքներու։ Հակառակ անոր որ պատանեկութենէն սկսած է ունենալ սկսնակ մտաւորականի անխուսափելի բանաստեղծական նկրտումներ, Պետրոս Հաճեան իբրեւ գեղարուեստական գրող կը յայտնուի շատ ուշ, երբ 62 տարեկան է:
Եղած է սփիւռքահայ մամուլի մնայուն աշխատակից, ինչպէս՝ «Յառաջ»ին ու «Նոր Յառաջ»ին։
Պարգեւներ Եւ Գնահատակներ
ԽմբագրելՊետրոս Հաճեանի գրական, հրապարակագրական, հանրային եւ ուսուցչական ասպարէզներու գրական վաստակը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի կողմէ կը գնահատուի:
1984-ին, «Ս. Մեսրոպ» շքանշանին կ'արժանանայ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի Արժանթին վերջին այցելութեան առիթով, իսկ 2011-ին «Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանով կը պարգեւատրուի։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կ'արժանանայ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին (2010)։
Կազմակերպութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ եւ Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղին, 29 Սեպտեմբեր 2013-ին Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ տեղի կ'ունենայ յուշ երեկոյ մը՝ նուիրուած Պետրոս Հաճեանին յիշատակին:
Ազգային Եւ Կուսակցական Գործունէութիւն
ԽմբագրելՊետրոս Հաճեան իր ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) գործունէութիւնը կը սկսի կանուխ հասակէն, գրաւելով ղեկավարի դիրքեր: Կուսակցական իր «կրակի մկրտութիւնը» կը ստանայ վաթսունականներուն: Կը մնայ հաւատաւոր (նոյնիսկ կուսակցական շարքերէն դուրս մնալէն ետք) մինչեւ վերջ. երբ կը պնդէի, թէ պէտք է որ այս տիպի փորձառութիւններուն մասին իր յուշերը գրէր, կը պատասխանէր՝ «չէ՜, չ՛ըլլար. երդո՛ւմ տուած եմ»:[1] - ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ
|
Պետրոսին դերը շատ մեծ եղած է կուսակցական երիտասարդներ դաստիարակելու մէջ: - Սօսի Հաճեան
|
Իր 60 տարուան պատկառելի վաստակով Պետրոս Հաճեան, արժանի էր համագաղութային յարգանքի ու յոբելեանի: Պետրոս Հաճեանը, խոնարհ, համեստ ու պարզ անձ մըն էր ու այդ պատճառով թերեւս Սփիւռքի մէջ բաւարար ճանաչուած չէր, թէեւ Հայաստանի մէջ գնահատուած էր ու արժանացած շքանշանի: Ժամանակի ընթացքին սակայն իր դէմքը առաւել եւս պիտի պայծառանայ ու իր գործը պիտի գնահատուի ըստ արժանւոյն:[2] - Ռուբէն Պարսումեան
|
Ես ուսուցիչներ ունեցած եմ, որոնք միայն նախակրթարան աւարտած են, որոնք բախտաւոր պարագային Դպրեվանք գացած են, մեծ վկայականներ չունէին, բայց հայերէն սորվեցուցին, պատմութիւն սորվեցուցին, պատմութեան խորհուրդը փոխանցեցին եւ եթէ Պետրոսը եղաւ ան ինչ որ էր, մենք կը պարտինք, այսօրուան ըմբռնումով, այդ ոչ գրագէտ մարդոց:
[2] ։ - Յակոբ Պալեան
|
Մահ
Խմբագրել4 Սեպտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պուէնոս Այրէսի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ։ Մարմինը կ'ամփոփուի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Մատենագիտութիւն
Խմբագրել- «Պարզ քերականութիւն» (1987, երեք հատորով),
- «Հայ մտքի մշակներ» (1987 եւ 1990, երկու հատորով, միաժամանակ հայերէն եւ սպաներէն՝ Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ),
- «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» (պատմուածքներ, 1995. սպաներէն թարգմանութիւն՝ Պերճ Աճէմեան, 2004),
- «100 տարի, 100 պատմութիւն» (2001, սպաներէն թարգմանութիւն՝ Վ. Մատթէոսեան, 2008, անգլերէն թարգմանութիւն՝ Արիս Սեւակ, 2009),
- «Լռեցուած խօսքը. Հայկական Ցեղասպանութեան մտաւորական զոհերը» (2003, սպաներէն՝ Վ. Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ),
- «Կար ու չկար» (պատմուածքներ, 2003),
- «Կարկեմիշ» (վէպ, 2005),
- «Հարաւը Սփիւռքի մէջ» (յօդուածներու ժողովածու 2008)։
- «Հրամմեցէ՛ք պարոններ» եւ «Կարկեմիշ» 2008, լոյս տեսած են միացեալ հատորով ու «Ճանապարհ դէպի Կարկեմիշ» վերնագիրով, Երեւանի մէջ։ Պետրոս Հաճեան պատրաստած է անտիպ մնացած է «Սոնիա, հայերէն գիտես» դասագիրքը նախակրթարանի համար, «Շարահիւսութիւն»՝ երկու հատորով, երկրորդական վարժարաններու յատուկ ընթերցարան մը եւ գրականութեան դասագիրքերու շարք մը [3]:
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պետրոս Հաճեան (1933-2012) ARMENIACA - ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ
- Պետրոս Հաճեան՝Միջին Սփիւռքի Արձակագիր ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Պետրոս Հաճեանի շուրջ, Մեշալէ պարտէզ-ճաշարանին մէջ, Հալէպ, 1967:
- ՀՐԱՄՄԵՑԷՔ, ՊԱՐՈՆՆԵՐ . Պատմուածքներ
- Ճանապարհ Դէպի Կարկեմիշ
- Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris Պետրոս Հաճեան
- ԳՐԱԳԷՏ, ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Պետրոս Հաճեան՝ Միջին Սփիւռքի Արձակագիր
- ↑ 2,0 2,1 ԳՐԱԳԷՏ, ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։