Ռէշաթ Միմարօղլու
Խնդրանք. որեւէ փոփոխութիւն մի՛ կատարէք, մինչեւ այս հաղորդագրութիւնը չհանուի, այլապէս խմբագրման ընդհարումներ կրնան յառաջանալ։ Հաղորդագրութիւնը տեղադրուած է 5 Դեկտեմբերին՝ (Հինգշաբթի) ժամը՝ 01:40, եւ զայն չի կրնար պահել աւելի քան 2 օր։ |
Ռէշաթ Միմարօղլու կամ Մուսթաֆա Ռէշաթ Պէյ կամ Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու (թրքերէն՝ Mustafa Reşat Mimaroğlu կամ Mustafa Reşat Bey) թուրք պետական պաշտօնեայ, քաղաքական գործիչ, Հայոց Մեծ Ցեղասպանութեան մասնակից-ոճրագործ։[1]
Մուսթաֆա Ռէշաթ Պէյ (Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու) | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1878 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս (Իսթամպուլ) |
Մահացած է | 1953 |
Մահուան վայր | Անգարա |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն, Թուրքիոյ Հանրապետութիւն |
Ազգութիւն | թուրք |
Մայրենի լեզու | Թրքերէն, Հայերէն, Արաբերէն, Պարսկերէն |
Կրօնք | Մահմետականութիւն (Իսլամ) |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Վարած պաշտօններ | Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱնձնական․․․
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԹուական | Պաշտօն |
---|---|
1899 | Կը սկսի յաճախել Կոստանդնուպոլսոյ «Քաղաքագիտութեան Կասերական Դպրոց»-ը (թրքերէն՝ Mekteb-i Mülkiye)։ |
1902 | - Կ՚աւարտէ վերոյիշեալ դպրոցը։
- Կը սկսի աշխատիլ իբրեւ հաշուապահ Ապտ Ուլ-Համիտ Բ․-ի անձնական գանձարանէն ներս։ |
1908 | - Մինչեւ այս թուականը կը դառնայ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Ընկերակցութեան» անդամ։
- Այս թուականին կը նշանակուի Էրզրում (բուն հայկական անունով՝ Կարին) նահանգի «Նամուրվան» (թրքերէն՝ Narman) գաւառի տեղական կուսակալ։ |
1909 | - Կը ըստանձնէ «Նամուրվան» գաւառի կուսակալի իր պաշտօնը (Կոստանդնուպոլիսէն դուրս իր յանձն առած առաջին պաշտօնն էր)։
- Նոյն տարուայ փետրուարին կը նշանակուի «Անի-կամախ»-ի (թրքերէն՝ Kemah) կուսակալ: Երզնկայ նահանգի (թրքերէն՝ Erzincan Sancak) կարեւոր գաւառ մը։ |
1910 | Յունուար 25-ին նշանակուի Երզնկայ նահանգի հաշուապահ։ |
1911 | Մայիսի 26-ին կը դառնայ Երզնկայ նահանգին մէջ գտնուող «Քարբեր»-ի (թրքերէն արդի անունը՝ Ağrı Արարատ լեռան թրքական անունն է, նախապէս կը կոչուէր՝ Karaköse, այդկից առաջ՝ Karakilise օսմանական-թրքերէն՝ قرهکلیسا, Ղարաքիլիսա կամ Գարաքիլիսա) տեղական կուսակալ։ |
1915 | 14 Մարտին «Քաղաքական բաժանմունք»-ին (թրքերէն՝ Kısmı Siyasi) մէջ կը բարձրացուի իր աստիճանը՝ ոստիկանապետի։ |
1916 | 27 Յունիսին կը նշանակուի «Քաղաքական բաժանմունք»-ին (թրքերէն՝ Kısmı Siyasi) պետ։ [Այստեղ իր վերելքը պետական դիւանակալութեան մէջ (անգլերէն՝ bureaucracy, կառավարական վերին շրջանակ) կը հասնի կարեւոր կետի մը, եւ իր յանձագործութիւններու մեծ մասը կը գործադրէ այս պաշտօնը ստանձնած ժամանակ]։ |
1939 | Յունուարի 1-ին մուտք կը գործէ խորհդրարան իբրեւ Իզմիրի երեսփոխան։ |
1940 | Կը դառնայ «Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան» (անգլերէն՝ The Republican People's Party) նահանգային (Կոստանդնուպոլսոյ) նախագահ, մինչեւ 1942 թուականը։ |
1943 | «Հողագործական» (կամ «Գիւղատնտեսական») դրամատան վարչական խորհուրդի նախագահ (անգլերէն՝ Chairman of the borad of directors of agricultural bank), մինչեւ 1946 թուականը։ |
1899-ի սեպտեմբերէն սկսեալ ան կը յաճախէ Կոստանդնուպոլսոյ «Քաղաքագիտութեան Կասերական Դպրոց»-ն (թրքերէն՝ Mekteb-i Mülkiye, Մէքթէպ-ի Միւլքիյէ այժմու «Անքարայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունք»-ը, Անքարա տեղափոխուած) ու կ՚աւարտէ 1902-ի Յուլիսին։
Աւարտելէն ետք իր ստանցնած առաջին գործը կ՚ըլլայ հաշուապահութիւն Ապտ Ուլ-Համիտ Բ․-ի անձնական գանձարանին (թրքերէն՝ Hazine-i Hassa) մէջ, ուր կ՚աշխատի մինչեւ 1908 թուականը։
Դերակատարութիւնը Հայոց Մեծ Ցեղասպանութեան մէջ
ԽմբագրելՀակառակ անոր որ «Ռէշաթ» ռազմական գործիչ չէր, սակայն ան մեծ մասնակցութիւն ունեցած է Հայոց Մեծ Ցեղասպանութեան (Մեծ Եղեռնի) մէջ։ Որպէս երիտասարդ պետական պաշտօնեայ՝ այսպէս կոչուած «Ազգային Պետական Ոյժեր»-ու «Քաղաքական Հարցերու Բաժանմունք»-ի (թրքերէն՝ Kısmı Siyasi) որ նաեւ կը ճանչցուէր որպէս՝ «Երկրորդ Բաժանմունք» (անգլերէն՝ Second Unit) (Ներքին Գործոց Նախարարութեան բաժանմունք մը), «Ռէշաթ» վերոյիշեալ բաժանմունքի այլ պաշտօնեաներու կողքին աշխոյժ դերակատարութիւն կ՚ունենայ Հայոց Մեծ Ցեղասպանութեան կորիզը հաանդիսացող Ապրիլ 24 1915-ի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեանց ծրագրելուն, կազմակերպելուն եւ ի կատար ածելուն (գործադրել, իրագործել) մէջ։[1]
Ան կը վարէ բոլոր դիւանակալային (անգլերէն՝ Bureaucratic) եւ վարչական գործընթացերը իրագործելու Թալէաթ փաշայի որոշումը՝ հայ համայնքի ղեկավարները, գործօն պետերն ու երեւելի դէմքերը ձերբակալել, բանտարկել եւ ապա «Այաշ»-ի (թրքերէն՝ Ayaş) ու «Չանքըրը»-ի (թրքերէն՝ Çankırı, յունարէն բուն անունը՝ Γάγγρα, յետագային յունարէն բուն անուանումը՝ Γερμανικόπολις) ճանապարհին վրայ զանոնք սպաննել (Դաշնակցական, Հնչակեան եւ Ռամկավար քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ, գրողներ, բանաստեղծներ, փաստաբաններ բժիշկներ, դեղագործներ, դպրոցներու տնօրէններ, եկեղեցականներ, վարառականներ եւն․․․)։
«Հայկական հարց»-ը ըստ Ռէշաթ-ի
Խմբագրել(այս մասին խօսած է իր յուշերուն մէջ)
Ինչպէս իր յուշագրութիւններուն մէջ կը յայտնէ, «Մուսթաֆա Ռէշաթ», իբրեւ «Քաղաքական Բաժանմունք»-ի (թրքերէն՝ Kısmı Siyasi) ղեկավար, հնարավորութիւնը ուներ ուղակիօրէն եւ առանց միջնորդի ծանօթանալ, կարդալ եւ ուսումնասիրել հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, անոնց անդամներու, ղեկավարութեանց եւ հայ մամուլի վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը, զեկոյցներն ու նամակագրութիւնները:
1914 թուականի Սեպտեմբերի 6-ին Թալէաթ փաշայի հրամանով եւ «Մուսթաֆա Ռէշաթ»-ի գլխաւորութեամբ, «Քաղաքական Բաժանմունք»-ը (թրքերէն՝ Kısmı Siyasi) կը հսկէր բոլոր հայ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ բարձրաստիճան այրերու վարքն ու ընթացքը, կը հետեւէր անոնց կենցաղին ու շարժումներուն։
Ան (իր յուշերուն մէջ) կ՚ըսէ թէ «հայերը հաւատարիմ ազգ են, անոնք վեց դար ապրած են օսմանեան կայսրութեան մահմետական (մուսալման) բնակչութեան հետ եւ վաղ 19-րդ դարէն սկսեալ միաձուլուած են անոնց հետ։ Ազգային զգացումներն ու տրամադրութիւնները (Ռէշաթ-ի խօսքերով) հայերու մէջ ծագեցան այն ժամանակաշրջանին, երբ օսմանեան կայսրութիւնը անկումի օրերը կ՚ապրէր, եւ այդ տրամադրութիւնները աւելի ցայտուն դարձան եւրոպական տերութիւններու եւ կարգ մը քաղաքական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ»:
«Հայ հասարակութեան խումբ մը անդամներ երեւելի դարձան (գրած է Ռէշաթը)։ Այս խումբերը զինուեցան եւ վտանգեցին ազգի մը (իբր թէ ազգ եղող օսմանցիներուն) անդորրը, եւ օսմանեան կառավարութիւնը 1876 թուականէն մինչեւ համաշխարհային Ա․ պատերազմի սկիզբը կը տառապէր զինուած խմբաւորումներու համաճարակէն։ Այս ընկերվարական յեղափոխականները մեծ մասամբ (ինչպէս գրած է) կը հետեւէին Գրիգորեան դաւանանքին (այսինքն Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Զաւակները)։ Անոնցմէ ետք եկան բողոքականները (Աւետարանական), որոնցմէ շատերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ կապի մէջ էին»։ Ռէշաթ կը պնդէր թէ այս յեղափոխականները կը վայելէին Բողոքական (Աւետարանական) աշխարհի մտքի, խօսելու եւ մամուլի ազատութիւնը, կը հետապնդէին ազգային անկախութեան դատը ու յառաջ կը տանէին զանիկա։ Բացի ասկից ըստ «Ռէշաթ»-ի կաթուղիկէ հայոց մէջ ալ կային փոքր թիւով յեղափոխականներ։
Հայ յեղափոխական կազմակերպութեանց դէմ անոր տարած հալածանքները
Խմբագրել1914-ի Սեպտեմբերի 6-ին, Թալէաթ Փաշայի հրամանով, Քաղաքական բաժանմունքը ՔՍ-ն Մուսթաֆա Ռէշաթի գլխաւորութեամբ կը հետեւի հայ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ անուանի այրերու վարքին ու կը հետապնդէ անոնց շարժումները։ Առաջին անգամ ըլլալով Թալէաթ կը հրամայէ մեծապարփակ միջոցնել ձեռնարկել հայկական ղեկավարութեան դէմ, կայսրութեան մէջ ամենուր, հիմքը դնելով Ապրիլ 24 1915-ի իր գործողութեան։ Այս մէկը ձեւով մը առաջին քաղաքական լայնածաւալ քայլն էր դէպի 24 Ապրիլ՝ Թալէաթի կողմէն հայկական կուսակցութեանց եւ քաղաքական կազմակերպութեանց վրայ լիակատար հսկողութիւնը, ապա մեծ եղեռնը։
«Ռէշաթ »գերմանրամասն տեղեկագրութիւն մը կը ներկայացնէ հայ յեղափոխական խումբերու գործունէութեան պատմութեան մասին։ Ըստ անոր՝ 1870 թուականին եւ անոր յաջորդած տարիներուն ընթացքին, Շահնազարեան (? / ՞), Փորթուգալեան (Արմենական Կուսակցութիւն), Մինաս Չերազ (հասարակական ու մշակութային գործիչ), Արփիար Արփիարեան (ՍԴՀԿ գործիչ, գրող) եւ Տէմիրճիպաշեան (արձակագիր, բանաստեղծ, իմաստասէր) եւ բազում այլ ազգայնականներ ու աշխոյժ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ բանաստեղծներ ինչպիսիքն են Բաղդինեանն (? / ՞) ու Ֆէլէքեանը (? / ՞), կը ձգտէին ազգը հայ արթնցնելու, դպրոցներու մէջ ուսուցանելով, եւ գիրքերու եւ լրագիրներու (թերթերու) մէջ իրենց գրութեանց միջոցաւ (Ռէշաթ-ի բառերով)։
Հնչակեան գործիչներու ձերբակալութիւնը
Խմբագրել1914 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Հնչակեան (ՍԴՀԿ) կուսակցութիւնը մահափորձ մը կը կազմակերպէ, սկիզբը Թալէաթի նկատմամբ, ապա ուրիշ երիտ-թուրքերու նկատմամբ։ Սակայն նախքան իրագործելը, ծրագիրը երեւան կու գայ (կը յայտնուի)։
«Մուսթաֆա Ռէշաթ» աշխոյժ դեր կը խաղայ այս մահափորձը ձախողցնելու եւ ճնշելու մէջ։ անձամբ ներկայ կը գտնուի բարձրաստիճան հնչակեան կուսակցութեան անդամներու հարցաքննութիւններուն, որոնք սկսան 1914 թուականի Օգոստոսին եւ տեւեցին մինչեւ 1915-ի Մարտը, նամանաւանդ Փարամազի ու Համբարձում Պօյաճեանի հարցաքննութիւններուն ժամանակ։
Ան կ՚առնէ անոնց վկայութիւնները, այնուհետեւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մեկնարկը կու տայ խոշոր ձերբակալութեան գործողութեան մը՝ ուղղուած ինչպէս մահափորձի ծրագրիրին մէջ դեր ունեցած հնչակեաններուն, այնպէս ալ Կ․Պոլսեցի հնչակեաններուն որոնք մասնակցեցան Ռումինիոյ Կոնստանցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՍԴՀԿ համագումարին։ Մէկը միւսին ետեւէն բերման կ՚ենթարկուի։ Դատախազութեան կողմէն ամբաստանագիրը (մեղադրական եզրակացութիւնը) պատրաստուելէն ետք, անոնք դատի կը բերուին զինուորական դատարանին դիմաց։
Դաշնակցական գործիչներու հետապնդումը
ԽմբագրելԱզատամարտ թերթի շէնքի դէպքերը
ԽմբագրելՏիրան Քելէկեանի (ՌԱԿ) ձերբակալութիւնն ու սպաննութիւնը
ԽմբագրելՏիրան Քելէկեանը չշփոթե՛լ Տիգրան Քելէկեանին հետ։
Տիրան Քելէկեան ծնած է Կեսարիա քաղաքին մէջ, բարձրագոյն ուսում ստանալէ ետք ան կը զբաղուի լրագրողութեամբ։ Երիտ-թուրքերուն հետ զօրաւոր կապեր հաստատելէ ետք, ան կը դառնայ Ապտ Ուլ-Համիտ-ի սաստիկ ընդիմադիրներէն։ Մուսթաֆա Ռէշաթ Միմարօղլու-ն «Քաղաքագիտութեան կայսերական դպրոց»-ի (թրքերէն՝ Mekteb-i Mülkiye-yi) մէջ իր ուսուցիչին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ Տիրան Քելէկեանին ձերբակալութեան մասին խօսած է իր յուշերուն մէջ իբրեւ կարեւորագոյն դէպք մը իրեն համար։ «Ռէշաթ» կը պնդէր թէ Պալքանեան պատերազմէն ետք, Ռամկավարները միացած էին դաշինքի մը հայկական գունդերու հետ, զէնք վերձնելով դարձած են ապօրինի խմբաւորում մը (իր խօսքերով), այսպիսով ուսուցչապետ (անգլերէն՝ Professor) Քելէկեանը, որուն մասին կը խօսի որպէս Ռամկավարներու ղեկավարը, կը ձերբակալուի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ըստ անոր՝ «Կոմիտէականներուն» (թրքրեէն՝ Komitacı, քոմիթաճը, այս անուանումը թուրքերը կու տան/տային այն յեղափոխականներուն, նամանաւանդ արեւելեան եւրոպացիներուն, որոնք 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին զինեալ պայքար մղեցին օսմանական գրաւումին դէմ) ձերբակալութեան ժամանակ։
Միմարօղլու իր յուշերուն մէջ կ՚ըսէ թէ․ «Ռամկավարական Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է Եգիպտոսի մէջ, եւ անոնց հիմնական կեդրոնը կը գտնուի այդտեղ։ Այլ կեդրոն մը ունին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, որուն ղեկավարը ուսուցչապետ (անգլերէն՝ Professor) Քելէկեան, «Սապահ» (թրքերէն՝ Sabah) թերթի քաղաքական խմբագրապետ՝ Տիրան Քելէկեանն էր: Սեբաստիոյ (թրքերէն՝ Sivas) երեսփոխան Պարսամեանն ու Խաչիկ Էնկիլիշեանը՝ ուսուցիչ, նաեւ կ՚անդամակցէին այս կուսակցութեան։ Եգիպտոսի մէջ գտնուող երբեմնի խաղաղաբարոյ (Ռէշաթ-ի խօսքերով) Ռամկավարական կուսակցութիւնը, Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Միհրան Տամատեանի հրամանով ու հաւանութեամբ կը միանայ յեղափոխականներուն շարքին ու կը որոշէ զենք վերցնել։ Այս որոշումը կը փոխանցուի Կոստանդնուպոլսոյ ՌԱԿ-ի մարմնին, Քելէկեան, Ինկիլիշեան եւ Տէրատուրեան, կը ձերբակալուին»: Ըստ «Ռէշաթ»-ի պնդումներուն Կոստանդնուպոլիսի Ռամկավարները կ՚ըսեն թէ․ «Մեր ուխտագիրի անգլերէն՝ Charter Ե․ հինգերորդ յօդուածին համաձայն կուսակցութիւնը պարտաւոր է ծառայել իր անդամներուն նիւթական եւ հոգեկան զարգացումին՝ ռազմոյժը (սպառազինութիւնը) եւս նիւթական զագրացում է, Եգիպտոսի հրամանը ընունելի է, մենք կ՚ընդունինք զայն» (Ռէշաթի պնդումները), «Այս պատճառով (կ՚ըսէ Ռէշաթ) Քելեկեան, կարգ մը այլ Ռամկավարականներու հետ միասին ձերբակալուածներուն շարքին էին»։
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Տիրան Քելէկեանը իր տունէն բերման կ՚ենթարկուի (անգլերէն՝ to take into custody) Մուսթաֆա Ռէշաթի կողմէն ղրկուած ոստիկանի մը կողմէն, եւ կը փոխադրուի Կ․Պոլսոյ կեդրոնական բանտը։ Յաջորդ օրը ուրիշ անուանի հայ մտաւորականներու հետ միասին շոգեկառքով կը ղրկուի «Այաշ» (թրքերէն՝ Ayaş) եւ «Չանքըրը» (թրքերէն՝ Çankırı, յունարէն բուն անունը՝ Γάγγρα, յետագային յունարէնով՝ Γερμανικόπολις)։ Քելէկեան որ «Չանքըրը»-ի (թրքերէն՝ Çankırı, յունարէն բուն անունը՝ Γάγγρα, յետագային յունարէնով՝ Γερμανικόπολις) մէջ աքսորուած կը մնայ մինչեւ 1915 թուականի հոկտեմբեր ամիսը, եւ իր մտերիմ ընկերոջ Աթըֆ Պէյ-ի թրքերէն՝ Atıf Bey միջնորդութեամբ, որ նշանակուած էր Քասթամօնայի (թրքերէն՝, Kastamonu, յունարէն բուն անունը՝ Κασταμονή կամ Κασταμών) նահանգապետն, Քելէկեան 1915-ի հոկտեմբերի 29-ին կը տեղափոխուի Տիգրանակերտ «Ճանտըրմէրի»-ի (ֆրանսերէն՝ Gendarmerie, քաղաքապահ զօրք, ոստիկանութիւն) հսկողութեան ներքոյ, եւ այդուհետեւ (ադկէ ետք կամ այդկից ետք) ոչ մէկ լուր կը լսուի անոր մասին։
Միւս կողմէն Արամ Անտոնեան կը պնդէ թէ Քելէկեան 1915-ի Հոկտեմբեր ամսու 20-ի ուշ գիշէրին, «Չօրում»-ի (թրքերէն՝ Çorum, յունարէն բուն անունը՝ Ευχάνεια, Էֆխանիա) դատարան տեղափոխուելու պատրուակով, կը տարուի «Չանքըրը»-ի իր խուցէն ու «Ալիս» (թրքերէն՝ Kızılırmak, յունարէն բուն անունը՝ Ἅλυς) գետին վրայ գտնուող «Չոքկեօզ» կամուրջին վրայ (թրքերէն՝ Çokgöz, Եօզկաթ-ի եւ Կեսարիոյ միջեւ գտնուող)։
Տե՛ս Նաեւ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել«Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık» — Umit Kurt: «Կարգ ու Կանոնի Բաժանմունքէն Ներս» — Իւմիթ Քուրթ, Ա հրատարակութիւն՝ Հոկտեմբեր 2023։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık»։ Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-12-25
- ↑ «Genocide Museum | The Armenian Genocide Museum-institute»։ www.genocide-museum.am։ արտագրուած է՝ 2023-12-31