Սարգիս Սողանալեան
Սարգիս Սողանալեան (6 Փետրուար 1929, Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա - 5 Հոկտեմբեր 2011[1], Hialeah, Մայամի-Տէյտ Շրջան, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), յայտնի զինավաճառ, յայտնի նաեւ «մահուան վաճառական» ծածկանունով[2]։
Սարգիս Սողանալեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Փետրուար 1929 |
Ծննդավայր | Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա |
Մահացած է | 5 Հոկտեմբեր 2011[1] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Hialeah, Մայամի-Տէյտ Շրջան, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
Հայաստան Սուրիա Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | ձեռնարկատէր |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՍողանալեան ծնած է Հայաշէն, Փետրուար 6, 1929-ին։ Հօր մահէն ետք, անոր ընտանիքը փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան չէ կրցած աւարտել Նոր Հաճըն թաղամասի վեցամեայ դպրոցի ընթացքը։
Պատանի տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ իբրեւ ինքնաշարժներու լաւ գիտակ ու հմուտ մասնագէտ։ Իր յաճախորդները դարձած են Լիբանանի նախագահներն ու վարչապետները, այնուհետեւ՝ Յորդանանի թագաւորական ընտանիքի անդամները։
Ան տիրապետած է անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն, թրքերէն ու արաբերէն լեզուներուն, նաեւ կրցած է հաղորդակցիլ իտալերէն ու սպաներէն լեզուներով։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՍողանալեան Նիւ Եորքի մէջ գերմանական «Վոլքսվակըն» վաճառանիշով ինքնաշարժներու վաճառքի ներկայացուցիչը դարձած է, եւ աւելի ուշ ալ՝ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին եւրոպական շարք մը ինքնաշարժներու ներկայացուցիչը։
Յաջորդող տարիներուն Սողանալեանի հետաքրքրութիւնները տարածուած է օդանաւային բեռնափոխադրումներու վրայ, որմէ անցած է դէպի զէնքի փոխադրումներ ու զինավաճառութիւն:
Յիշարժան է Իրաքին մատակարարած 130 ուղղաթիռներու փոխադրութեան պատմութիւնը։
1958-ին, Սողանալեան ամուսնացած է Պէյրութի մէջ, ուսուցչուհի Շիրլի Ատամզի հետ, սակայն 1970ականներուն ամուսնալուծուած է կնոջմէն։
Ան Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան հետ գործակցելով՝ մեծ քանակութեամբ զէնք մատակարարած էր Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ուժերուն, Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին[3]։ Ան զէնք մատակարարած էր նաեւ Նիքարակուային։
20-րդ դարու մեծագոյն զինավաճառներէն մէկը կը նկատուէր եւ միաժամանակ սերտօրէն կը համագործակցէր ամերիկեան գաղտնի գործակալութիւններու հետ։
Ամերիկայի իսկ քաջալերանքով, ան Իրաքի վաճառած է ռազմական ուղղաթիռներ ու հրթիռային համակարգեր, սակայն հետագային աղմկայարոյց դատական բազմաթիւ հարցեր շղթայազերծուած են իրեն դէմ՝ նոյն ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ։
Իբրեւ բարերար
ԽմբագրելՍարգիս Սողանալեան բարերարութիւններ ըրած է ազգային հաստատութիւններուն։ Ան կառուցած է Մայամիի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ նիւթապէս օգնած է նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 http://www.nytimes.com/2011/10/06/world/middleeast/sarkis-g-soghanalian-arms-dealer-dies-at-82.html
- ↑ «Sarkis Soghanalian»։ The Telegraph (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-11-20
- ↑ «Սարգիս Սողանալեանի սրտին մէջ կ՚ապրէր Հաճընի անպարտելի հերոսներուն հայրենասիրութիւնը»։ nt.am։ արտագրուած է՝ 2020-11-20