Սիրանոյշ (Մերովբէ կամ Մեհրոպէ Սահակ Գանթարճեան) դերասանուհի, հայ բեմի տաղանդաւոր դէմքերէն եւ հայ թատերական մշակոյթի գագաթներէն մէկը։ Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, վանեցի գաղթականի ընտանիքին մէջ: Հանդէս եկած է Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի դերասանական խումբերու հետ, խաղալով շուրջ 300 դեր, որոնց գլուխ-գործոցը եղած է Համլէթի դերը Շէյքսփիրի նոյնանուն ողբերգութեան մէջ։ 1912 թուականին Յովհաննէս Աբելեանի հետ հիւրախաղերով հանդէս եկած է նաեւ Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի մէջ։ Սիրանոյշ շէյքսփիրեան դերասանուհի էր:

Սիրանոյշ
Մերովբէ կամ Մեհրոպէ Սահակ Գանթարճեան
Ծննդեան անուն Մեհրոպէ Սահակ Գանթարճեան
Ծնած է 25 Մայիս 1857
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 10 Յունիս 1932(1932-06-10)[1] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Մայրենի լեզու հայերէն
Տեսակ Թատրոն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սիրանոյշ (իսկական անուն-մականունը՝ Մերովբէ Սահակ Գանթարճեան) սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Ծնած ու մեծցած է դերասանական ընտանիքի մէջ, իր երկու քոյրերը նոյնպէս ճանչցուած դերասանուհիներ եղած են։ Սակայն, միայն Սիրանոյշ բեմի իսկական իշխանուհի եղած է։ Գեղեցիկ, շատ զգացմունքով ու երգեցիկ ձայնը սկզբնական շրջանին Սիրանոյշին թելադրած է կատարել քնարական հերոսուհիներու դերերը, եւ այդ դերասանական տարածութիւնն (amplitude) ալ ստեղծած է անոր բեմական անունը՝ Սիրանոյշ, որ կը նշանակէր՝ սիրունիկ ու անուշիկ աղջիկ։

Ան հանդէս եկած է օփերեթային բեմադրութիւններու մէջ, ուր առաւել օգտագործած է իր ձայնի երգեցիկ հնչերանգը։ Սակայն, հետագային հրաժարած է քնարական աղջիկներու դերերէն ու անդրադարձած՝ յոյզերու փոթորիկ վերապրող հերոսուհիներու դերակատարութեան։

Մահացած է տուն վերադարձի ճանապարհին, 10 Յունիս 1932-ին, Գահիրէ, Եգիպտոս:

Դերասանական ասպարէզ

Խմբագրել
  • 1873 թուականին խաղացած է Պետրոս Մաղաքեանի «Արեւելեան թատրոն»ին մէջ (Կէկէլ՝ Սունդուկեանի «Պէպօ», Ամալիա՝ Ֆրիտրիխ Շիլլերի «Աւազակներ», եւ այլն):
  • 1874 թուականին խաղացած է Թովմաս Ֆասուլաճեանի խումբին մէջ, ապա՝ Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան թատրոն»ին մէջ. գլխաւորապէս հանդէս եկած է որպէս օփերեթային երգչուհի՝ հայկական եւ թրքական ներկայացումներու մէջ։
  • 1878 թուականին Սերովբէ Պէնկլեանի օփերեթային խումբի դերասանուհի էր[3]։ 1879-1881 եւ 1891-1892 թուականներուն Հայոց թատերական կոմիտէի հրաւէրով Սիրանոյշ խաղացած է Թիֆլիսի հայկական մշտական թատերախումբին մէջ, ստեղծագործաբար կիրառելով հայ եւ ռուսական թատրոններու իրապաշտական աւանդոյթները՝ անձնաւորելով տրամաթիք կերպարներ՝ Կատարինա (Վիքթոր Հիւկոյի «Անճելօ»), Օֆելիա (Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Համլեթ»), Եուլինքա (Ալեքսանդր Օստրովսքիի «Եկամտաբեր պաշտօն»), Անանի (Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Էլի մեկ զոհ») եւ այլն։
  • 1881 թուականին մասնակցած է Կոստանդնուպոլսոյ թատերական ընկերութեան ներկայացումներուն։
  • 1882 թուականին կրկին հրաւիրուած է Սերովբէ Պէնկլեանի օփերեթային խումբ, որուն հետ հիւրախաղերու մեկնած է Յունաստան եւ Եգիպտոս. հռչակուած է Ֆաթիմէի (Տիգրան Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի Հոր-հոր աղա») դերակատարմամբ։
  • 1895 թուականին հանդէս եկած է տարբեր թատերախումբերու մէջ, ստեղծած է սեփական խումբը, շրջագայելով Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։
  • 1897 թուականին հրաւիրած է Պաքուի դերասանական ընկերութեան խումբը, ուր հանդէս եկած է տրամաթիք, գլխաւորապէս՝ ողբերգական դերերով։
  • Հիւրախաղերով հանդէս եկած է Նոր Նախիջեւանի, Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Կարսի, Շուշիի, Հիւսիսային Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ, 1907–08 թուականներուն՝ Պուլկարիոյ, Եգիպտոսի քաղաքներուն մէջ, 1910 թուականին՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
  • 1912 թուականին Թիֆլիսի հայ թատրոնի լաւագոյն դերասանները, Յովհաննէս Աբելեանի եւ Սիրանոյշի գլխաւորութեամբ, ելոյթներ ունեցած են Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ, ուր Սիրանոյշը բաղդատած են իտալացի նշանաւոր դերասանուհի Էլէոնորա Տուզէի հետ։
  • 1918-1921 թուականներուն շրջագայած է Պարսկաստանի մէջ,
  • 1922 թուականին հրաժեշտի ներկայացումներով հանդէս եկած է Թիֆլիսի մէջ։
  • Վերջին անգամ բեմ բարձրացած է 1932 թուականին, Ալեքսանտրիոյ մէջ՝ Մարգարիտ Կօթիէի դերով։

Դերասանական արուեստն ու մայրենի լեզուի պահպանումը

Խմբագրել
  • Սիրանոյշի արուեստը ըմբոստութեան եւ անհաշտութեան կոչ էր։ Ունենալով սուր միտք եւ հզօր ներուժ՝ բեմի վրայ հասած է ցնցիչ ազդեցութեան։
  • Սիրանոյշը իր ստեղծագործութեամբ մեծ ներդրում ունեցած է 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու հայ դերասանական արուեստին մէջ։
  • Հայոց լեզուի ուսուցման ու մայրենիի պահպանման հարցերու շուրջ հանդէս եկած է մամուլի մէջ: Իր կարծիքով՝ մայրենի լեզուի պահպանման հարցը պէտք է ստանձնէ նաեւ թատրոնը։

Դերեր եւ ներկայացումներ

Խմբագրել
  • Հայ իրականութեան մէջ առաջին դերասանուհին է, որ խաղացած է Համլէթի (Շէյքսփիրի «Համլէթ») դերը (1901 թուական, Թիֆլիս, այդ դերին մէջ իրեն նախորդած էին ֆրանսացի դերասանուհի Սառա Պեռնարը եւ ուրիշներ)։

Ան տարիներ շարունակ երազած է Համլէթի դերի մասին։ Տասը տարի շարունակ ան աշխատած է եւ միայն ամբողջովին պատրաստ ըլլալով, համարձակած է հանդիսատեսին ներկայացնել իր Համլէթը։ Փորձած է ո՛չ միայն տղամարդու պատրանք ստեղծելու մասին մտածել, այլեւ՝ կերտել հոգեկան փլուզման պատկեր։ Սիրանոյշ իր յուշերուն մէջ գրած է, որ Համլէթը դարձաւ իր դերերուն դատաստանը։ Անոր կատարած դերերէն ամենաշատ արձագանքները ստացած է Համլեթը, որուն դերակատարութեան մէջ Սիրանոյշ կարողացած է բոլոր երանգները ներկայացնել։

Սիրանոյշը անձնաւորած է մօաւորապէս 300 դեր՝

  • Համլէթ՝ Շէյքսփիրի «Համլէթ»
  • Մարգարիտ Կօթիէ՝ Ալեքսանտր Տիւմա-որդի «Կամելիազարդ տիկինը»
  • Թերեզա՝ Լուիճի Քամոլեթթիի «Քոյր Թերեզա»
  • Ռուզան՝ Մուրացանի «Ռուզան»
  • Յովհաննա, Մարի Սթիուըրտ՝ Ֆրիտրիխ Շիլլերի «Օրլէանի կոյսը»
  • Մետէա՝ Ալէքսէյ Սուվորինի եւ Վիքթոր Պուրենինի «Մետէա»
  • Քրուչինինա՝ Ալեքսանտր Օսթրովսքի «Անմեղ մեղաւորներ»
  • Իզէիլ՝ Արման Սիլվեսթրի եւ Էռնեսթ Մորանի «Իզէիլ»
  • Զէյնապ՝ Ալեքսանտր Եուժին-Սումբատովի «Դաւաճանութիւն»,
  • Փորցիա՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Վենետիկի վաճառականը»
  • Հեղինէ Իշխանուհի՝ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»
  • Մարգարիտ՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Ամուսիններ»
  • Ռեկինա՝ Հենրիկ Իպսէնի «Ուրուականը»
  • Նասթասիա Ֆիլիփովնա՝ Տոսթոյեւսքի «Ապուշը»

Սիրանոյշի 150-ամեակը

Խմբագրել

2007-ին, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ հիանալի դերասանուհի Սիրանոյշի 150-ամեակը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Сирануйш // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 523. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. Baghdasaryan Aram։ «AV Production - Սիրանույշ»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-03-02-ին։ արտագրուած է՝ 2017-05-25 

Աղբիւրներ

Խմբագրել