Սուրբ Սարգիս
Ս. Սարգիս Զօրավար, ըստ աւանդութեան՝ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած եւ սրբադասուած մեծ վկայ։
Ս. Սարգիս Զօրավար | |
---|---|
| |
Ծնած է | Հռոմ |
Ծննդավայր | Կապադովկիա, Կեդրոնական Անատոլիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 362 կամ 363 |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | զինուորական |
Աշխատավայր | Զօրավար |
Երեխաներ | Մարտիրոս |
Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս
ԽմբագրելԱն թէ՛ պատմական եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար, օժտուած է տարբեր հմայիչ յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է: Ներսէս Շնորհալիի կազմած վարքագրութեան մէջ Ս. Սարգիս (ծագումով՝ յոյն) կը համարուի Կեսարիոյ հռոմէական զօրավար, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր (361-363) հալածանքէն, ապաստանած է նախ հայոց Արշակ Բ. արքային քով, ապա վերջինիս խորհուրդով անցած՝ Պարսկաստան, կարգուած՝ Շապուհ Բ.-ի զօրահրամանատար։
Ս. Սարգիս իր աղօթքներուն, խոնարհութեան եւ արիութեան շնորհիւ, պատերազմներու ժամանակ միշտ յաղթանակներ տարած է: Բարեպաշտ զօրավարը կ'օգնէր բոլոր կարիքաւորներուն, որու համար ալ շարականագիրը զինք անուանած է «արագահաս»` բոլորին արագ օգնութեան հասնող:
Ուժեղ եւ քաջարի զօրավար մը ըլլալով, ան ոչ թէ բռնութեամբ իր կամքը կը պարտադրէր, այլ կը փորձէր հնազանդութեամբ ու գթասրտութեամբ վերաբերիլ իր զինուորներուն ու նոյնիսկ իր թշնամիներուն հետ:
Ս. Սարգիս բազմաթիւ անասուններ մորթել կու տար եւ առատօրէն կը բաժնէր աղքատներուն: Իր արարքով ան կը փորձէր օրինակ ծառայել իրեն ենթակայ զինուորներուն, որոնք կուռքերուն զոհ կը մատուցէին, փոխանակ աղքատներուն ողորմութիւն տալու:
Ան կը կործանէր հեթանոսական մեհեաններն ու փոխարէնը Աստուծոյ տաճարներ կը կառուցէր, իր զինուորներուն կը քարոզէր Աւետարանի ճշմարտութիւնը:
Չարախօսներ Շապուհ արքային առջեւ կ'ամբաստանեն Սարգիսը եւ կը յայտնեն անոր քրիստոնեայ ըլլալը: Թագաւորը սաստիկ կը տրտմի, որովհետեւ չէր ուզեր անոր նման քաջ մարդ մը կորսցնել եւ այդ բոլորէն դուրս գալու տրամաբանական ելքեր կը փնտռէր:
Կը ձերբակալուի պարսկական զինուորներուն մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու մեղադրանքով եւ մերժելով արեւապաշտութիւնն ընդունելու առաջարկը, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսին եւ 14 քրիստոնեայ զինուորներու հետ կը նահատակուի (31 Յունուար 363-ին (տեսնելով Սարգիս զօրավարին հաստատուն հաւատքը՝ թագաւորը գլխատման վճիռ կ'արձակէ))։ Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Հաւատացեալներ անոր դիակը կ'առեւանգեն եւ կը տանին Ասորիք։ Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսի մասունքները կը տանի Հայաստան, կ'ամփոփԷ Կարբի աւանին ու Դագա դաշտին մէջ կը հիմնէ Ս. Սարգիս անուամբ երկու եկեղեցի։ Յետագայ դարերուն Ս. Սարգիսի անուամբ եկեղեցիներ կը հիմնուին Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ բնակավայրերուն մէջ եւ անոր պաշտամունքը մեծ տարածում կը ստանայ հայոց մէջ։ Ս. Սարգիսին կը վերագրուին նաեւ նախաքրիստոնէական պաշտամունքներու եւ հաւատալիքներու շարք մը գիծեր։
Արուեստի, յատկապէս մանրանկարչութեան մէջ, Ս. Սարգիս պատկերուած է արագավազ եւ ճերմակ նժոյգի վրայ զինավառ ու գեղեցիկ տղամարդու կերպարանքով, յաճախ վիշապօձին (չարութեան մարմնաւորում) նիզակով շամփրելով։
Ս. Սարգիսի տօնը՝ սիրահարներու տօն
ԽմբագրելԺողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Սարգիս կը սիրահարի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն: Հետապնդողներէն ազատելու համար, ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ եւ շատեր խեղդամահ կ'ըլլան: Ահա թէ ինչու ամէն տարի տօնի օրերուն բուք կը բարձրանայ: Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարածները Ս. Սարգիսը ընտրած են որպէս իրենց բարեխօսը: Ան միշտ կ'օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն: Այդ օրը երիտասարդները կ'աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ: Բայց մինչ այդ անոնք պէտք է հետեւին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սահմանած առաջաւորաց պահքին:
Այս տօնին հետ կապուած սովորոյթներ եւ աւանդոյթներ
ԽմբագրելԵկեղեցականի զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ: Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն, մարդիկ ո՛չ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ։ Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…[1]:
- Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր այդ փոխինդէն. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ'ուտէին, որպէսզի տեսնէին, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տար: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
- Հայոց մէջ տարածուած սովորոյթ էր՝ Ս. Սարգիսին նուիրուած պահքի վերջին Շաբաթ օրուան գիշերը (Փետրուարին)՝ բակերը, տանիքներն ու պատշգամները ամաններու մէջ լեցուած ալիւր դնել, որուն վրայ Սուրբը իբր թէ կը դրոշմէր իր ձիուն սմբակին կամ պայտին հետքը (կը համարուէր բարիքի, երջանկութեան խորհրդանշան)։
- Ըստ աւանդութեան, ան հրեշտակներու ուղեկցութեամբ կ'անցնէր եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը ձգէր (մաքրութեան եւ անաղարտութեան խորհրդանիշ), այդ տարի կ'իրականանային երիտասարդին երազները։
- Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչէին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:
- Տօնին առթիւ, սիրահարուած երիտասարդները իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: Տօնին օրը Ս.Սարգիս Զօրավարին անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
- Մայր աթոռ Ս. էջմիածինէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Ս. Սարգիս Զօրավարին մասունքները: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ'ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը:
- Մարաշցիները մեծ կարեւորութիւն կու տային Ս.Սարգիսի տօնին եւ այդ շաբաթ 3-5 օր պահք կը պահէին։ Ծոմի ժամանակ արգիլուած էր օգտագործել կենդանական մթերք, փոխինդ, ցորեն եւ ալիւրով պատրաստուած ուտելիքներ։
Ծոմին երրորդ օրը ծոմ պահողները Չորեքշաբթի առտու եկեղեցի կ'երթային «Խաչմէր» (օրհնուած ջուր) խմելով կ'աւարտէին պահքը։ Այնուհետեւ տուն վերադառնալով՝ «ալլա հոց» կոչուող հացը (առանց աղի եւ թթխմորի հաց) կ'ուտէին կամ «փէխանդը»։ Վերջինս կը պատրաստուէր բոված ալիւրէ եւ խաղողի ռուպէ (խաղողահիւթէ պատրաստուած քաղցու)։ Փոխինդը ընդունուած էր եփել մեծ քանակութեամբ եւ բաժնել դրացիներուն՝ Ս. Սարգիսի բարեգթութեան խնդրանքով։
Ծոմ պահող կանայք եւ աղջիկները, աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն վերադառնալէ ետք պիտի «ըռպէվ շովրօ» (խաղողէ ստացուած քաղցուով ապուր) պատրաստէին եւ բաժնէին թաղի բոլոր տուներուն։ Եթէ տանտէրը աղքատ էր, ապա պիտի բաւարարուէր ապուրը եօթը ընտանիքի բաժնելով։
Ընդունուած էր նաեւ երազանք պահել եւ մատաղ ընել։ Մատաղի միսը կը փաթթէին «ալլա հոցի» մէջ եւ դրացիներուն կը բաժնէին։
Հինգ օր պահք պահել փափաքողները Շաբաթ օրը եկեղեցի կ'երթային, հաղորդութիւն կը ստանային, պատարագէն ետք մատաղ կ'ընէին (եթէ ունեւոր էին) եւ քանի մը դգալ միսի ջուր խմելէ ետք կը բանային պահքի շրջանը։
- Զէյթունի մէջ նոյնպէս Ս. Սարգիսը կը համարուէր ընտանիքին պահապան սուրբը։ Դժուարութեան պահուն զէյթունցիները կը դիմէին սուրբին «Աման, Ս. Սարգիս դօն (դուն) հասիր» աղօթքով։
Մեծերը մէկ շաբաթ, իսկ երիտասարդ աղջիկները երեք օր ծոմ կը պահէին։ Ծոմը կ'աւարտէին Շաբաթ օրը՝ ոչխար կամ այծ մատաղ ընելով եւ միսը աղքատներուն բաժնելով։
Ս. Սարգիսի գաթան
ԽմբագրելՄուսա Լերան աւանդական խոհանոցին մէջ, մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անուամբ ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը։ Խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ'եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ։
Գումպան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով։ Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որու որ ելլէ այդ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը։[2]:
Ս. Սարգիսի տօնը հայկական տօնացոյցին մէջ
ԽմբագրելՍ. Սարգիսի տօնը Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ունի իր պատուաւոր տեղը: Անոր յիշատակը Հայ եկեղեցին կը նշէ Ս. Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքին (պահքը կը տեւէ հինգ օր) յաջորդող Շաբաթ օրը: Տօնը ունի 35 օրուան շարժականութիւն եւ կը տօնուի 18 Յունուարէն 23 Փետրուարի միջեւ ինկած ժամանակահատուածի ընթացքին:
Ս. Սարգիսի տօնին կը յաջորդէ Բարեկենդանը, ապա՝ քառասնօրեայ մեծ պահքը[3]:
Ս. Սարգիսին աղօթքը
ԽմբագրելՍ. Սարգիս նահատակուելէ առաջ աղօթած է.
Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ Պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ անոնց եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը: |
Այն ատեն երկինքէն ձայն մը կու գայ եւ կ’ըսէ.
Պիտի տամ քու խնդրածդ եւ պիտի կատարեմ աղաչանքդ. իսկ դուն եկուր վայելէ քեզի համար պատրաստուած բարիքները: - (Մարզուանցի, էջ 123 Բ. սիւնակ)
|
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ս. Սարգիսի մասին աւանդութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-10
- ↑ Տօներ – Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս Զօրավար Երիտասարդներու Եւ Սիրոյ Տօնը
- ↑ Զօրավար Ս. Սարգիս