Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարներուն Գիւտին Տօնը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարներուն գիւտին տօնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած երեք տօներէն մէկն է:


Հայ Եկեղեցին Դ. դարէն սկսեալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին յիշատակը կը տօնախմբէ տարին երեք անգամ՝ Խոր Վիրապ Մուտքի, Խոր Վիրապէն Ելքի եւ Նշխարաց գիւտի առիթներով:

Նշխարաց գիւտը կը տօնուի Հոգեգալուստէն ետք, չորրորդ Շաբաթ օրը: Նշխարաց գիւտի տօնը ունի նաեւ իր նախատօնակը:

Աւանդութիւնը Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ ժողովուրդը լուսաւորելէ, եկեղեցիներ հիմնելէ եւ եկեղեցականներ օծելէ ետք, իր կեանքին վերջին տարիները կ'անցընէ ճգնաւորութեամբ՝ Սեպուհ լերան Մանեայ անձաւին մէջ, Երիզայի մօտ, ուր ապրած էր Հռիփսիմեանց կոյսերէն Մանէն: Ս. Գրիգոր երբեմն կը ձգէր քարայրը, կ'այցելէր ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն հետ կը քարոզէր: Սրբազան աւանդութեան համաձայն, այդ նոյն քարայրին մէջ, ուր ան կը ճգնէր, կ'աւանդէ իր հոգին 326-ին: Անոր մարմինը կը գտնեն հովիւները, որոնք, չճանչնալով մահացած կաթողիկոսը, մարմինը կը դնեն քարակոյտի մը տակ: Հետագային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր աշակերտներէն Գառնիկ Բասենցի ճգնաւորին տեսիլքով կը յայտնէ իր նշխարներուն տեղը, որմէ ետք կը փոխադրուին եւ կ'ամփոփուին Դարանաղի գաւառին Թորդան գիւղին մէջ՝ անշքութեամբ եւ լռութեամբ (Ըստ այլ աւանդութեան մը՝ Իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ երկար կը հարցուփորձէ հովիւները եւ ի վերջոյ կը տեղեկանայ անոնցմէ տխուր իրողութիւնը) Յովհան Մանդակունի հայրապետին ձեռամբ:Ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը յեղաշրջող անձ մը կը մահանայ թաքուն պայմաններու մէջ[1]:

Աւելի ուշ, այդ վայրին մէջ վկայարան մը կանգնեցնեն ու անիկա հիմքը կը դառնայ «Գիւտ նշխարաց» տօնին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծագոյն սրբութիւններէն են։ Յայտնի չէ, թէ Լուսաւորիչի՝ Թորդանի մէջ ամփոփուած նշխարները ո՛ր ժամանակներէն սկսեալ կը բաժնուին զանազան տեղեր: Հայոց Հայրապետին նշխարները գտնուելէ ետք ատոնց մէկ մասը, իբրեւ սրբազան մասունք, կը տարուին Սիս[2], Վաղարշապատ, Բիւզանդիա եւ Իտալիա: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Անթիլիասի մէջ պահուող Լուսաւորիչին Ս. Աջը Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն սրբութիւններէն մէկն է, որմով կ'օրհնուի Ս. միւռոնը:

Նշխարներուն մասին վկայութիւններ Խմբագրել

Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչին լոյս նշխարները յիշատակած են նաեւ մատենագիրներ՝ Սեբէոսը, Մովսէս Կաղանկատուացին (Է. դար), Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցին (Թ.-Ժ. դարեր), Ասողիկը (Ժ. դար), Վարդան Արեւելցին, Կիրակոս Գանձակեցին, Մխիթար Այրիվանեցին (ԺԳ. դար), Առաքել Դավրիժեցին (ԺԷ. դար) եւ այլք:

Իբրեւ կաթողիկոսարանի գլխաւոր սրբութիւններէն Աջը առաջին անգամ կը յիշատակուի Ներսէս Շնորհալիին «Թուղթ ընդհանրական»ին մէջ: Վարդան Վարդապետ կը գրէ, որ նշխարներուն քանիցս տեղափոխութիւններէն ետք (Բիւզանդիոնի Զենոն կայսրը տարած է Կ.Պոլիս, ապա զանոնք վերադարձուած եւ դրուած են Զուարթնոցի եւ այլ վայրերու մէջ), իր օրով մնացած էր միայն «Աջն լուսընկալ եւ շնորհաբաշխ»[3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել