24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)
24 Ապրիլ կամ հին տոմարով՝ 11 Ապրիլ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, առաջին անգամ նշուած՝ 11 Ապրիլ (24) 1919-ին, Պոլսոյ մէջ, Հայ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ եւ իբրեւ այդպիսին՝ պաշտօնապէս հաստատուած 1921-ին[1]։
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի օրը 24 Ապրիլին կը նշուի, որովհետեւ 1915-ի ա՛յդ օրը, Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնը Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանէն կ'ուղարկեն մահուան ճանապարհ: Այդպիսով կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը, որ կը շարունակուի քանի մը տարի:
Տոմարներու տարբերութիւն
Խմբագրել1919-ին, երբ 24 Ապրիլը առաջին անգամ կը նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, տակաւին կը գործէր հին տոմարը։ Երբ ի գործ կը դրուի նոր տոմարը, 13 օրերու յաւելումէն ետք, 11 Ապրիլը կը վերահաշուարկուի եւ 24 Ապրիլը կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր։
Նախապատրաստութիւն
ԽմբագրելՄարտ 1919-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած արեւմտահայ խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, Պոլսոյ մէջ կը ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ մը, որուն գլխաւոր նպատակն էր ձեռնարկներ կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու չորրորդ տարելիցին առիթով։
Առաջինը՝ երգիծաբան Երուանդ Օտեանը, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ կ'առաջարկէ 1915-ի անմեղ զոհերուն համար յիշատակի յատուկ օր մը ընդունիլ եւ ոգեկոչել այդ օրը: Իսկ Վաղարշապատի դպրոցներու տեսուչ Վրթանէս Փափազեանը նամակով մը կը դիմէ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` առաջարկելով 24 Ապրիլը յայտարարել Նահատակներու օր, ի յիշատակ հայ մտաւորականներուն, որոնք 23 Ապրիլ 1915-ի լոյս գիշերը կը ձերբակալուին, Պոլսոյ եւ Հայտարփաշա կայարանէն կը տարուին դէպի Այաշ, Չանղըրը եւ միւս սպանդանոցները:
Քանի մը օր ետք, կաթողիկոսին դիւանը շրջաբերականով (ըստ այլ տեղեկութիւններու, նաեւ` կաթողիկոսական կոնդակով) կը հրահանգէ 24 Ապրիլը ընդունիլ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ այդ օրը մատուցել հոգեհանգստեան պատարագ:
Մինչեւ քեմալականներու վերջնական յաղթանակը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումը, 1923-ին, հայութիւնը 24 Ապրիլը նշած է նաեւ Պոլսոյ մէջ: Յանձնախումբ մը կազմուած է, որ ծանօթ էր «Ապրիլ Տասնմէկի Սգահանդէսի Մասնախումբ» անունով, ունէր 13 անդամ՝ Եւփիմէ Աւետիսեան, Զարուհի Գալեմքարեան, Մարի Ստամպուլեան, Պերճուհի Պարսամեան, Օր. Արփիարը, Տիգրան Զաւէն, Մերուժան Պարսամեան, Յակոբ Սիրունին, Գէորգ Մեսրոպ, Թագուոր Սուքիասեան, տոքթ. Բարսեղ Տինանեան, Շահան Պէրպէրեան եւ Յովհաննէս Պօղոսեան։
Այս մտաւորականներուն ջանքերուն շնորհիւ, պոլսահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ մեծ հանդիսաւորութեամբ կ'ոգեկոչուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
ՀՅԴ Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթը ընթերցողներուն կը տեղեկացնէ, թէ «համաձայն հայրապետական կարգադրութեան, յառաջիկայ երկուշաբթի օրը` 24 Ապրիլին, ազգային տօն հռչակուած է ի յիշատակ մեր բիւրաւոր նահատակներուն: Նոյն օրը, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի պատարագ եւ կատարուի հոգեհանգիստ: Ըստ այս հայրապետական հրամանին, կը յանձնարարենք նոյն օրը փակել թաղի բոլոր ազգային վարժարանները եւ եկեղեցիներուն մէջ մատուցել սուրբ պատարագ եւ կատարել հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ նահատակներուն»:
Արեւմտահայ գրող-հրապարակախօս, հանրային գործիչ Յակոբ Սիրունին այս մասին իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Մեր սարքած սգատօնը այլեւս աւանդական դարձաւ։ Այն օրէն որդեգրուեցաւ 24 Ապրիլը, իբրեւ համազգային սուգի խորհրդանշան»:
Յանձնախումբին որոշումով, ոգեկոչման ձեռնարկները պէտք էր իրականացուէին 11/24 Ապրիլին, սակայն, հաւանաբար Հայոց պատրիարքին վատառողջութեան պատճառով, անոնք մէկ օրով կը յետաձգուին։
Առաջին պատարագ եւ հոգեհանգիստ
Խմբագրել12/25 Ապրիլ 1919-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ'ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգստեան պատարագ, զոր կը վարէ Մեսրոպ եպիսկոպոս Նարոյեանը։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը հանդէս կու գայ քարոզով եւ կ'ըսէ. «Բոլոր այն նահատակները ցորենի հատիկներ են, հողին մէջ ծածկուած, եւ պիտի ծլին, բազում արդիւնք յառաջ պիտի բերեն…»:
Նախապէս յայտարարուած սգոյ օրուան առիթով, Պոլսոյ բոլոր ազգային վարժարանները եւ հայերուն պատկանող խանութները կը փակեն իրենց դուռները։ Բազմաթիւ հայերէն բացի, սգոյ այս արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ յունական Այա-թրիատա եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչները, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Թախթաճեանը եւ ուրիշներ։
Արեւմտահայ լրագրող Յակոբ Տէր-Յակոբեան, «Վերջին Լուր» օրաթերթին մէջ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, կը նշէ. «Այսօր, երբ մեր սիրտերը կը ճմլուին անդարձօրէն կորած այնքան թանկագին էակներու վիշտին տակ, այսօր, երբ սուգի համեստ ցոյցով մը մեր արցունքը անգամ մըն ալ թափեցինք այնքան սիրական յիշատակներու ետեւէն... անոնց բաժանման չորս ահաւոր տարիներու անջրպետը յանկարծ կը կրճատուի, եւ մենք... կ'ողջունենք, կ'ողջագուրենք, կը համբուրենք զիրենք այն անբացատրելի գրկախառնումով եւ սրտազեղումով, որ եղած ըլլայ երբեք»։
Կէսօրին, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ժողովուրդը կը տեղափոխուի քաղաքի Չեշմէ թաղամասի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուր պատարագէն ետք, տեղի կ'ունենայ «սգահանդէս»` բանախօսներու ելոյթներով, ասմունքով եւ հոգեւոր երաժշտութեամբ։
«Սգահանդէսի Մասնախումբ»ին անունով, բացման խօսքով հանդէս կու գայ Շահան Պէրպէրեանը, ապա ելոյթներ կ'ունենան Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Վահան Զէյթունցեանը եւ փրոֆ. Յակոբեանը, Բժշկական միութեան կողմէ` տոքթ. Խանճեանը, Ուսուցչական միութեան կողմէ` Գէորգ Մեսրոպը եւ ուրիշներ։
Բանախօսութիւնները կ'ընդմիջուին նահատակ բանաստեղծներու հեղինակած քերթուածներու ասմունքով եւ սգոյ մեղեդիներով։ Սգոյ օրուան առիթով, Թէոդիկի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի նաեւ «Յուշարձան Ապրիլ 11-ի» խորագիրով գործը, «իբրեւ սգապսակ Պոլսոյ ու գաւառի մտաւորական նահատակներուն»: Այդ գիրքին մէջ դրուած էին նահատակներուն կենսագրութիւնները, լուսանկարները եւ անտիպ նիւթեր։
Այլ նախադէպ
Խմբագրել24 Մարտ 1919-ին` դարձեալ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց պատրիարքին առաջնորդութեամբ, կը մատուցուի հոգեհանգստեան պատարագ` ի յիշատակ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն նահատակուած ամերիկեան միսիոնարներուն։
Արարողութեան ներկայ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հէյկը եւ Ֆաուլը, Թայմզ թերթի թղթակիցը, ամերիկացի հարիւրապետ Պենեթը եւ ուրիշներ։
Վատիկանի մէջ
ԽմբագրելՄարտ 25-ին, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Վատիկանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Հռոմի Պապին հաւանութեամբ։ Իտալահայ գաղութին անդամներուն կողքին, իբրեւ Պապի ներկայացուցիչներ, արարողութեան մասնակցած են շարք մը կարտինալներ ու եպիսկոպոսներ, Իտալիոյ կրթութեան նախարար Լուծաթթին, խորհրդարանի նախագահ Լոմպարտոն, արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդը, Իտալիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք։
Պաշտօնական հաստատում
Խմբագրել24 Ապրիլը պաշտօնապէս սգոյ եւ յիշատակի օր ամրագրելու որոշումը տրուած է յիշատակումները սկսելէն 2 տարի ետք` 1921-ին։
Այդ տարի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին կը հաղորդէ Ապրիլ 11(24)ը համազգային սգոյ օր սահմանելու մասին` «ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց մերոց յընթացս համաշխարհային պատերազմի»։ Կաթողիկոսը կը յայտնէ, որ այդ օրը այսուհետեւ արձանագրուած է Էջմիածնի օրացոյցին մէջ, իբրեւ սգոյ օր, ուստի պէտք է արձանագրուի նաեւ Պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ։
Նոյն տարուան 23 Ապրիլին, պատրիարքական յատուկ շրջաբերականով պոլսահայ բոլոր խմբագրատուներուն կը հաղորդուի հետեւեալը. «Այլեւս տարբեր անուններով օրեր սահմանելու տեղ` մէկ օր միայն պիտի սահմանուի իբրեւ սուգի օր, պատերազմի ու տարագրութեան շրջանի նահատակներուն համար, եւ Կաթողիկոսին կարգադրութէամբ, յիշատակումը Հայոց կողմէ միեւնոյն օրը պիտի կատարուի»։
Նոյն թուականի 24 Ապրիլին, որ կը զուգադիպէր Ծաղկազարդին, Պատրիարքարանին կարգադրութեամբ, Պոլսոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի`«հայոց տարագրման եւ նահատակութեան առթիւ»։
Պատարագէն ետք՝ նոյն օրը, քաղաքին Բերա եւ Սամաթիա թաղամասերու թատերական դահլիճներուն մէջ տեղի կ'ունենան յատուկ սգահանդէսներ, ուր իրենց զեկուցումներով եւ ելոյթներով հանդէս կու գան Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած շարք մը մտաւորականներ ու հոգեւորականներ, ինչպէս Եղիշէ Արք. Դուրեան, Հրաչ Երուանդ, Միքայէլեան, Յովսէփ Տէր Մարգարեան եւ ուրիշներ։ Անոնք հաւաքուած բազմութեան կոչ կ'ուղղեն մշտապէս վառ պահել Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը եւ երբեք չյուսալքուիլ։
Այդ տարուընէ սկսեալ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կը նշուի 24 Ապրիլին՝ օր մը, որ դարձած է յուշարար մարդու կողմէ մարդուն դէմ գործուած անմարդկային վայրագութեան։
Աւանդոյթ
ԽմբագրելԻւրաքանչիւր 24 Ապրիլին աշխարհի զանազան երկիրներու քաղաքներուն մէջ տեղի կ'ունենան սգոյ հանդիսութիւններ, պատարագներ, ժողովրդային հաւաքներ, ցոյցեր, պաշտօնական ժողովներ, համագումարներ եւ զանազան այլ ձեռնարկներ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն։ Այդ օրը փակ կը մնան հայկական անձնական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ դպրոցները։
24 Ապրիլը նաեւ զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Այդ օր Հայաստանի մէջ մարդիկ կ'այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ կը դզետեղեն համալիրին անմար կրակին առջեւ։