Աշխարհի Եօթը Հրաշալիքներ
Աշխարհի եօթը հրաշալիքները (կամ Հին աշխարհի եօթը հրաշալիքները), կը վերաբերի պատմական անցեալին ստեղծուած ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան հոյակապ, համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կոթողներուն։ Ներկայիս եօթը հրաշալիքներէն կանգուն է միայն Քէօփսի բուրգը։
Հրաշալիքները
ԽմբագրելՀրաշալիքներու առաջին ցուցակը Ք.Ա. 5-րդ դարուն կազմած է Հերոտոդոս, որ քաջատեղեակ էր Եգիպտոսի ու առաջաւոր Ասիոյ ճարտարապետութեան, շուտով անոր հետ համաձայնած է Փիլոն Բիւզանդացին, իսկ աւելի ուշ՝ Անտիպատրոս Սիտոնացին։ Անոր ուղեցոյց-գիրքին մէջ արձանագրուած են եգիպտական բուրգերը, Աղեքսանդրիոյ փարոսը, Զեւսի արձանը Ողիմպոսին մէջ, Հռոտոսի կոթողը, Շամիրամի կախովի այգիները, Հալիկառնոսի դամբարանը եւ Արտեմիսի տաճարը Եփեսոսի մէջ։ Հին աշխարհի 7 հրաշալիքներէն ներկայիս պահպանուած են միայն եգիպտական բուրգերը, հին եգիպտական թագաւորներու՝ փարաւոններու դամբարանները, որոնք կառուցուած են Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէէն դէպի հարաւ տանող Կիզա սարաւանդին վրայ։
Աշխարհի 7 հրաշալիքներու ցանկին մէջ մեծագոյնը՝ Քէօփսի բուրգը, կառուցուած է Ք.Ա. մօտ 2580-ին։ Բուրգի բարձրութիւնը 147 մ է, հիմքի կողմի երկարութիւնը՝ 233 մ, կառուցուած է 2.300 քարաբեկորներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կշռէ միջին հաշուով 2, 5 թոն։ Ըստ յոյն ճանապարհորդ-պատմիչ Հերոտոդովսի, բուրգի կառուցումը տեւած է 20 տարի, աշխատանքներուն մասնակցած է 100 հազար ստրուկ։ Քէօփսի բուրգի ներսի պատերուն վրայ յայտնաբերուած մոնոսկրիպտներու եւ պատկերներու վերծանումէն յայտնի դարձաւ, որ նախքան բուրգը կառուցուած է Հայոց թագաւոր Արա Գեղեցիկի պատիւին։
Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի մերձակայ Փարոս կղզիին վրայ Ք.Ա. 320-ականներուն կառուցուած է հին ժամանակներու մեծագոյն փարոսը՝ 135 մ բարձրութեամբ եռայարկ աշտարակ, որ տեսանելի էր 60–100 քմ հեռաւորութենէ (ճարտարապետ՝ Սոստրատես)։ Հին աշխարհի միայն այս հրաշալիքը, ճարտարապետական նրբագեղութենէն բացի, ունէր նաեւ կիրարկման նշանակութիւն։ Փարոսը կործանած է 1100-ի երկրաշարժէն (այլ տուեալներով՝ 1304-ի կամ 1346-ի երկրաշարժներէն)։
Յունաստանի Ողիմպոս քաղաքի՝ Զեւսին նուիրուած տաճարին մէջ էր 12 մ 40 սմ բարձրութեամբ անոր արձանը, որ կերտած էր Ֆիտիաս Ք.Ա. 440-ականներուն։ 5-րդ դարու սկիզբը, տաճարը աւերուելէ ետք Զեւսի արձանը տեղափոխուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր 462-ին ոչնչացած է հրդեհի մը պատճառով։
Հին եգիպտացիները եւ հին յոյները իրենց աստուածներուն եւ արքաներուն համար կը քանդակէին վիթխարի արձան, այդ հսկայ քանդակներուն վրայ մարմնաւորելով անոնց մեծութիւնը։ Նման կոթողները յոյները կոլոսսուս կը կոչէին։ Այս բառը յունարէնէն անցած է շատ ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ ռուսերուն, եւ կը գործածուի հսկայ արձաններու կամ կոթողներու համար։ Կոթողը կառուցուած է Հռոտոս կղզիին վրայ, որ ժամանակին եղած է ծովային առեւտուրի ճամբաներու կեդրոն միջերկրածովային աշխարհի, Եգիպտոսի, Փիւնիկէի եւ Սուրիոյ հանգուցակէտին մէջ: Հռոտոս նաւահանգիստի վրայ միշտ կանգնած եղած են առեւտրական նաւերը։ Հին աշխարհի այս նշանաւոր կղզին իրականութեան մէջ անկախ պետութիւն էր։ Կղզիի վրայ կեդրոնացած մեծ հարստութիւնը նպաստած էր կղզին զանազան արձաններով ու կոթողներով զարդարելուն։ Այդպիսի քանդակներու թիւին կը պատկանի Լաօկոոնի հռչակաւոր արձանախումբը։ Հռոտոսցիներու կեանքը շատ բանով կապուած էր ծովային առեւտուրի եւ նաւագնացութեան հետ։ Անոնք հռչակաւոր եղած էին իբրեւ նաւագնացներ։ Հռոտոսցիները իրենց քաղաքի պաշտպանութիւնը շատ լաւ կը կազմակերպէին, ատոր շնորհիւ ալ պատերազմին յաղթեցին եգիպտացիներուն։ Ք.Ա. 3-րդ դարուն Էգէական ծովի Հռոտոս կղզիի բնակիչները, ի նշանաւորում կղզիի յաջող պաշտպանութեան, կանգնեցուցած են Արեւի աստուած Հելիոսի՝ աշխարհի մեծագոյն՝ 36-մեթրանոց արձանը՝ թշնամիէն առգրաւուած զէնքի մետաղէ, որուն կառուցումը տեւած է 12 տարի։ Արձանի հեղինակ Քարես զայն կերտած է 20 տարուան ընթացքին։ Կոթողը կանգուն եղած է 56 տարի։ Երկրաշարժէն (Ք. Ա. 222-ին) կործանած կոթողի բեկորները 977-ին վաճառած է կղզիի կառավարիչը՝ արաբ տեղապահը, իբրեւ մետաղ (պրոնզ)։ Նաւահանգիստի յատակէն յայտնաբերուած արձանի աջ ձեռքի դաստակը կը պահուի Բրիտանական թանգարանին մէջ: Հին աշխարհի մէջ հռոտոսեան կոթողի վրայէն անցնող միջօրէականը կը նկատուէր առաջին կամ գլխաւոր միջօրէականը։ Անիկա ընդունած էր նաեւ Պտղոմէոս, յետագային ալ՝ արաբները։ Բայց 16-րդ դարուն այդ միջօրէականը տեղափոխած են Կանայեան կղզիներ, ապա Փարիզ, իսկ 1884-էն սկսեալ՝ Կրինիչ:
Շամիրամի կախովի այգիները կը գտնուէին Ասորեստանի Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Աւանդութիւնը այդ այգիներու ստեղծումը կը վերագրէ Շամիրամ թագուհիին, սակայն իրականութեան մէջ անոնք ստեղծուած են Նափուքոթոնոսոր թագաւորի հրամանով՝ Ք.Ա. 6-րդ դարուն։ Ան իր պալատը կառուցած էր 6-յարկանի տան բարձրութեամբ արհեստական հարթակի վրայ։ Դէպի այդ հարթակը աստիճանաձեւ կը բարձրանար աղիւսէ 6 կամարասրահ։ Ամէն աստիճանի վրայ հողի շերտ լեցուած էր եւ ծաղկուն պարտէզի վերածուած էր։ Ք. Ա. 312-ին կառոյցը փլած է ջրհեղեղներու պատճառով։
Հալիկառնասի մէջ (ներկայիս՝ Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքի մերձակայքը) կը գտնուէր աշխարհի հրաշալիքներէն յաջորդը՝ Մավսոլես թագաւորի հոյակերտ դամբարանը, որ կառուցած էր անոր այրին՝ Արտեմիսը, Ք. Ա. 353-ին։ Առաջին յարկը, ուր տեղադրուած էր Մավսոլեսի աճիւնասափորը, ունէր 8, 9 մ լայնութիւն, 42, 3 մ երկարութիւն եւ 11, 1 մ բարձրութիւն, իսկ դամբարանի ընդհանուր բարձրութիւնը 60 մ էր։ Դամբարանը կանգուն եղած է 1800 տարի։ Մավսոլեսի եւ անոր կնոջ արձանները կը պահուին Բրիտանական թանգարանին մէջ։
Միւս հրաշալիքը յունական աստուածուհի Արտեմիսի մարմարէ տաճարն էր Փոքր Ասիոյ Եփեսոս քաղաքին մէջ։ Տաճարը կառուցուած է Ք. Ա. 550-ին, շինարարութիւնը տեւած է 120 տարի։ Նախագծած է յոյն ճարտարապետ Քերսիֆրոնեսը։ Շէնքը զարդարող արձան-արձանիկներու մէկ մասի հեղինակը Ֆիտիասն է։ Արտեմիսի տաճարը կանգուն եղած է 100 տարի։ Ք. Ա. 356-ին եփեսացի Հերոստրատեսը, փառամոլութենէն կուրցած, հրդեհած է տաճարը։ 25 տարի ետք անիկա վերակառուցուած է, սակայն աւերուած է երկրաշարժներու պատճառով։ Տաճարի հարթաքանդակներէն քանի մը հատը կը պահուին Բրիտանական թանգարանին մէջ։
Փեթրա ժայռափոր քաղաքը՝ Առաջաւոր Ասիոյ Էտոմ կամ Իտումէա երկրի, աւելի ուշ՝ Նաբաթէական թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Քաղաքը ներկայիս Յորդանանի տարածքին մէջ է, ծովի մակերեւոյթէն 900 մ բարձրութեան վրայ, ժայռերու մէջ։ Ք. Ա. 6-րդ դարէն քաղաքը կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը։ Փեթրայի մէջ յայտնաբերուած են լաւ պահպանուած պալատներ, դամբարաններ, հնագոյն թատրոն եւ այլ շինութիւններ։
Քոլիզէումը հին հռոմէական ճարտարապետական յուշարձան մըն է, 50.000 տեղանոց ամփիթատրոն. կառուցուած է 75–80 թուականներուն։ Նախատեսուած էր ցլամարտերու եւ ներկայացումներու համար։ Պահպանուած է Քոլիզէումի մէկ մասը։
Չիչեն-Իցա քաղաքը կը գտնուի Մեքսիքայի Եուքատան թերակղզիի վրայ, մայա ժողովուրդի քաղաքական եւ մշակութային կեդրոնն էր։ Հաւանաբար հիմնադրուած է 8-րդ դարուն։ 11-րդ դարու կէսէն Չիչեն-Իցան տոլտեկներու պետութեան մայրաքաղաքն էր, որ 1178-ին աւերած են Մայապան, Ուշմալ եւ Իցմալ քաղաք-պետութիւնները։ Բազմաթիւ պեղումներով բացայայտուած են քաղաքի յուշարձաններէն քանի մը հատը՝ Կուկուլկանի տաճարը (24 մ բարձրութեամբ իննաստիճանի բուրգ է), Յովազներու տաճարը, Զինուորներու տաճարը, Կարակոլ աստղադիտարանը, գնդակախաղի 7 ստադիոն եւ այլն։ Պահպանուած են նաեւ աստուածներու ոճաւորուած արձաններ, հարուստ զարդապատկերներով բարձրաքանդակներ։
Մաչու-Փիչու քաղաքը, որ ներկայիս Փերուի տարածքին մէջ է, յայտնի է նաեւ «Ինկերու կորած քաղաք» անունով, իսկ բառացիօրէն կը նշանակէ «հին գագաթ»։ Կառուցած է ինկերու տիրակալ Փաչակուտեկը 1440-ին, գոյատեւած է մինչեւ 1532։ Շուրջ 400 տարի այդ քաղաքը մոռցուած էր։ 1911-ին յայտնաբերած է ամերիկացի հետազօտող, Եէլի համալսարանի փրոֆեսէօր Հայրեմ Պինգհեմ։
Թաժ Մահալը (հայերէն՝ Թագի պալատ) Ճահան շահի կնոջ դամբարանն է (այնտեղ յետագային թաղուած է նաեւ Ճահան շահը):Կառուցուած է 1630–1652 թուականներուն, Ճամնա գետի ափին, Ագրայի մօտ։ 74 մ բարձրութեամբ հինգ գմբէթանի շէնք մըն է՝ կից պարտէզով։
Յիսուս Քրիստոսի արձանը Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքի մերձակայքին մէջ կը գտնուի, Կորկովադու լերան վրայ, ծովի մակերեւոյթէն 704 մ բարձր։ Կառուցուած է 1922–1931 թուականներուն, բարձրութիւնը 37 մ է։ Հեղինակներն են Հէիտոր տա Սիլվան եւ Փօլ Լանդովսկին։ Վերջին 75 տարուան ընթացքին 2 անգամ նորոգուած է։
�այիս եօթը հրաշալիքներէն կանգուն է միայն Քէօփսի բուրգը։
Հրաշալիքները
ԽմբագրելՊատմութիւն
ԽմբագրելՀրաշալիքներու առաջին ցուցակը Ք.Ա. 5-րդ դարուն կազմած է Հերոտոդոս, որը քաջատեղեակ էր Եգիպտոսի ու Առաջաւոր Ասիոյ ճարտարապետութեան, շուտով անոր հետ համաձայնած է Փիլոն Բիւզանդացին, իսկ աւելի ուշ՝ Անտիպատրոս Սիտոնացին։ Անոր ուղեցոյց-գիրքին մէջ արձանագրուած են եգիպտական բուրգերը, Ալեքսանդրիոյ փարոսը, Զեւսի արձանն Ողիմպոսին մէջ, Հռոտոսի կոթողը, Շամիրամի կախովի այգիները, Հալիկառնոսի դամբարանը եւ Արտեմիսի տաճարը Եփեսոսի մէջ։ Հին աշխարհի 7 հրաշալիքներէն ներկայիս պահպանուած են միայն եգիպտական բուրգերը՝ հին եգիպտական թագաւորներու՝ փարաւոնների դամբարանները, որոնք կառուցուած են Եգիպտոսի մայրաքաղաք Քահիրէէն դէպի հարաւ տանող Կիզա սարաւանդին վրայ։
Եգիպտական Բուրգեր
ԽմբագրելԱշխարհի 7 հրաշալիքների ցանկին մէջ մեծագոյնը՝ Քէօփսի բուրգը, կառուցուած է Ք.Ա. մօտ 2580-ին։ Բուրգի բարձրութիւնը 147 մ է, հիմքի կողմի երկարութիւնը՝ 233 մ, կառուցուած է 2.300 քարաբեկորներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կշռէ միջին հաշուով 2, 5 թոն։ Ըստ յոյն ճանապարհորդ-պատմիչ Հերոտոդովսի, բուրգի կառուցումը տեւած է 20 տարի, աշխատանքներուն մասնակցած է 100 հազար ստրուկ։ Քէօփսի բուրգի ներսի պատերուն վրայ յայտնաբերուած մոնոսկրիպտներու եւ պատկերներու վերծանումէն յայտնի դարձաւ, որ նախքան բուրգը կառուցուած է Հայոց թագաւոր Արա Գեղեցիկի պատիւին։
Ալեքսանդրիոյ Փարոս
ԽմբագրելԵգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքի մերձակայ Փարոս կղզիին վրայ Ք.Ա. 320-ականներուն կառուցուած է հին ժամանակներու մեծագոյն փարոսը՝ 135 մ բարձրութեամբ եռայարկ աշտարակ, որ տեսանելի էր 60–100 քմ հեռաւորութենէ (ճարտարապետ՝ Սոստրատես)։ Հին աշխարհի միայն այս հրաշալիքը, ճարտարապետական նրբագեղութենէն բացի, ունէր նաեւ կիրարկման նշանակութիւն։ Փարոսը կործանած է 1100-ի երկրաշարժէն (այլ տուեալներով՝ 1304-ի կամ 1346-ի երկրաշարժներէ)։
Զեւսի Արձան
ԽմբագրելՅունաստանի Ողիմպոս քաղաքի՝ Զեւսին նուիրուած տաճարին մէջ էր 12 մ 40 սմ բարձրութեամբ անոր արձանը, որ կերտած էր Ֆիտիաս Ք.Ա. 440-ականներուն։ 5-րդ դարու սկիզբը՝ տաճարը աւերուելէ ետք Զեւսի արձանը տեղափոխուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր 462-ին ոչնչացած է հրդեհի մը պատճառով։
Հռոտոսի Կոթող
ԽմբագրելՀին եգիպտացիները եւ հին յոյները իրենց աստուածներուն եւ արքաներուն համար կը քանդակէին վիթխարի արձան՝ այդ հսկայ քանդակներուն վրայ մարմնաւորելով անոնց մեծութիւնը։ Նման կոթողները յոյները կոլոսսուս էին կը կոչէին։ Այս բառը յունարէնէն անցած է շատ ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ ռուսերուն, բայց արդէն կոլոսս (колосс-հսկայ,վիթխարի) դարձած, որ գործածուի հսկայ արձաններու կամ կոթողներու համար։ Կոթողը կառուցուած է Հռոտոս կղզիին վրայ, որ ժամանակին եղած է ծովային առեւտրի ճամբաներու կեդրոն միջերկրածովային աշխարհի, Եգիպտոսի, Փիւնիկէի եւ Սուրիոյ հանգուցակէտին մէջ: Հռոտոս նաւահանգիստի վրայ միշտ կանգնած եղած են առեւտրական նաւերը։ Հին աշխարհի այս նշանաւոր կղզին իրականութեան մէջ անկախ պետութիւն էր։ Կղզիի վրայ կեդրոնացած մեծ հարստութիւնը նպաստած էր կղզին զանազան արձաններով ու կոթողներով զարդարելուն։ Այդպիսի քանդակներու թիւին կը պատկանի Լաօկոոնի հռչակաւոր արձանախումբը։ Հռոտոսցիներու կեանքը շատ բանով կապուած էր ծովային առեւտուրի եւ նաւագնացութեան հետ։ Անոնք հռչակաւոր եղած էին իբրեւ նաւագնացներ։ Հռոտոսցիները իրենց քաղաքի պաշտպանութիւնը շատ լաւ կը կազմակերպէին, ատոր շնորհիւ ալ պատերազմին յաղթեցին եգիպտացիներուն։ Ք.Ա. 3-րդ դարուն Էգէյեան ծովի Հռոտոս կղզիի բնակիչները, ի նշանաւորում կղզիի յաջող պաշտպանութեան, կանգնեցուցած են Արեւի աստուած Հելիոսի՝ աշխարհի մեծգոյն՝ 36-մ-անոց արձանը՝ թշնամիէն առգրաւուած զէնքի մետաղէ, որուն կառուցումը տեւած է 12 տարի։ Արձանի հեղինակ Քարես զայն կերտած է 20 տարուան մէջ։ Կոթողը կանգուն եղած է 56 տարի։ Երկրաշարժէն (Ք. Ա. 222-ին) կործանած կոթողի բեկորները 977-ին վաճառած է կղզիի կառավարիչը՝ արաբ տեղապահը, իբրեւ մետաղ (պրոնզ)։ Նաւահանգիստի յատակէն յայտնաբերուած արձանի աջ ձեռքի դաստակը պահուի Բրիտանական թանգարանին մէջ: Հին աշխարհի մէջ հռոտոսեան կոթողի վրայէն անցնող միջորեականը կը նկատուէր առաջին կամ գլխաւոր միջորեականը։ Անիկա ընդունած էր նաեւ Պտղոմէօս,հետագային ալ՝ արաբները։ Բայց 16-րդ դարուն այդ միջորեականը տեղափոխած են Կանայեան կղզիներ, ապա Փարիզ, իսկ 1884-էն սկսեալ՝ Կրինիչ:
Շամիրամի Կախովի Այգիներ
ԽմբագրելՇամիրամի կախովի այգիները կը գտնուէին Ասորեստանի Բաբելոն քաղաքին մէջ։ Աւանդութիւնը այդ այգիներու ստեղծումը կը վերագրէ Շամիրամ թագուհիին, սակայն իրականութեան մէջ անոնք ստեղծուած են Նափուքոթոնոսոր թագաւորի հրամանով՝ Ք.Ա. 6-րդ դարուն։ Ան իր պալատը կառուցած էր 6-յարկանի տան բարձրութեամբ արհեստական հարթակի վրայ։ Դէպի այդ հարթակը աստիճանաձեւ կը բարձրանար աղիւսէ 6 կամարասրահ։ Ամէն աստիճանի վրայ հողի շերտ լեցուած էր եւ ծաղկուն պարտէզ գցուած էր։ Ք. Ա. 312-ին կառոյցը փլած է ջրհեղեղներու պատճառով։
Հալիկառնասի Դամբարան
ԽմբագրելՀալիկառնասի մէջ (ներկայիս՝ Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքի մերձակայքին) կը գտնուէր աշխարհի հրաշալիքներէն յաջորդը՝ Մավսոլես թագաւորի հոյակերտ դամբարանը, որ կառուցած էր անոր այրին՝ Արտեմիսը, Ք. Ա. 353-ին։ Առաջին յարկը, ուր տեղադրուած էր Մավսոլեսի աճիւնասափորը, ունէր 8, 9 մ լայնութիւն, 42, 3 մ երկարութիւն եւ 11, 1 մ բարձրութիւն, իսկ դամբարանի ընդհանուր բարձրութիւնը 60 մ էր։ Դամբարանը կանգուն եղած է 1800 տարի։ Մավսոլեսի եւ անոր կնոջ արձանները կը պահուին Բրիտանական թանգարանին մէջ։
Արտեմիսի Տաճար
ԽմբագրելՄիւս հրաշալիքը յունական աստուածուհի Արտեմիսի մարմարէ տաճարն էր Փոքր Ասիոյ Եփեսոս քաղաքին մէջ։ Տաճարը կառուցուած է Ք. Ա. 550-ին, շինարարութիւնը տեւած է 120 տարի։ Նախագծած է յոյն ճարտարապետ Քերսիֆրոնեսը։ Շէնքը զարդարող արձան-արձանիկներու մէկ մասի հեղինակը Ֆիտիասն է։ Արտեմիսի տաճարը կանգուն եղած է 100 տարի։ Ք. Ա. 356-ին եփեսացի Հերոստրատեսը, փառամոլութեան մոլութենէն կուրցած, հրդեհած է տաճարը։ 25 տարի ետք անիկա վերակառուցուած է, սակայն աւերուած է երկրաշարժներու պատճառով։ Տաճարի հարթաքանդակներէն քանի մը հատը կը պահուին Բրիտանական թանգարանին մէջ։
Աշխարհի Նոր 7 Հրաշալիքները
Խմբագրել2017-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումով ընտրուած են աշխարհի նոր 7 հրաշալիքներ՝ Փեթրան, Չինական մեծ պարիսպը, Հռոմի Քոլիզէումը, Չիչէն-Իցա, Մաչու-Փիչու քաղաքները, Թաժ Մահալ դամբարանը եւ Յիսուս Քրիստոսի արձանը՝ Պրազիլի մէջ։ Եգիպտական բուգերուն՝ իբրեւ Հին աշխարհի միակ կանգուն հրաշալիքի, տրուած է պատուաւոր հրաշալիքի կարգավիճակ։
Փեթրա
ԽմբագրելՓեթրա ժայռափոր քաղաքը Առաջաւոր Ասիոյ Էտոմ կամ Իտումէա երկրի, աւելի ուշ՝ Նաբաթէական թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Քաղաքը ներկայիս Յորդանանի տարածքին մէջ է՝ ծովի մակերեւոյթէն 900 մ բարձրութեան վրայ՝ ժայռերու մէջ։ Ք. Ա. 6-րդ դարէն քաղաքը կորսնցուցած. է իր նշանակութիւնը։ Փեթրայի մէջ յայտնաբերուած են լաւ պահպանուած պալատներ, դամբարաններ, հնագոյն թատրոն եւ այլ շինութիւններ։
Չինական Մեծ Պարիսպը
ԽմբագրելՉինական մեծ պարիսպը հսկայ յուշարձան մըն է, որ 2450 քմ երկարութեամբ (ճիւղաւորումներով՝ 6–6, 5 հզ. քմ) կը ձգուի արեւելքէն արեւմուտք, բարձրութիւնը 6, 6 մ է։ Պարիսպի սկզբնահատուածները կառուցուած են Ք. Ա. 4-3-րդ դարերուն, իսկ Չինաստանի միաւորումէն (Ք. Ա. 221) ետք կանգնած է պաշտպանական հոծ պատը։
Քոլիզէում
ԽմբագրելՔոլիզէումը հին հռոմէական ճարտարապետական յուշարձան մըն է՝ 50-հզ-տեղանոց ամփիթատրոն. կառուցուած է 75–80 թուականներուն։ Նախատեսուած էր կլատիաթորներու մարտերու եւ ներկայացումներու համար։ Պահպանուած է Քոլիզէումի մէկ մասը։
Չիչեն-Իցա
ԽմբագրելՉիչեն-Իցա քաղաքը կը գտնուի Մեքսիքայի Եուքատան թերակղզիի վրայ, մայա ժողովուրդի քաղաքական եւ մշակութային կեդրոնն էր։ Հաւանաբար հիմնադրուած է 8-րդ դարուն։ 11-րդ դարու կէսէն Չիչեն-Իցան տոլտեկներու պետութեան մայրաքաղաքն էր, որ 1178-ին աւերած են Մայապան, Ուշմալ եւ Իցմալ քաղաք-պետութիւնները։ Բազմաթիւ պեղումներով բացայայտուած են քաղաքի յուշարձաններէն քանի մը հատը՝ Կուկուլկանի տաճարը (24 մ բարձրութեամբ իննաստիճանի բուրգ է), Յովազների տաճարը, Զինուորներու տաճարը, Կարակոլ աստղադիտարանը, գնդակախաղի 7 ստադիոն եւ այլն։ Պահպանուած են նաեւ աստուածներու ոճաւորուած արձաններ, հարուստ զարդապատկերներով բարձրաքանդակներ։
Մաչու-Փիչու
ԽմբագրելՄաչու-Փիչու քաղաքը, որ ներկայիս Փերուի տարածքին մէջ է, յայտնի է նաեւ «Ինկերու կորած քաղաք» անունով, իսկ բառացիօրէն կը նշանակէ «հին գագաթ»։ Կառուցած է ինկերու տիրակալ Փաչակուտեկը 1440-ին, գոյատեւած է մինչեւ 1532։ Շուրջ 400 տարի այդ քաղաքը մոռցուած էր։ 1911-ին յայտնաբերած է ամերիկացի հետազօտող, Եէլի համալսարանի փրոֆեսոր Հայրեմ Պինգհեմ։
Թաժ Մահալ
ԽմբագրելԹաժ Մահալը (հայերէն՝ Թագի պալատ) Ճահան շահի կնոջ դամբարանն է (այնտեղ հետագային թաղուած է նաեւ Ճահան շահը), կառուցուած է 1630–1652 թուականներուն՝ Ճամնա գետի ափին՝ Ագրայի մօտ։ 74 մ բարձրութեամբ հինգ գմբեթանի շէնք մըն է՝ կից պարտէզով։
Յիսուս Քրիստոսի արձան (Ռիօ տը Ժանէյրօ)
ԽմբագրելՅիսուս Քրիստոսի արձանը Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքի մերձակայքին մէջ կը գտնուի՝ Կորկովադու լերան վրայ՝ ծովի մակերեւոյթէն 704 մ բարձր։ Կառուցուած է 1922–1931 թուականներուն, բարձրութիւնը 37 մ է։ Հեղինակներն են Հէիտոր տա Սիլվան եւ Փօլ Լանդովսկին։ Վերջին 75 տարուան ընթացքին 2 անգամ նորոգուած է։
Պատկերներ
ԽմբագրելԳրականութիւն
ԽմբագրելՀրաշալիք | Կառուցում | Կառուցող | Աւերում | Աւերման պատճառ | Ներկայիս տեղադրութիւն |
---|---|---|---|---|---|
Քէօփսի բուրգ | Ք.Ա. 2580–Ք.Ա. 2560 | Եգիպտացիներ | Կանգուն | Կանգուն | Կիզա, Եգիպտոս |
Շամիրամի կախովի այգիներ | Մօտ Ք.Ա. 600 | Բաբելացիներ | Ք.Ա. առաջին դարէն ետք | երկրաշարժ | Իրաք |
Արտեմիսի տաճար | Մօտ Ք.Ա. 550 | Լիտիացիներ, հին յոյներ | Ք.Ա. 356 (Հերոստրատի կողմէ) Ք.Ե. 262 (գոթերու կողմէ) |
Հրդեհ | Թուրքիա |
Զեւսի արձան | Ք.Ա. 466–Ք.Ա. 456 (տաճար); Ք.Ա. 435 (արձան) | Հին յոյներ | Ք.Ե. 5-6-րդ դարեր | Հրդեհ | Ողիմպիա, Յունաստան |
Հալիկառնոսի դամբարան | Ք.Ա. 351 | Կարիցիներ, հին յոյներ | Մօտ Ք.Ե. 1494 | Երկրաշարժեր | Թուրքիա |
Հռոտոսի կոթող | Ք.Ա. 292–Ք.Ա. 280 | Հին յոյներ | Ք.Ա. 226 | Երկրաշարժներ | Հռոտոս, Յունաստան |
Ալեքսանդրիոյ փարոս | Մօտ Ք.Ա. 280 | ՊտղոմԷոսեան Եգիպտոս, հին յոյներ | Ք.Ե. 1303–1480 | Երկրաշարժ | Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս |
Պատմութիւն