Արմէն Դարեան (Ալֆոնս Ադդարեան, 1924[1][2], Հալէպ, Սուրիա[1][2] - 1989[2], Պէյրութ, Լիբանան[1]), գրագէտ, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ խմբագիր: Եղբայրն է լիբանանահայ բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեանի:

Արմէն Դարեան
Ծննդեան անուն Ալֆոնս Ադդարեան
Ծնած է 1924[1][2]
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա[1][2]
Մահացած է 1989[2]
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ
Երեխաներ Վիգէն Ադդարեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արմատներով եոզկատցի, Արմէն Դարեան ծնած է Տիգրանակերտ եւ գաղթի ճամբով հասած՝ Հալէպ: Ծնած տարին իսկ ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ: Նախ կը յաճախէ Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզը: 1936-ին աւարտած է Հալէպի Յիսուսեան Հայրերու նախակրթարանը. 1936-ին երբ կը բացուի Մխիթարեան վարժարանը, պատանի Ալֆոնս կը դառնայ վերջին դասարանին առաջին սանը: 1937-ին կ'ուղարկուի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ։ Սակայն Բ. աշխարհամարտը պատճառ դարձած է որ կիսատ մնայ իր ուսումը:

1941-ին, Ա. Արա ծածկանունով ստորագրած էր առաջին քերթուածը, Պէյրութ լոյս տեսած Վազգէն Այգունիի «Հայ Գիր» ամսագիրին մէջ։ Օգտագործած է նաեւ Գեղամ Գողթանի գրչանունը: Հոն կը նշմարուին հեղինակին մարդկայնական եւ ազգային զգայուն սրտին թրթիռները, անոք ու որբացած բեկորներու հանդէպ անհուն աղապատանքն ու սէրը, դէպի զրկեալներ ունեցած գորովալից համակրանքը:

1942-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ: Կրտսեր եղբայրներն էին`անուանի բանաստեղծ, ազգային-հասարակական գործիչ Գառնիկ Ադդարեան եւ Փիէռ: Լիբանանի մէջ կը սկսի անոր մշակութային-հասարակական կեանքը: Սակայն, անոր գրական կեանքին ճանապարհը սկսած էր Հալէպէն` բանաստեղծութիւններով:

Եղած է «Գրական Շրջանակ»ի հիմնադիր անդամներէն մին եւ 40 տարի ծառայած է այդ կազմակերպութեան, խմբագրելով «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» հանդէսը:

Գլխաւոր հիմնադիրներէն էր Հայ Տիպ-Քոմփիւկրաֆ հրատարակչատան, որուն միջոցաւ սատարած է տասնեակներով հայ գիրքերու լոյս ընծայման, բծախնդրօրէն կատարելով խմբագրական աշխատանքները: Կարճ ժամանակ մը եղած է ուսուցիչ՝ Հալէպի Զաւարեան Վարժարանին մէջ:

1942-ին գտնուած է Հայաստան եւ գրի առած «Տասնըվեց օր, Տասնըվեց դար» ուղեգրութիւնը։ Ուրիշ առիթներով ալ Հայաստան գացած է, մասնակցելու համար Հայաստանի Գրողներու Միութեան համագումարներուն։

Արմէն Դարեան ունի կէս դարու գրական, խմբագրական ու հրատարակչական վաստակ մը։ Հեղինակն է պատմուածքներու հետեւեալ հատորներուն.

Մեր Հացը (Պէյրութ 1956, Երեւան 1988), Կարօտ եւ Կեանք (Երեւան 1963), Խարիսխէն Հեռու (Պէյրութ 1964), Խարիսխէն Մօտ (Երեւան 1973), Լեռը եւ Տունը (1982, արժանացած՝ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակին):

Աշխատակցած եւ խմբագրած «Շիրակ» ամսագիրը:

1989-ի վերջերուն պատահեցաւ անխուսափելին: Սկսաւ կտրուկ վատանալ առողջութիւնը անոր: 1990-ի Յունուար 21-ին յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը գիրի եւ գրականութեան այս հեզ ու խոնարհ ծառան. գրող Շաքէ Վարսեանի բառերով` «Մի Հաստաբուն Ծառ Էլ Ընկաւ»...:

1990-ի Յունուար-Փետրուար համարը (132 էջ) ամբողջապէս կը նուիրէ Արմէն Դարեանին: Հոն իրենց յուշերն ու վկայութիւնները գրած են ի միջի այլոց` Գարեգին Ա.Կաթողիկոս, Ժիրայր Դանիէլեան, Գրիգոր Շահինեան, Շ. Վարսեան, Անդրանիկ Կռանեան, Յարութիւն Մաթեան, Անդրանիկ Տագէսեան, Յակոբ Տիւնեայեան, Թորոս Թորանեան, Մուշեղ Իշխան, Գէորգ Աճեմեան, Լեւոն Հախվերտեան, Պէպօ Սիմոնեան, Գեղամ Սեւան, Պերճ Ֆազլեան, Շահանդուխտ, Արամ Սեփեթճեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Վեհափառը կը գրէր. «Արմէնի պէս տղոց մեկնումը կարծես աւելի կը շեշտէ այդ բացը, որովհետեւ ինք եղաւ այդ բացը լրացնող եւ այլեւս հազուագիւտ դարձող, հայ դպրութեան սպասաւորներէն մէկը, եւ ընտիրներէն, որոնց գործունէութիւնը այլեւս կարծես պայքար մըն է տժգունացման չարիքին դէմ, մշակութային այլասերման ջլատիչ յորձանքին դէմ»:

Իսկ հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Անդրանիկ Կռանեան «Բարի Սամարացին» գրութեամբ սրտառուչ ոճով կը գրէր իր վերջին այցելութեան մասին, որ տուած էր անոր` մերձ ի մահ, որպէս իր համայնքին անդամներէն մին, եզրակացնելով` «Արմէն Դարեանի մահով, ճրագ մը շիջեցաւ, ամպիոն մը լռեց, աղբիւր մը ցամքեցաւ ու գիրի եւ գրչութեան ապագան ա՛լ աւելի մթագնեցաւ Լիբանանի վերեւ»։

Մեր Հացը (Պէյրութ 1956, Երեւան 1988), Կարօտ եւ Կեանք (Երեւան 1963), Խարիսխէն Հեռու (Պէյրութ 1964), Խարիսխէն Մօտ (Երեւան 1973), Լեռը եւ Տունը (1982, արժանացած՝ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակին):

2010-ին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անունը կրող Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի հրատարակչութիւնը «Ամարաս» տպարանէն լոյս ընծայեց լիբանանահայ գրագէտ, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ խմբագիր Արմէն Դարեանի գրած եւ ստացած նամակները, մեկենասութեամբ՝ Արմէն Յարութիւնեանի եւ սփիւռքահայ բարերարի մը եւ խմբագրութեամբ յիշեալ թանգարանի տնօրէն՝ Հենրիկ Բախչինեանի:

«Նամականի» խորագրեալ հատորը կ'ընդգրկէ 300 էջեր եւ կը բաղկանայ հիմնական երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինով Արմէն Դարեան կը ղրկէ նամակներ 25 հեղինակներու, իսկ երկրորդ բաժինով կը ստանայ նամակներ 46 գրողներէ: Հատորը կը սկսի «Թանգարանի կողմից» խորագրեալ նախաբանով, ուր Հենրիկ Բախչինեան կու տայ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ Արմէն Դարեանի նամակներուն առնչութեամբ:

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Ունի նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսերէնէ եւ արաբերէնէ։

Դարեան հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի վիպասան Օնորէ տը Պալզաքի «Անծանօթ գլուխ գործոցը» խորագրեալ վէպը եւ լիբանանցի գրող Ժորժ Շըհատէի «Վազքոյի հեքիաթը» խորագրեալ թատերախաղը, Պէյրութ, 1964:

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Հրատարակած է Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտախաղը «Քէօսէ Քեհեա»` «Զուարթ» օփերեթ անունին տակ, Պէյրութ, 1971 եւ «Ակնարկ հայ-արաբ մշակութային կապերու վրայ», Պէյրութ, 1972 խորագրեալ աշխատութիւնները:

Վերոյիշեալ երկերէն զատ Արմէն Դարեան պատրաստած է Եոզղաթի պատմագիրքը եւ գրած ուսումնասիրութիւններ` Սայաթ-Նովայի եւ Շահան Շահնուրի մասին: Ունի նաեւ քերթուածներու անտիպ հատոր մը[3]:

  Գրագէտ Արմէն Դարեան քաջածանօթ էր արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: Շնորհիւ այս բարեյատկութեան, լիբանանցի թատերագիր Ժալալ Խուրի ըսած է, թէ Արմէն Դարեան երկու մշակոյթներու կը պատկանէր` հայ եւ արաբ մշակոյթներուն:  


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
  3. «Արմէն Դարեանի Յետ Մահու Խօսքը - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-10-11 

Աղբիւրներ

Խմբագրել