Արշակունեաց Թագաւորութեան Անկումը
374-ին, հայերը չբողոքեցին Պապ թագաւորի սպանութեան դէմ: Հայ նախարարները նախընտրեցին մնալ Հռոմի բարեկամ եւ Վաղէսէն իրենց համար նոր թագաւոր մը խնդրեցին: Ուստի, Պապի Եղբօրորդին՝ Վարազդատ ղրկուեցաւ Հայաստան իբրեւ թագաւոր (374-378): Թէեւ երիտասարդ եւ քաջ, Վարազդատ սակայն անփորձ էր եւ զուրկ վարչական-կազմակերպչական կարողութիւններէ. իր յախուրն եւ միամիտ խառնուածքով, ան շուտով պատճառ դարձաւ նոր խռովութիւններու:
Արշակունեաց Թագաւորութեան Անկումը | |
---|---|
Երկիր | Կաղապար:Դրօշաւորում/Մեծ Հայք |
Ծագում | Պարթեւ Արշակունիներ |
Տիտղոսներ | Մեծ Հայքի Արքայ |
Հիմնադիր | Տրդատ Ա |
Հիմնում | 66 |
Ազգային պատկանելիութիւն | Հայ |
Արարքներ Դէպի Անկում
ԽմբագրելՄուշեղ Մամիկոնեանի Ծրագիրը
ԽմբագրելԱնփորձ թագաւորին վրայ մեծ ազդեցութիւն սկսան բանեցնել հռոմէասէր հոսանքի պարագլուխ եւ սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Վարազդատի խորհրդական Բատ Սահարունի: Մուշեղ կը ջանար թագաւորը համոզել, որ Հայաստան վերջնական եւ վճռական կերպով դիրք ճշդէ Հռոմի կողքին՝ ընդդէմ Սասանեան Պարսկաստանի: Երկրի պաշտպանութեան համար, ան կ'առաջարկէր իւրաքանչիւր գաւառի մէջ շինել ամրոցներ եւ հաստատել զօրակայաններ: Այս ձեւով պիտի ամրանար ամբողջ երկիրը եւ պարսիկներուն համար անոր նուաճումը անկարելի պիտի դառնար: Հայաստանի պաշտպանութեան համար յղացուած այս ծրագիրը, որուն ծանօթ եւ համամիտ էին Հռոմի կայսրն ու զօրավարները, լուրջ վտանգի կ'ենթարկէր սակայն երկրին անկախութիւնը, որովհետեւ այս ձեւով ամբողջ Հայաստանը կը վերածուէր Հռոմի տրամադրութեան տակ դրուած զօրակայանին: Այս ծրագիրին դէմ բողոքեցին միւս նախարարները, գլխաւորութեամբ Վարազդատի դաստիարակին՝ Բատ Սահարունիին: Այս խմբակը, որ կը մտածէր, թէ Հայաստան տակաւին բաւական զօրաւոր էր պաշտպանելու համար իր անկախութիւնը, սկսաւ ամբաստանել Մուշեղ Մամիկոնեանը եւ կասկածի տակ առնել անոր արարքները: Անոնք նոյնիսկ Մուշեշը կ'ամբաստանէին Պապի սպանութեամբ, իբրեւ Հռոմի մեղսակից: Հաւատալով այս մեղադրանքներուն, Վարազդատ խնճոյքի մը ընթացքին սպաննել տուաւ Մուշեղ Մամիկոնեանը:
Սամուէլ Մամիկոնեան
ԽմբագրելԱյն միջոցին երբ հայկական արքունիքին մէջ հայ իշխաններ իրարու դէմ կը դաւանէին, Հռոմ եւ Պարսկաստան բանակցութիւններ կը վարէին Հայաստանը բաժնելու համար իրենց միջեւ Հռոմին զիջելով հայկական քանի մը աննշան գաւառներ, Շապուհ Բ. կը ջանար իրեն վերապահել ամբողջ Հայաստանը: Թէեւ Հռոմէական կայսրութիւնը դժուար կացութեան մատնուած էր բարբարոս ցեղախումբերու արշաւանքներուն պատճառով, այսուհանդերձ ան մերժեց ընթացք տալ Շապուհի պահանջներուն: Սակայն, օգտուելով Մուշեղի սպանութենէն եւ հայկական արքունիքի ներքին խռովութիւններէն, Շապուհ Հայաստան ղրկեց Պարսկաստանի համակիր եւ իր մօտ պատանդ պահուած Մանուէլ Մամիկոնեանը, իր եղբօր Կոմսի հետ: Մանուէլ յաջողեցաւ ձեռք ձգել Մամիկոնեան տան նահապետութիւնը: Ապա, ան ինքզինք հռչակեց սպարապետ, իբրեւ ժառանքական իրաւունքը Մամիկոնեան տոհմին: Ատեն մը ետք, լուծելու համար դաւադրաբար սպաննուած Մուշեղի վրէժը, ան Վարազդատ թագաւորէն պահանջեց, որ հեռանայ Հայաստանի սահմաններէն: Հայոց թագաւորին եւ սպարապետին կողմնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ճակատամարտ մը, որ երկիրը բաժնեց հակառակորդ երկու կողմի: Վարազդատ պարտուեցաւ եւ փախուստ տուաւ դէպի Հռոմ, իսկ Մանուէլ խստօրէն պատժեց անոր կողմնակիցները, որոնց կարգին՝ Բատ Սահարունին: Այս յաղթանակէն ետք Հայաստանի փաստական տէրը դարձաւ Մանուէլ Մամիկոնեան: Այսուհանդերձ, ան չհամարձակեցաւ խլել արքայական թագը, այլ իր Զարմանդուխտ թագուհիի խնամակալութեան տակ Հայաստանի թագաւոր կարգեց Պապի անչափահաս որդիները՝ Արշակ եւ Վաղարշակ: Երկրին իսկական տէրը մնաց սակայն սպարապետը, որուն աղջիկը ամուսնացաւ Արշակ Գ. թագաւորին հետ: Մանուէլ Մամիկոնեանի խնամակալութեան օրերուն եւ մինջեւ իր մահը՝ 385, Հայաստան ապրեցաւ խաղաղ շրջան մը: Սկիզբը, ան բարեկամական յարաբերութիւններ մշակեց Պարսկաստանի հետ: Հռոմէն օգնոգթեան ամէն յոյս կտրած ըլլալով՝ Հայաստան մտաւ պարսկական հովանիին տակ: Պարսկաստան 10 հազարնոց գունդ մը, Սուրէն զօրավարի հրամանատարութեամբ, կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։ Պահելով հանդերձ իրենց ներքին անկախութիւնը, հայերը տարեկան տուրք կը վճարէին Պարսկաստանի: Պարսկական այս տիրապետութիւնը երկար չտեւեց սակայն: Շուտով Մանուէլ իր շուրջ համախմբեց նախարարները եւ երկրէն հեռացուց Սուրէն զօրավարն ու պարսկական զօրքերը:
Հայաստանի Բաժանումը
ԽմբագրելԵրկար ատենէ ի վեր բանակցութիւններ տեղի կ'ունենային Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ՝ բաժնուելու համար Հայաստանը: Արդէն դարերէ ի վեր մղուող Հռոմ-պարսկական պատերազմներուն պատճառներէն մէկն էր Հայաստանի տիրապետումը: Ի վերջոյ երկու հակառակորդ եւ մրցակից տէրութիւնները եկած էին այն եզրակացութեան, որ Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանը պէտք էր բաժնել իրենց միջեւ: Երկու մեծ պետութիւններուն միջեւ 387-ին կնքուեցաւ դաշնագիր մը, որուն հիմամբ Հայաստանի չորս հինգերորդը բաժին ինկաւ Պարսկաստանի: Հռոմ ստացաւ մասնաւորաբար Կարինը, Դերջանը եւ Տարօնի մէկ մասը: Երկու Հայաստաններու սահմաններէն դուրս կը մնային բազմաթիւ ծայրագաւառներ, ինչպէս՝ Աղձնիքը, Կորդուքը, Գուգարքը եւ Փայտակարանը: Երկարատեւ պատերազմերէն եւ աւատապետական պայքարներէն տկարացած Հայաստանը, որ կորսնցուցած էր երբեմն իր հզօրութիւնը, չկրցաւ ընդդիմանալ այս բաժանումին: 387-ին, Հռոմի եւ Պարսկաստանի փոխադարձ համաձայնութեամբ, փաստօրէն վերջ գտաւ Հայաստանի անկախութիւնը: Մանուէլ Մամիկոնեանի մահէն ետք, պարսիկները Հայաստանի թագաւոր նշանակեցին Արշակունեաց գերդաստանէն Խոսրով Դ., մինչ տակաւին ողչ էր Արշակ Գ., որ Հայաստանի բաժանումէն ետք համախոհ կարգ մը նախարարներով անցաւ Յունահայաստան: Արշակ Գ.-ի մահէն ետք, փոխանակ նոր թագաւոր մը նշանակելու, Հռոմ յոյն կոմս մը ղրկեց ղեկավարելու համար Յունահայաստանը: Այսպիսով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վերջ գտաւ Արշակունեաց թագաւորութիւնը: Մինչ Արշակունիները շարունակեցին տիրել Պարսկահայաստանի վրայ մինչեւ 428 թուական, առանց սակայն կարեւոր դեր մը կատարելու: Հայաստանի մեծագոյն մասը Սասանեաններուն ձգելով, Բիւզանդական կայսրութիւնը, որ Արեւելքի մէջ կը յաջորդէր Հռոմի, ընդունած եղաւ պարսկական գերակայութիւնը Հայաստանի վրայ։ Այս թուականէն ետք Բիւզանդական կայսրութեան սահմանները մնացին անպատսպար, որովհետեւ անոր պաշտպանութեան համար բնական պատուար կազմող զօրաւոր Հայաստանը այլեւս գոյութիւն չունէր:
Արշակունի Վերջին Թագաւորները
Խմբագրել387-ի բաժանումը ճակատագրական հետեւանքներ ունեցաւ Հայաստանի համար: Այս թուականէն ետք, Բիւզանդիոն եւ Պարսկաստան, իւրաքանչիւրը իր բաժինին մէջ, ջանացին ջնջել անուանապէս տիրող հայկական թագաւորութիւնները: 390 թուականին, Արշակ Գ.-ի մահէն ետք, Յունահայաստանի համար նշանակուեցաւ յոյն կառավարիչ մը, երկիրը վերածելով բիւզանդական նահանգի: Պարսկաստան 385 թուականին Արեւելեան Հայաստանի թագաւոր նշանակած էր Խոսրով Դ. Արշակունին, որմէ սակայն շուտով դժգոհ մնացած էր։ Խոսրով յաջողած էր սիրաշահիլ նախարարները եւ բարեկամութիւն հաստատել յոյներուն հետ: Արշակ Գ.-ի մահէն ետք, ան կը խորհէր բիւզանդական բաժինի նախարարներուն զօրակցութեամբ եւ կայսեր հաւանութեամբ միացնել երկու Հայաստանները եւ վերականգնել հայկական անկախութիւնը: Այս գծով իր տարած աշխատանքները աննկատ չանցան Տիզբոնի մէջ։ Աւելին, առանց պարսից թագաւորին խորհուրդը հարցնելու, Խոսրով Դ. կաթողիկոսական գահ բարձրացուց Սահակ Պարթեւը, որ իր կրթութիւնը ստացած ըլլալով Բիւզանդիոնի մէջ, ճանչցուած էր իբրեւ յունասէր: Իր այս քաղաքականութեան պատճառով Խոսրով Դ. դատապարտուեցաւ պարսիկներէն: Արքայից Արքան՝ Վռամ Դ. իր մօտ հրաւիրելով հայոց թագաւորը, գահընկեց ըրաւ զայն եւ թագաւոր նշանակեց իր եղբայրը՝ Վռամշապուհ (389-414 թ.), որուն օրով Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի յարաբերութիւնները բարելաւուեցան: Օգտուելով այս կացութենէն, Վռամշապուհ բարեկամութիւն հաստատեց երկու պետութիւններուն հետ ալ: Իր թագաւորութիւնը Հայաստանի համար եղաւ երկարատեւ խաղաղութեան շրջան մը, որուն ընթացգին տեղի ունեցաւ հայ գիրերու գիւտը: 414 թուականին մեռաւ Վռամշապուհը, ձգելով անչափահաս որդի մը՝ Արտաշէս Նախարարներուն խնդրանքով, պարսից Յազկերտ Ա. հայկական գահը վերստին յանձնեց Վռամշապուհի գահընկեց եղբօր՝ Խոսրով Դ.-ին, որ կը պահուէր Պարսկաստանի մէջ։ Ծերունի Խոսրով հազիւ 8 ամիս կրցաւ թագաւորել ու մեռաւ: Այս անգամ Յազկերտ իր իսկ որդին՝ Շապուհը (416-420) հայոց թագաւոր կարգեց: Այս ձեւով ան կը խորհէր երկու երկիրներուն իշխանութիւնները միացնել եւ հետագային Հայաստանը անբաժան մէկ մասը դարձնել պարսկական ընդարձակ կայսրութեան: Շապուհ չսիրուեցաւ հայերու կողմէ, որոնք լաւ գիտէին թէ ի՞նչ նպատակով ան ղրկուած էր Հայաստան: Ան երկար չմնաց հայկական գահին վրայ։ 420 թուականին, իր հայրը՝ Յազկերտ սպաննուեցաւ Պարսկաստանի մէջ եւ Շապուհ մեկնեցաւ Տիզբոն, տիրանալու համար գահին: Սակայն ինքն ալ սպաննուեցաւ պարսիկ ազնուականներու կողմէ: Ի վերջոյ իր կրտսեր եղբայրը՝ Վռամ Ե. բարձրացաւ գահ: Նոյն տարին, 421 թուականին, պարսիկները պատերազմ յայտարարեցին Բիւզանդիոնի դէմ: Մինչեւ 423 թուական, Հայաստան եւս անորոշ եւ տագնապալից օրեր ապրեցաւ: Հայերը ապստամբեցան եւ երկրէն դուրս դրին պարսկական զօրքերը: Ամբողջ երեք տարի երկիրը մատնուեցաւ անիշխանութեան: 422 թուականին, երբ Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ խաղաղութիւն կնքուեցաւ, նախարարներու խնդրանքով, Վռամ Ե. դարձեալ Հայաստանի թագաւոր նշանակեց Վռամշապուհի որդին՝ Արտաշէսը: Նախարարները գոհ չմնացին Արտաշէս Դ.-էն եւս: Անոնք Սահակ կաթողիկոսէն խնդրեցին, որ դիմէ պարսիկներուն եւ գահընկեց ընել տայ Արտաշէսը: Հայրենասէր եւ իմաստուն կաթողիկոսը մերժեց եւ ջանաց համոզել նախարարները, որ ետ մնան իրենց նպատակէն, որովհետեւ ան կրնար ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի ապագային համար: Նախարարները չհամակերպեցան կաթողիկոսի կարծիգին: Անոնք դիմեցին Տիզբոն եւ ամբաստանեցին թէ՛ Արտաշէսը եւ թէ՛ կաթողիկոսը, յայտնելով որ կը նախընտրեն հայ թագաւորի մը փոխարէն իրենց գլխուն ունենալ պարսիկ իշխան մը: Վռաշ Ե.-ի համար աւելի նպաստաւոր առաջարկ չէր կրնար ըլլալ. ան մէկ հարուածով պիտի ազատէր հայ Արշակունիներէն, որոնց դէմ 200 տարի է, որ Պարսկաստան կը պայքարէր: 428 թուականին, Վռաշ Ե. գահընկեց ըրաւ Արտաշէս Դ.-ն եւ անոր տեղ կարգեց պարսիկ մարզպան մը: Սահակ կաթողիկոս եւս կորսնցուց կաթողիկոսական աթոռը: Իրեն փոխարէն կաթողիկոս նշանակուեցաւ պարսկասէր Սուրմակը: Թագաւորութեան անկումով եւ կաթողիկոցին փոխարինումով, Հայաստանվերջնական կերպով կորսնցուց իր քաղաքական անկախութիւնը եւ հոգեւոր ազատութիւնը: Հայերուն համար բացուեցաւ պայքարի նոր եւ արիւնալի շրջան մը:
Արշակունեաց Հայաստանի Քաղաքական եւ Ընկերային Կարգը
ԽմբագրելԱրշակունեաց Հայաստանը աշխարհագրական ընդարձակ սհմաններով երկիր մըն էր, որ կը տարածուէր Եփրատ գետէն Կասպից ծով եւ Գուգարքէն ու Վասպուրականէն մէնչեւ Տաւրոսեան լեռնաշղթայ եւ Ուրմիոյ լիճ: Պատմական Հայաստանը բաժնուած էր 15 նահանգներու եւ բազմաթիւ գաւառներու: Յաճախ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սեփականութիւնն էր նախարարական տան մը: Այս ընդարձակ երկիրը կը կառավարուէր վարչական ծանր մեքենայով մը, որուն գլուխը կանգնած էր Արշակունի թագաւորը:
Աւատապետական Կարգը
ԽմբագրելԱրշակունեաց Հայաստանի բնակչութիւնը ընդանհուր ձեւով կարելի էր բաժնել հիմնական երկու դասակարգի.-
- Թագաւոր, ազնուականութիւն եւ բարձր հագեւորականութիւն:
- Ռամիկ կամ հասարակ ժողովուրդ:
Այլ խօսքով, կային ազատներ եւ անազատներ, որոնք յստակօրէն բաժնուած էին երկու դասակարգի, իւրաքանչիւրը՝ իրեն յատուկ աստիճանաւորումներով: Հայ աւատապետական դրութիւնը կարելի է նմանցնել բուրգի մը, որուն գլուխը կը գտնուէր հայոց թագաւորը:
Հայոց Թագաւորը
ԽմբագրելԹագաւորը կը վարէր երկրին վերին իշխանութիւնը: Անոր կեդրոնն էր Այրարատեան նահանգը, այսինքն արքունի ոստանը՝ Արտաշատ, Վաղարշապատ եւ Դուին մայրաքաղաքներով: Իբրեւ երկրին վերին իշխանաւորը, ան կը կոչուէր Թագաւոր Հայոց Մեծաց եւ նախարարներուն նկատմամբ կը վայելէր գերադաս իրաւարարի եւ պետի դիրք: Ինք միայն իրաւունք ունէր պատերազմ յայտարարելու, բանակցութիւններ վարելու կամ դաշինք կնքելու օտար պետութիւններու հետ: Այսպիսի ծանր որոշումներու պարագային սակայն, ան յաճախ կը խորհրդակցէր կաթողիկոսին եւ մեծ իշխաններուն հետ: Երբեմն ալ կը գումարէր Աշխարհաժողով, նախարարներուն եւ բարձր հոգեւորականութեան մասնակցութեամբ: Թագաւորին իշխանութիւնը բացարձակ էր արքունական հողերուն վրայ, բայց սահմանափակ՝ միւս շրջաններուն մէջ։ Ան ստիպուած էր յարգել իշխաններուն եւ նախարարական տուներուն ժառանգական իրաւունքները, այլապէս կրնար խռովութիւն ծագիլ:
Բդեշխները
ԽմբագրելԲդեշխները կը կոչուէին նաեւ Սահմանապահք կամ Սահմանակալք: Անոնց պարտականութիւնն էր Հայաստանի սահմանները պահել թշնամիի յարձակումներուն դէմ: Նախապէս անոնք եղած են անկախ թագաւորութիւններ կամ իշխանապետութիւններ, զորս Մեծն Տիգրան ենթարկած է Հայաստանին: Զանազանելու համար միւս նախարարութիւններէն, ծայրագաւառներու այս բդեշխութիւնները ստացան իրենց դիրքին, ուժին եւ մեծութեան համապատասխան իրաւասութիւններ եւ ժամանակի ընթացքին վերածուեցան կիսանկախ իշխանութիւններու: Մեծ էր բդեշխներու հեղինակութիւնը արքունիքին մէջ, ուր ժողովներու եւ հանդիսութիւններու ժամանակ անոնք կը բազմէին թագաւորին կողքին: Անոնք նաեւ կը կոչուէին Բիւրաւորք, որովհետեւ իրենց զօրքին թիւը կ'անցնէր 10 հազարը: Կային չորս բդեշխութիւններ՝ Գուգարքը, Նոր Շիրականը, Կորդուքը եւ Աղձնիքը: Որոշ ժամանակներու բդեշխութիւն նկատուեցաւ նաեւ Ծոփքը:
Նախարարական Կարգը
ԽմբագրելԱրշակունեաց Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին հիմը կը կազմէր աւատապետութիւնը կամ նախարարական կազմակերպութիւնը, որ հաստատուած կը թուի ըլլալ հայ Արշակունիներու հիմնադիր՝ Տրդատ Ա.-ի կողմէ: Աւատապետը ազնուական կալուածատէր իշխան էր։ Ան իբրեւ սեփականութիւն ունէր ընդարձակ տարածութեամբ հողեր՝ գիւղերով, աւաններով եւ ագարակներով, երբեմն նոյնիսկ գաւառ մը: Անոր իշխանութիւնը կը տարածուէր կալուածներուն եւ անոնց բնակիչներուն վրայ։ Նախարարը կիսանկախ իշխան մըն էր, որ ունէր տէրունական իրաւունքներ իր հպատակներուն վրայ։ Ան կը նկատուէր անոնց քաղաքական եւ զինուորական պետը եւ վերին դատաւորը: Իր կալուածներուն բնակիչներէն ան կը կազմէր նախարարական գունդը եւ կը հաւաքէր զանազան տեսակի տուրքեր: Ամբողջ Հայաստանը բաժնուած էր նախարարական ինքնիշխան տուներու միջեւ, որոնց ընդանհուր թիւը կը հասնէր շուրջ 70-ի: Ե. դարէն մեզի հասած է ցանկ մը՝ Գահնամակը, ուր հայ նախարարական տուները դասաւորուած են իրենց գահին, այսինքն՝ մեծութեան կարգով: Գլխաւոր նախարարութիւններն են.- Սիւնեաց, Բագրատունի, Արծրունի, Խորխոռունի, Մամիկոնեան, Մոկաց, Ռշտունի, Կամսարական եւ Ամատունի տուները: Նախարարական հողերը կրնային գոյացած ըլլալ երեք ձեւերով.-
- Հայրենական հողերը տոհմին ժառանգական սեփականութիւնը կը կազմէին: Անոնք անբաժանելի էին: Հօրը մահէն ետք, անդրանիկ որդին կը դառնար Տանուտէր կամ Նահապետ, ժառանգելով կալուածին ամբողջութիւնը: Այսպէս էին արքունական եւ եկեղեցական հողերը:
- Պարգեւական հողերը, զորս թագաւորները կը նուիրէին՝ վարձատրելու համար իրենց հաւատարիմ զօրականները եւ պաշտօնեաները: Այս հողերը ժառանգական իրաւունքով չէին տրուեր: Արքունիքը զանոնք կը վերագրաւէր պարգեւատրուողին մահէն կամ շնորհազրկումէն ետք: Բնականաբար կրնար պատահիլ նաեւ, որ թագաւորը անոր որդին վերահաստատէր նոյն պաշտօնին վրայ:
- Գանձագին հողերը, որոնք դրամով գնուած էին ազնուականներուն կամ եկեղեցիին կողմէ:
Նախարարները ենթակայ էին թագաւորին, որուն նկատմամբ անոնք ունէին գլխաւոր երկու պարտաւորութիւն. հարկ վճարել եւ վտանգի ժամանակ իրենց զօրքերով օգնել: Իւրաքանչիւր նախարարութեան համար որոշուած էր կռուին բերելիք զօրքին թիւը: Սակայն, կային Բիւրաւորք, Հազարաւորք եւ Հարիւրաւորք կոչուած նախարարութիւններ, որոնք ունէին իրենց յատուկ դրօշները: Արքայէն կախեալ էին նաեւ թագաւորական ընտանիքին անդամները եւ արքունիքին մօտիկ ազգականները, որոնք մաս կը կազմէին արքայական հեծելազօրքին: Անոնք կը կոչուէին ոստանիկ եւ իբրեւ սեփականութիւն թագաւորէն կը ստանային պարգեւական հողեր: Իսկ նախարարական տան անդամները կը կոչուէին սեպուհ եւ ունէին տանուտէրին հետ բաղդատած՝ աւելի փոքր կալուածներ: Աւագ ոստանիկներն ու աւագ սեպուհները կը մասնակցէին աշխարհաժողովներուն եւ կը ստանձնէին բարձր պաշտօններ:
Ազատանին
ԽմբագրելԹագաւորէն եւ բարձր ազնուականութենէն ետք կու գար ազատանին, որ կը բաղկանար փոքր ազնուականներէ, պետական պաշտօններէ եւ փոքր կալուածատէրերէ: Անոնք ալ կը կազմէին առանձնաշնորհեալ դաս մը: Գլխաւորաբար իրենցմէ կազմուած էր հայկական հեծելազօրքը կամ Այրուձին:
Ռամիկները
ԽմբագրելՌամիկները ժողովուրդին ամէնէն զրկեալ եւ անտեսուած խաւը կը կազմէին: Այս դասակարգը բաղկացած էր մեծ մասամբ գիւղացիներէ (շինականներ), արհեստաւորներէ եւ փոքր առեւտրականներէ: Ռամիկ դասակարգը կ'ապրէր նեղ պայմաններու մէջ եւ կը վճարէր տեսակաւոր հարկեր, որոնցմէ գլխաւորներն էին՝ գլխահարկը, անասնահարկը եւ տասանոորդը, որ կը տրուէր եկեղեցւոյ: Առեւտրականները պետութեան կը վճարէին «բաժ» կոչուող մաքսատուրքը:
Գործակալութիւնները
ԽմբագրելԹագաւորը, բդեշխները եւ նախարարները իրենց հպատակներուն վրայ գրեթէ բացարձակ իշխանութիւն ունէին: Սակայն, բացի թագաւորէն, միւսներուն իշխանութիւնը կը սահմանափակուէր իրենց սեփականութիւնը կազմող կալուածներուն վրայ։ Միւս կողմէ կային աշխատանքներ, որոնք ընդհանրական բնոյթ ունէին եւ կը շահագրգռէին ամբողջ պետութիւնը, ինչպէս՝ բանակը, հանրային եւ զինուորական շինութիւնները, հարկահաւաքը եւ այլն: Թէեւ պետութեան անուանական տէրը թագաւորն էր, այսուհանդերձ իր իշխանութիւնը գործադրութեան դնելու համար, ան պէտք ունէր գործակատարներու: Այս նպատակով, ան նշանակած էր գործակալներ, որոնց պաշտօնները կարելի է բաղդատել այժմու նախարարական պաշտօններուն հետ: Արշակունիներու ժամանակ այս գործակալութիւնները հետզհետէ դարձան ժառանգական իրաւունքը նախարարական տուներուն, որոնց մէկ անդամը, յաճախ նոյնինքն տանուտէրը կը վարէր այդ պաշտօնը: Գոյութիւն ունէին հետեւեալ գլխաւոր գործակալութիւնները.-
Հազարապետութիւն
ԽմբագրելՀազարապետին պաղտօնն էր սահմանել պետական հարկերը եւ կազմակերպել անոնց գանձումը, հսկել երկրին մէջ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն, բանալ ջրանցքներ եւ հոգալ հողամշակութեան կարիքները: Այս պաշտօնը ժառանգաբար կը վարէին Գնունիները եւ Ամատունիները:
Սպարապետութիւն
ԽմբագրելՍպարապետը երկրին զինուորական ուժերուն ընդանհուր եւ վերին հրամանատարն էր։ Պատերազմի ժամանակ թէ՛ արքունական եւ թէ՛ նախարարական զօրքերը կը դրուէին անոր տրամադրութեան տակ: Այս պաշտօնը ժառանգաբար կը վարէին Մամիկոնեանները:
Մաղխազութիւն
ԽմբագրելՄաղխազին պարտականութիւնն էր հսկել թագաւորի անձին ապահովութեան: Ան Արքունի պահակազօրքին եւ թիկնապահներուն հրամանատարն էր։ Այս պաշտօնը կը պատկանէր Խորխոռունիներուն:
Թագադիր Ասպետութիւն
ԽմբագրելԱսպետը թագադրութեան ժամանակ թագաւորին գլխուն թագը զետեղող իշխանն էր։ Այս պատճառով ալ ան կը կոչուէր թագադիր կամ թագակապ իշխան: Ան նաեւ կը հսկէր աւատապետական կարգի պահպանման: Թագաւորի մը թագադրութեան անոր մասնակցութիւնը երաշխիք էր թեկնածուին օրինակութեան: Այս պաշտօնը վերապահուած էր Բագրատունիներուն:
Մարդպետութիւն
ԽմբագրելՄարդպետը արքունիքին ամէնէն ազդեցիկ ու հեղինակաւոր անձերէն էր։ Ան թագաւորին գլխաւոր խորհրդատուն էր եւ կանանոցին պատասխանատուն: Անոր հսկողութեան վստահուած էին նաեւ պետական ամրոցներն ու արքայական գանձը: Մարդպետը կը կոչուէր «Հայր»: Այս պաշտօնը կը պատկանէր Մարդպետունի տոհմին:
Մեծ Դատաւորութիւն
ԽմբագրելԵրկրին մէջ պատահող մեծ խնդիրներուն, ինչպէս օրինակ՝ թագաւորին եւ նախարարներուն միջեւ ծագած հարցերուն դատաւոր կարգուած էր կաթողիկոսը, որ կը վարէր մեծ դատաւորութեան գործակալութիւնը: Բացի գլխաւոր այս գործակալութիւններէն, կային կարգ մը երկրորդական պաշտօններ, ինչպէս՝ տակառապետութիւնը, որսապետութիւնը, ախոռապետութիւնը, զինակիրութիւնը եւ այլն, որոնցմէ կարեւորագոյնն էր սենեկապետութիւնը, այսինքն՝ թագաւորին անձնական քարտուղարութիւնը, որ նաեւ պատասխանատու էր արքունի գրագիրներուն եւ թարգմաններուն:
Հայ Արշակունիներուն Գահացանկը
ԽմբագրելԱնունը | Իշխած է | Նշումներ |
---|---|---|
Տրդատ Ա | 66 - 88 | Պարթեւ Արքայ Վոնոն Բ-ի որդին, Վաղարշ Ա-ի եղբայրը |
Սանատրուկ | 88 - 110 | Տրդատ Ա-ի որդին |
Աշխադար | 110 - 113 | Բակուր Բ Պարթեւի որդին |
Պարթամասիր | 113 - 114 | Բակուր Բ Պարթեւի որդին |
Հռոմէական բռնազաւթին մէջ | 114 - 116 | |
Վաղարշ Ա | 117 - 144 | Սանատրուկի որդին |
Սոհեմոս | 144 - 161, 164-186 | Ասորիքի Էմեսա քաղաքի թագաւորը |
Բակուր Ա | 161 - 163 | |
Վաղարշ Բ | 186 - 198 | Վաղարշ Ա-ի հարազատներէն |
Խոսրով Ա | 198 - 217 | Վաղարշ Բ-ի որդին |
Տրդատ Բ | 217 - 252 | Խոսրով Ա-ի որդին |
Արտաւազդ Ե | 252 - 272 | Տրդատ Բ-ի որդին |
Խոսրով Բ. | 272 - 287 | Տրդատ Բ-ի որդին |
Տրդատ Գ Մեծ | 287 - 330 | Խոսրով Բ-ի որդին |
Խոսրով Գ Կոտակ | 330 - 338 | Տրդատ Գ-ի որդին |
Տիրան Բ | 338 - 350 | Խոսրով Գ-ի որդին |
Արշակ Բ | 350 - 368 | Տիրան Բ-ի որդին |
Պապ թագաւոր | 368 - 374 | Արշակ Բ-ի որդին |
Վարազդատ | 374 - 378 | Անոբի որդին, Արշակ Բ-ի թոռը |
Արշակ Գ | 378 - 389 | Պապի որդին |
Խոսրով Դ | 387 - 389, 415-416 | Վարազդատի որդին |
Վռամշապուհ | 389 - 415 | Խոսրով Դ-ի եղբայրը |
Շապուհ պարսիկ | 416 - 420 | |
թափուր | 420 - 422 | |
Արտաշէս Դ | 423 - 428 | Վռամշապուհի որդին |
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայոց Պատմութիւն «Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն» Ա. Տպագրութիւն Պէյրութ - 2009
- Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, h.1., Երեւան, 1971