Աւետիս Նազարեան
Աւետիս Նազարեան երգահան եւ երաժշտագէտ։ երաժշտական գիտելիքներու ուսուցիչ, դասախօս մասնագիտական դասընթացքներու: Յօրինող ժապաւէնի երաժշտութիւնը: Հասարակական գործիչ
Աւետիս Նազարեան | |
---|---|
Ծնած է | 9 Յունուար 2019-ին, |
Մահուան վայր | Իտալիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | երգահան եւ երաժշտագէտ։ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱւետիս Նազարեան ծնած էր Խարբերդ, 7 Յունուար 7 1930-ին: Տարի մը ետք, 1915-ի ջարդերէն հրաշքով վերապրած Նազարեանի ծնողքը կը փոխադրուի Հալէպ, ուր աւարտելէ ետք իր երկրորդական կրթութիւնը, Նազարեան կը նուիրուի երաժշտութեան։
Իր առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեան: Այդ շրջանին ան կը կատարէ փնտռտուքներ, կը հաւաքէ Ակնայ հարսանեկան եւ Վանայ ժողովրդական երգերը, ակնցի եւ վանեցի տարիքոտ վերապրողներու մեկնաբանութեամբ։
1952-54 տարեշրջաններուն կը յաճախէ Պէյրութի Աքատեմիօ Տէ Պօ զ՝Ար ու կը հետեւի յօինումի դասընթացքներուն, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով ֆրանսացի յօրինող եւ երգահոնահար Պերթրան Ռոպիարը։
1954-ի աշնան կը մեկնի Վենետիկ Իտալիա ու կը հետեւի տեղւոյն Պենետեթօ Մարչելօ երաժշտանոցի յօրինումի դասընթացքներուն, աշակերտելով Պրիւնօ Քոլթրոյի, Սանթէ Զանոնի, Վոլֆկանկ Տալլա Վեքիայի, Կապրիէլէ Պիանքիի եւ Ֆապիօ Ֆանոյի։
1962-ին կը ստանայ իր վկայականը բազմաձայնութեան եւ երգչախումբի ղեկավարութեան ճիւղերու մէջ։ Աւելի ուշ՝ կը վկայուի իբրեւ երգահան եւ երաժշտագէտ։
1962-էն 1966 կը դասաւանդէ նոյն երաժշտանոցէն ներս իբրեւ երաժշտական գիտելիքներու ուսուցիչ։ 1966-էն 1993 Վենետիկի ու Հռոմի մէջ կը դասաւանդէ, յատկապէս պատրաստելով երաժշտանոցներ ընդունուելու մակարդակին հասած աշակերտներ։
1973-ին եւ 1975-ին կը հրաւիրուի Վենեթոյի կրթական տնօրէնութեան կողմէ, դասախօսելու համար շրջանի բոլոր դպրոցներու երաժիշտ ուսուցիչներուն վեցամսեայ մասնագիտական դասընթացքներուն։
Աւետիս Նազարեան ուսանողական տարիներուն երկու անգամ կը շահի երաժշտական մրցանակ։
1963-ին կը շահի պետական մրցանակ մը, որու շնորհիւ իրաւունք կ'ունենայ միջնակարգ եւ բարձրագոյն պետական դպրոցներէ ներս դասաւանդելու։
Աւետիս Նազարեան կը մասնակցի երաժշտական զանազան համագումարներու ու մասնագիտական դասընթացքներու։
1961-62-ին կը հետեւի Վենետիկի Վաքանցէ Մուզիքալիին, իսկ 1971-ին՝ Սթրավինսքիի երաժշտութեան նուիրուած ուսումնասիրական դասընթացքներուն, Վիչենցայի մէջ։ 1976-ին կը հետեւի երաժշտական մանկավարժական տեսութիւններու մասնագիտական դասընթացքներուն՝ Փէսքարայի մէջ։ 1974-ին Երեւանի ու 1982-ին Լիոնի մէջ կը մասնակցի հայ երաժշտութեան նուիրուած «Հանդիպումներ»ուն։
Ստեղծագործական աշխատանքներ եւ հրատարակութիւններ
Խմբագրել1960-ական թուականներուն Աւետիս Նազարեան կը նուիրուի «Օտար երգահաններ հայ արուեստէն ներս» երաժշտագիտական իր պրպտումներուն։ Ասոնց մասին գրութիւններու շարք մը հրատարակուած է «Նայիրի»-ի մէջ։ Ասոնցմէ զատ երաժշտական ու այլ նիւթերու շուրջ աշխատակցած է հայկական զանազան թերթերու։ Ան փոխանցած է հայ երաժշտութեան ընդմէջէն, հայ ազգին պատմութիւնը։ Իտալիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։
Աւետիս Նազարեանի ստեղծագործական աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նուագախումբի, սենեկային երաժշտութեան, ձայնային, երգչախմբային ու զանազան գործիքներու համար գրուած գործեր: 1970-ական թուականներուն Փատովայի «Կ. Զանիպոն» երաժշտական հրատարակչատունը լոյս կ՛ընծայէ իրմէ զանազան գործեր:
1971-ին կը հրատարակէ իր «Թրէ քանթի Արմենի»-ն` գրուած ձայնի եւ դաշնակի համար, ինչպէս նաեւ «Տիվերթիմենթօ»-ն` գրուած սրինգի եւ քլարինեթի համար:
1960-ական թուականներուն կը նուիրուի «Օտար երգահաններ հայ արուեստէն ներս» երաժշտագիտական իր պրպտումներուն: Ասոնց մասին գրութիւններու շարք մը տպուած է «Նայիրի»-ի մէջ։ Ասոնցմէ զատ երաժշտական նիւթերու շուրջ աշխատակցած է հայ մամուլին: Գրած է բազմաթիւ մանկական երգեր:
1973-ին կը հրատարակէ «Իլ Վոքալիցօ» գործը։
1979-ին կը հրատարակէ «Լա Պալաթա Մաքապրա» գործը, գրուած՝ փչողական գործերու։
1980-ին Սուրբ Ղազարի տպարանէն լոյս կը տեսնէ իր «Քսան մանկական երգ»-երը, որոնցմէ երեքը Պէյրութի «Համազգային»-ի կողմէ պատրաստուած մանկական երգերու ձայնապնակին մաս կը կազմեն։ Շատ ուրիշ գործեր տպագրուած են դպրոցական դասագիրքերու, ինչպէս նաեւ հայ թէ օտար երաժշտական հաւաքածոներու մէջ։
1982-ին ան կը յօրինէ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան նուիրուած ժապաւէնին երաժշտութիւնը։
Պելճիքայի ձայնասփիւռի կայանի ֆրանսական բաժնի արդի նուագախումբին եւ երգչախումբին
Խմբագրել1983-ին Պելճիքայի ձայնասփիւռի կայանի ֆրանսական բաժնի արդի նուագախումբին եւ երգչախումբին կողմէ կը ձայնագրուի ու կը ձայնասփռուի «Լա Պալաթա Մաքապրա»-ն, ղեկավարութեամբ Պրայըն Փրիսթմանի եւ երգչախումբի ղեկավար՝ Անտրէ Վանտըպոշի։ Նոյն նուագախումբին կողմէ 1984-ին նոյնպէս կը ձայնագրուի ու կը ձայնասփռուի «Իլ Վոքալիցօ»-ն, ղեկավարութեամբ Ժորժ Տիւմորթիէի, մեկնաբանուած երգչուհի Ֆրանսուազ Հէնոյի կողմէ։
1987-ին Վենեթոյի նահանգապետութիւնը կը հրատարակէ իր «Հայ Երաժշտութեան հակիրճ Պատմութիւնը»-ը «Իլ Փօփոլօ տէլ Արարատ» հատորին մէջ։
1993-ին «Լա Վենեցիա Տելյի Արմենի» գիրքին մէջ, հեղինակ Հելմեթ քանի մը պարբերութիւններով կ'անդրադառնայ Նազարեանի արուեստի ու մշակոյթի գործունէութեան։ 1996-ին, Վենետիկի Երգահաններու Միութիւնը լոյս կ'ընծայէ խտասալիկ մը նուիրուած Վենետիկի Երգահաններու գործերուն, որոնց շարքին տեղ կը գրաւէ նաեւ Նազարեանի «Լա Պալաթա Մաքապրա» գործը։
1999-ին Իտալիոյ ժամանակակից երգահաններուն նուիրուած երաժշտական Հանրագիտարանէն ներս, որ տպուած է Նափոլիի մէջ, երկու էջ կը յատկացուի Աւետիս Նազարեանի արուեստին։ 2004-ին «Համազգային»ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը լոյս կ'ընծայէ խտասալիկ մը նուիրուած Աւետիս Նազարեանի 22 մանկական երգերուն ու »Ճպուռն ու մրջիւնը» երաժշտական բեմախաղին։
Աւետիս Նազարեան երեք անգամ հիւրը եղած է Երեւանի Երգահաններու Միութեան, այդ առթիւ կը նուագուին նաեւ իր գործերը, որոնք ձայնասփռուած են Երեւանի ձայնասփիւռէն, ինչպէս նաեւ եւրոպական ու այլ երկիրներու ձայնասփիւռի կայաններէն։ Իր արուեստի ու գործունէութեանց մասին բազմաթիւ գրութիւններ կան հայ թէ օտար թերթերու ու տարբեր հրատարակութիւններու մէջ։
Վենետիկի եւ Իտալիոյ Երգահաններու Միութեան Անդամ
ԽմբագրելԱւետիս Նազարեան անդամ եղած է Վենետիկի եւ Իտալիոյ Երգահաններու Միութեան։
«Վենետիկի Հայ Ուսանողական Միութիւն» եւ «Հայ Մշակոյթի Կեդրոն»
ԽմբագրելԱւետիս Նազարեան նաեւ բեղուն հասարակական գործիչ մը եղած է։ Այս գործունէութիւնը կը սկսի 1955-ին, երբ նոյն թուականին Վենետիկի մէջ կը հիմնէ «Վենետիկի Հայ Ուսանողական Միութիւն»-ը, իսկ 1978-ին Հռոմի մէջ՝ «Հայ Մշակոյթի Կեդրոն»-ը, որ աւելի ուշ, 1983-ին մաս պիտի կազմէ Իտալիա-Խորհրդային Միութիւն Բարեկամութեան Միութեան «Կոստան Զարեան» անունով։ 1985-ին, այս միութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը Վենետիկի մէջ, որուն պատասխանատուութիւնը ան վարած է երկար ատեն։
1982-ին ազգային իր այս գործունէութեանց համար կը պարգեւատրուի Վենետիկի քաղաքապետութեան կողմէ ու նաեւ Հայաստանի Սփիւռքահայ Կոմիտէին կողմէ։
Վենետիկի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադրումը
Խմբագրել1988-ին Վենետիկի մէջ կը հիմնէ Հայ Դատի Յանձնախումբը, նպատակ ունենալով իտալական կառավարութեան մօտ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականացնել։ Նոյն նպատակին համար կը կազմակերպէ բարձրորակ դասախօսութիւններ եւ համագումարներ։
1990-ին կը հրաւիրուի իտալական խորհրդարանին կողմէ, հայկական հարցն ու Արցախի հիմնահարցը ներկայացնելու նպատակով։
Աւետիս Նազարեան երկար ատեն սերտ յարաբերութիւն ունեցած է իտալական քաղաքական կուսակցութիւններու ու քաղաքագէտներու հետ հայկական հարցը ծանօթացնելու աշխատանքներուն ուղղութեամբ։
Դասախօսութիւններու շարք մը նուիրուած հայ արուեստին ու մշակոյթին
Խմբագրել1992-էն 1997, հինգ տարուան համար Վենետիկի եւ Մէսթրէի համալսարաններէն ներս Նազարեան կը կազմակերպէ վեցամսեայ դասախօսութիւններու շարք մը, նուիրուած հայ արուեստին ու մշակոյթին։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԵրգահան Աւետիս Նազարեանի Յիշատակին
Երաժիշտ Աւետիս Նազարեան Կնքեց Իր Մահկանացուն Archived 2020-01-16 at the Wayback Machine.
«Կարկաչ» մանկական երգչախումբին համերգը` Աւետիս Նազարեանի մանկական երգերով (Լիբանան)[permanent dead link]