Գէորգ Կիւրճիեւ
Գէորգ Կիւրճիեւ (13 Յունուար 1866, 1872 կամ 27 Դեկտեմբեր 1877, Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 29 Հոկտեմբեր 1949[2][3][4][…], Փարիզի ամերիկյան հիվանդանոց, Նէյի-սիւր-Սեն), հայ մտաւորական, փիլիսոփայ, հոգեւոր ուսուցիչ, պարուսոյց ու երաժիշտ։
Գէորգ Կիւրճիեւ յուն․՝ Γεώργιος Γεωργιάδης | |
---|---|
| |
Ծնած է | 13 Յունուար 1866, 1872 կամ 27 Դեկտեմբեր 1877 |
Ծննդավայր | Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 29 Հոկտեմբեր 1949[2][3][4][…] |
Մահուան վայր | Փարիզի ամերիկյան հիվանդանոց, Նէյի-սիւր-Սեն |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Թիֆլիսի Հոգեւոր Ճեմարան |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Fourth Way? եւ Meetings with Remarkable Men? |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, երգահան, գրագէտ, հեղինակ, պարուսոյց, ուսուցիչ |
Կայքէջ | institut-gurdjieff.com |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԾնած է Գիւմրի[5]: Անոր հայրը եղած է աշուղ՝ ծանօթ «ուստա Ատաշ» անունով: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած՝ Կարսի Ս. Առաքելոց վանք: Եղած է Աւետիք Իսահակեանի դասընկերը. որոշ աղբիւրներ կը նշեն, թէ եղած է նաեւ Ստալինի դասընկեր՝ Վրաստանի հոգեւոր սեմինարի ընթացքին:
Երիտասարդ տարիքէն շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս՝ Յունաստան, Եգիպտոս, Աֆղանիստան, Թուրքիա, Հնդկաստան, Ափրիկէ եւ այլ երկիրներ: Զանազան երկիրներ շրջելու նպատակը եղած է ուսումնասիրել եւ համեմատել տարբեր ժողովուրդներու հոգեւոր աւանդութիւնները, հաւաքել յայտնաբերուած գիտելիքները՝ նոյնիսկ երաժշտութեան եւ պարի ճամբով. այս աշխատանքը կոչուած է «Ճշմարտութիւն փնտռողներ»:
Գէորգ Կիւրճիեւ բազմաթիւ երկիրներ շրջելէ ետք Մոսկուայի մէջ՝ 1912-ին, հիմնած է իր անձնական հոգեւոր գիտելիքներու դպրոցը ու սկսած է իր գաղափարները քարոզել իր աշակերտներուն, որոնք՝ իր բառերով «կ՚ուզեն իրենց անձերը կերտել»:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԿիւրճիեւ իր փիլիսոփայութեանց մասին գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ, որոնք տպագրուած են «Ամէն ինչ եւ ամէն ինչ», «Բելզեբուբի հեքիաթներ», «Հանդիպումներ հանրաճանաչ մարդկանց հետ» եւ այլ աշխատութիւններու մէջ:
Անոր առաջին հրատարակած գործերէն եղած է «Տեսք իրական աշխարհից» աշխատութիւնը։
Գէորգ Կիւրճիեւ 1915-ին ծանօթացած է փիլիսոփայ ու լրագրող Ուսփենսկիի հետ, որ օգնած է զինք գաղափարներու մշակման եւ կամաց-կամաց դէպի Եւրոպա հասնելուն:
Անոր փիլիսոփայական մտածումները եղած են խոր եւ մինչեւ օրս ուսումնասիրութեան առարկայ են տարբեր երկիրներու համալսարաններու մէջ:
Կիւրճիեւեան հիմնադրամներ
ԽմբագրելԱնոր մահէն ետք իր անմիջական աշակերտները հիմնած են Կիւրճիեւեան հիմնադրամներ Ֆրանսայի, Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Մեքսիքայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Մինչեւ օրս Գէորգ Կիւրճիեւ՝ որ աւելի ծանօթ է Ճորճ Կիւրճիեւ անունով, կը մնայ անլուծելի մտածող մը, որուն համար կոչուած է «Առեղծուածային իմաստունը», որուն գործերը մինչեւ օրս տարբեր համալսարաններու մէջ որպէս փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան դասագիրք կը գործածուին[6]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #118543679 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú Cultural — São Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Encyclopædia Britannica
- ↑ «Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան մտադիր է վերականգնել Կիւրճիեւի տունը Գիւմրիի մէջ»։ Abaka News (en-CA)։ 2020-05-07։ արտագրուած է՝ 2022-03-08
- ↑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-08