Երկաթէ դար, մարդկութեան պատմութեան ժամանակաշրջան, որ կը բնորոշուի երկաթի օգտագործմամբ, երկաթէ գործիքներու գործածութեամբ։

Երկաթէ դարու զէնքեր եւ զարդեր։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ եղած է բազմաթիւ երկաթի հանքավայրերով։ Այդ պատճառով ալ Ուրարտուն եղած է առաջին երկիրներէն, ուր սկսած են օգտագործել երկաթ։

Երկաթէ դարը կը համընկնի վաղ դասակարգային յարաբերութիւններու ծագման։ Անիկա կը յաջորդէ պրոնզէ դարուն։ «Երկաթէ դար» եզրը գիտութեան մէջ մտցուցած է դանիացի հնագէտ Կ․ Յու․ Թոմսէնը, 19-րդ դարու կիսուն։ Տարբեր ժամանակներու մէջ երկաթի արտադրութեան նախնական շրջան ունեցած են բոլոր ժողովուրդները, սակայն «Երկաթէ դար» եզրը սովորաբար կը վերաբերի միայն նէոլիթ եւ պրոնզէ դարուն մէջ առաջացած քաղաքակիրթ ստրկատիրական պետութիւններու (Եգիպտոս, Յունաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ այլն) տարածքէն դուրս բնակուող նախնադարեան ցեղերուն։ Քանի որ երկաթը այժմ ալ շատ օգտագործուող մետաղ է, հնագիտութեան մէջ ընդունուած է նաեւ վաղ Երկաթէ դար արտայայտութիւնը։

Երկաթէ դարը նախնադարեան հասարակութեան կեանքի նախորդ փուլերու՝ քարէ դարու եւ պրոնզէ դարու համեմատ, խիստ կարճ տեւած է. հիմնական ժամանակագրական սահմանները Ն․Ք․ 9-7-րդ դարերն են, երբ Եւրոպայի եւ Ասիոյ նախնադարեան շատ ցեղեր ունեցած են երկաթի սեփական արտադրութիւն։ Հիմք դրուած է դասակարգային հասարակութեան ու պետութեան։

Որոշ գիտնականներ երկաթէ դարու վերջը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը համարեն Ն․Ք․ 1-ին առաջին դարը, երբ ի յայտ եկած են հռոմէական գրաւոր յուշարձանները, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդեն արեւմտաեւրոպական ցեղերու մասին։ Առաջին երկաթէ առարկաներու հումք ծառայեր է երկնաքարային երկաթը, որմէ պատրաստուած զարդարանքներ գտնուած են Ն․Ք․ 3-րդ հազարամեակի եգիպտական դամբարաններուն մէջ։ Ըստ աւելի հաւանական ենթադրութիւններէն մէկուն՝ հանքային երկաթը առաջին անգամ օգտագործուած է Հայկական լեռնաշխարհի մէջ (Անտիտաւրոս) Ն․Ք․ 15-րդ դարուն։ Ն․Ք․ 11-րդ դարէն Փոքր Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ լայնօրէն կը տարածուին երկաթէ գործիքներն ու զէնքերը։ Հարաւային Եւրոպայի, Արեւելեան Եւրոպայի, Միջագետքի մէջ երկաթի արտադրութեամբ զբաղուած են Ն․Ք․ 8-7-րդ դարերուն, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի շատ կղզիներու մէջ՝ 16-17-րդ դարերուն՝ եւրոպացիներու միջոցով։

Հայաստանի մէջ երկաթի արտադրութեան թուագրման համար առանցքային նշանակութիւն ունին Թեյշեբաինիի մէջ (Կարմիր բլուր) գտնուած դարբնոցային արհեստանոցը եւ Լճաշէնի մէջ պեղուած ձուլարանը (Ն․Ք․ 13-12-րդ դարեր)։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկաթի մշակոյթը առաւելաբար զարգացած է ուրարտական ժամանակաշրջանին․ գտնուած են բազմաթիւ երկաթէ առարկաներ (գութանի խոփեր, բրիչի ծայրակալներ, մանգաղներ, մուրճեր, կացիններ, դռներու փականքներու օղակներ, նիզակներու ու նետերու ծայրապանակներ, երկաթէ սուրեր, թերթաւոր զրահներ եւ այլ)։ Երկաթի մշակոյթի զարգացման համար Ուրարտուն ապահովուած էր տեղական հումքով, հարուստ էին Մուշի, Պիթլիսի, Վանի, Ուրմիոյ լիճի շրջակայքի, Աղձնիքի, Բարձր Հայքի եւ այլ վայրերու հանքերը։ 19-րդ դարու վերջին Կարմիր վանքի, Թազաքէնդի, Ռեդկին–լագէրի, Լոռիի մէջ եւ այլուր յայտնաբերուած են Ն․Ք․ Ա. հազարամեակի սկիզբի երկաթէ նիզակներ, դանակներ, սուրեր, որոնց վաղ շրջանի նմուշները ունին պրոնզէ բռնակներ։ Մեծամօրի մէջ, Ն․Ք․ Ա. հազարամեակի սկիզբին վերաբերող շերտերէն գտնուած են հեմատիտէ թիթեղիկներ եւ խարամի կտորներ, որոնց որոշ հատուածներուն մէջ կան հեմատիտէ բիւրեղիկներու խումբեր։ Կ՛ենթադրուի, որ երկաթահումքը բերուած է Հրազդանի եւ Մարմարիկի երկաթահանքերէն։ Խրտանոցի, Աստղի բլուրի, Գոլովինոյի, Լենինականի, Կուրթանի, Ջարխեջի, Նոյեմբերեանի, Շամշադինի ու շատ այլ վայրերու հին դամբարաններուն մէջ գտնուած են Ն․Ք․ 8-7-րդ դարերու մեծ քանակութեամբ երկաթէ առարկաներ։

Երկաթէ գործիքները բնութեան դէմ պայքարելու, արտադրողական ուժերու եւ արտադրական յարաբերութիւններու զարգացման լայն կարելիութիւններ ընձեռեցին։ Երկաթը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ ռազմական գործին մէջ, քարէ եւ պրոնզէ զէնքերը հետզհետէ դուրս եկան ասպարէզէն։ Աշխատանքի արտադրողականութեան բարձրացման շնորհիւ աւելցաւ մթերքներու արտադրութիւնը, որ իր հերթին նախադրեալներ ստեղծեց մարդու կողմէ մարդու շահագործման համար։ Աստիճանաբար վերացան ցեղային միութիւնները, յստակացաւ դասակարգային շերտաւորումը, արտադրութեան միջոցները դարձան մասնաւոր սեփականութիւն, անջատուեցաւ ցեղային աւագանին, միջցեղային կռիւները անխուսափելի դարձան։

Գրականութիւն

Խմբագրել