Լիւսի Սիւլահեան

Լիւսի Սիւլահեան (1940, Հալէպ, Սուրիա - 3 Օգոստոս 2021(2021-08-03), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գրող, հասարակական-մշակութային գործիչ:

Լիւսի Սիւլահեան
Ծնած է 1940
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 3 Օգոստոս 2021(2021-08-03)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Ուսումնավայր Հալէպի ֆրանսական Քոլեճ
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ: Նախնական կրթութիւնն ստացած է Հալէպի ֆրանսական քոլեճին մէջ, 1958 թուականէն ուսանած է Կոստանդնուպոլսոյ համալսարանի Փիլիսոփայութեան բաժնէն ներս։ Տպագրուած է 1960 թուականէն՝ «Շիրակ», «Զարթօնք» եւ այլ պարբերականներու մէջ։

Աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին: Իր գործերէն ոմանք թարգմանուած են՝ արաբերէն, ռուսերէն, յունարէն, գերմաներէն լեզուներու :

Լիւսի Սիւլահեան Սուրիոյ մէջ ռահվիրայ հանդիսացած է հայ-արաբ գրականութեան փոխադարձ ճանաչման շարժումին: Հալէպի արաբական պետական մշակոյթի կեդրոնէն ներս, արաբ գրողներու միութեան գործակցութեամբ, ներկայացուցած է դասական եւ ժամանակակից հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներ:

Արաբ պետական երաժշտանոցի գործակցութեամբ կազմակերպած է երաժշտական երեկոներ նուիրուած հայրենի երաժիշտներու: Սիւլահեանի նախաձեռնութեամբ 1971 թուականէն գործած է «Պարոյր Սեւակ» գրական սալոնը, որ եղած է ժամադրավայրը հայ արաբ եւ օտարազգի գրողներու[1]:

Լիւսի Սիւլահեանի առաջադրութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայ արաբ թարգմանչական կառոյցը: Ան զբաղուած է դասական եւ ժամանակակից հայ գրողներու (Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ, Եղիշէ Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Թէքէեան, Գէորգ Էմին, Պերճ Զէյթունցեան, Վարդգէս Պետրոսեան) ստեղծագործութիւններու արաբական թարգմանութիւնը կազմակերպելու եւ հրատարակելու գործով։

Սուրիական հայրենիքը եւ մայր հայրենիքը բարձր գնահատած են Սիւլահեանի հայ արաբ մշակոյթի փոխ յարաբերութեան լայնածաւալ գործունէութիւնը: Անոր հետեւողական հետապնդումներով Սուրիական մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած են գիրքեր, հայերէնէ արաբերէն, թարգմանութեամբ՝ Նիզար Խալիլիի, Տօքթ. Շաուքաթ Եուսէֆի ( Աւետիք Իսահակեան, Սերո Խանզադեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Լիւսի Սիւլահեան, Գուտսի Միքայէլեան, հայկական հէքիաթներ եւ այլք):

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

«Թափառող հոգիներ» (1970, պատմուածքներու ժողովածու) գիրքին մէջ պատկերած է սփիւռքահայերու կեանքը։

Երեւանի մէջ 1984 թուականին լոյս տեսած է անոր «Անաւարտ սիրանուագ» պատմուածքներու ժողովածուն։

2011-ին լոյս տեսած Սիւլահեանի «Ծաղկաքաղ» անուն հատորը, որ իբրեւ ենթախորագիր ունի «Սուրիացի արաբ գրողներ» բացատրագիրը, սուրիական արաբական գրականութեան վրայ բացուած լայն պատուհան մը հանդիսանալով հանդերձ, միաժամանակ է վաւերագրական հրատարակութիւն մը, որ մամուլէն քաղուած յօդուածներու, ուղերձներու եւ լուսանկարներու միջոցով կը ձգտի լոյսին բերել Լիւսի Սիւլահեան գրական-մշակութային գործիչին հարուստ գործունէութիւնը[1]:

Լիւսի Սիւլահեան արժանացած է պատիւներու․

  • Սուրիացի գրողներու միութեան եւ պետ. մշակ. Կեդրոնէն,
  • Մոնրէալի համալսարանէն,
  • Ֆիլատելֆիայի Թէքէեան մշակ. Միութենէն,
  • Լոս Անճելիսի Հ․Բ.Ը.Մ. «նոր կեանք»էն։

Ինչպէս նաեւ պարգեւատրուած է Հայաստանի գրողներու միութենէն՝ «Գրական վաստակ»ի մետալով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «ԼԻՒՍԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆԻ ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԾԱՂԿԱՔԱՂԸ - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-10-15 
  2. «Լիւսի Սիւլահեան»։ Arevmtahayeren-shmg.am (en-US)։ արտագրուած է՝ 2024-10-15 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։