Լուի Վիթոն
Լուի Վիթոն (ֆրանսերէն՝ Louis Vuitton), ֆրանսական նորաձեւութեան տուն, որ ունի ճամպրուկներու, պայուսակներու, նորաձեւ հագուստներու, զարդեղէնի եւ ժամացոյցներու լայն տեսականի[1] ։
Ընկերութեան հիմնադիր Լուի Վիթոնը
ԽմբագրելԼուի Վիթոն ծնած է 1821-ին, Ժուրայի Անշէ քաղաքին մէջ։ Փոքր տարիքին ան սորված է օգտագործել իր հօր ատաղձագործական գործիքները։
10 տարեկանին մահացած է իր մայրը, որ գլխարկագործ էր։ Շուտով կորսնցուցած է նաեւ հայրը։ Խորթ մօր հետ հարցեր ծագած են, որուն պատճառով 13 տարեկանին Լուի ձգած է տունը եւ, երկու տարուան ընթացքին ոտքով կտրած է 400 Քմ եւ հասած՝ Փարիզ[2]։
1837-ին, ան աշխատանքի ընդունուած է ճամբորդական պայուսակներ պատրաստող վարպետի մը քով։ Այդ օրերուն ճամպրուկներ դեռ չկային։ Զանոնք կը նախագծէ եւ կը ստեղծէ ինքը՝ Լուին։ Անոր առաջարկած ճամպրուկները յեղաշրջում կը կատարեն ոչ միայն նորաձեւութեան ոլորտին մէջ, այլեւ՝ ամէնուր։
1854-ին ան կը հիմնէ իր առեւտուրի տունը[3]։
Հօր գործին հետեւորդները
ԽմբագրելԼուիի զաւակները կը շարունակեն իր գործը։ Ժորժ Վիթոն ընկերութիւնը կը ստանձնէ 1892-ին։ Ան կը ստեղծէ Louis Vuitton նշանակը, ինչպէս նաեւ ընկերութեան առաջին պայուսակը, որ կարուած էր կտաւէ եւ նախատեսուած՝ աղտոտ սպիտակեղէնը ճամպրուկին մէջ պահելու համար։
Վերջինս Լուի Վիթոն վաճառանիշը կը դարձնէ միջազգային` տարբեր երկիրներու մէջ աշխուժօրէն ցուցադրութիւններու մասնակցելով[4]:
1914-ին Փարիզի Շանզէլիզէ պողոտային վրայ կը բացուի Լուի Վիթոն վաճառատունը, որ կը դառնայ աշխարհի ամէնէն մեծ վաճառատունը` ճամբորդական պայուսակներու վաճառքի գծով:
Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմ, Լուի Վիթոն խանութներ կը բացուին նաեւ Լոնտոնի, Պոմպէյի, Ուաշինկթոնի, Նիւ Եորքի եւ Պուենոս Այրեսի մէջ:
1936-ին ընկերութիւնը կը գլխաւորէ Կասթոն Լուի Վիթոնը։
Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, Լուի Վիթոնի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ չեն պահպանուած: Պատերազմի աւարտէն էտք, ընկերութիւնը ստիպուած էր երկար աշխատիլ`իր երբեմնի համբաւը վերկանագնելու համար:
1989-ին Լուի Վիթոն արդէն 130 խանութ ունէր:
1990-ականներուն, ընկերութիւնը կը գլխաւորէ Իվ Կարշելը, իսկ 1997-ին` Մարք Ճէյքըպսը: Վերջինիս շնորհիւ, 1998-ին, «LV» -ն կը հրապարակէ իր առաջին հագուստեղէնի հաւաքածոն, զարդեր, կօշիկներ եւ ժամացոյցներ:
Ինչպէս 150 տարի առաջ, այսօր եւս Լուի Վիթոնի ճամպրուկները կը պատրաստուին ձեռքով, որուն իրականացման համար կը տրամադրուի շուրջ 30 ժամ:
Ընկերութիւնը երբեք զեղչ վաճառքներու չի ձեռնարկեր եւ «duty-free» խանութներու մէջ իր արտադրութիւնները չի վաճառեր:
Պատկերասրահ
Խմբագրել