Յակոբ Բագրատունի (զօրավար)

Յակոբ Բագրատունի (25 Օգոստոս 1879(1879-08-25), Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ - 23 Դեկտեմբեր 1943(1943-12-23), Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն), ռուսական եւ հայկական բանակի ռազմական եւ պետական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, ինչպէս նաեւ հայկական բանակի զօրավար[1]:

Յակոբ Բագրատունի
 
Կրթութիւն՝ Kyiv Infantry engineering cadet school?
Գենշտաբի ակադեմիա?
Մասնագիտութիւն՝ դիւանագէտ, զինուորական, քաղաքական գործիչ
Ծննդեան օր 25 Օգոստոս 1879(1879-08-25)
Ծննդավայր Ախալցխա, Թիֆլիսի նահանգ
մահուան օր 23 Դեկտեմբեր 1943(1943-12-23) (64 տարեկանին)
մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Գերեզման Պրոմփթընի Գերեզմանատուն
Թաղուած Պրոմփթընի Գերեզմանատուն
Հարստութիւն Բագրատունիներու Տոհմ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Հայր Գերասիմ Բագրատունի?
 
Պարգեւներ

Ս. Գէորգի 4-րդ Աստիճանի Շքանշան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ախալցխա, հայկական ազնուական ընտանիքի մէջ, սերած է Բագրատունիներու հայ իշխանական տոհմէն:

1898-ին աւարտած է Թիֆլիսի արական ուսումնարանը ոսկիէ մետալով, ապա` 1900-ին Քիեւի առաջին ռազմական ուսումնարանը, առաջիններէն եղած է շրջանաւարտներուն մէջ:

Բագրատունի աւարտած է հետախուզական կարեւոր առաջադրանքը Պարսկաստանի մէջ: 1904-ին եղած է պորուչիկ (ցարական բանակի զինուոր): Նոյն տարին մտած է Գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիա, բայց 1905-ին ընդհատած է ուսումը եւ մեկնած է ռուս-ճափոնական ռազմաճակատ:

Ղեկավարած է Արեւելասիպերիական գունդի 19-րդ վաշտը: 25 փետրուար 1905-ին Պուխէ գիւղի մարտերուն վիրաւորուած է եւ` ջարդուածք ստացած, բայց շարունակած է ղեկավարել վաշտը:

1907-ին աւարտած է Կայսերական գլխաւոր սպայակոյտի Նիկոլայեւեան ակադեմիան, եղած է սպայ-զօրագլուխ, ղեկավարած է վաշտ` Քեքսհոլմի բանակի գունդին մէջ:

26 Նոյեմբեր 1908-ին եղած է զօրագլուխ, թուրքիստանեան ռազմական շրջանի սպայի օգնական: Անկէ ետք ղեկավարած է շրջանի սպայակոյտի 4-րդ (հետախուզական) բաժանմունքը:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Յակոբ Բագրատունի կատարած է ռազմաքաղաքական եւ հետախուզական կարեւոր յանձնարարութիւններ` Իրանի, Մոնկոլիոյ, Թիպեթի, Քորէայի եւ Աֆղանիստանի մէջ, միջինասիական Պուխարա, Քաշկար, Քերմիշ, Քուշքա, Մերվ, Թաշքենդ քաղաքներուն մէջ: Բացայայտած է համաթրքական պատուիրակներու դաւադրութիւնը:

Ա․ Համաշխարհային պատերազմի սպայ

Խմբագրել

Ան մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, եղած է սպայ` թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտին մէջ:

1914 Սեպտեմբերին աչքի կ՛իյնայ Հիւսիսարեւմտեան ճակատի ընթացքին, 1914 հոկտեմբերէն մինչեւ 1915 Յունուար ժամանակաւոր կատարած է թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտի պետի պարտականութիւնները: 1915 Յունուարէն մինչեւ 1916 Նոյեմբեր եղած է սպայակոյտի պետ` 76-րդ հետեւակային բաժինի մէջ, թուրքիստանեան երկրորդ հրաձգային զօրագունդի մէջ, թուրքիստանեան հրաձգա-հրետանային զօրագունդի մէջ: 6 Դեկտեմբեր 1915-ին` գնդապետ: 22 Նոյեմբեր 1916-ին` 8-րդ թուրքիստանեան հետեւակային գունդի հրամանատար:

Գործունէութիւնը 1917-ին

Խմբագրել

Եղած է ընտրուած պատուիրակ Համառուսական համագումարի սպաներու մէջ, որ տեղի ունեցած է 1917 Մայիսին, Փեթերսպուրկի մէջ: 1917 Յունիսէն ծառայած է ռազմական եւ ծովային նախարար Ալեքսանտր Քերենսքիի կառավարութեան մէջ:

12 Յուլիս 1917-ին եղած է Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետ: 30 Օգոստոս 1917-ին զօրավար-հազարապետ:

Եղած է հայկական զօրամասերու ստեղծման առաջին կազմակերպիչներէն մէկը ռուսական բանակին մէջ: 1917 Օգոստոսին, միաժամանակ շարունակելով ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետի պաշտօնը, ընտրուած է հայկական զինուորական կոմիսար եւ հայկական ռազմական խորհուրդի նախագահ: Զբաղած է հայկական զօրաբանակի կազմաւորումով:

Մինչեւ պոլշեւիկներու իշխանութեան գալը` զօրքերու համակեդրոնացման քայլեր ձեռնարկած է, հաւատարիմ Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան` հրամայած է հիւսիսային ճակատի սպայակոյտէն Փեթերսպուրկ ուղարկել յատուկ զինուորական զօրամաս: Բագրատունի յաջողած է հաւաքել միայն քիչ քանակութեամբ ռազմական ուժ:

7 Նոյեմբեր 1917-ին Ժամանակաւոր կառավարութեան նախարար Նիքոլայ Քիշքինը ստանալով իրաւասութիւն` վերականգնած է կարգը քաղաքին մէջ, անյստակութեան համար ազատած է պաշտօնէն Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի հրամանատարը եւ անոր տեղը նշանակած է զօրավար Յակոբ Բագրատունին: Բայց ան նոյնպէս չկարողացաւ հակադարձել իրավիճակի բացասական զարգացումին: Սպայակոյտը պոլշեւիկներուն յանձնուելէ ետք ան ձգեց պաշտօնը եւ ձերբակալուեցաւ Ձմեռնային պալատին մօտ: Ան բանտարկուած էր եւ կը գտնուէր Փեթրոփաւլովեան ամրոցին մէջ, ազատ արձակուած է 15 Դեկտեմբեր 1917-ին եւ յաջորդ օրը կրկին ստանձնած է հայկական զինուորական կոմիսարի պաշտօնը:

Հայ զօրավար եւ դիւանագէտ

Խմբագրել

1917-ին վերջը եւ 1918 -ին սկիզբը շարունակած է հայկական զօրաբանակի ստեղծման աշխատանքները եւ զինծառայող հայերուն ուղարկած` Կովկաս: 1918 Մարտին ժամանած է Պաքու, բայց արդէն 15 Մարտին սպանութեան փորձ կատարուած է իր դէմ, որ ալ յանգած է անոր ոտքերու անդամահատման:

Ուշադրութիւն չդարձնելով ծանր վէրքերուն` մասնակցած է մարտի իրադարձութիւններուն եւ Պաքուի պաշտպանութեան` թրքական եւ թաթրական միացեալ ուժերուն դէմ:

1918-ի ամառը, մինչեւ աշնան սկիզբ, Յակոբ Բագրատունին Կեդրոնական կասպիական բռնապետութեան կառավարութեան կողմէ նշանակուած է ռազմական նախարար: Կովկասեան Իսլամական բանակի Պաքուի ճակատամարտին մղուած յաղթանակէն ետք, 15 Սեպտեմբեր 1918-ին հայկական զինուած խումբերու եւ փախստականներու հետ միասին ստիպուած եղած է լքել Պաքուն եւ տեղափոխուիլ Էնզելի (հիւսիսային Պարսկաստան): Թուրքերու Պաքուէն հեռանալէն ետք եւ անգլիական բանակի մուտք գործելէ ետք 1918 Նոյեմբերին ետ եկած եւ կրկին վերընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդին մէջ:

 
Հայկական ռազմական պատուիրակութիւնը՝ Միացեալ նահանգներ, 1919։
 
Զօրավարներ՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Անդրանիկ Օզանեան

1919-ին մտած է Փարիզի` Խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութեան կազմի մէջ` որպէս խորհրդատու: 1919 օգոստոսէն եղած է Հայաստանի ռազմական պատուիրակութեան նախագահ, ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներ` բանակցելու պաշտպանական բնագաւառին մէջ համագործակցելու համար: 1919 Նոյեմբերին պատուիրակութիւնը ժամանած է Նիւ Եորք: Հանդիպած է ամերիկեան քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներու հետ, մասնակցած է ցոյցերուն, պնդած է Հայաստանին ցուցաբերել աջակցութիւն եւ պաշտօնապէս ճանչնալ հայկական պետութիւնը: Հակառակ անոր որ 1919 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1920 Յունուար Բագրատունին ընդունուած էր Միացեալ Նահանգներու ռազմական նախարարին եւ Արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, այնուամենայնիւ ամերիկեան իշխանութիւնները հրաժարեցան տրամադրել ռազմական օգնութիւն երկրին, որ պաշտօնական ճանաչում չունի[2]:

Պատուիրակութեան առաքելութեան աւարտէն ետք վերադարձած է Ֆրանսա, 1920-ին նշանակուած է Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի դեսպան, այնտեղ ալ շարունակած է ապրիլ օտարութեան մէջ[3]:

Զօրավար Յակոբ Բագրատունի մահացած է 23 Դեկտեմբեր 1943-ին, Լոնտոնի մէջ:

Շքանշաններ եւ պարգեւներ

Խմբագրել
  • Ռազմական արժանիքներու համար պարգեւատրուած է Ս. Աննայի 4-րդ աստիճանի շքանշանով` մակագրութեամբ «Արիութեան համար» եւ Ս. Ստանիսլաւի 3-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով:
  • Լիկայի շրջանի մարտերուն մէջ գերազանցութեան համար պարգեւատրուած է Ս. Ստանիսլաւի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Վլադիմիրի 4-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով:
  • Պարգեւատրուած է Ս. Գէորգի 4-րդ աստիճանի շքանշանով, Ս. Վլատիմիրի 3-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Աննայի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-08-17։ արտագրուած է՝ 2020-10-21 
  2. «Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Պատուիրակութեան Առաջին Պաշտօնական Այցը ԱՄՆ. 1919թ. Լուսանկար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-22-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-21 
  3. One Studio։ «Եզակի լուսանկար. Առաջին Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ԱՄՆ-ում»։ www.yerkir.am (Արեւելահայերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-21