Յակոբ Կիւրճեան

Հայ արուեստագէտ, քանդակագործ։

Յակոբ Կիւրճեան (5 (17) Դեկտեմբեր 1881[1][2], Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 28 Դեկտեմբեր 1948(1948-12-28)[1][2], Փարիզ[1][2]), հայ արուեստագէտ, քանդակագործ։

Յակոբ Կիւրճեան
Ծնած է 5 (17) Դեկտեմբեր 1881[1][2]
Ծննդավայր Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 28 Դեկտեմբեր 1948(1948-12-28)[1][2] (67 տարեկանին)
Վախճանի վայրը Փարիզ[1][2]
Քաղաքացիութիւն Ռուսական Կայսրութիւն
Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրթութիւն Շուշիի Realni ուսումնարան[1]
Մոսկվայի Ֆիդլերի անվան ռեալական ուսումնարան?[1]
Ժիւլիան Ակադեմիա[1]
Ուսուցիչ Օգյուստ Ռոդեն?
Մասնագիտութիւն քանդակագործ
Hakop Gourdjian Ուիքիպահեստին մէջ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Շուշի։ Ծննդավայրին մէջ նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք մեկնած է Ռուսաստան, ապա Փարիզ։ իր արուեստի ուսումը կատարելագործած է Փարիզի յայտնի Ժիւլիանի արուեստի դպրոցին մէջ, ուր աշակերտած է Ֆրանսայի անուանի արուեստագէտներու:

Մինչեւ ուսման աւարտը, արդէն իսկ ձեռք ձգած է անուն եւ սկսած է քանդակի պատուէրներ ընդունիլ՝ նոյնիսկ օտար երկիրներէ. Ռուսաստանի մտաւորականութեան կողմէ ստացած է պատուէր՝ պատրաստելու համար յայտնի ռուս գրող Լեւ Թոլոսթոյի արձանը, որ Կիւրճեանի կողմէ կոչուած է «Մտածող գլուխ»:

Յետմահու Կիւրճեանի կինը Հայաստանին նուիրած է մեծ արուեստագէտի գործերէն աւելի քան 400 աշխատութիւն, իսկ Ֆրանսայի պետութեան աւելի քան քառասուն քանդակ[3]:

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

Կիւրճեան իր երիտասարդ տարիքէն ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք յաճախ արժանացած են մինչեւ իսկ թագաւորական ընտանիքի գնահատանքին: Ան ցուցահանդէսներ ունեցած է Ճափոնի, Օսլոյի, Փարիզի, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Ան ցուցահանդէս ունեցած է մինչեւ իսկ Նիւ Եորքի մէջ:

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Կիւրճեանի գործերէն յայտնի են Թիֆլիսի մէջ կատարած Շիրվանզադէի եւ Անդրանիկի արձանները, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ յայտնի երգիչ Շալիապինի արձանը:

Անոր անուանի գործերէն են․

  • «Հայ գեղջուհիներ»ը,
  • «Գաղթ»ը,
  • «Քնած դեւը»,
  • «Մահացող Քրիստոս»ը եւ այլ գործեր, որոնք մինչեւ օրս որպէս արուեստի յայտնի գործեր կը ցուցադրուին թանգարաններու մէջ:

Այնքան անուն շահած էր Կիւրճեան, որ մինչեւ իսկ Մաքսիմ Կորքի մատանի մը նուիրած է անոր. այսօր այդ մատանին, արուեստագէտի միւս գործերուն հետ միատեղ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Կիւրճեան մինչեւ իսկ տեսակցութիւն ունեցած է Լենինի հետ եւ այս առիթով խմբային լուսանկար մը ունեցած, ինչ որ դարձեալ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ[3]:

Կիւրճեանի անուան յուշադրամը

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 24 Հոկտեմբեր 2006 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի եօթներորդ կէտին հիման վրայ հրապարակ հանած է Յակոբ Կիւրճեանի անուան յուշադրամը: Յուշադրամը ունեցած է 10 հազար դրամի արժէք եւ նուիրուած է արուեստագէտի ծննդեան 125-ամեակին: Յուշադրամը ձեւաւորած են Յարութիւն Սամուէլեանն ու Էտուարտ Կուրղինեանը:

Մինչեւ մօտիկ անցեալը Շուշիի մէջ կը կազմակերպուէր Յակոբ Կիւրճեանի անուան արուեստի մրցում:

Մեծ արուեստագէտը մահացած է 28 Դեկտեմբեր 1948 թուականին Փարիզի մէջ եւ թաղուած է Պուլոյնի գերեզմանատան մէջ:

Յովսէփեանց Կաթողիկոսի կիսանդրին

Խմբագրել

Կիւրճեան թէ՛ հայ եւ թէ ռուս բազմաթիւ մեծերու արձաններ քանդակած է, անոնցմէ կարեւորագոյններէն է՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի կիսանդրին, որ Կիւրճեանի գլուխ գործոցներէն մին կարելի է նկատել: Գարեգին Վեհափար Հայրապետը տեսնելով իր կիսանդրին՝ ցանկութիւն ունեցած է զայն տանիլ Անթիլիասի Կաթողիկոսարան, սակայն նիւթական պատճառներով չէ իրականացած: Սակայն տարիներ ետք, Կիւրճեանի կինը լսելով Կաթողիկոսի ցանկութիւնը՝ կիսանդրին տարած է Անթիլիաս ու նուիրած է Մեծի Տանն Կաթողիկոսին[3]:

Մէջբերումներ Կիւրճեանէն եւ այլոցմէ

Խմբագրել

Փոքր տարիքէն՝ փողոցը խաղալու ժամանակ մի՛շտ կրկնած է, թէ․

  Քարն ու ցեխը ընդմիշտ իմ կեանքի ընկերները պիտի ըլլան:  


Իր մանկութիւնը ճանչցող արուեստագէտ մը կը գրէ.

  Լաւ կը յիշեմ. Յակոբը գեղեցիկ, կայտառ, ուժեղակազմ, վառվռուն, ոգեւորուող, յանդուգն եւ մասամբ ալ չարաճճի տղայ էր: Կը յափշտակուէր գեղեցիկով եւ կը պաշտէր բնութիւնը[3]:  


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։