Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան
Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան (29 Յուլիս 1937[1], Պէյրութ, Լիբանան[1] - 11 Ապրիլ 2021[1], Սևր[1]) իր աշխատանքային սեղանի մօտ: Աստուածաբան, փիլիսոփայութեան եւ արուեստ-ի պատմութեան դոկտոր:
Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 27 Յուլիս, 1937 |
Ծննդավայր | Լիբանան |
Մահացած է | 11 Ապրիլ 2021 |
Մահուան վայր | Սևր[1] |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանանցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Մխիթարեան Միաբանութիւն |
Մասնագիտութիւն | Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ Արուեստի դոկտոր |
Աշխատավայր | Սամուէլ-Մուրատ Վարժարան |
Անդամութիւն | Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւն եւ Հայաստանի Գրողներու Միութիւն |
Կայքէջ | bezdikian.am/PHP/books.p… |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՅարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ։ 13 տարեկանին մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանք:
Հայագիտութեան կողքին ստացած է նաեւ իտալական Պաքալորէաթ՛ յետոյ ղրկուած է Հռոմ համալսարանական ուսումը շարունակելու։ Հոն մնացած է եօթը տարի, երեք տարիէն ստացած է Փիլիսոփայութեան Տոքթորան, ապա Աստուածաբանութեան, տարի մըն ալ հետեւած է «Musica Sara» երաժշտական դասընթացքներուն, որ Վատիկանի կողմէ հաստատուած հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներն են:
Տոքթորայի համար աւարտաճառ ներկայացնելու այն միտումով, որ ապագային պիտի նուիրուի դաստիարակչական ասպարէզին. կ'ընտրէ «Դաստիարակչական Հոգեբանութիւն» - «Յանցանքի զգացումը երեխաներու մօտ» նիւթը:
Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանէն կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դոկտոր աստիճան: 1962-ին կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ վարդապետ կ՛օծուի: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով:
Նոյն համալսարանէն ստանալէ ետք արուեստի պատմութեան բարձրագոյն վկայական, կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Գեղարուեստից Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Սանթոմազօ, Վետովա եւ Սաէթթի նշանաւոր արուեստագէտները:
Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի հայկական գաղթօճախներուն մէջ։ Ան հոգեւոր եւ ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ վարած է նաեւ խմբագրական եւ վարչական գործեր՝ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին:
Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով:
Այժմ կը գործէ Փարիզ-ի մէջ՝ ուսուցանելով Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ինքնաբուխօրէն կը գծէ եւ բազամաթիւ ցուցահանդէսներ պատրաստած է արդէն: Վերջերս ալ Կալէրի տը Սէվրի մէջ ցուցադրած է իր գործերը: Իր ծախած բոլոր նկարներուն հասոյթը ան յատկացուցած է վարժարանի նորակառոյց շէնքին ծախսերուն: Հայ տղոց այս վարժարանը ունի 160 գիշերօթիկ աշակերտներ:
Կը մահանայ է 11 Ապրիլ, 2021ին, Փարիզի արուարձան, Սեւր քաղաքին մէջ գտնուող Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ, իր աշխատանքային սեղանի մօտ:
Հրատարակչական- Մխիթարեան Միաբանութեան գրականագիտական ու պատմական աշխատութիւններ
ԽմբագրելԵրեւան-ի մէջ «Զանգակ-97» տպարանէն լոյս տեսած են Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի հետեւեալ գիրքերը: -
2003-ին «Մխիթարի եւ Մխիթարեաններու նպաստը հայ մշակոյթին» Վենետիկ - Ս. Ղազար, 79 էջ
2003-ին «Մխիթար վրդ. Սեբաստացիի և Մխիթարեաններու նպաստը հայ մշակոյթին» Վենետիկ - Ս. Ղազար, 79 էջ
2004-ին «Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարը (ԺԹ-ի դդ.)» Վենետիկ - Ս. Ղազար, 91 Էջ
2004-ին «Պատմական հողերու վրայ» Ճամփորդ. նօթեր: Վենետիկ - Ս. Ղազար, 120 Էջ
2004-ին «Խոհեր կեանքի մասին» Վենետիկ - Ս. Ղազար
2004-ին «Հայկական ցոլքեր» Վենետիկ - Ս. Ղազար, Թիւ 1, Թիւ 2, Թիւ 3 եւ Թիւ 4 գիրքերը:
2006-ին «Հայկական ցոլքեր» Վենետիկ - Ս. Ղազար, Թիւ 5 եւ Թիւ 6 գիրքերը:
2008-ին «Հայկական ցոլքեր» Վենետիկ - Ս. Ղազար, Թիւ 7 գիրքը
2009-ին «Հայկական ցոլքեր» Վենետիկ - Ս. Ղազար, Թիւ 8 գիրքը
2011-ին «Հայկական ցոլքեր» Վենետիկ - Ս. Ղազար, Թիւ 9 գիրքը
Հրատարակչական՝ Ներքին քաղաքականութիւն-Հայաստան, Հայ ժողովուրդի Պատմութիւն եւ Հայ գրականութիւն
ԽմբագրելԵրեւան-ի մէջ «Զանգակ-97» տպարանէն լոյս տեսած են Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի հետեւեալ գիրքերը: -
2003-ին Հայաստանեան պատկերներ Եւսեբիոս Քրոնիկագիր, [Լրացուած հրատ.] 230 էջ
2003-ին Հայաստանեան պատկերներ Եւսեբիոս Քրոնիկագիր, 130 էջ
նաեւ լոյս տեսած են հետեւեալ գիրքերը
2004-ին Լոս Անճելըս Հայաստանեան պատկերներ Հայ ժողովուրդի Պատմութիւն Յարութիւն Մովսէսի Վրդ. Պզտիկեան, 172 էջ
2006-ին Վենետիկ-Ս.Ղազար Հայաստանեան պատկերներ Հայ գրականութիւն Յարութիւն Մովսէսի Վրդ. Պզտիկեան, 398 էջ
Արուեստ՝ նկարչութիւն
ԽմբագրելՅարութիւն վրդ. Պզտիկեան արուեստագէտին բնորոշ է արուեստի Գերիպաշտութեան շարժման ոճը (Սըրրի՜ըլզմ SURREALISM): Գերմանացի անուանի Փրոֆէսօր Քիրշպաումի հետ ուսումնասիրած է նախաքրիստոնէական արուեստները: Հոն է, որ իր հետաքրքրութիւնը արթնցած է Արուեստի հանդէպ եւ ներկայացուցած է որպէս նիւթ՝ «Հայկական Ճարտարագիտութիւնը»։ Երկու տարի Վենետիկի նկարչական Ակադեմիան յաճախած է:
Գոյներու իմաստաբանական գծապատկերներն ու խաղերը կ՛արտայայտուին եռաչափ ձեւերով, որոնց երաժշտական պահերը նկարչութիւնը կը վերածեն բանաստեղծութեան: Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի նկարչական գործերուն մէջ արմատաւորուած է Գերիպաշտութեան շարժման ոճի (surrealistic) ուժականութիւնը որ ներդաշնականօրէն կը հասնի արտայայտելու կատարեալ հաւասարակշռութեամբ եւ այն կարելի է միայն շնորհիւ իր խելացի գոյներու օգտագործմամբ որոնք կը դառնան քնարական նկարագրութիւնը զգացմունքներուն եւ միտքին:[2] - Mario Stefani
|
ԴԻՒԹԻՉ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐ... Արդեօք ինչպէս կը գծէ Պզտիկեան: Դժուար է նկարագրելը: Իր գծագրութիւնները պէտք է տեսնել, մանաւանդ թէ պէտք է դպչիլ, այսինքն հպիլ մատներու ծայրով: Փախուստ տուող բան մըն է: Իր արուեստը, որ այնքան տպաւորած է Փիքասոն, շատ ինքնուրոյն է, հանքային լուծուած փոշիի, սոսինձի, ջնարակի եւ նաֆթի տարրալուծական խառնուրդ մը: Արդիւնքը ձեւական խաբէութիւն մըն է: Դիւթիչ աշխարհներ դուրս կը ցայտին սահուն մակերեսներէն, կը երկարին, կը ձեւափոխուին, կը սլանան, կը շփոթուին, կը թանձրանան խորշային հիւսուածներու մէջ, կը սփռուին, կը դառնան լոյսի զուտ ցոլացումներ, կը գծեն աստղերու հեռաւորութիւններ, միգամածներ, մանրաշխարհներ շարժումի մէջ... Երեւակայութեան հալեցումն է, կիսաբաց աչքի մը նման դիտելու համար ուրիշ ձեւեր եւ գոյներ: Հմայուած կը մնաս: Աչքդ չի գիտեր ուր սուզուիլ, ուր հանգչիլ:[2]- Paolo Rizzi
il Garrettino di Venezia
|
Ան Վենետիկի Ակադեմիայի նկարչութեան կաճառին անդամ է:
Ցուցահանդէսներ
ԽմբագրելՎենետիկի արուեստասէր բարեկամները զինք կը մղեն եւ անոնց քաջալերութեամբ կուտայ իր առաջին ցուցահանդէսը՝ Վենետիկի «Palazzo Giustinia» -ին մէջ։ Դարձեալ բարեկամներու դրդումով յաջորդաբար կը ցուցադրէ «Castel Franco Veneto» վենետիկ եւ «Treviso» եւ շրջակաները:
Փարիզի մէջ կազմակերպուած է Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ցուցահանդէսը՝ Աէվրը քաղաքի Քաղաքապետարանի Դահլիճին մէջ, «Yan's» ակումբին մէջ։ Յետոյ Փարիզի ձախակողմեան թաղամասի «Կալէրի տը Սէվրը» կոչուած աշխատանոցին մէջ:
Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ունի անհատական ցուցահանդէսներու շարք մը:
իմ ցուցադրուած կտաւները վերնագիր չունին, որպէսզի իւրաքանչիւր նայող իր ուզածը տեսնէ, իր ուզած պահուն, իր ուզած զգացումները ունենայ պաստառներու շարժումներուն ու գոյներուն մէջ: - Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան
|
Մրցանակներ եւ Պատուագրեր
ԽմբագրելՅարութիւն վրդ. Պզտիկեան Նկարչութեան հետեւած է իբրեւ սիրելի զբաղմունք մը միայն, կարգ մը Ակադեմիներ զինք ընտրած են իրենց ցկեանս անդամ:
1966-ին Սալոն տէնտէփանտանսի միջազգային ցուցահանդէսին, Շակալի եւ Սալվատոր Տալիի նման մեծերու կողքին ցուցադրուած են նաեւ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի գործերը եւ իբրեւ նորայայտ տաղանդ շահած է Ոսկէ Մետալ:
1967-ին Արուեստի, Գրականութեան եւ Գիտութեան կաճառէն ստացած է արծաթէ մետալ:
2011-ին ան փարիզի մէջ պարգեւատրուած է «Քրուայ տը Շվալիէր» Ասպետական Խաչը:
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսը հիմնուած 1843-ին, պաշտօնաթերթն է Մխիթարեան Միաբանութեան եւ լոյս կ՚ընծայուի Սուրբ Ղազարի Հայկական Ճեմարանի կողմէ [1] Archived 2017-08-11 at the Wayback Machine.:
- Կայքէջ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան
- ՀԱՅ ԳԻՐՔ = Armenian Book Հ. Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան
- Տես նկարչական գործերը այս յղումով՝Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի նկարչական արուեստի գործերու շարքը
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Մխիթարի եւ Մխիթարեանների Նպաստը Հայ Մշակոյթին Երեւան 2003
-
ՊԶՏԻԿԵԱՆ BEZDIKIAN Երեւան 2007
-
Արուեստագէտի մասին Երեւան 2007
-
Հայ Պատմիչներ - Հայկական Ցոլքեր - 8, Երեւան 2009
-
Հանդիպում Հայ Մամուլի հետ, Երեւան 2012
-
Քրիստոնէական Խոհեր, Երեւան 2016
-
Հայկական Ցոլքեր - 11, Երեւան 2016
Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեանի հետ հանդիպում Երեւանի մէջ։ Աջէն ձախ՝ արուեստագէտ գեղանկարիչներ՝ Զաւէն Պարտաքճեան, Վիգէն Շարոյեան, արուեստագէտ եւ ազգագրագէտ՝ Հրազդան Թոքմաճեան, Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան եւ արեւելագէտ՝ Սերգեյ Մանվելյան: 31 Օգոստոս 2017:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայր Յարութիւն Ծյրգ. Վրդ. Պզտիկեան[permanent dead link]
- «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէս Հայկական Ճեմարան Սրբոյն Ղազարու ՊԶՏԻԿԵԱՆ Հ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. Archived 2016-04-22 at the Wayback Machine.
- ՀԱՅ ԳԻՐՔ = Armenian Book Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան
- Նշուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանի Եւ Մշակութային Կեդրոնի Հիմնադրման 180 Ամեակը
- Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութււնը Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանէն Ներս