Նաֆփլիոնի հայերը
Նաֆփլիոնի հայերը, Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, յոյն գաղթականներուն հետ, մօտաւորապէս 80 000 հայեր եւ 8 000 հայ որբեր Յունաստան կը հասնին եւ կ'ապաստանին անոր տարածքին զանազան շրջաններու մէջ։ Յաջորդող 2-3 տարիներուն ընթացքին (1924-1925․ հետեւանք՝ Լոզանի դաշնագրին), բաւական մեծ թիւով հայեր հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ շրջաններէն կը փոխադրուին Պելոպոնես՝ Փաթրա, Քալամաթա, Փարափիղմաթա եւ չնչին թիւով՝ Էյիօ (Փաթրայէն 32 քլ․ դէպի արեւմուտք), Նաֆփլիօ, Կորնթոս, Փիրղոս (Փաթրայի արեւելքը) քաղաքներուն մէջ եւ Կրետէ կղզին։
Դէպի հարաւային Յունաստան հայերու փոխադրումը տեղի կ'ունենայ քաղաքական միտումներով՝ հիւսիսային Յունաստանի Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն հայերուն թիւը նուազի եւ յունաթրքական յարաբերութիւնները խաղաղ ընթացքի մէջ մտնեն: Սակայն, այս պարտադիր փոխադրումը գերդասդաններ իրարմէ կը բաժնէ, ինչպէս կը վկայէ Հարա Քէօսէյեան իր վկայութիւններուն մէջ։
1924 Ապրիլին, Նաֆփլիօ կը հասնին 41 ընտանիքներու բեկորներ: Ասոնցմէ միայն 2-ը ունին ե՛ւ հայր ե՛ւ մայր: Քանի մը ընտանիքներ կը հաստատուին Նաֆփլիօ, մնացեալները գաղտնի կը մեկնին Յունաստանի այլ շրջաններ։
Նաֆփլիօ բնակութիւն հաստատած ընտանիքները հնարաւորութիւնը չունին (քիչ թիւով ըլլալու պատճառով) եւ կամ չեն հետաքրքրուիր եկեղեցի ու դպրոց ստեղծել: Աւելի հետաքրքրուած են հաւասարապէս ներգրաւուին յունական հասարակութեան մէջ: Խառն ամուսնութիւնները բնական հետեւանք են։
Հայերը իրենց աշխատասիրութեամբ եւ նախաձեռութիւններով յայտնի կը դառնան զանազան ասպարէզներու մէջ․ դերձակ, սափրիչ, սրճախորովարան, օճառի գործարան, ընդհանուր վաճառականութիւն, անուշավաճառ: Նաեւ գործարաններու մէջ կ'աշխատին իբրեւ հաշուապահ, իսկ քաղաքին Ելեկտրակայանին մէջ ալ հայեր կ'աշխատին մանաւանդ 1944-45 տարիներուն երբ կայանին տեսչութիւնը General Motors ընկերութիւնը կը ստանցնէ: Քանի մը անուս հոգիներ միայն նաւահանգիստին մէջ իբրեւ բանուոր կ'աշխատին: Յունական հասարակութեան մէջ հայերը արագօրէն կը համակերպին եւ դեր կ'ունենան անոր զարգացման մէջ: Օրինակ՝ քաղաքին water polo-ի խումբին հիմնադիրը հայ էր, ինչպէս նաեւ երկու հայեր «Փանաֆփլիաքօ» ոտնագնդակի խումբին (հիմն․՝ 1929) գլխաւոր մարզիկներն էին, իսկ 1938 եւ 1939 թուականներուն Նաֆփլիոյի Քաղաքայի Դպրոցին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչը հայ է։
Ներգաղթի (1925-1948) կարաւանները Հայաստան կը փոխադրեն 18 000-է աւելի յունահայեր: Նաֆփլիոյի հայերն ալ բացառութիւն չեն կազմեր, լուրջ թիւ մը, նոյնիսկ խառն ամուսնութիւններով ընտանիքներ ալ, ներգաղթի ճամբան կը բռնեն: Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին յաջորդող դժուար տարիներուն 1946-էն մինչեւ 1960 տասնամեակին, Նաֆփլիոյի հայերուն մեծամասնութիւնը կը հետեւի Յունաստանի ամբողջ տարածքին ծայր առած արտագաղթի հոսքին՝ դէպի Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա (մանաւանդ Արեւմտեան ԱՄՆ, Արժանթին եւ Քանատա)։ Իսկ, երիդասարդներէն շատեր Աթէնքի հայահոծ շրջանները կը տեղափոխուին եւ հոն ընտանիք կը կազմեն: 1970 թուականներէն ետք, միայն քանի մը հայ կը մնան։
Մարտիկ Մարտիկեանի դերձակատունը
Մարտիկ Մարտիկեան 26 տարեկան է երբ Նաֆփլիօ կը հասնի հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանտրուփոլի քաղաքէն մեկնած 41 ընտանիքներուն հետ: Նաֆփլիօ քաղաքին տոմարներուն մէջ կ'արձանագրուի իբրեւ դերձակ եւ ծննդավայրը՝ Մաղնիսիա, Փոքր Ասիա: Անմիջապէս կը բանայ դերձակատունը, ուր եղբայրն ալ կ'աշխատի մինչեւ 1945՝ երբ Աթէնք կ'ամուսնանայ ու կը հաստատուի: Արագ ժամանակի մէջ, Մարտիկին դերձակատունը Նաֆփլիոնի ամենամեծ խանութը կը դառնայ․ կ'ունենայ կարի 7 մեծ մեքենաներ եւ հոն կ'աշխատին առնուազն 7 դերձակներ, որոնց մէջ հայեր ալ: Դերձակատունը նաեւ կերպասներ եւ կարի իրեր ալ կը վաճառէր։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Ազատ Օր․ Հայերուն ներկայութիւնը Նաֆփլիօ, 10-2-2017(յունարէն)
- ↑ Արղոլիկեան Արխիւային Պատմամշակութային Գրադարան - Նաֆփլիոնի հայերը
- ↑ Պեղոպոնեզի համալսարանի Թատերական Ուսման Բաժին․ հարցազրոյց հեղինակ Հարա Քէօսէյեանին հետ Archived 2023-10-09 at the Wayback Machine.(յունարէն)
- ↑ Յունահայ գաղութը 90 տարեկան, Արմենիքա պարբերաթերթ, Յովհաննէս Ղազարեան, Յուլիս-Սեպտեմբեր 2012, թիւ 74(յունարէն)