Կը սկսինք այս տարուան մեր երրորդ խմբագրաթոնը, որուն կը հրաւիրուին մասնակցելու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր խմբագիրները։
Քանի որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացումը տեղի կ’ունենայ ոչ միայն նոր յօդուածներ խմբագրելով, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածները բարելաւելով, այս անգամ միայն կը ներկայացնենք բարելաւման կարիք ունեցող յօդուածներու ցուցակ։
Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց ընտրած յօդուածին կողքը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
Ստորագրել միայն այն յօդուածները, որոնց վրայ անպայման պիտի աշխատիք։ Նախընտրելի է խմբագրել կամ բարելաւել միայն մէկ յօդուած, սակայն զայն լաւապէս խորացնելով, քան՝ միաժամանակ աշխատիլ քանի մը յօդուածներու վրայ առանց լուրջ բովանդակային ներդրում ունենալու։
Բարելաւման համար ներկայացուած յօդուածներուն պարագային նկատի ունենալ, որ անոնք կարիք ունին թէ բովանդակային (գրառում եւ պատկեր) եւ թէ լեզուական ներդրումներու։
Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի մաքրութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ անպայման ուշադիր կարդալ եղած ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կատարել ուղղումներ։
Տրամադրուած նիւթերու ցանկէն զատ, մասնակիցները ազատ են խմբագրելու եւ բարելաւելու իրենց նախընտրութեամբ այլ նիւթեր՝ կրկին այս երկու թեմաներուն ծիրին մէջ։
Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել՝ նշելով նշուած աղբիւրներէն զատ այլ աղբիւրներ եւ ծանօթագրութիւններ։
Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
Այն յօդուածները, որոնց բովանդակութիւնը կազմուած է բառացի թարգմանութեամբ եւ կամ ընդօրինակութեամբ, ենթակայ են ջնջման։
Ուշադրութիւն
Մասնակիցի ստորագրութիւնը զետեղուած է իւրաքանչիւր նիւթի կողքը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք խմբագրաթոնին համար առաջարկուող բարելաւուելիք նիւթերուն ցանկը՝ համապատասխան աղբիւրներով։