Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (29 Յունուար, 1951, Պէյրութ), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ[1][2]։
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 29 Յունուար, 1951 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ, Հայ Առաքելական |
Աշխատավայր | Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ։ |
Ծնողներ | Անդրանիկ եւ Արաքսի |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱւազանի անունով՝ Թորգոմ Դանիէլեան, վեցերորդ զաւակը Անդրանիկ եւ Արաքսի Դանիէլեաններուն, ծնած է 29 Յունուար, 1951-ին։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պուրճ Համուտի Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, 1963-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը։ Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու գործերու ընթերցումները կազմաւորած են իր ամբողջ աշխարհահայեացքը՝ ծառայութեան, ընծայումի եւ սիրոյ ու զոհողութեան ճշմարիտ ըմբռնումին հանդէպ։ Անոր կեանքը լեցուն եղած է Դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի յիշատակներով։
- 1968-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 26 Նոյեմբեր 1972-ին Թորգոմ սարկաւագ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտակ Արք. Մանուկեանի, վերակոչուելով Անուշաւան:
- Յունուար 1973-ին, Անուշաւան աբեղայ Դանիէլեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին վրայ։
- 1974-ին վարդապետութեան չորս աստիճանները ստացած է ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, իսկ 1988-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեանի: 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, իսկ 22 Նոյեմբեր, 2018-ի թուակիր կոնդակով ստացած է Արքութեան տիտղոս, Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
- 1972-1984 Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան տարբեր պաշտօններ վարած է։ Անթիլիասի մէջ, եղած է գաւազանակիր, մատենադարանապետ, ձեռագրատան պատասխանատու, Դպրեվանքի հսկիչ եւ ուսուցիչ։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է նաեւ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին եւ Մարտիկեան ու Կարմիրեան վարժարաններուն մէջ, ուր դասաւանդած է մատենագրութիւն, հայոց լեզու եւ կրօն։
- Միաժամանակ, Հայկազեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է, հետեւելով հոգեբանութեան։ Այնուհետեւ, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն (Մ.Ա.Ա.Ճ. / N.E.S.T.) ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (M.Div.), աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով «Մարկոսի Աւետարանի քննական բնագիրը՝ հայկական հնագոյն 3 ձեռագիրներու բաղդատումով»:
- Անուշաւան վրդ. ՔՕՄԱՐԷՍ բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ ներկայացուցած է Կաթողիկոսարանը, իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խորհրդատու եղած է։
- Վանական այլազան պարտականութեանց կողքին, ան մասնակցած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ. / M.E.C.C.), ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ. / W.C.C.) տեղական եւ միջազգային ժողովներու՝ ներկայացնելով երիտասարդական պատուիրակութիւնը։
- 1978-ի ամրան, ան ներկայ եղած է Հարաւային Հնդկաստանի՝ Պանկալորի մէջ կայացած «Հաւատք եւ կարգ» բաժանմունքի (W.C.C. Faith and Order Commission) ժողովին:
- 1980-ին՝ Վենքուվըր, Քանատայի մէջ մասնակցած է W.C.C.-ի վեցերորդ համաժողովին։
Միացեալ Նահանգներ
Խմբագրել- 1984 Յուլիսին, Անուշաւան վրդ. կը ժամանէ Նիւ Եորք[3] իբրեւ ուսանող եւ 1985-ին, Նիւ Ճըրզիի Փրինսթըն Աստուածաբանութեան ճեմարանէն կը ստանայ աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (Th.M), իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով «Ս. Օգոստինոսի խոստովանութիւնները եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Նարեկ մատեանի զուգահեռ ներքին ճամբորդութիւնները»։
- Կը յաճախէ Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանը, 1992-ին կը ստանայ փիլիսոփայութեան մագիստրոսական աստիճանը եւ 2003-ին՝ փիլիսոփայութեան դոկտորի տիտղոսը (Ph.D.)։
- Ամերիկայի մէջ, ուսման կողքին, եղած է քարոզիչ՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1984-1987), Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (1987-1988) եւ Պէյսայտի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (1988-1991)։ Վերջինիս հոգեւոր հովիւը եղած է 1991-2005ին։
- Հաստատած է Ս. Գիրքի սերտողութեան պահեր, կազմակերպած երիտասարդական սեմինարներ ու դասախօսական շարքեր եւ հիմնած «Շարական» երգչախումբն ու «Երազ» պարախումբը։
- Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի հետ հիմնած է Ս. Գրիգոր Տաթեւացի «Տաթեւ» երիտասարդաց լսարանը, որուն տեսչութիւնը վարած է 1987-2011։ Հինգ դասարաններով այս լսարանին մէջ կը դասաւանդուին հայ լեզու, հայոց պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, բարոյագիտութիւն եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական հարցեր։
- Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի հետ հաստատած է «Prelacy Linked-iN» երիտասարդական ծրագիրը:
- Կրօն եւ բարոյագիտութիւն դասաւանդած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանէն եւ Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանէն ներս։
- 1994-2005 թուականներուն Առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետութիւնը վարած է:
- Մասնակի առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօն վարած է 1995-2005 թուականներուն:
- 2005-2018-ին՝ Առաջնորդական լիիրաւ փոխանորդ։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին հոգեւորականը եղած է, որ նշանակուած է Նիւ Եորք նահանգի ոստիկանութեան հոգեւոր խորհրդատու (chaplain)։
- 2005-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած է Հիւսիսային Ամերիկայի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ-քարտուղար:
- 28 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013 մասնակցած է Հարաւային Քորէայի Ուզան քաղաքին մէջ կայացած եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ վեհաժողովին, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
- 2015-էն ի վեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հռոմէական կաթոլիկ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ միութենական ենթայանձնախումբին (Pro Օriente) մէջ կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
- 8 Սեպտեմբեր 2018-ին թեմի առաջնորդ ընտրուած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։ Վերընտրուած է 14 Մայիս 2022-ին։
- Անուշաւան Արք. իբրեւ հիւր հոգեւորական Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան բացման աղօթը կը կատարէ 15 Յուլիս, 2019-ին։ Աղօթքը ուղղակի կը սփռուի C-SPAN կայանէն եւ House Live.gov կայքէջէն։ Սրբազանին հրաւէրը յղուած էր Քալիֆորնիոյ 14-րդ վարչաշրջանի ներկայացուցիչ` հայազգի Ճէֆի Սփայըրի կողմէ[4]։ Նոյն օրը, ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու (IDC) կազմակերպութեան հրաւէրով, Անուշաւան Արք. կը մասնակցի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ առաջնորդներու եւ ամերիկացի հաւատքի ղեկավարներու՝ ոչ-կուսակցական աղօթք կատարելու ի խնդիր՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք կը շարունակեն «հալածանքի եւ նախապաշարումի» զոհերը ըլլալ։ Արարողութիւնը, որ կը կոչուէր «Վաղ քրիստոնէական եկեղեցին. միջ-եկեղեցական աղօթք մը Միջին Արեւելքի լեզուներով», կ'ընդգրկէր՝ արաբերէնը, արամէերէնը, հայերէնը, ղպտերէնն ու յունարէնը։
- Քրիստոնեայ արաբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնախումբի (Christian Arab and Middle Eastern Churches Together, CAMECT) ներկայացուցիչներու ժողովը կը գումարուի 20 Մարտ 2019-ին։ CAMECT-ը միջին արեւելեան եկեղեցիներու հետ կապուած համայնքներու միասնական աշխատանք մըն է, ուր ընդգրկուած են՝ Անտիոքեան Ուղղափառ, Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական, Արեւելեան Ասորի, Քաղդէական Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափառ, Աւետարանական Լութերական, Մարոնի Կաթողիկէ, Մելքիթ Յոյն Կաթողիկէ, Երիցական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցիները։ Ժողովականները կը քննեն յանձնախումբին աշխատանքները եւ իրենց եկեղեցիներուն իրավիճակին մասին վերջին նորութիւնները կը հաղորդեն։ Համախմբումին ատենապետ կը նշանակուի՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան[5]։
- 9 Ապրիլ 2019-ին, Ծերակոյտի Hart շէնքին մէջ, Անուշաւան Արք. կը մասնակցի Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումներուն՝ Քոնկրէսի կարեւոր ղեկավարներու հետ, ուր կը քննարկուին ԱՄՆ-Հայաստանի կապերու ծաւալումը, Արցախի Հանրապետութեան ապահովութիւնն եու ազատութիւնը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան որոնումը։ Ան լուսարձակի տակ կ'առնէ նաեւ հայ եւ ուրիշ քրիստոնեայ ու փոքրամասնական համայնքներու խնդիրները՝ Միջին Արեւելքի մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու աւելի լայն օժանդակութեան կարեւորութիւնը շրջանի վերաշինութեան մէջ[6]։
Գործերը
Խմբագրել- «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան», Անթիլիաս, 1984։
- «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» (Դոկտորական աւարտաճառ՝ 21 ձեռագիրներու բաղդատմամբ), ԱՄՆ, 2007:
- «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» բնագիրին աշխարհաբար վերածումը, Անթիլիաս, 2009:
- «Խօսք ի խորոց սրտի», ձօնուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներուն, Նիւ Եորք, 2014:
- «Մեր հայրերը կը խօսին» մատենաշարին հաստատումով՝
- Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական», Անթիլիաս, 1977 (աշխարհաբար):
- Սարգիս Շնորհալի, 1978, Անթիլիաս (աշխարհաբար):
- Բարսեղ Մաշկեւորցի, «Յորդորակներ», Անթիլիաս, 1980 (աշխարհաբար):
- Յովհաննէս Երզնկացի, «Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն», Անթիլիաս, 1984 (աշխարհաբար)։
- «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 1, Յովհաննէս Գառնեցի, Անթիլիաս, Լիբանան:
- «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 2, Եփրեմ Խուրի Ասորի, (աղօթքներ), Նիւ Եորք, 2014:
- Աշխատակցած է «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքին ու «Հասկ» ամսագիրին, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին եւ «N.E.S.T.» աստուածաբանական պարբերագիրքին։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ»
- ↑ «Արամ Ա. Կաթողիկոս Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Երիտասարդութեան Հետ»
- ↑ «Նիւ Եորքի Մէջ Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 40-ամեակի Նշում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-21
- ↑ Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
- ↑ Քրիստոնեայ արաբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնախումբի ատենապետ
- ↑ Ծերակոյտի Hart շէնքին մէջ
Աղբիւր
Խմբագրել- 25th Anniversary of the Ordination to Priesthood of Very Reverend Anoushavan Tanielian։
- «Հասկ» պաշտօնաթերթ, Անթիլիաս, Լիբանան: