Գէորգ Սարաֆեան (1911 - 18 Յունիս 2002), արժանթինահայ թարգմանիչ եւ հանրային գործիչ:

Գէորգ Սարաֆեան
Ծնած է 1911
Ծննդավայր Ուրֆա
Մահացած է 18 Յունիս 2002

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած էր Ուրֆա 1911-ին: Մեծ եղեռնէն մազապուրծ իր ընտանիքին բեկորներուն հետ վերադարձած էր իր ծննդավայրը 1918-ին, ուր ստացած էր իր նախնական ուսումը: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Սարաֆեան ընտանիքը ապաստանած է Սուրիա. ուր ան իր ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանը: Շրջանաւարտ եղած է 1925-ին: Իսկ երկու տարի ետք հաստատուած է Պուէնոս Այրէս իր եղբօր ու մօր հետ:

1932-ին խումբ մը ընկերներու հետ. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ծիրէն ներս հիմնած է առաջին Մշակութային Յանձնախումբը. որ 1936-ին եւ աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին ձայնասփռած է հայկական առաջին ռատիօժամը:

Սարաֆեան աւելի ուշ հոգաբարձութեան ատենադպիր եւ փոխ ատենապետ եղած է, գլխաւորած Կրթական եւ Համազգային Տօնակատարութեանց Յանձնախումբերը: Քանի մը առիթներով եղած է ՀՄԸՄ-ի Պուենոս Այրես մասնաճիւղի ատենապետ:

1960-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. զինք պատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շքանշանով, իսկ 1976-ին Երուսաղէմի Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան յանձնած է Ս. Գերեզմանի շքանշանը:

Սարաֆեանի բարերարութեամբ 1999-ին շինուած է Հայաստանի Նոր Եդեսիա քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

1940ականներէն . Սարաֆեան թէ։ հայերէնէ եւ թէ ֆրանսերէնէ կատարած սպաներէն թարգմանութիւններով սկսած է աշխատակցիլ Արժանթինի հայ մամուլին: Ուսումնասիրական հատորներու շարքին, ֆրանսերէնէ թարգմանած է Հրանտ Թորոսեանի Հայ Գրականութեան Պատմութիւն (1959), նոյն հեղինակէն Հայաստան եւ Հայկական Հարցը (1965, Բ. ընդլայնուած հրատ.՝ 1985, Գ. ընդլայնուած հրատ.՝ 1995) եւ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայոց Եկեղեցին (1994):

Սարաֆեան հրատարակած է սպաներէնով չորս ծաղկաքաղ իր ընտրութեամբ ու թարգմանութեանբ - Հայաստան՝ իր Բանաստեղծներուն Ընդմէջէն (1983):

Ան գրած է նաեւ իր յուշերը սպաներէնով որ լոյս տեսած է Եփրատէն մինչեւ Ռիօ Տէ Լա Փլաթա խորագրով (1998)։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է Երեւանի մէջ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԲ, Պէյրութ, 2002, Էջ 390: