Դաշնակցական Մամուլը

Դաշնակցական Մամուլին նպատակն էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն յեղափոխական նպատակները տարածել, ժողովրդականացնել եւ հայութեան յեղափոխական ոգին ներարկել: Անոնք կը հաւատային, որ խօսքը եւ գաղափարը անարժէք են առանց կենդանի գործի[1]:

Պաշտօնաթերթ

Խմբագրել

Կուսակցութիւնը հազիւ կազմաւորուած, կը հիմնուի «Դրօշակ» անունով պաշտօնաթերթը՝ 1890-1891-ին, Թիֆլիսի մէջ, ուր լոյս կը տեսնէ երկու թիւ` Մայիսին եւ Սեպտեմբերին: 3-րդ թիւը Ռումանիա, 1892-ին, որմէ ետք Ժընեւ, մինչեւ 1914` Ա. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը: Այս ժամանակաշրջանին «Դրօշակ»ին շուրջ կը կազմուին նաեւ Հ.Յ.Դ. արեւմտեան Բիւրօ, 1898-ին, եւ որոշ ժամանակաշրջանի համար կուսակցութիւնը կ'ունենայ երկու բիւրօ: Հոն պարբերաբար կը հրատարակուի նաեւ ֆրանսերէն «Փրօ Արմենիա» անունով թերթը` օտարներ լուսաբանելու համար հայութեան պահանջներուն ու պայքարին մասին: Տասնմէկ տարուան դադարէ ետք «Դրօշակ»ը կը վերահրատարակուի Փարիզ, 1925-1933, որմէ ետք դարձեալ կը դադրի: 1969-1985 Պէյրութ, 1986-1999 Աթէնք, ապա` Երեւան: Ներկայիս կը հրատարակուի տպագիր եւ ելեկտրոնային ձեւերով: Խմբագիրներ եղած են` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ, Յոնան Դաւթեան, Մ. Վարանդեան, Ս. Վրացեան, Ա. Ջամալեան, Բաբգէն Փափազեան, Սարգիս Զէյթլեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Գէորգ Խուդինեան եւ ուրիշներ:

Մամուլի Տարածում

Խմբագրել

Դաշնակցական մամուլը կ'ապրի ու կը գործէ մտաւորական գործիչներու զոհաբերութեան ու ամբողջական նուիրումին շնորհիւ:

Հակառակ դրամական միջոցներու չգոյութեան ու  դաժան պայմաններուն` դաշնակցական մամուլի ցանցը արագօրէն ու յամառութեամբ կը տարածուի: Գրեթէ ամէն վայր, ուր դաշնակցական գործիչներ կային, կ'ունենայ իր մամուլը:

Դաշնակցական Ցանցին Պատկանող Կարգ Մը Թերթերու Անուններ
Խմբագրել
  • «Հորիզոն»` Թիֆլիս, 1906, հիմա` Մոնրէալ
  • «Ազատամարտ»-ը` Պոլիս, 1909-10-էն մինչեւ 24 ապրիլ 1915, ապա կը հրատարակուի «Արդարամարտ» անունով եւ յաջորդաբար` «Արիամարտ»: Հետագային «Ազատամարտ»ը կը հրատարակուի Փարիզ, ապա Հայաստանի վերանկախացումով` Երեւան: Ներկայիս` դադրած:
  • «Նոր Օր»` 1923-1940, ապա «Ազատ Օր»` 1945-էն ցայսօր, Աթէնք:
  • «Ազդակ»` Կ. Պոլիս, ապա» 1927-էն` Պէյրութ: Երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութի մէջ կը գործէ նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի պատկանող «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը:
  • «Ալիք»  Թիֆլիս` 1906, ապա` Էրզրում, հետագային եւ ցայժմ` Թեհրան,
  • «Յառաջ»` Պոլիս,  ապա` Փարիզ
  • «Աշխատանք»` Թիֆլիս, 1910-1915 տարիներուն` Վան, ապա` Զմիւռնիա,
  •  «Հայաստանի Աշխատաւոր»` Երեւան (1919-20)
  • «Ապառաժ»` Արցախ,
  • «Վէմ»` գիտական-գաղափարաբանական պարբերաթերթ, Փարիզ, հիմա` Երեւան,
  • «Հայրենիք» ամսագիրը, Պոսթըն, (դադրած), «Հայրենիք» օրաթերթ` Պոսթըն, ներկայիս` շաբաթաթերթ,
  • «Ասպարէզ»` նախ Ֆրեզնօ, հիմա` Լոս Անճելըս, աւելի քան մէկ դարէ ի վեր,
  • «Արմենիա» օրաթերթ` Արժանթին, հիմա` շաբաթաթերթ,
  • «Յուսաբեր»` Եգիպտոս,
  • «Արեւելք»` Սուրիա (դադրած),
  • «Երկիր»` Երեւան, հիմա` «Երկիր Մետիա», նաեւ` հեռատեսիլ:

Դաշնակցական Մամուլին Դերը

Խմբագրել

Հայրենաբնակ հայ հասարակութիւնը երկար դարեր օտարներէ տիրապետուած ըլլալով` կորսնցուցած էր իր ազգային գիտակցութիւնը, ազատ ապրելու կամքը եւ դարձած` ստրկամիտ: Ընտելացած էր ան տիրապետող ազգերու արժեհամակարգին, նոյնիսկ` որդեգրած զայն: Միայն եկեղեցին մնացած էր համախմբումի վայր, եւ իբրեւ այդպիսին` մեծ ու նախախնամական եղաւ անոր դերը հայ կեանքի մէջ: Բայց եկեղեցականներէն եւ հայոց ունեւոր դասէն քիչ չէին անոնք, որոնք կամայ-ակամայ դարձած էին գործակից` կեղեքող օտար տիրողներուն:

Ահա այն դաժան միջավայրը, որուն մէջ կոչուած էր գործելու դաշնակցական մամուլը` հոն տարածելու համար յեղափոխական շունչ, յեղափոխական գաղափարներ ու ոգի:

  • Դաշնակցական մամուլին  առաջին գործը կ'ըլլայ համախմբել, քով-քովի բերել հայ մտաւորականները եւ անոնց միտքի թռիչքին տեղ բանալ:
  • Պայքար եկեղեցականութեան, նոյնիսկ` կրօնի դէմ, որպէսզի  արմատախիլ ըլլայ տիրացուի հոգեբանութիւնը, տիրապետէ ազատ մտածողութիւնը, իրաւունքի գիտակցութիւնը, սեփական ճակատագիրի տէր ըլլալու կամքը, եւ ոչ թէ ամէն ինչ վերագրել Աստուծոյ կամքին, Աստուծոյ տնօրինումին եւ կեղեքողներու դէմ սպասել Աստուծոյ պատիժին:
  • Դաշնակցական մամուլն ու կենդանի գործը կը հոգեփոխեն հայութիւնը, պայքարի ոգի կը ներշնչեն, ապագայի տեսիլք կու տան անոր, որոնք ի վերջոյ կը յանգին Սարդարապատին, 28 Մայիսի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան:
  • Ցեղասպանութենէն ետք գաղթական հայերուն կողմնացոյցը կը դառնայ դաշնակցական մամուլը:
  • Դաշնակցական մամուլը շա՜տ շատերու համար դպրոց կ'ըլլայ: Նշանաւոր գրագէտներ ու բանաստեղծներ հասունցած են դաշնակցական մամուլի մէջ:
  • Գլխաւորաբար դաշնակցական մամուլին եւ Դաշնակցութեան կենդանի գործին շնորհիւ է, որ թրքական ու ռուսական կայսրութեանց տիրապետութեան տակ տառապող ու ստրկամիտ դարձած հայ ժողովուրդին երկու հատուածները հիմնովին  կը հոգեփոխուին: Դաշնակցութեան գրաւոր խօսքն ու քարոզչութիւնը եւ կենդանի գործը հայութեան կը ներարկեն ազգային գիտակցութիւն, իրաւունքի համար պայքարելու կամք ու ազատագրումի ոգի:
  • Ցեղասպանութենէն ետք, զանազան երկիրներու մէջ անճար ու շուար գաղթական հայ մարդոց  կողմնացոյցը հիմնականօրէն  դաշնակցական մամուլը կ'ըլլայ եւ զանոնք կը փրկեց գնչուի պէս ապրելու ճակատագիրէն: Անոնց կը ներարկէ` վերապրումի վճռակամութիւն, քաղաքական կամք, կազմակերպական ոգի, ապագայի տեսիլք եւ զանոնք կը միաւորէ մէկ ու նոյն նպատակով, որ Հայ Դատն է:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել