Համբիկ Մարտիրոսեան

Համբիկ Մարտիրոսեան(4 Դեկտեմբեր 1945(1945-12-04), Սեբաստիա, Թուրքիա), բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր։

Համբիկ Մարտիրոսեան
Ծնած է 4 Դեկտեմբեր 1945(1945-12-04) (78 տարեկան)
Ծննդավայր Սեբաստիա, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստան, Սեբաստիա: Նախնական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պոլսոյ մէջ: Հայերէն լեզուն սորված է պատանի տարիքին:

Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն ներս, հետեւելով հայագիտական ճիւղին: Յետ ուսման, մեկնած է Դամասկոս եւ պաշտօնավարած է Դամասկոսի Առաջնորդարանէն ներս՝ 25 տարի, նոյն ժամանակ հիմնելով եւ ղեկավարելով եկեղեցւոյ Եկմալեան երգչախումբը՝ նոյնքան տարիներ:  

Դիւանապետութեան կողքին, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Դամասկոսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սահակեան վարժարանին  մէջ, նախ ուսուցիչ, յետոյ որպէս տնօրէն: Աշխատած է այլ դպրոցներու մէջ եւս, դասաւանդելով հայերէն լեզու եւ գրականութիւն:

Համբիկ Մարտիրոսեան, կը հանդիսանայ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն... աւելի ճիշդը՝ գլխաւոր հիմնադիրը՝ 1971 թուականին եւ հանդիսացած անոր ատենապետը՝ երկար տարիներ:

1997-ին տեղափոխուած է Լիբանան։ Լիբանանի մէջ եղած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  Շրջանակային Յանձնաժողովի տնօրէն-դիւանապետ, ապա 2007 թուականէն ի վեր «ԽՕՍՆԱԿ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է[1], միաժամանակ, հանդիսանալով ՀԲԸՄ- ի «Ահրամճեան Բժշկական Կեդրոն»-ի տնօրէն՝ 2018-էն մինչեւ օրս:

Հակառակ իր բազմազբաղութեան, ատենապետն է «ԽՕՍՆԱԿ» Մշակութային Յանձնախումբին եւ գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարը՝ իր հիմնած «ՇՈՂԵՐԳ» Երգեցիկ խումբին:

Գրական եւ Լրագրական Գործունէութիւն

Խմբագրել

Համբիկ Մարտիրոսեան իր խմբագրական աշխատանքին կողքին, երկար տարիներ աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլի՝ «Զարթօնք», «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Նայիրի» թերթերուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու «Պայքար» շաբաթաթերթին եւ սփիւռքահայ մամուլին: Ունի բազմաթիւ ազգային, ընկերային, երգիծական եւ քաղաքական յօդուածներ՝ հրատարակուած մամուլի մէջ, շատ յաճախ ծածկանուններով:

Համբիկ Մարտիրոսեան պատրաստած է նաեւ Քերականութեան դասագիրքեր՝ նախակրթարանի Գ.Դ. եւ Ե. կարգերու համար[2]:

Երկեր եւ գրական ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Համբիկ Մարտիրոսեան հեղինակ է հետեւեալ գործերու.՝

  • ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ, Բանաստեղծութիւն 1981
  • ՍՊԻՏԱԿ ԵՐԳ, Պոէմ 2003
  • ՄԱՐԴ ՄԱՐԴԱՑԻՐ Կ՛ԱՂԱՉԵՄ, Պոէմ 2004
  • ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ, Թատրերգութիւն 2004
  • ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐ, Յուշագրութիւն 2006
  • ԱՐՑՈՒՆՔ ԵՒ ԺՊԻՏ, Արձակ 2008
  • ԿԱՐՕՏ ՈՒ ՄՈՐՄՈՔ, Բանաստեղծութիւն 2010
  • ԵՐԿՈՒ ԱՓ, Բանաստեղծութիւն 2012[3]
  • ՀԱՅԵՐԳՈՒԹԻՒՆ, Բանաստեղծութիւն 2015
  • ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ, ՍԷՐ, ՀԵԳՆԱՆՔ, Արձակ 2018
  • ՀԲԸՄ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ 2012  
  • ՀԲԸՄ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Փառաւոր Անցեալ 2018
  • ՎԱՌ ՏԵՍԻԼՔԻ  ՂԵԿԱՎԱՐԸ՝ Պ. ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ 2022

Ունի տակաւին տասնեակ մը անտիպ գործեր:

Դասախօսութիւններ

Խմբագրել

Համբիկ Մարտիրոսեան որպէս հրապարակախօս, դասախօսութիւններով հանդէս եկած է զանազան գաղութներէ ներս, այսպէս՝ Պէյրութ, Դամասկոս, Հալէպ, Ամման, Վալանս, Աթէնք, Կիպրոս, Փարիզ, Երեւան եւ Արցախ:

Համաժողովներ ու Համագումարներ

Խմբագրել

Մասնակցած է Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու, ինչպէս նաեւ Լրագրողներու եւ Գրողներու համագումարներուն:

Պարգեւներ եւ շքանշաններ

Խմբագրել

Սփիւռքէ ներս իր կատարած ազգային, հասարակական ու հայ-րենասիրական ծառայութիւններուն համար Համբիկ Մարտի-րոսեան պարգեւատրուած  է՝

  • Սփիւռքի Նախարարութեան «ԴԻՊԼՈՄ»-ին, երբ «ԽՕՍՆԱԿ»-ը  հանդիսացած է Սփիւռքի լաւագոյն ամսաթերթը՝ 2002-ին:
  • «ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթի «ՄԱՄԼՈՅ ՄՐՑԱՆՔ»-ին.
  • Հայաստանի Գրողներու Միութեան «ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԳՐՈՂ» մետալին,
  • Սփիւռքի Նախարարութեան «ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆ»-ին,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախա-րարին «ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ 20-ԱՄԵԱՅ» մետալիոնին,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետին «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՏՕՆ»ի առթիւ՝ «ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆ»-ին,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան  Նախագահին «ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ» շքանշանին,
  • Նաեւ, շատ մը պարգեւներ ու վահանակներ՝ զանազան գաղութ-ներէ եւ կազմակերպութիւններէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ինչո՞ւ նոր սերունդը հեռու կը մնայ ազգային գործերէն եւ պաշտօններէն»։ Hetq.am։ 2023-04-13։ արտագրուած է՝ 2024-04-04 
  2. «Համբիկ Մարտիրոսեան»։ Arevmtahayeren-shmg.am։ արտագրուած է՝ 2024-04-04 
  3. «Բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսյանը պարգևատրվեց ՀՀ գրողների միության մեդալով»։ armenpress.am։ արտագրուած է՝ 2024-04-04 

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել