Հայ Իրականութիւնը 1875-էն Ետք

Հայ Իրականութիւնը 1875-էն Ետք

Խմբագրել

Այս տարիներուն, հայութեան ազգային գիտակցութիւնը կը հասնի նոր հանգրուանի մը։ Ճիշդ է, երկրի հայութեան ահաւոր վիճակին ծանօթացումը, ինչպէս եւ քաղաքական նոր բարդութիւններ՝ կը մարեն սկիզբի վիպական խանդավառութիւնները ե՛ւ Պոլսոյ, ե՛ւ Անդրկովկասի մէջ։ Բայց աճող վերապահութիւնը, հոս՝ Ազգային Սահմանադրութեան, հոն՝ «Խաչապաշտ Ռուսի» շնորհներուն հանդէպ, հասունացման ընթացք մը կը նշէ։

1876-ին գահ կը բարձրանայ Ապտիւլ-Համիտ Բ., որ պիտի չուշանայ կոչուելու «Կարմիր Սուլթան»։ Նոյն տարին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը՝ ընկերացող ջարդ ու տեղահանութիւններով։ Ռուսական յաղթանակով՝ Կարսի նահանգը կը կցուի Անդրկովկասի։ Թուրքիոյ հայոց ղեկավարութիւնը, աճող կեղեքումէն եւ քրտական սարսափէն ընդվզած, կը յաջողի ռուս-թրքական դաշնագիրին մէջ մտցնել հայութիւնը պաշտպանող «16-րդ յօդուածը»։

Ասով արդէն հայութեան դատը կը դրուի մեծ ուժերու խաղասեղանին ու հետեւող Պերլինի վեհաժողովին մէջ քաշքշուած՝ կը փոխադրուի (61-րդ յօդուած), կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը։ Հայոց ներկայացուցիչ՝ Մկրտիչ Խրիմեան, Պերլինէն կը վերադառնայ, իր հետ բերելով «Երկաթէ շերեփ»ի դասը։

Կայսրութեան արագացող քայքայումը թափ կու տայ երկրի հայութեան կեղեքումին։ Քրտական բարբարոս ընչաքաղցութեան կը միանան թուրք տարրի կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ ծնող ցեղապաշտութիւնը։

Անդրկովկասի հայութիւնը, պատերազմէն ետք մանաւանդ, պիտի ճանչնայ խստութիւններ՝ թերթերու փակում, խուզարկութիւններ, բանտարկութիւններ, դպրոցներու փակում...:

Տարբեր չափերով, բայց գիւղացիութիւնը կը թշուառանայ զոյգ կայսրութիւններուն մէջ՝ հողազրկում, վաշխառուական պարտքեր, պանդխտացում` Պոլիս, Թիֆլիս, Պաքու...։ Թշուառացումը խոր է յատկապէս արեւմտեան Հայաստանի մէջ, որ կը դառնայ տնտեսական սարսափ՝ հարկային կողոպուտ, հրդեհումներ (Վանի եւ Բաղէշի շուկաները)։

Հայութեան զոյգ հատուածներու միասնութեան առաջին ուժեղ արտայայտութիւնները կը սկսին 80-ական տարիներուն, ռուս-թուրք սահմանին երկու կողմերը հաւասարապէս։ Հայութեան երկու կէսերը ուժգնօրէն կը ձգտին միանալու, զօրանալու իրարմով։ Զարթօնքի առաջին սերունդէն արդէն յայտարարուած այս իտէալը, հիմա ալ կը քարոզուի ու լայն զանգուածներուն կը հասնի, մանաւանդ երկու վիպագիրներու՝ Րաֆֆիի եւ Ծերենցի ձայներով։

Մշակութային Առաջընթացը՝ Ուրիշ Ինքնահաստատում մը

Խմբագրել

Այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, մշակութային առաջընթացը կը շարունակուի, սակայն կարծես իբր ինքնահաստատումի եւ փրկութեան երկրորդ ճամբայ:

Մամուլը կ'ունենայ քանակական եւ որակական զգալի աճ: 1872-ին, Թիֆլիսի մէջ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ի հրատարակումը կարեւոր թուական մը կը նկատուի, մանաւանդ Րաֆֆիի յայտնաբերումով: Երկրորդ կարգի թերթերն են՝ «Արձագանգ»ն ու «Նոր Դար»ը եւ իբր պարբերաթերթ՝ «Փորձ»ը:

Պոլսոյ ճակատին վրայ, մտայնութիւնները յեղափոխող թերթերն են Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու»ն, որ յետոյ պիտի անցնի Յակոբ Պարոնեանին, այս վերջինին «Թատրոն»ն ու «Խիկար»ը. Իզմիրի մէջ՝ երկարատեւ կեանք կ'ունենայ «Արեւելեան Մամուլ»ը: 1880-ական տարիներուն ճամբայ պիտի ելլեն «Արեւելք»ի պէս թերթեր, բայց անոնք նոր շարժումի մը մեկնակէտը պիտի նշեն ուղղակի:

Հրատարակութիւններու քանակէն աւելի, յեղափոխական է հրապարակագրութեան որակը, իբր բովանդակութիւն եւ ոճ: Գրական գործերու կողքին՝ մամուլի մէջ լոյս կը տեսնեն գրական-տեսական եւ ընկերա-փիլիսոփայական լուրջ յօդուածներ. կը յայտնաբերուին կամ կը շարունակեն գրել լուրջ կազմաւորման եւ աշխարհահայեացքի տէր բազմաթիւ հրապարակագիրներ:

Բանասիրութիւնն ու հայագիտութիւնը նոյնպէս կը յառաջդիմեն. Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի հայերէնագիտական հսկայ գործը առաւելաբար այս տարիներու պտուղն է: Թափ կ'առնէ նաեւ Մխիթարեաններու վիեննական ճիւղի գործունէութիւնը:

Նորութիւն է միւս արուեստներէն՝ երաժշտութեան ու նկարչութեան յարաճուն ծաղկումը: Թատրոնի զարգացումը անհաւասար է: 70-ական տարիներուն, Պոլսոյ սիրողական խումբերը մեծ կենսունակութիւն կը ցուցաբերեն, մինչ Թիֆլիս՝ կարեւոր է Գ. Սունդուկեանի գործերու բեմադրումը, մանաւանդ «Պեպօ»ի: 1880-ականներուն, քաղաքական ճնշումները արագօրէն պիտի քայքայեն Պոլսոյ թատրոնը: Ամբողջ խումբ մը օժտուած դերասաններ (Ադամեան, Սիրանուշ, Աստղիկ) պիտի ստիպուին անցնիլ Կովկաս, ուր հայկականին հետ, անոնցմէ ոմանք պիտի գրաւեն ռուսական ու եւրոպական բեմեր:

Պատմա-Քաղաքական Վէպը - Ծերենց եւ Րաֆֆի

Խմբագրել

Գրական շարժումը կը շեշտուի իբր ուրոյն գործունէութիւն: Այս ընթացքը տեղի կ'ունենայ քանի մը ուղղութիւններով:

Պատմաքաղաքական իրականութիւններու եւ ներքին հոլովոյթի մը կրկնակ ճնշումով, վիպապաշտ մթնոլորտը ընդհանրապէս կը նահանջէ: Բայց Պոլսոյ մէջ, պատշաճելով ու փոփոխուելով, անիկա կը գոյատեւէ շարք մը գրողներու մօտ, որոնք կոչուած են «կրտսեր վիպապաշտ»: Ասոնց կարգին են՝ Թովմաս Թերզեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան:

Երկրորդ հոսանք մը կը կազմեն հայրենի իրականութիւնը գրականութեան բերող գրագէտները: Այս ուղղութիւնը արդէն կը կազմէր արեւելահայ գրական շարժումի առանցքը (Ս. Շահազիզ, Պերճ Պռօշեան, Ղ. Աղայեան): Անոնց կ'աւելնան բուն երկրի ձայնը լսելի դարձնող արեւմտահայ գրիչներ՝ Գարեգին Սրուանձտեանց, Մկրտիչ Խրիմեան:

Բայց այս սերունդին մէջ պատմաքաղաքական վիպագիրներն են՝ Ծերենցն ու մանաւանդ Րաֆֆին, որոնք թափով կը շարունակեն Զարթօնքի աւանդութիւնները: Անոնք կը մասնակցին գրական յղացքի զտումին. փաստօրէն իրենք են մեր նոր գրականութեան մէջ պատմավէպի ստեղծիչները: Բայց հայ իրականութեան հետ կապը ամուր պահելէ անդին, անոնք կը մասնակցին ազգային նոր իրականութեան մը կերտումին՝ ապագայի տեսիլք մը բերելով աճող սերունդներուն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն- Յ. Քիւրքճեան- Երկրորդական բաժին- Ա. Տարի- Բ. Տպագրութիւն: