Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւն (Middle East Airlines)
Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւն
Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը կը գործէ Լիբանանի մէջ եւ գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ Հոնկէ կ'իրականացուին միջազգային թռիչքներ դէպի Ասիա, Եւրոպա եւ Ափրիկէ։ 2012-ին ընկերութիւնը համաձայնագիր մը կնքած է «Sky Team» ընկերութեան հետ։ Բացի ատկէ, մերձաւոր արեւելքի Միջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը անդամ է օդային փոխադրամիջոցներու միջազգային ընկերութեան եւ արաբական օդանաւային ընկերութիւններու կազմակերպութեան հետ։ 2009-ին ընկերութեան եկամուտը կազմած է 100 միլիոն Ամերիկեան տոլար, ինչ որ օդանաւային ընկերութիւնը դարձուցած է աշխարհի 18-րդ լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւնը։[1]
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄիջին Արեւելքի Օդանաւային ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1945-ին Սաէպ Սալամի աջակցութեամբ, եւ իր առաջին թռիչքը իրականացուցած է 1946-ին, Պէյրութէն Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիա: Ընկերութեան թռիչքները կ'իրականանային De Havilland Dragon Raptide օդանաւերուն միջոցով։ Թռիչքներ կ'իրականան նաեւ դէպի Եգիպտոս եւ Սուրիա:
1946-ին ընկերութիւնը կ'արտադրէ Douglas DC-3 ոճի օդանաւեր։
1965-ին կ'որոշեն ընկերութեան տալ նոր անուանակոչում՝ Middle East Airlines, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի։
2014-ին ընկերութիւնը թռիչքներ իրականացուցած է դէպի Յունաստան, Պելճիքա, Դանիա, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Կիպրոս, Զուիցերիա, Թուրքիա, Նիճերիա, Կանա, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Յորդանան եւ Եգիպտոս։
Արաբ-իսրայէլական պատերազմ
Խմբագրել1967-ին Արաբ-իսրայէլական պատերազմի ընթացքին, ընկերութիւնը ստիպուած էր կասեցնել իր բոլոր թռիչքները։
1968-ին ընկերութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Սակայն 1969-ին American Airlines-ը կ'աջակցի ընկերութեան եւ ընկերութիւնը կը վերսկսի իր բոլոր թռիչքները։ Այսպիսով, ընկերութիւնը 1975-ին ձեռք կը բերէ Boeing 747-200B օդանաւը եւ կ'իրականացուին թռիչքներ Լիբանանէն դէպի Լոնտոն։
Օդանաւային ընկերութիւնը վերականգնումի ընթացքին
Խմբագրել- 1990-ի սկիզբը, ընկերութիւնը կը սկսի աստիճանաբար վերադառնալ իր բնականոն շահագործումին եւ վերականգնել իր թռիչքները։
- 1993-ին ընկերութիւնը ձեռք կը բերէ Airbus A310-300 օդանաւը, որ ապագային կը փոխարինուի Airbus A320-ի։
- 1977-ին ընկերութիւնը վնասներ կը կրէ։ Ընկերութեան տարեկան կորուստները կը կազմեն 87 մլն. տոլար։
- 2005-ին ընկերութիւնը կը ստանայ 46 մլն. տոլար եկամուտ։
- 28 Յունիս 2012-ին Middle East Airlines-ը պաշտօնապէս կը միանայ SkyTeam ընկերութեան։[2]