Ջրպետ Յակոբ Շահան

Ջրպետ Յակոբ Շահան (Ջրպետեան, ֆրանսերէն՝ Jacques Chahan de Cirbied, 16 Փետրուար 1772, Եդեսիա[2] - 5 Դեկտեմբեր 1837, Թիֆլիս[3][4]), հայ մատենագիր, քերական:


Ծնած է 16 Փետրուար 1772
Ծննդավայր Եդեսիա
Մահացած է 5 Դեկտեմբեր 1837
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն Լեզուաբան
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ
Վարած պաշտօններ Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Եդեսիոյ մէջ։ 1787-ին կը մեկնի Կիլիկիա, Ասորիք, ապա՝ Երուսաղէմ:

1789-ին կ'անցնի Հռոմ, ապա՝ Ֆլորանս, Լիվոռնօ, ու կը հաստատուի Ճենովա[4]:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1798-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը ծանօթանայ Նափոլէոն Պոնափարթի հետ: Պոնափարթի հրաւէրով ան բնակութիւն կը հաստատէ Ֆրանսայի մէջ եւ աշխատանքի կը հրաւիրուի Փարիզի արքունիքի մատենադարանէն ներս: Նոյն տարին Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու բարձրագոյն դպրոցէն ներս հայոց լեզուի ամպիոն մը կը հիմնէ[2]:

1799-1801-ին հայոց լեզու կը դասաւանդէ, 1811-26-ին վերջնականապէս կը հաստատէ հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը նոյն դպրոցէն ներս[4]:

1826-ին կը հրաւիրուի Թիֆլիս, կը դասաւանդէ Ներսիսեան, ապա՝ իր հիմնած մասնաւոր դպրոցներէն ներս[4]:

Ան կը մասնակցի հայ եկեղեցւոյ համար մշակուած կանոնակարգի՝ «Փոլոժենիէ»ի (1836) ստեղծման աշխատանքներուն[3]:

Կը մահանայ Թիֆլիս, 5 Դեկտեմբեր 1837-ին:

  • 1812-ին՝ Փարիզ, ֆրանսերէնով ու հայերէնով, ծանօթագրութիւններով լոյս կ'ընծայէ Մատթէոս Ուռհայեցիի «Պատմութիւն»էն երկու հատուած,
  • 1824-ին՝ յունարէն, գրաբար եւ ֆրանսերէն լեզուներով «Քերականութիւն Դիոնէսիոսի Թրակացւոյ...» աշխատութիւնը,
  • 1829-ին՝ Ներսէս Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» բանաստեղծութիւնը,
  • 1823, ֆրանսերէն վերնագիրը՝ «Հայոց լեզուի քերականութիւն» դասագիրքը (գրած է Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման համար)[4]:

Ան որոշակի դեր կը կատարէ Եւրոպայի մէջ հայոց լեզուն ուսումնասիրելու եւ հայագիտութիւնը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս, որպէս առանձին գիտական առարկայ, դասաւանդելու գործին մէջ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Աղայեան, Է., Բ., Հայ Լեզուաբանութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Ե., 1958:
  • Ջահուկեան Գ. Բ., Գրաբարի Պատմութիւն (17-19 դարեր), Ե., 1974: