Եկեղեցւոյ Հայրեր

Եկեղեցւոյ հայրեր, առաքինազարդ կեանքով ու վարքով հռչակուած անձնաւորութիւններ, որոնք եկեղեցւոյ կողմէն դասուած են սուրբերու կարգին եւ ճանչցուած՝ իբրեւ հաւատքի հիմնական սկզբունքներու ճշմարիտ եւ ուղղափառ երաշխաւորներ, Սուրբ Գիրքի հեղինակաւոր մեկնիչներ ու աւանդապահներ, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած եւ եկեղեցական նուիրապետութեան պատասխանատու դէմքեր։ Արդի իմաստով եկեղեցական հայր հասկացութիւնը առաջին անգամ օգտագործած է Վիկենտիոս Լիրինացին (5-րդ դար)։ Ան Եկեղեցական հայրերը տարբերակած է եկեղեցական գրողներէն եւ եկեղեցական գրող կոչուած է քրիստոնէական այն մատենագիրներէն, որոնք չունին կեանքի սրբութիւն եւ ուղղափառ վարդապետութիւն։ Հայրաբանութեան համար եկեղեցական հայրերը եկեղեցական գրողներ են, որոնց ձգած գրական ժառանգութիւնը կը կազմէ հայրաբանական գրականութիւնը։

Չափանիշեր

Խմբագրել

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ

Խմբագրել

Կաթոլիկ աստուածաբանները «Եկեղեցական հայրեր» կը կոչեն միայն այն հայրապետները, որոնք իրենց կեանքի եւ գործունէութեան մէջ միացած են չորս անհրաժեշտ պայմաններու՝

  1. Ուղղափառ դաւանանք,
  2. Կեանքի սրբութիւն,
  3. Ճանաչում եկեղեցւոյ կողմէ,
  4. Հնութիւն (վաղեմութիւն)։

Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ

Խմբագրել
 
Յիսուս Քրիստոս, VI դարու սրբապատկեր Սուրբ Կատարինէի վանք, Սինա Լեռան ստորոտը

Ուղղափառ հայրաբանները, որոշ վերապահումներով ընդունելով 1-3 կէտերը, կը մերժեն 4-րդ կէտի անհրաժեշտութիւնը, այն հիմնական փաստով, թէ եկեղեցին ապրած է եւ կ'ապրի հայրերով եւ որ եկեղեցական հայրեր գոյութիւն ունեցած են բոլոր ժամանակներուն եւ պիտի ծնին ապագային ալ, այնքան ժամանակ, որքան Սուրբ Հոգին շարունակէ հովանաւորել Քրիստոսի երկրային եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ հայրեր

Խմբագրել
 
Երուսաղէմ

Ժամանակի ընթացքին քրիստոնէական եկեղեցին եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն կազմած է փոքր խումբ մը՝ եկեղեցւոյ մեծ հայրեր, եկեղեցւոյ վարդապետներ անուանումներով։ Արեւելքի չորս մեծ հայրերն են Աթանաս Ալեքսանդրացին, Բարսեղ Կեսարացին, Յովհան Ոսկեբերանը եւ Կիւրեղ Ալեքսանդրացին։ Արեւմտեան եկեղեցին եւս կը ճանչնայ համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող Արեւելքի այս չորս մեծ հայրապետները։ 800-ական թուականներուն Յովհաննէս Վանականը Ամբրոսիոսին, Օգոստինոսին, Հերոնիմոսին եւ Գրիգոր Մեծին համարած է աշխարհի եւ կրօնական գիտութիւններու մեծագոյն իմաստուններ, իբրեւ դրախտի չորս մեծ գետերը։ 11-րդ դարէն սկսեալ արեւմուտքի մէջ այս չորսը կը կոչուին եկեղեցւոյ վարդապետներ, իսկ Բոնիփատիոս VIII պապը 1296-ին զանոնք դասակարգած է առաքեալներէն անմիջապէս յետոյ եւ կոչած՝ եկեղեցւոյ նշանաւոր վարդապետներ։

Երուսաղէմ

Խմբագրել

Յետագային պապական յատուկ որոշումներով եւ հռչակումներով, Հռոմի եկեղեցւոյ վարդապետներու կարգին դասուած են նաեւ Թովմա Աքվինացին, Բոնավենտուրասը, Ֆրանցիսկոս Սալեցին եւ ուրիշներ, իսկ արեւելեան հայրերէն, բացի արեւելքի չորս մեծ հայրերէն, նաեւ Եփրեմ Ասորին, Կիւրեղ Երուսաղէմացին, Գրիգոր Նազիանզացին եւ Յովհան Դամասկացին։ Հայ եկեղեցին ունի եկեղեցական հայրերու եւ եկեղեցւոյ վարդապետներու ցանկ մը «երկոտասան վարդապետք» անունով, որ արեւելեան եւ արեւմտեան քրիստոնէական մտածողութիւններու համադրութիւնն է։ Անկէ ընդգրկուած են ընդհանրական եկեղեցւոյ հինգ տիեզերական աթոռներու՝ Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի, Երուսաղէմի, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Հռոմի, ինչպէս նաեւ Աթէնքի, Կեսարիայի, Կիպրոսի մեծահռչակ հայրապետները։ Հայ եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած այդ հայրերն են Ռէթէոս Աթենացին (Ա. դար, Աթէնքի հայրապետ), Սեղբեստրոսը (3-րդ դար, Հռոմի հայրապետ), Աթանաս Ալեքսանդրացին, Կիւրեղ Երուսաղէմացին, Եփրեմ Ասորին, Բարսեղ Կեսարացին, Գրիգոր Նիւսացին, Գրիգոր Նազիանզացին, Եպիփան Կիպրացին, Յովհան Ոսկեբերանը եւ Կիւրեղ Ալեքսանդրացին (Հայ եկեղեցին անոնց յիշատակը կը նշէ Հոկտեմբերի վերջին շաբաթ օրը)։

Մեսրոպ Մաշտոց

Խմբագրել
 
Մեսրոպ Մաշտոց

Հայկական շարք մը ձեռագրերուն մէջ (Մատենադարան, ձեռ. դդ 605, 625 եւլն.) Աթանաս Ալեքսանդրացին, Կիւրեղ Երուսաղէմացին, Բարսեղ Կեսարացին եւ Գրիգոր Նազիանզացին (Աստուածաբան) անուանուած են «գլուխ երկոտասան վարդապետաց» կամ «գերագոյնք» վարդապետներ։ Համաքրիստոնէական հայրերու այս ցանկին հայոց տօնացոյցը աւելցուցած է նաեւ զուտ հայ վարդապետներու եւ հայրերու ցանկ մը՝ «թարգմանիչ վարդապետք» անուան ներքեւ, որոնք են Մեսրոպ Մաշտոցը, Եղիշէն, Մովսէս Քերթողը, Դաւիթ Անյաղթը, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Յովհաննէս Գ. Օձնեցին, Յովհան Որոտնեցին եւ Գրիգոր Տաթեւացին: Հայ եկեղեցւոյ Ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ կայ օտար ու հայ՝ եկեղեցւոյ վարդապետներու այլ ցանկ մը, որուն մեջ մտած են Տօնացոյցի 12 վարդապետները, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Սքանչելագործը եւ Յակոբ Մծբնացին։ Մաշտոցի ցանկէն դուրս մնացած են Գրիգոր Նարեկացին եւ Ներսէս Շնորհալին։ Թարգմանիչ վարդապետներէն կը յիշեն Սահակ Ա. Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը։ Ըստ Մաշտոցի, հայ եկեղեցւոյ վարդապետներն են Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչը, «որդիք եւ թոռունք Լուսաւորչի», Յովհաննէս Գ. Օձնեցին, Յովհան Որոտնեցին եւ Գրիգոր Տաթեւացին։ Համադրելով Տօնացոյցի եւ Ձեռնադրութեան Մաշտոցի տուեալները՝ կը կազմուի հայ եկեղեցւոյ վարդապետներու ու հայրերու ցանկ մը՝ Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչ, «որդիք եւ թոռունք Լուսաւորչի», Սահակ Ա. Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Եղիշէ, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Յովհան Որոտնեցի եւ Գրիգոր Տաթեւացի։ Թովմա Մեծոփեցին վարդապետներու թիւին մէջ կը յիշէ նաեւ Ստեփանոս Սիւնեցին, որ, սակայն, չի մտներ Տօնացոյցին մէջ։ Ընդհանրական եկեղեցւոյ «երկոտասան վարդապետներէն» եւ եկեղեցական հայրերէն բացի, հայ եկեղեցին սուրբերու կարգին դասուած է նաեւ Առաքելական հայրեր ընդհանուր անունով յայտնի, I–II դդ. երեք հայրապետները՝ Կղեմէս Հռոմէացին կամ Հռոմայեցին (յիշատակը կը նշուի Յիսնակաց առաջին Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը), Իգնատիոս Անտիոքացին (յիշատակը՝ Յիսնակաց չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Երկուշաբթի օրը) եւ Պողիկարպոս Զմիւռնացին (յիշատակը՝ Յիսնակաց երրորդ Կիրակիին յաջորդող Երեքշաբթի օրը)։ Միւս եկեղեցիներու համար Առաքելական հայր կը համարուին նաեւ Պառնապասը, Հերմասը եւ Պապիասը (երեքն ալ՝ Բ. դ.)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։