Լիպարիտ Նազարեանց
Լիպարիտ Նազարեանց (1868, Ստեփանաւան, Թիֆլիսի գաւառ, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 23 Սեպտեմբեր 1947, Եգիպտոս), լրագրող, իրաւաբան, լեզուագէտ, հրապարակագիր, բանաստեղծ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Լիպարիտ Նազարեանց | |
---|---|
Ծնած է | 1868 |
Ծննդավայր | Ստեփանաւան, Թիֆլիսի գաւառ, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 23 Սեպտեմբեր 1947 |
Մահուան վայր | Եգիպտոս |
Ուսումնավայր |
Մոսկուայի կայսերական համալսարան Համպոլտթ Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, իրաւաբան, լեզուաբան, հրապարակախօս |
Աշխատավայր |
Ազատամարտ Հայաստան (թերթ, Փլովտիւ) |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Ջալալ Օղլի, Լոռի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանին մէջ, որմէ ետք աւարտած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը. ապա` 1901-ին Պերլին, ուր համալսարանին մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան:
Եւրոպայի մէջ թղթակցած է ռուսական եւ գերմանական թերթերու: Երբեմն հանդէս եկած է Ռ. Լեռնեան ստորագրութեամբ:
1905-ին Լիպարիտ Եւրոպայէն անցած է Պաքու, ապա` Թիֆլիս, մասնակցած է ՀՅԴ-ի գործօն կեանքին, ուր ստանձնած է «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը:
Օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն մեկնած է Պոլիս եւ նոր հրատարակուած Դաշնակցութեան օրկան «Ազատամարտ»-ի խմբագիրներէն մէկը դարձած է:
Պալքանեան պատերազմի նախօրէին Լիպարիտ լրագրողի պաշտօնով այցելած է Մակեդոնիա, ապա` Պուլկարիա:
Եւրոպական պատերազմի սկզբնաւորութեան Լիպարիտ Նազարեանց Գերմանիա եղած է, ապա, 1914 Դեկտեմբերի վերջը Պոլսոյ գերման դեսպանին հաւանութեամբ Լիպարիտին անցագիր յանձնուած է, եւ ան Պերլինէն Պոլիս անցած է:
30 Մարտ 1915-ին Լիպարիտ անցած է Սոֆիա, ապա Պերլին` Հայեւգերման ընկերակցութեան զեկոյց տալու: Այնուհետեւ, վերստին Սոֆիա մեկնելով` ստանձնած է «Հայաստան» թերթին խմբագրութիւնը: Սոֆիա մնալով` յարաբերութեան մէջ մտած է Պերլին գտնուող բժիշկ Լեփսիուսի հետ, որուն տեղեկացուցած է հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մասին:
Լիպարիտ կարճ ժամանակ մը եղած է Ռուսիա:
1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով, աշխարհի չորս կողմ նշանակուած են դիւանագիտական ներկայացուցիչներ: Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Լիպարիտ նշանակուած է գործակից եւ խորհրդական` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլտի (մօրը կողմէ հայ), 1919-1920 թուականներուն: Լիպարիտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վարած է Պերլինի եւ Մոսկուայի Քերենսքիի, ապա Թրոցքիի կառավարութիւններու հետ:
Լոզանի խորհրդաժողովին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ հրատարակուած ֆրանսերէն քանի մը հրատարակութիւններու պատրաստութեան մէջ Լիպարիտ եւս բերած է իր աջակցութիւնը Փարիզի մէջ:
1928-ին անցած է Եգիպտոս։ Գահիրէի մէջ մնայուն աշխատակից դարձած է «Յուսաբեր»-ի, իսկ աւելի ետք` խմբագրութեան անդամ, նոյն ատեն անհատական դասեր տուած է գերմաներէն, ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներու, ինչպէս նաեւ` երաժշտական[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին»։ aztag19.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-01