Հայ Գրականութիւնը Կիլիկեան Շրջանին

Հայ Գրականութիւնը Կիլիկեան Շրջանին

Միջավայրը

Խմբագրել

Հայ գրականութիւնը իր ժողովուրդին հետ գաղթեց Կիլիկիա. Մեծ Հայաստանի մէջ մնացին թիւով քիչ ներկայացուցիչներ: Կիլիկիան աւելի նպաստաւոր միջոցներ ստեղծեց հայ գրողին համար: Կիլիկեցի գրողը գաղափարի, ոճի եւ նիւթի կենսական փոփոխութիւն կրեց՝ ազդուելով ծովէն, եւրոպացիներէն եւ ապրելակերպի նոր պայմաններէն: Ռուբինեան եւ Հեթումեան թագաւորները, յատկապէս Լեւոն Բ.ը, դրամական եւ բարոյեական օգնութեամբ եղան իսկական մեկենասներ:

Գրականութեան նիւթն ու ձեւը

Խմբագրել

Կիլիկեան գրողները թէպէտ չկրցան իրենց օգտագործած լեզուով հասնիլ ոսկեդարեան գրաբարի գեղեցկութեան, սակայն անոնք լեզուն բաւական մաքուր էր: Այս գրականութիւնը թէպէտ մեծ մասով կրօնական նիւթեր կը շօշափէ, սակայն հեղինակները մեծ ուշադրութիւն դարձուցին, որ արդիական նիւթեր եւս մշակուին։ Այսպէ, ունեցանք առակագիրներ, բանաստեղծներ, իրաւագիտութեամբ զբաղողներ, բժշկագիրներ: Գրելու ձեւը եւս փոխուեցաւ, ջանք կը գործադրուէր գրել աւելի ճշգրիտ ու պարզ, ինչպէս Ոսկեդարուն: Կիլիկեան շրջանի գրականութիւնը շատ աւելի հարուստ եղաւ նիւթերու զանազանութեամբ, քան՝ Ոսկեդարունը։ Կիլիկիոյ մէջ գրաբարին զուգահեռ սկսաւ զարգանալ ժողովրդակախօսակցական լեզուն։ Այս նոր լեզուով գրողները մասնաւորապէս կը գրէին առակներ, գիտական երկեր եւ քերթուածներ:

Գրական կեդրոններ

Խմբագրել

Ինչպէս Մեծ Հայաստանի, նոյնպէս եւԿիլիկիոյ մէջ գրականութիւնը ծաղկեցաւ վանքերու հովանիին տակ: Գրական մեծ օճախներ եղան Հռոմկլա, Դրազարկ, Արքայակաղնի, Սկեւռա, Գռներ, Ակներ վանքերն ու հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնները: Այսօր մեզի հասած ձեռագիրներուն մեծ մասը եկած են Կիլիկեան գրականութեան դարաշրջանէն:

Կիլիկեան շրջանը նշանաւոր եղած է նաեւ մանրանկարչութեամբ: Այս արուեստին ամէնէն մեծ վարպետներն էին Կոստանդին, Թորոս Ռոսլին եւ Սարգիս Պիծակ։

Հեղինակներ

Խմբագրել
  1. Գրիգոր Մագիստրոս, Գրած է կարեւոր նամակներ, կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ: Իր որդին՝ Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսը, գրած է սուրբերու վարքեր եւ յիշատակարաններ:
  2. Ս. Ներսէս Շնորհալի, (1102-1173, Ծովք դղեակի), եղաւ եկեղեցական բանաստեղծ, զարդարեց Շարակնոցը բազմաթիւ ոտանաւորներով, ինչպէս «Առաւոտ Լուսոյ», «Աշխարհ Ամենայն», «Զարթիքները», «Նայեաց Սիրով», «Այսօր Անճառ», «Նորահրաշ Պսակաւոր» (Վարդանանց շարականը): Նաեւ գրած է «Յիսուս Որդի», «Ողբ Եդեսիոյ», «Ընդհանրական Թուղթ», ինչպէս նաեւ՝ ներբողներ, մեկնութիւններ ու հանելուկներ:
  3. Ս. Ներսէս Լամբրոնացի, (1153-1199), 23 տարեկանին ան դարձաւ Տարսոնի արքեպիսկոպոս: Թագաւորներու կողմէ յաճախ պատգամաւոր ուղարկուեցաւ Պոլիս, Կիպրոս: Գրած է ճառեր, մեկնութիւններ, թուղթեր, քերթուածներ: Նշանաւոր է իր՝ «Պատարագի Մեկնութիւնը»:

Կիլիկեան ուրիշ հեղինակներ

Խմբագրել

Այս հեղինակներէն զատ Կիլիկիա տուած է բազմաթիւ այլ գրողներ, ինչպէս՝

Մեծ Հայաստանի Հեղինակներ

Խմբագրել

Նշանաւոր եղան՝

Աղբիւր

Խմբագրել
  • «Պատմութիւն Հայոց», 5, Էջ 305, 306, 307, 308։