Նորք (գրական հանդէս)

«Նորք», գրական-գեղարուեստական, տեսական-քննադատական ամսագիր։ Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակութիւն։

Նորք
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս կը տեսնէ 1933 թուականէն Երեւանի մէջ (1933-1940 թուականներուն կոչուած է «Խորհրդային գրականութիւն», 1940-1943 եւ 1955-1988 թուականներուն՝ «Սովետական գրականութիւն», 1943-1955 թուականներուն՝ «Սովետական գրականութիւն եւ արուեստ»)։ «Վերելք» եւ «Նոր ուղի» գրական հանդէսներու շարունակութիւնն է։

Ականաւոր խմբագիրներէն եղած են՝ Յարութիւն Մկրտչեան, Նորայր Դաբաղեան, Հմայակ Սիրաս, Ռուբէն Զարեան, Էդուարդ Թոփչեան, Յովիկ Մելիքեան, Սողոմոն Սողոմոնեան, Հրաչեայ Քոչար, Վազգէն Մնացականեան, Էդուարդ Ջրբաշեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Հրաչեայ Յովհաննիսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Ֆելիքս Մելոյեան (1998-էն)։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Սկզբնական շրջանին ամսագիրը շօշափած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ գրականութեան, գրական լեզուի մաքրութեան, հին շրջանի գրականութեան արժէքաւորման խնդիրներ, ներկայացուցած է ռուս եւ խորհրդային միւս ժողւուրդներու գրականութեան ընտիր էջերը։ Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն ամսագրին մէջ տպագրուող ակնարկներու, պատմուածքներու, նովելներու, չափածոյ գործերու, հրապարակախօսական յօդուածներու հիմնական թեման դարձած են հայրենիքի պաշտպանութիւնը, թիկունքի հերոսական աշխատանքը, ԽՍՀՄ, ժողովուրդներու անխախտ բարեկամութիւնն ու եղբայրուիւթնը, հայ ռազմիկներու սխրանքը։

1943-1955 թուականներուն «Սովետական գրականութիւն եւ արուեստ»-ը լուսաբանած է կերպարուեստի, երաժշտութեան, թատրոնի, ճարտարապետութեան հարցերը, կուլտուր-լուսաւորական հիմնարկներու աշխատանքը։ Հանդիսանալով հանրապետութեան ամենախոշոր գրական հանդէսը, «Սովետական գրականութիւնը» զգալի դեր կատարած է սովետահայ գրականութեան զարգացման գործին մէջ։ ժամանակակից արձակին, դրամատուրգիային, պոեզիային, հայ գրաքննադատութեան, գրական լեզուին, երիտասարդական պոեզիային նուիրուած բանավէճերը, գրական ընթացիկ խնդիրներուն վերաբերող տեսական-քննադատական յօդուածները կ՚օգնեն ճիշտ որոշել գրական ընթացքի յետագայ ուղիները, հայ սովետական գրողներուն առաջադրել նոր ծրագրեր։

Ամսագրին մէջ կը տպագրուին վէպեր, վիպակներ, պատմուածքներ, ակնարկներ, պօէմներ, բանաստեղծութիւններ, պիեսներ, գրախօսութիւններ, հրապարակախօսական յօդուածներ, յուշագրութիւններ, հայ դասականներու նամակներ ու անտիպ գործեր, արխիւային նիւթեր, լուրեր, «Եռաժանի» խորագրով՝ երգիծանք եւ հումօր։ Զգալի տեղ կը յատկացուի սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութեանը։ Սովետական գրականութիւնը կանոնաւորապէս կը ներկայացնէ երիտասարդ գրողներուն, կ՚օգնէ անոնց գրական աճին ու հասունացման։

Ամսագիրը իր էջերը տրամադրած է նաեւ այլ ժողովուրդներու գրականութեան։

Ամսագրին մէջ լոյս տեսած հեղինակներ

Խմբագրել
 
Ուիլիըմ Սարոյեան

Տարբեր ժամանակներու լոյս տեսած են Ալեքսանտր Պուշկինի, Լէօ Թոլսթոյի, Նիկոլա Կոկոլի, Տարաս Շեւչենկոյի, Անթոն Չեխովի, Մաքսիմ Գորկիի, Միխայիլ Շոլոխովի, Իլիա Էրենպուրկի, Ա․ Սապիրի, Կոնստանտինէ Կամսախուրտիայի, Ի. Տրիշաշուիլիի, Իւան Ֆրանկոյի, Չինքիզ Այթմատովի, Էտուարտաս Մեժելայտիսի, Ռասուլ Համզաթովի եւ ուրիշներու գործերը։ Ընթերցողին ներկայացուած են նաեւ Ռոմէն Ռոլանի, Լուի Արագոնի, Ն․ Տիքմեթի, Անրի Բարբիւսի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

Ամսագրին մէջ լոյս տեսած հայ հեղինակներ

Խմբագրել

Ամսագիրը նշանակալի աւանդ ունի Ուիլիըմ Սարոյեանի երկերը հայերէն ներկայացնելու գործին մէջ։ Տարբեր տարիներու ամսագրի խմբագրական կազմի աշխատանքներուն աջակցած են Ալեքսանդր Շիրուանզադէն, Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Մկրտիչ Արմէնը, Աւետիք Իսահակեանը, Ստեփան Զօրեանը, Հրաչեայ Քոչարը, Պարոյր Սեւակը, Վիգէն Խեչումեանը, Յովհաննէս Շիրազը, Վախթանգ Անանեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Գէորգ Էմինը, Սերօ Խանզադեանը, Վահագն Դաւթեանը, Հրանտ Մաթեւոսեանը, Ա․ Ինճիկեանը, Սուրէն Աղաբաբեանը, Վ․ Մնացականեանը, Տ․ Թամրազեանը եւ ուրիշներ։ Ամսագրի էջերուն մէջ լայն տեղ յատկացուած է պատմահայրենասիրական գործերուն («Վարդանանք», «Պապ թագաւոր» եւ այլն)։ Աւետիք Իսահակեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Ստեփան Զօրեանի, Մարիետա Շահինեանի, Նայիրի Զարեանի, Գեղամ Սարեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Հրաչեայ Քոչարի եւ ուրիշներու բոցաշունչ խօսքը ոգեւորած ու համախմբած է հայ աշխատաւորութեան, անոր մէջ ամրապնդած խոր հաւատ վերջնական յաղթանակի նկատմամբ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։