Սասունցի Մուշեղ

Սասունցի Մուշեղ (կամ Խմբապետ Մուշեղ)․ աւազանի անունով՝ Մուշեղ Աւետիսեան (1887, Արսըք գիւղ, Խեանք, Սասուն19 Մարտ 1956, Պէյրութ)։ Ազգային գործիչ, ֆետայի։

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Առաջին տարիներ

Խմբագրել

Սասունցի Մուշեղ ծնած է Տարօն․ Սասնոյ Խեանք շրջանի Արսըք գիւղը։ Պատանեկան տարիները կ՛ անցնէ Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը, ուր կ՛ աւարտէ Ժառանգաւորաց Վարժարանը։ Անմիջապէս կը միանայ Գէորգ Չաւուշի խումբին իբրեւ կռուող եւ սուրհանդակ։ Թրքական հետապնդուներէն կը յաջողի փախչիլ եւ Թիֆլիս կ՛ ապաստանի մինչեւ 1908։ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ կ՛ անցնի Տիգրանակերտ եւ կը լծուի տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին։ Միաժամանակ, կը մասնակցի Հ․Յ․Դ․ Դուրան Բարձրաւանդակի Կ․Կ․ գործերուն։

1915 – 1918 տարիներ

Խմբագրել

1915-ին Տալւորիկի շրջանին հրամանատարն է եւ կը պաշտպանէ Սասնոյ հարաւային ճակատները։ Սեպտեմբերին, Ռուբէնի, Սասունցի Մանուկի, Կոմսի եւ ուրիշներու հետ Կովկաս կ՛ անցնի։

1916-ին, ռուսական զօրքերուն եւ հայ կամաւորական ջոկատներուն հետ կը վերադառնայ Մուշ եւ Խնուս։ Սասունցի Մանուկին, Չոլոյի եւ Մօրուք Կարապետին հետ կը ձեռնարկեն հայ որբերու ազատագրման։

1918 Յունուարին, Խնուսի գունդին հրամանատարն է։ Կռուելով իր ուժերուն հետ Ապրիլին կ՛ անցնի Արարատեան դաշտ։ Սասուցի Մանուկին հետ Տարօնցի մարտիկները կ՛առաջնորդեն Արագածի լանջերուն, ուր կը տեղաւորեն Տարօնի գաղթականները։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

Խմբագրել

Սասոունցի Մուշեղ կը մասնակցի Մայիսեան ազատագրական կռիւներուն եւ ապա կ՛ անցնի Լեռնահայաստան, ուր կը միանայ պաշտպանողական ուժերուն եւ կը պահպանէ շրջանի բնակչութիւնը թաթարական յարձակումներէն։ Իրն ջոկատով, կը մասնակցի նաեւ Մայիսեան ապստամբութեան զսպման։

1920-ին կը նշանակուի Շիրակի նահանգի ոստիկանապետ։

Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն է, իսկ Ապրիլին կը ստիպուի լքել Հայաստանը եւ արտասահման կ՛ անցնի։ Կը հաստատուի Յունաստան (տե՛ս Քոքինիոյ Հայկական գաղութը․ Պատմական անդրադարձ [1]) եւ 1930-ին կը փոխադրուի նախ Հալէպ եւ ապա Պէյրութ։

Պէյրութ, տարիներ կը տառապի անբուժելի հիւանդութենէ եւ աչքերը կը փակէ 19 Մարտ, 1956-ին։ Կը կատարուի ազգային յուղարկաւորութիւն։

[2]

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ամէնուն Տարեգիրքը, Կարօ Գէորգեան, 1957

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել