Քերքիրա (կղզի)
Քերքիրա (յուն․՝ Κέρκυρα) կամ՝ Քորֆու (Corfou), Յոնիական կղզիներ, Յունաստան։ Մայրաքաղաքն է Քերքիրա։ Յունաստանի հիւսիսային եւ արեւմտեան մասի ամենամեծ կղզիներէն։ Օտարները զայն Քորֆու կ՛անուանեն։ Յոնիական կղզիներուն աշխարհաքաղաքացի կղզին։
Կղզի | |
---|---|
Քերքիրա | |
յուն․՝ Κέρκυρα | |
Երկիր | Յունաստան[1] |
Տարածութիւն | 626 քմ² |
Բնակչութիւն | 100 854 մարդ (2011) |
Կը գտնուի ափին | Յոնիական ծով |
Ժամային գօտի | UTC+2 եւ UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 490 82, 490 83, 490 84, 491 00 |
Սուրբ բարեխօս | Սուրբ Սփիրիտոնաս |
Պաշտօնական կայքէջ | kerkyra.gr |
Բնակչութեան թիւն է՝ 104 371։
Կղզին, Յոնիական Ծովուն յաճախակի զօրաւոր երկրաշարժներէն՝ ինչպէս օրինակ՝ 1953-ին, շատ չի տուժեր․ մեծ աւերներ չունենար։ Այդպէս կը պահպանէ կղզիին հմայքը պատճառող Վենետիկեան Հանրապետութեան ընթացքին եղած ճարտարապետութեան շինութիւնները, որոնք ճոխացած են ֆրանսական եւ անգլիական ազդեցութիւններէն։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԿը գտնուի Ատրիաթիկ Ծովուն մուտքին եւ շատ մօտ է արեւմտեան Յունաստանի Իփիրոս շրջանի ափերուն։ Նաեւ, անոր հիւսիս-արեւմտեան ափերը Ալպանիոյ յունաբնակ Այիուս Սարանտա քաղաքէն հազիւ 2 քլ․ հեռու են։
Քերքիրան կը բաղկանայ երեք քաղաքապետութիւններէ՝ Օթոնի, Էրիքուսա եւ Մաթրաքի։
Անոր կլիման Միջերկրականեան է։ Ամառները տաք եւ չոր, իսկ ձմեռները պաղ եւ անձրեւոտ։
Լեռնային կղզի է 592 ք․քմ․ տարածութեամբ։ Երկարաձեւ է․ հիւսիսային մասը լայն, իսկ հարաւային մասը նեղ։ Ամենաբարձր գագաթներն են Փանտոքրաթորա (914 մ․) եւ Սթրաւոսքիատի (849 մ․)։ Կղզին կը ճեղքեն փոքր գետեր, ինչպէս՝ Մեղալոփոթամոս, Թիֆլոս, Մեսօղիս։ Ամենամեծ լիճն է Քորիսէա կամ Քորիսիօն, 4 ք․քմ․ տարածութեամբ։
Պատմական անդրադարձ
ԽմբագրելՔ․ա․ 2-րդ հազարամեակէն մինչեւ Քրիստոնէութեան քարոզումը
ԽմբագրելՔերքիրայի մասին հնագոյն արձանագրութիւնը կը գտնենք Միկինեան շրջանին, Ք․Ա․ 1300, (Գծային Բ․ նախնայունարէնով գրուած)։ Սթրապոնի գրութիւններուն մէջ, Քերքիրան Հոմերոսի Ոդիսական դիւցազներգութեան Սհերիա (Ֆէաքիներուն կղզին Νήσος των Φαιάκων) կղզին է, որուն բնակիչները ծանօթ էին իբրեւ Ֆէաքես։ Թուքիտիտիս պատմաբանը ասի կը հաստատէ․ «..ἐπαιρόμενοι καὶ κατὰ τὴν Φαιάκων προενοίκησιν τῆς Κερκύρας...»։
Ըստ Սթրապոնի, կղզիին բնակիչները Լիվուրնիներն էին (Իլլիրայի ժողովուրդներէն)։ Ք․Ա․ 735-ին, Կորնթոս քաղաք պետութիւնը առաջինը կ՛ըլլայ հոն գաղթօճախ հաստատելու․ սակայն Կորնթոսցիները, ուր որ գաղթօճախ կը հիմնեն, կ՛անկախանան Կորսնթոս մայր քաղաքէն եւ նոյնիսկ անոր հետ կը թշնամանան։ Ք․Ա․ 734-ին Էրեթրիայէն բնակիչներ (Էվիա կղզիին արեւմտեան ափեր) Քերքիրա կը հաստատուին։
Կղզիին գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն է թէ ան կը գտնուի Յունաստանի եւ Մեծ Յունաստանի* Μεγάλη Ελλάδα - Magna Grecia միջեւ։ Նաեւ անոր բարեբեր հողերը կղզիին զարգացման մեծ ներդրում ունեցած են։
- Մեծ Յունաստան․ Իտալիոյ հարաւի հսկայ տարածքը, ուր հին յոյները գաղթօճախներ կը հաստատեն Դրոյեան պատերազմի շրջանէն իսկ սկսեալ։
Ք․Ա․ 7-րդ դարասկիզբին, Կորնթոսցի գաղթականներուն եւ Կորնթոս մայր քաղաքին միջեւ առաջին գլխաւոր կռիւը տեղի կ՛ունենայ (Թութիտիտիս պատմութիւն, Ք․Ա․ 665)։ Կը վերջանայ Կորնթոսի յաղթանակով։
Պարսիկներուն երկրորդ արշաւանքին ընթացքին Ք․Ա․ 480-479, Քերքիրացիները կը միանան Յունաստանի տարածքին քաղաք-պետութիւններուն եւ կը մասնակցին 60 նաւերով։ Ու քիչ ժամանակ ետք, Աթէնքի օգնութեամբ կը կռուին Կորնթոսի դէմ Տիրախիօ Δυρράχιο (ալպաներէն՝Durrës)՝ այժմ Ալպանիոյ նաւահանգիստ, քաղաքին հսկողութեան համար։ Այս կռիւը, Պելոպոնեսեան Պատերազմին բռնկման գլխաւոր պատճառներէն է։
Երբ Աթենացիները Սիցիլիա կ՛արշաւեն, Ք․Ա․415 -413, Քերքիրան անոնց մատակարարման խարիսխը կը դառնայ։
Կղզին յաջորդաբար կը գրաւեն Մակետոնացի Քասանտրոն Ք․Ա․ 303, Սպարտացի Քլէոմենին եւ Սիցիլիոյ բռնատէր Աղաթոքլիս Αγαθοκλής των Συρακουσών։ Փաքսիի ծովամարտէն ետք՝ Ք․Ա․ 229, Իլիրիացիները կղզին կը գրաւեն, սակայն շուտով Հռոմէական նաւատորմիղը կը հասնի եւ զայն կը վերածէ հոմէական զօրքին նաւային խարիսխի։
Պօղոս եւ Անտրէաս առաքեալներուն աշակերտներէն՝ Տարսոնի Իասոնան եւ Սուրբ Սոսիփաթրոսը (Իքոնիոյ պատրիարք) քրիստոնէութիւնը կը քարոզեն։ Անոնք կը հալածուին եւ չարչարանքներու տակ կը սպաննուին։ Անոնց աճիւնները թաղուած են Հին Բերդին վայրը։
Միջնադար
ԽմբագրելԿոթերու պատերազմներուն ընթացքին, 551, կղզիին մայրաքաղաքը կը քանդուի եւ յաջորդող դարերուն կը տեղափոխուի դէպի արեւելք, Հին Բերդի թերակղզիին վայրը։ Վայրը ապահով կը սեպուի շնորհիւ երկու ապառաժ գագաթներուն, որոնց պատճառով Միջնադարին կղզին կը կոչուի Քորիֆօ կամ՝ Քորֆի Κορυφώ, Κορφοί (բառացի թարգմ՝ Κορυφώ գագաթ, Κορφοί գագաթներ)։ Կղզիին հին մայրաքաղաքը, ծանօթ այժմ իբրեւ Փալէոփոլիս, յաջորդող դարերուն ընթացքին կը շարունակուի բնակուիլ։
Մինչեւ ԺԳ․ դար Քերքիրան Բիւզանդական կայսրութեան մաս կը կազմէ։ Սակայն յաճախ թիրախ կը դառնայ արաբներու (սարաքինի) արշաւանքներուն (933 եւ 1033), ինչպէս նաեւ Նորմանտներու (1081, 1147 եւ 1185) եւ ծովահէններու (1197-1207)։
Քերքիրան Ռոմա ժողովուրդներու հաստատման առաջին վայրերէն կ՛ըլլայ (1360)։
Վենետիկեան իշխանութեան շրջան
ԽմբագրելՔերքիրան, ինչպէս Յոնիական Ծովուն մնացեալ կղզիները, կ՛իյնայ Վենետիկի Հանրապետութեան լուծին տակ վերջնականապէս 1404 թուականին։
Կղզիին ռազմական դիրքը զայն Եւրոպացիներուն կարեւոր ամբարտակը կը հանդիսացնէ կանխարգելու համար Օսմանեան կայսրութեան տարածումը Եւրոպա՝ 1431, 1537, 1571 եւ 1716։ Այդ պատճառով ալ անոր տարածքին բազմաթիւ ամրացումներու, որոնք կանգուն կը մնան մինչեւ այսօր։
Հայերու ներկայութիւնը ԺԶ․ դարուն
ԽմբագրելՀայեր եւ յոյներ Քերքիրա կը հասնին փրկուելու համար Օսմանցիներու հալածանքներէն։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Քերքիրայի հայերը
Վենետիկեան ազդեցութիւնը
ԽմբագրելՀակառակ Կաթողիկէ Հռոմէական եկեղեցուոյ փորձերուն, բնակչութիւնը կառչած կը մնայ Ուղղաբառ դաւանանքին։
Վենետիկեան ազդեցութիւնը զգալի է տարբեր բնագաւառներու մէջ․ ճարտարապետութեան, գեղարուեստի, երաժշտութեան եւ մանաւանդ խոհանոցին մէջ։ Կան գեղարուստի եւ երաժշտութեան բազմաթիւ դպրոցներ։
Քերքիրային ճարտարապետական ոճը կը տարբերի Յունաստանի տարածքին ուրիշ քաղաքներու ոճէն։ Կզղիին քաղաքները, կառուցուած են հետեւելով Վենետիկեան ոճին․ բազմայարկանի, նեղ եւ կղմինտրերով շէնքեր։ Քերքիրային հին քաղաքը հար ու նման է Վենետիկին։
Խոհանոց
ԽմբագրելՔերքիրայի հանրածանօթ կերակուրն է՝ Փասթիցատա παστιτσάδα, ժողովրդական լայն ընդունելութիւն գտած են նաեւ Սոֆրիթօ, Սթրափացատա, Մանտօլաթօ, Պուրտեթօ կերակուրները․ բոլորին ալ ծագումը Վենետիկէն է։
Նորագոյն շրջան
Խմբագրել1797-ին, երբ Նափոլէոն Պոնափարթը Վենետիկը կը գրաւէ, Քերքիրան եւ մնացեալ Յոնիական կղզիները Քամփօ Ֆորմիօ դաշինքով traité de Campo-Formio ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուին։
21-3-1800 մինչեւ 8-6-1807 «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն» անուանումով Քերքիրան ալ կը գտնուի Ռուսիոյ եւ Օսմանեան լուծին տակ։
1807-1809 կղզին կը գտնուի ֆրանսական տիրապետութեան տակ։
1809 թուականին, ֆրանսական նաւատորմիղին պարտութեամբ, Անգլիացիները յաջորդաբար կը գրաւեն Յոնիական Ծովուն գլխաւոր կղզիները, Քերքիրան ներառեալ։
1815-1864 Յոնիական կղզիները Անգլիոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուին՝ «Յոնիական կղզիներու միացեալ Պետութիւն» անունին տակ։ Սակայն, կղզիներուն բնակիչները տեւաբար կը ճնշեն պահանջելով անոնց միացումը Յունաստանին։
Յունաստանին կը միանայ, ինչպէս նաեւ Յոնիական Ծովուն մնացեալ կղզիերը 21 Մայիս 1864-ին՝ 17-29 Մարտ 1864 թուականին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած դաշինքով։
Ա․ Համաշխարհային պատերազմ
ԽմբագրելԱ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Քերքիրան Սերպիոյ բանակին պատսպարանը կը դառնայ, երբ Գերմանիան, Աւստրիան եւ Պուլկարիան Սերպիան կը ռմբակոծեն։ Այս փախուստին ընթացքին, բազմաթիւ սերպ զինուորներ կը մեռնին․ անոնք կը թաղուին Քերքիրա մայրաքաղաքին հին նաւահանգիստին եւ Վենետիկեան հին Բերդին դիմացը գտնուող Վիտօ կղզիակին վրան։
Սերպերը յոյներուն կը յայտնեն իրենց երախտագիտութիւնը, կղզիին վրայ յուշարձան մը զետեղելով։ Իսկ, կղզիակը շրջապատող ջուրերը սերպերը «Պլէ Թաֆոս» (Կապոյտ գերեզման) Μπλε τάφος կ՛անուանեն։
Փոքր Ասիոյ գաղթականներու ժամանում եւ հաստատում
ԽմբագրելՓոքր Ասիոյ աղետէն ետք եւ Լոզանի Դաշինքի իբրեւ հետեւանք բնակչութիւններուն փոխանակումով, բազմաթիւ յոյն գաղթականներ Փոքր Ասիայէն եւ Արեւելեան Թրակիայէն Քերքիրա կը հաստատուին։
Քերքիրայի հայ որբերը
ԽմբագրելՔերքիրա կղզիին որբանոցին մէջ կը պատսպարուին 1 627 հայ որբեր։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Քերքիրայի հայերը
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ
ԽմբագրելԲ․ Համաշխարհային Պատերազմին ծագումով, Իտալացիները Քերքիրան կը գրաւեն, Ապրիլ 1941։
Նոյեմբեր 1941 առաջին Կիրակին, Քերքիրայի բոլոր շրջաններուն մէջ յոյն ուսանողները ֆաշիստ Իտալական լուծին դէմ բողոքի շարժումներ կը կազմակերպեն։ Անոնք կը հալածուին եւ հետագային կը յաջողին Կիպրոս փախչիլ։
Նացիական գերիշխանութիւն
ԽմբագրելԳերմանացիներուն կողմէ գերի բռնուած իտալացի զինուորներ, Քերքիրա, Սեպտեմբեր 1943
Խմբագրել1943 իտալական Ֆաշիստ վարչակարգին տապալումին կը յաջորդէ Նացիական Գերմանիոյ ծանր լուծը։ Գերմանացիները նախ ամբողջ կղզին կը ռմբակոծեն․ կը քանդուին հարիւրաւոր տուներ, եկեղեցիներ, յուշարձաններ, հրէական թաղամասը, ինչպէս նաեւ պետական շէնքեր՝ Յոնիական Խորհրդարանը, Քաղաքապետական Թատրոնը եւ Քաղաքապետական Գրադարանը։
1944 Յունիսին Կեստափոն Γκεστάπο Gestapo (Նացիական Գերմանիոյ պետական գաղտնի սպասարկութիւն) կղզիին հրիաները կը ձեռբակալէ եւ քաղաքին հին բերդին մէջ կը բանտարկէ։ Ապա, զանոնք կը ղրկէ հրիաներու հաւաքատեղին՝ Konzentrationslager Auschwitz-Birkenau։ Քերքիրա մայրաքաղաքին 1 900 հրիաներէն, միայն 200 կը վերապրին (անոնք ապաստան կը գտնեն յոյն բնակիչներուն տուներուն մէջ)։
Ժամանակակից շրջան
ԽմբագրելԲ․ Համաշխարհային եւ անոր յաջորդող միջ-քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Յունաստանը կը վերակառուցուի եւ զարկ կը տրուի տնտեսութեան եւ առեւտուրին։ Քերքիրան ալ կը հետեւի նոյն թափով։ 18 Ապրիլ 1956 Քերքիրա մայրաքաղաքը կ՛ընտրէ իր առաջին կին քաղաքապետը՝ Մարիա Տեսիլա, Յունաստանի առաջին կառավարիչ Իոաննի Քափոտիսդրիային եղբօր ծոռը։
Քերքիրա մայրաքաղաքը
ԽմբագրելՔերքիրա մայրաքաղաքը կը յատկանշուի իր Վենետիկեան ուրոյն ոճով եւ անգլիական ու ֆրանսական ազդեցութիւններով։
Մայրաքաղաքը ունի բազմաթիւ տեսարժան վայրեր․ Սփիանատա հրապարակը՝ պալքաններուն ամենամեծը, Հին ու Նոր Բերդը, Քաղաքապետարանի շէնքը (նակխին Սան Ճիաքոմօ թատրոն), Քանոնի Κανόνι, Մոն Ռեփօ Μον Ρεπό, Յոնիական համալսարանի կեդրոնական շէնքը, նաեւ Բիւզանդական, Յետբիւզանդական, Սերպերու եւ Ասիական արուեստի թանգարանները։
Քանոնիին առջեւ կը գտնուի Քերքիրայի ամենանկարուած տեսարժան վայրը՝ փոքրիկ թերակղզիակին վրան գտնուող Վլահերնա վանքը եւ քիչ մը անդին՝ Փոնտիքոնիսի կղզիակը։
Մայրաքաղաքին պահապան սուրբն է՝ Այիոս Սփիրիտոն Թրիմիթունտոս։
Սովորութիւններ
Խմբագրել- Բարեկենդանի տողանձք․ տեղի կ՛ունենայ Փակեալ Խորանի նախորդող Կիրակին եւ կը մասնակցին բնակիչներուն մեծամասնութիւնը։
- Քերքիրային Փառատօնը․ Սեպտեմբեր ամսուն զանազան ելոյթներ տեղի կ՛ունենան՝ պարի ներկայացումներ, թատերախաղեր, համերգներ եւ օփերաներ։
- Սուրբ Սփիրիտոն․ Կղզիին պահապան սուրբն է։ Ըստ հաւատքին, կղզին պաշտպանած է 1716 ժանտախտի համաճարակէն, սովէն եւ թրքական պաշարումէն։ Հաւատացեալները տարին չորս անգամ անոր «դիակ»ը կը շրջեն քաղաքին փողոցներուն մէջ։
- Զատիկ․ Սուրբ Զատկուան նախորդող երեք օրերուն ընթացքին, տեղի կ՛ունենան զանազան ելոյթներ․-
- Երաժշտութեան բոլոր դպրոցները քաղաքին փողոցներուն մէջ տողանցքով հանդէս կու գան մինչեւ ուշ իրիկուն։
- Նախաքրիստոնէական շրջանէն եկած սովորութիւնը մըն է Աւագ Շաբաթ առտուան ճիշտ ժամը 11։00-ին բնակիչները իրենց տանիքներէն ու պատշգամներէն ջուրով լեցուն անօթներ, կուժեր նետեն․ այս զուարճալի սովորութիւնը հազիւ 5 վայրկեան կը տեւէ եւ ճամբաները կտորտանքներով կը լեցուին։
- «Cricket» (գնդակախաղ)․ անգլիական իշխանութենէն մնացած սովորութիւն, Սփիանատա մարմանդին վրայ։
Խոհանոց
ԽմբագրելԲացի վենետիկեան շրջանէն մնացած կարգ մը կերակուրներէն (Փասթիցատա, Սոֆրիթօ, Սթրափացատա, Մանտօլաթօ, Պուրտեթօ), նշանաւոր է քումքուաթի ոգելից անուշ ըմպելին liqueur de kumquat։
Փոխադրական միջոցներ
ԽմբագրելՔերքիրան ունի փոխադրամիջոցներու լայն հնարաւորութիւն։
Նաւային փոխադրամիջոցը, 24 ժամուան հետեւողականութեամբ, կը կատարուի առաւելաբար ու գլխաւորաբար կղզիին արեւելքին գտնուող Իղումենիցա նաւահանգիստէն հիւսիս-արեւմտեան Յունաստան։ Անոնց կապուած են ցամաքի փոխադրամիջոցները․ Քերքիրան ունի ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ (ΚΤΕΛ)։
Միջազգային օդակայանը, որ նաեւ կը կապուի Աթէնքի եւ Սելանիկին հետ եւ նոյնպէս Յոնիական մնացեալ կղզիներուն եւ Փրեվեզա քաղաքին հետ։ Իսկ ամռուան եղանակին աշխարհի չորս ծագերէն կ՛ընդունի ամենօրիայ բազմաթիւ թռիչքներ եւ փոխադարձ։
Բնապահպանման շրջաններ
ԽմբագրելԳրեթէ ամբողջ կղզին ներառնուած է Նաթուրա ծիրէն ներս Բնապահպանման Գօտիի Միջազգային համաձայնագրով ՆԱԹՈՒՐԱ 2000 Natura 2000
- Քերքիրա GR2230002
- Անտինիօթի ծովալիճ GR2230001 եւ անոր ծովային տարածքը՝ GR2230010
- Քորիսիօն ծովալիճը GR2230002
- Ալիքի Լեֆքիմիս GR2230003
- Փաքսի, Անտիփաքսի եւ անոնց ծովային տարածքները GR2230004
- Քանոնի շրջանէն մինչեւ Մեսոկի GR2230005
- Քորիսիօն ծովալիճը եւ Լաղուտիա կղզին GR2230007
- Տիափոնտեա կղզիներ (Քերքիրային հիւսիսը․ Օթոնի, էրիքուսա, Մաթրաքի եւ Ժայռակղզիզկներ) GR2230008
- Անտինիօթի ծովալիճ եւ Ֆոնիսաս գետ GR2230009
Տեսարժան վայրեր
ԽմբագրելԿղզին ունի բազմաթիւ տեսարժան վայրեր, նշենք մի քանին․-
- Ախիլիօ․ Աւստրոհունգարիոյ Սիսի կայսրուհիին պալատը, որուն բակը կը զարդարէ «Ախիլէան վիրաւոր» Αχιλλέας Θνήσκων նշանաւոր քանդակը։
- Փալէօքաստրիցա․ ծովափը եւ բիւզանդական Ակելոքաստրօ բերդը։
- Փելեքաս․ հանրածանօթ է անոր մայրամուտի տեսարանը։
- Բարակ աւազով գեղեցիկ ծովափներ․ Այ-Ղորտի, Ղլիֆատա, Քորիսիոն լիճ, Այիու Ղիորղու թոն Փաղոն, Մարաթիա, Գարտենու, Քասիոփի, Սիտարի, Ռոտաս, Ահարավի, Ալմիրու, Տասիա, Փալէօքաստրիցաս, Այիու Սփիտոնա։
- Միջերկրեայ ծառախիտ շրջաններ․ Սինարատես, Այիոս Մատթէոս, Վարիփաթատես, Քարուսատես, Իանատես, Էփիսքեփսի, Հլոմոս, Լեֆքիմի եւ այլն։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Քասիոփի
-
Քերքիրային քաղաքապետարանի շէնքը
-
Ասիական Արուեստի Թանգարանը
-
Լազարեթօ կղզիակը․ Քերքիրային հարաւ-արեւելքը
-
Քերքիրա․ Այիոս Ղիորղոս ծովափը
-
Քերքիրա․ Օթոնի
-
Քերքիրա քաղաքը - հին բերդին եւ հին քաղաքին համայնապատկեր
-
Ղարիցա ծովափը
-
Քերքիրա հին քաղաքը, ծովէն դիտուած
-
Քափոտիսթրիա կառավարիչին պապենական տունը․ այժմ Յոնիական համալսարանի Թարգմանութեան Դպրոցը
-
Այիոս Սփիրիտոս եկեղեցուոյ զանգագատունը
-
Յոնիական համալսարանի Երաժշտանոցը
-
Սիտարի․ Canal D'Amour ծովափը․ ծոցին մուտքին ժայռին տակը նշմարելի է բաց մասը, որ կ՛երկարի մինչեւ ժայռին միւս կողմը՝ բնական փապուղի մը, որմէ ջրանցքը առաւ անունը։
-
Ախիլիօ
-
«Ախիլէան վիրաւոր» L’Achille blessé գործ՝ Ernst Herter
[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21]
Տես նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ archINFORM — 1994.
- ↑ Յունաստանի 2011ի մարդահամար HELLENIC STATISTICAL AUTHORITY - 2011 POPULATION AND HOUSING CENSUS (յունարէն)
- ↑ Յոնիական Ծովուն ափերը, Քերքիրա(յունարէն)
- ↑ corfutvnews – Յունաստանի տարածքին Շրջաններու վարչակարգի փոփոխութիւններ․ Յոնիական կղզիներ(յունարէն)
- ↑ Քերքիրային պատմութիւնը՝ Վենետիկի հանրապետութիւնը(յունարէն)
- ↑ Հին յունարէն լեզուին ծագումին պատմութիւնը, Α.-Φ. Χριστίδη(յունարէն)
- ↑ թուքիտիտիս, գիրք 1, գլուխ 25․4․ "...ἐπαιρόμενοι καὶ κατὰ τὴν Φαιάκων προενοίκησιν τῆς Κερκύρας..." թարգմ․՝ Α. Βλάχου(յունարէն)
- ↑ Յունական Քաղաքակրթութիւն, Օտիսիա․ հին գրութիւնը(յունարէն)
- ↑ Bibliotheca historica – Փոսիտոնաէն Ֆէաքան կը ծնի Διόδωρος ο Σικελιώτης - Diodorus (Siculus) "...εκ ταύτης δε και Ποσειδώνος εγένετο Φαίαξ...Φαίακος δε εγένετο Αλκίνοος..."(յունարէն)
- ↑ Յունական դիցաբանութիւն․ Քօրքիրա կամ՝ Քերքիրա(յունարէն)
- ↑ Յոնիական կղզիները Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին եւ անոնց յուշարձանները, Լէոնցինի 2014(յունարէն)
- ↑ Յոնիական կղզիներուն խոհանոցին զանազան բաղադրութիւններ - Յունաստանի Եօթնակղզեան Միութիւն(յունարէն)
- ↑ Յունաստանը երկու մեծ պատերազմներուն միջանցքին՝ 1923-1940․ Δαφνής, Γρηγόριος, 1-1-1997(յունարէն)
- ↑ Արխիւ - Քերքիրա, (անգլերէն)
- ↑ Տեսիլա Մարիա, Քերքիրա մայրաքաղաքին քաղաքապետը եւ Յունաստանի առաջին կին քաղաքապետը (յունարէն)
- ↑ Փոնտիքոնիսի եւ Փանաղիա ՎԼահերնօն եկեղեցիին կղզիակը(յունարէն)
- ↑ «NATURA 2000 - STANDARD DATA FORM․ Բնապահպանում GR2210002(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-24-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-01
- ↑ Քորիսիօն ծովալիճը․ NATURA բնապահպանում, Յունիս 2019(յունարէն)
- ↑ Քորիսիօն լիճ - NATURA, 13-4-2015, վերահրատ․ Յունիս 19, 2019(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Հանրապետութիւն, Յոնիական Կղզիներու Շրջանային Միաւորում – վերջին տեղեկատուութիւն՝ Յուլիս 2019, Շրջ․ կառավարիչ՝ տիկին Ρόδη Κράτσα Τσαγκαροπούλου(յունարէն)
- ↑ Մոն Ռեփօ(յունարէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Սարաքինի(ֆր.)
- Ռոմա(ֆր.)
- Փաստիցատա(յունարէն)
- Այիոս Սփիրիտոն Թրիմիթունտոս(յունարէն)
- Ախիլիոն(ֆր.)
- Փալէօքաստրիցա(յունարէն)
- Փելեքաս(յունարէն)
- Իղումենիցա(անգլերէն)
- NATURA 2017 արձանագրութեամբ Յուանաստանի Բնապահպանման Ծրագրին մէջ ներառնուած շրջաններ(յունարէն)