The Beatles (Պիթլս)․ անգլիական ռոք երաժշտութեան նուագախումբ, կազմուած 1959-ին Լիվերփուլ Liverpool։ Խումբի անդամներն են Ճոն Լենոն, Փոլ Մաքարթնի, Ճորճ Հարիսոն եւ Ռինկօ Սթար։ Կարճ ժամանակի ընթացքին աշխարհահռչակ դարձած են։ Ծախած են 600 միլիոնէ աւելի ձայնապնակներ։ Անոնց առասպելական ասպարէզը մինչեւ այսօր կը վերամատակարարուի։ 25 Յունիս 2020-ին, արբանեակային սփռումով Պիթլս կ՛ երգեն «Օլ իու նիտ իզ լաւ» All You Need Is Love երգը․ 200 միլիոն հոգի կը հետեւին։ 

Պիթլս․ 1963, (ձախէն աջ) Րինկօ Սթար, Ճոն Լենոն, Փոլ Մաքարթնի, Ճորճ Հարիսոն

Անուանում

Խմբագրել

1957-ին Ճոն Լենոն դպրոցի քանի մը դասընկերներու հետ կը հիմնէ skiffle «Պլաք Ճաքս» Black Jacks խումբը։ Հետագային խումբը կը կոչուի «Քուարիմեն» Quarrymen՝ իրենց դպրոցին անունէն․ «Քուարի Պանք Հայ Սքուլ» Quarry Bank High School։  1960-ին, երբ խումբին կը միանայ Սթիւըրթ Սաթքլիֆ, կ՛առաջակէ խումբը Beetles (=թակեր) կոչուի, ազդուած «Buddy Holly and the Crickets» (=ծղրիթներ) ամերիկեան ռոք ենտ րոլ rock and roll խումբէն։  Վերջապէս կը յանգին «The Βeatles» անունին։ Ճոն Լենոն վկայած է թէ վերջնական անունը beat եւ less բառերուն հետ բառախաղի արդիւնքն է։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Առաջին տարիները

Խմբագրել

Պիթլս խումբը կը կազմուի Լիվերփուլ 1959-ին եւ կը բաղկանայ պատանիներ Ճոն Լենոնէ, Փոլ Մաքարթնի, Ճորճ Հարիսոն, Սթիւըրթ Սաթքլիֆ եւ Փիթ Պեսթ։ Սկզբնական շրջանին, ելոյթներ կ՛ ունենան պզտիկ «քլապ»ներու մէջ։  Կը մեկնաբանեն ամերիկացի Չաք Պերի եւ Լիթլ Րիչարտ երգիչներուն երգերը։ 

1961-ին սկիզբներուն, Սաթքլիֆ խումբը կը լքէ։  Նոյեմբերին, Պրայան Էփսթայն նուագախումբին ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ եւ Յունուար 1962-ին ձայնագրութեան «Տեքա» Decca ընկերութեան կը ներկայանան ունկնդրութեան համար, սակայն տնօրէնը զանոնք չի հաւնիր։ Օգոստոսին Ռիչարտ Սթարք (Րինկօ Սթար) կը փոխարինէ թմբկահար Փիթ Պեսթ։ Սեպտեմբերին Պիթլս կը ձայնագրեն իրենց առաջին երգը «Լաւ մի տու» Love Me Do, որ մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ։

Ասպարէզ

Խմբագրել

Պիթլս արագօրէն հանրածանօթ կը դառնան։ Կը հաստատեն իրենց պատկերը (image)․ մազի իւրայատուկ կտրուածք, առանց օձիքի բաճկոն։

Յունուար 1963-ին իրենց երկրորդ երգը «Փլիզ փլիզ մի» Please Please Me անգլիական երգացանկին (chart) առաջին դիրքը կը գրաւէ, իսկ նոյն խորագրով իրենց առաջին ձայնապնակը՝ 30 շաբթուան համար առաջինը կը հանդիսանայ․ առաջին դիրքը կը զիջի անոնց երկրորդ  ձայնապնակին «Ուիթ տը Պիթլս» With The Beatles, որ երգացանկին առաջին դիրքին վրայ 22 շաբաթ կը մնայ։ Այս յաջողութիւններէն ետք, կը հաստատուի «Պիթլմանիա» Beatlemania եզր։

«Պիթլմանիա»․ ջլախտը որ կ՛ առաջացուի մանաւանդ իգական սեռին։

26 Դեկտեմբերին կը հրապարակեն «Միթ թը Պիթլս» Meet the Beatles! ձայնապնակը [1]։ Նոյն տարին կը յաջորդէ յաջողութիւններու շարք մը «Շի լաւզ եու» She Loves You [2], «Այ ուանթ թու հոլտ եոր հենտ» I Want to Hold Your Hand [3] երգերով։ Յունուար 1964-ին Փարիզի «Օլիմփիա» սրահին մէջ իրենց տուած համերգը բացառիկ յաջողութիւն կ՛ ունենայ եւ «I Want to Hold Your Hand» կը յաջողի թափանցել ամերիկեան շուկան գրաւելով Ա․Մ․Նահանգներու երգացանկին առաջին դիրքը։

Պիթլմանիա

Խմբագրել
 
Պիթլսի Գերկմանիոյ Համպուրք քաղաքին մէջ տուած համերգին որմազդը, 1962

Այնուհետեւ, պիթլմանիան կը տարածուի Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Պիթլս նուագախումբը ուր որ ալ այցելէ, հասած օդակայանը կը լեցուի հազարաւոր ջերմեռանդ երիտասարդ տարիքի բազմութեամբ։ Ինչպէս օրինակ՝ 7 Փետրուար 1964-ին, Նիու Եորքի օդակայանը եւ «Փլազա» պանդոկը ուր նուագախումբը կը ժամանէ արգանդախեղդ երեւոյթներ կը կատարուին։ Աւելի ուշ, Րինկօ Սթար պիտի վկայէ ըսելով թէ օրական 12․000 նամակներ կը ստանային։ Նման եղելութիւններ կը պատահին նուագախումբին շրջագայութեան ընթացքին Ա․Մ․Ն․զանազան քաղաքներու մէջ։

Յունիս եւ Յուլիս 1964-ին, արար աշխարհ կը շրջին ու 37 համերգներ կու տան․ Տանըմարք (Դանիա), Հոլանտա, Հոնկ Գոնկ, Աւստրալիա եւ Նիու Զիլանտ։ Իսկ Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն Ա․Մ․Նահանգներու 23 քաղաներու մէջ 30 համերգներ կու տան։ Ամերիկայ շրջագայութեան ընթացքին Պոպ Տիլանին կը հանդիպին։

Լոնտոն կը վերադառնան հերոսի պատիւներով։ Յուլիս 1964-ին Լիվերփուլ, երբ իրիկուն մը ամբողջ 12 000 երիտասարդներ շարքի կեցած, կը սպասեն համերգի տոմսակ ապահովեն, 60 երիտասարդներ կը մարին։ Նոյն տարին Պիթլս երկու ժապաւէններ կ՛ արտադրեն, որոնք իրենց ինքնակենսագրութիւնն են։

 
Պիթլսի ի պատիւ Աստղը Հոլիղուտ Hollywood պողոտային վրայ

6 Օգոստոս 1965-ին, Պիթլս կը հրապարակեն «Հելփ» Help [4] ձայնապնակը, որ կ՛ ընդգրկէ նաեւ «Եսթըրտէյ» Yesterday [5] երգը։ 15 Օգոստոսին Նիու Եորքի «Շի մարզադաշտ»ին Shea Stadium մէջ, Պիթլսի տուած համերգը բացառիկ յաջողութիւն կ՛ արձանագրէ․ 60 000 ներկաներ եւ 304․000 տոլար հասոյթ (այդ տարիներուն համար հսկայ գումար մը)։ Նոյն տարին կը հրաւիրուին Պաքինհամ պալատը, ուր Էլիսապէթ թագուհիին կողմէ կը պարգեւատրուին «MBE» (Members of British Empire Բրիտանական Կայսրութեան Անդամ) մետալով։

Պիթլս, 1966-ին կրկին Ա․Մ․Ն․կը շրջագային։ 13 Օգոստոս Շիքակօ, 16 Օգոստոս Ֆիլատելֆիա համերգը Philadelphia Concert, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կու տան իրենց ամենամեծ համերգներէն մէկը։ Կը հրապարակեն «Րիվոլվըր» Revolver [6] ձայնապնակը եւ ինը ամիս ետք, 2 Յունիս 1967-ին կը հրապարակեն պատմական «Sgt. Pepper's Lonely Hearts Club Band» ձայնապնակը․ կը նկատուի ռոք երաժշտութեան ամենակարեւոր ձայնապնակներէն։

1967-ին Պիթլս կ՛արտադրեն «Մաճիքալ Միսթըրի թուր» Magical Mystery Tour հեռատեսիլի համար յատուկ գերիրապաշտական կատակերգակ ժապաւէնը «BBC» կայանին համար։ 20 000 000-է աւելի կը հետեւին հեռասփռումին։ Իսկ Դեկտեմբեր 2012-ին, կը սփռուի ամերիկեան «PBS» կայանէն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Վերջին տարիները

Խմբագրել

1969-ին կը Պիթլս կը հրապարակեն «Կեթ Պէք» (Get Back) [7] եւ «Տոնթ լեթ մի տաուն» Don't Let Me Down [8] երգերը, «Թը պալատ օֆ Ճոն» The Ballad of John [9] եւ «Ապէյ րոտ» Abbey Road [10] ձայնապնակները։

Ժամանակագրութիւն

Խմբագրել

1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան, ընկերային պրկումները իրենց գագաթնակետին հասած են․ երիտասարդութեան խաղաղ բողոքները, հիփիներու շարժումը, մազերը երկայն ձգելը, թեթեւ թմրեցուցիչի գործածութիւնը, խորհրդապաշտութիւնը, արեւելեան փիլիսոփայութիւնները եւ մտապատրանքը արեւմտեան մտածելակերպին եւ կենցաղին հետ կը խմորուին։ Պիթլս իրենց նուագախումբին ղեկավարի՝ Պրայան Էփսթայն, ազդեցութենէն կը սկսին հեռանալ։

20 Մարտ 1969-ին Ճոն Լենոն եւ Եոքօ Օնօ Ճիպրալթար կ՛ ամուսնանան եւ յաջորդ օրը, Ամսթերտամի շքեղ պանդոկէն (ուր իջեւանած էին) կը սկսին Խաղաղութեան արշաւը։ 22 Ապրիլին, Ճոն Ուինսթոն Լենոն անունը Ճոն Օնօ Լենոնի կը փոխէ։ 1969-ն կը սեպուի անոնց տարին․ խաղաղութեան ի նպաստ Ճոն Լենոնին արշաւները, թեթեւ թմրեցուցիչի գործածութիւնը (կանապ), տեղափոխութիւններ եւ ճամբորդութիւններ։ 25 Նոյեմբերին Ճոն Լենոն Անգլիոյ թագուհիին կը վերադարձնէ «MBE» պարգեւը․ իբրեւ բողոք Անգլիոյ Պիաֆրայի եւ Վիեթնամի պատերազմներուն մխրճումին։

Վերջին ձայնապնակը եւ խումբին լուծումը

Խմբագրել
 
Let it Be․ Կարիք Garrick թատրոն

Պիթլսի վերջին ձայնապնակին խորագիրը՝ «Լեթ իթ պի» Let It Be [11] կարծես գուշակութիւն մըն է։ Իրենց վերջին վաւերագրական ժապաւէնով, ուր կը գերեվարուի ձայնապնակին արձանագրութեան ամբողջ ընթացքը, խումբը ճիշդ այդ կ՛ ընէ․ ամէն ինչ կը ձգէ ինչպէս որ է։ Կը վտանգուի նոյնիսկ անոր հրապարակումը, սակայն արտադրիչ Ֆիլ Սփեքթոր յանձն կ՛ առնէ ժապաւէնի հրապարակումը։

Պիթլս կը լուծուի եւ անոր չորս անդամները առանձին կը շարունակեն երաժշտութեան բնագաւառին մէջ, յաջողութիւններ ձեռք բերելով։

8 Դեկտեմբեր 1980-ին, Նիու Եորք, Ճոն Լենոն կը սպաննուի։ 29 Նոյեմբեր 2001-ին Ճորճ Հարիսոն կը մահանայ։

Ձայնապնակներ

Խմբագրել
 
A Hard Day's Night երգին բացման համալարը

Պիթլս հրապարակած են 12 ալպոմ-ձայնապնակներ եւ միայնակ երգեր singles: Ստորեւ ձայնապնակներու ցուցակը ըստ անգլիական երգացանկին (chart)։

Հրապարակման թուական Խորագիր
22 Մարտ 1963 Please Please Me
22 Նոյեմբեր 1963 With The Beatles
10 Յուլիս 1964 A Hard Day's Night
4 Դեկտեմբեր 1964 Beatles For Sale
6 Օգոստոս 1965 Help!
3 Դեկտեմբեր 1965 Rubber Soul
5 Օգոստոս 1966 Revolver (Beatles)
1 Յունիս 1967 Sgt. Pepper's Lonely Hearts Club Band
22 Նոյեմբեր 1968 The Beatles (άλμπουμ)
17 Յունուար 1969 Yellow Submarine (άλμπουμ)
26 Սեպտեմբեր 1969 Abbey Road
8 Մայիս 1970 Let It Be

Հրապարակած են նաեւ 23 միայնակ ձայնապնակներ, որոնք մեծ յաջողութիւն արձանագրած են, ինչպէս նաեւ հաւաքածոներ, վերահրատարակումներ եւ համերգներու ձայնագրութիւններ։

[12] [13] [14] [15] [16] [17] [18]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Պիթլս․ պաշտօնական կայքէջ(անգլերէն)
  2. Մաճիքալ Միսթըրի թուր ժապաւէն(անգլերէն)
  3. Let It Be(ֆր.)
  4. Պրայան էփսթայն(անգլերէն)