Գաբրիէլ Լազեան, (1893 Երզնկա, Օսմանեան Կայսրութիւն – 25 Օգոստոս 1959, Գահիրէ, Եգիպտոս)․ հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր, գրող,  պատմաբան։  Հ․Յ․Դ․ անդամ։  Մեծ ներդրում ունեցած է յունահայ գաղութի ազգային կեանքի կազմակերպման մէջ։

Գաբրիէլ Լազեան
Ծնած է 1893
Ծննդավայր Երզնկա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 25 Օգոստոս , 1959
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն յունական
Մասնագիտութիւն պատմաբան, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Գործունէութիւն հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր, գրող, պատմաբան
Կուսակցութիւն Հ․Յ․Դ․ անդամ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Առաջին տարիներ

Խմբագրել

Գաբրիէլ Լազեան ծնած է 1893-ին, Երզնկա, Գուրգէն Լազեանի եւ Զարուհի Ճիզմէճեանի բազմանդամ եւ բարեկեցիկ ընտանիքին յարկին տակ․ 8 զաւակներէն անդրանիկն է երկուորեակ եղբօրը հետ։  Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, «Ս. Փրկիչ» եւ «Կեդրոնական» [1] վարժարաններուն մէջ։ 1910ին ան կ՚ աւարտէ «Եզնիկեան» վարժարանը։  Ապա, քննութիւն տալէ ետք, կ՛ ընդունուի Երզնկայի զինուորական վարժարանը։ Կ՛ անդամագրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Թրքական բանակին սպայ

Խմբագրել

20 տարեկան հասակին (1913), Պոլիս, կ՛ ուսանի «Հարպիէ» զինուորական բարձրագոյն վարժարանը․ կ՛ աւարտէ տեղակալի աստիճանով 1914-ին։ Կը ղրկուի բանակ․ ուրիշ հայ սպաներու հետ կը փոխադրուի Միխալիցի զօրակայանը, ապա Իզմիրի Մենեմենի շրջանը։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի սկիզբին, գերմանացի սպաներ կը ստանձնեն թրքական զինուորական վարժարանի հրամանատարութիւնը եւ անոր սպաներուն կրթութիւնը։ Գերմանացի Բայֆէր սպան, շուտով կը նշմարէ հայ սպաներու բարոյական վերաբերմունքը ու աշխատասիրութիւնը եւ իրենց իր անմիջական խնամքին տակ կ՛ առնէ ու կը մերժէ անոնց նաձնումը, երբ պատերազմին ընթացքին իրմէ կ՛ ուզուի արտօնել հայ սպաներու փոխադրութիւնը։

Գաբրիէլ Լազեան կը տեղեկանայ թէ իր ամբողջ գերդաստանը (70 հոգի) Ցեղասպանութեան զոհ գացած է։  Կը փորձէ Եւրոպա անցնիլ, սակայն չի յաջողիր։  1917-ին, Իզմիր, կը ծանօթանայ հելլենուհի Նաթալիա Իքոնոմիտուին եւ կը նշանուին։  

1918-ին, երբ զինադադարը կը կնքուի, Գաբրիէլի ծառայած զինուորական ջոկատը կը փոխադրուի Կէլիպոլ։  Ժամանակ մը ետք Իզմիր կը վերադառնայ եւ ուրիշ սպաներու հետ կը հիմնեն «Իզմիրի հայ սպաներու միութիւնը»։

Հայաստան

Խմբագրել
 
Գաբրիէլ եւ Նաթալի Լազեան, 18 Օգոստոս, 1918, Իզմիր

1919-ին, Նաթալիային հետ ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետք «Պոլսոյ հայ սպաներու միութեան» կողմէ կ՛ իմանայ թէ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կոչ կ՚ ուղղէ փորձառու սպաներուն միանալ հայոց բանակին։ Կնոջ հետ կ՛անցնին Հայաստան։ Իբրեւ ենթասպայ կը ծառայէ 4-րդ զօրաբանակի մեքենագիտական ջոկատին մէջ։

2 Դեկտեմբեր 1920ին, Հայաստանի կառավարութիւնը երկիրը կը յանձնէ հայ համայնավարներուն եւ Հայաստան կը դառնայ սովետական տարածք։

Համայնավարներուն կողմէ նախկին հայկական կառավարութեան անդամներուն եւ բանակի սպաներու դէմ հալածանքները կը սկսին։

Նաթալիին արկածալի փախուստը դէպի Իզմիր

Խմբագրել

Գաբրիէլ, կը յաջողի յատուկ հրաման ձեռք բերել Նաթալիին համար։  Վերջինս 16 անձերու հետ՝ պոլսեցիներ եւ իզմիրցիներ, կը ճամբորդէ դէպի Վրաստանի նաւահանգիստը՝ Պաթում։ Նոյն շոգեկառքով կը ճամբորդէ նաեւ նորակազմ սովետական հայկական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Բէկզատեան։  Այս պատճառով յատուկ միջոցներ առնուած են։  Երբ շոգեկառքը Սանահին կը հասնի (այդ ժամանակին յայտարարուած է իբրեւ չէզոք գօտի), կ՛ արգիլուի անոր ճամբորդութիւնը եւ բոլոր ճամբորդները, որպէսզի չստիպուին մէկ ամսուան համար մնալ իրենց տեղը, կ՚ որոշեն ոտքով քալել դէպի Թիֆլիս։ Շաբաթ մը քալելէ ետք, կը հասնին քաղաք, սակայն կը ձերբակալուին եւ բանտ կը տարուին․  վրացիները, այդ տակնապալի օրերուն, վերապահ են բոլոր օտարներուն հանդէպ։

Թիֆլիսի բանտէն ազատագրում

Խմբագրել

Բանտին մէջ վրացի սպայ մը կը լսէ Նաթալիին յունարէն խօսակցութիւնը եւ կը յայտնէ թէ շուտով իրեն ազատ պիտի արձակեն։  Նաթալին կը պատասխանէ թէ՝ «…Բոլորս ալ քիչ թէ շատ յոյներ ենք, չե՞ս լսեր թէ իրարու միջեւ յունարէն կը խօսինք»։ Այսպէս, բոլորը միասին ազատ կ՛ արձակուին, կը կարողանան հասնիլ Պաթում ու անկէ ետք՝ Իզմիր։ 

Գաբրիէլի ոդիսականը

Խմբագրել

Գաբրիէլ կը ձերբակալուի

Խմբագրել

Երեւանի մէջ, հազարէ աւելի հայ սպաներ կը ձերբակալուին եւ ձիւներուն մէջ քալելով կը տարուին դէպի հիւսիսային Ատրպէյճան՝ Ակսթաֆա (Ակսթեւ) քաղաքը, ապա անկէ շոգեկառքով դէպի Պաքու։ Իրենց մէջ կը գտնուի նաեւ Գաբրիէլ Լազեան։  Ան իր բարեկամին՝ Մկրտիչ Մկրեանի հետ, կը կարողանան փախուստ տալ եւ հասնիլ Ռոստով։

Վերադարձ Երեւան

Խմբագրել

Խորհրդային կառավարութեան ընդ­հա­նուր ներ­ման յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, ­­Գաբ­րիէլ կը վե­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւան։ Սակայն կը հասկ­նայ թէ քա­ղա­քա­կան որեւէ գրգռու­թեան պա­րա­գա­յին, ան պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ջին զո­հե­րէն մէ­կը։ Կը փախ­չի դէ­պի ­­Պա­թում, ա­պա ­­Պո­լիս ու վեր­ջա­պէս կը հաս­նի Իզ­միր, ուր կը միանայ ­­Նա­թա­լիին։

Իզմիր, իբրեւ սպայ՝ փոխ-գնդապետ, կը զինուորագրուի յունական բանակին։  Զօրավար Թորգոմին եւ Գէորգ Փափազեանին հետ կ՛ անդամակցին «Հելլէն եւ Հայ բարեկամական լիկա»յին։ 1922-ին Օգոստոսին, յունական զօրքերուն նահանջով, կնոջ հետ Յունաստան կը մեկնին եւ կը հասնին Փիրէայի նաւահանգիստը։  Աթէնք, Էւրիփիտու ճամբուն վրայ գտնուող հիւրանոցին մէջ սենեակ մը կը վարձեն։

Կեանքը եւ գործունէութիւնը Աթէնք

Խմբագրել

1922-ի Սեպտեմբերին, Փոքր Ասիոյ աղէտին իբրեւ հետեւանք, Յունաստան կ՛ ողողուի միլիոնէ աւելի գաղթականներով, որոնցմէ 100 000 հայ գաղթականներ եւ որբեր են։ 

Նաթալի Լազեան յունախօս ըլլալով մեծապէս կը նպաստէ գաղթականներու հաստատման եւ անոնց կորսուած հարազատները գտնելու հարցին մէջ։ Ան նամակատան ճամբով Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթը կը հասցնէ Յունաստանի տարածքին սփռած հայ գաղթականներուն (վե­րապ­րող­նե­րու եւ կո­րու­սեալ­նե­րու մա­սին ան­հա­մար ծա­նու­ցում­ներ լոյս կը տես­նեն թեր­թին մէջ)։

7 ­­Դեկ­տեմ­բեր 1922ին, Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ­ներ ժո­ղով մը կը գու­մա­րեն Աթէնքի ­­Գու­մուն­տու­րու հրապարակի վրայ գտնո­ւող սրճա­րա­նի մը մէջ եւ կ­­՚ ո­րո­շեն դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան միա­ւոր­ներ ստեղծել Ա­տի­կէի հայ­կա­կան գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն ներս։ ­­Հիմ­նա­դիր հան­դի­պու­մին, որ կը գլխաւորէ Գաբ­րիէլ Լազեան, ներ­կայ են Ան­տոն ­­Կա­զէլ, ­­Գա­րե­գին ­­Մար­գա­րեան, Ա­րամ ­­Շի­րի­նեան եւ պա­տո­ւե­լի ­­Յա­րու­թիւն Ա­ճէ­մեան։

«­­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թը

Խմբագրել
 
«Նոր Օր»ի գրասենեակին առջեւ նկարուած․ Ձախէն աջ՝ Գէորգ Կառվարենց, Գաբրիել Լազեան, Ատոն Կազէլ եւ Բենիամին Թաշեան, 1935-ի ամառը

1923-ին, ­­Լա­զեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ան­տոն ­­Կա­զէ­լի, Ա­րամ ­­Շի­րի­նեա­նի ու ­­Պօ­ղոս Ս­վա­ճեա­նի գործակցութեամբ հի­մը կը դրո­ւի «­­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թին։ Թերթի արտօնութեան թղթածրարի պարտականութիւնը յունական պետական մարմիններուն մօտ կը ստանձնէ Նաթալի Լազեան։

Թեր­թի ար­տօ­նա­տէ­րը կը դառնայ ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան, որ ըստ օ­րէն­քի, պէտք է յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն ու­նե­նայ։ Նաթալին կ՛ օգնէ եւ քա­նի մը յոյն սպայ բա­րե­կամ­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ, Գաբ­րիէլ յունական հպատակութիւնը կը ձեռք բերէ։

Հ․Յ․Դ․ կազմակերպումը Յունաստանի տարածքին

Խմբագրել

Գաբրիէլ Լազեան իր գործակիցներուն հետ կը տարածէ ու կ՛ ամրապնդէ Հ․Յ․Դ․ ցանցը գաղութին մէջ։ 1939-ի սկիզբները, ընտանիօք Գահիրէ կը փոխադրուին։

Գործունէութիւնը Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս

Խմբագրել

1938-ին, Ե­գիպ­տո­սի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 13-րդ Ընդ­հա­նուր ­­Ժո­ղո­վին ա­ւար­տին ­­Գաբ­րիէլ ­­Լա­զեան կ՛ ընտ­րո­ւի Բիւ­րո­յի ան­դամ․ կը շա­րու­նա­կէ վե­րընտ­րո­ւիլ մին­չեւ իր մա­հը։

1939-ին, ըն­տա­նիօք կը հաս­տա­տո­ւին Գահիրէ, ուր Գաբրիէլ կը ստանձ­նէ «­­Յու­սա­բեր» օրաթեր­թի հրատարակչական վարչական պատասխանատւութիւնն ու խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը, որ կը վարէ մինչեւ իր անակնկալ մահը։

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

«Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնին զուգահեռ, կը հրատարակէ չորս գիրքեր․

  • Հայաստան եւ հայ դատը ըստ դաշնագրերու, Գահիրէ, 1941, 264 էջ։
  • Յեղափոխական դէմքեր (մտաւորականներ եւ հայդուկներ), Գահիրէ, 1945, 413 էջ։
  • Հայաստան եւ հայ դատը (վաւերագրեր), Գահիրէ, 1946, 392 էջ։
  • Հայաստան եւ Հայ դատը հայ եւ ռուս յարաբերութիււններու լոյսին տակ, Գահիրէ, 1957, 442 էջ, 2-րդ հրատ., Թեհրան, 1985, 440 էջ, 3-րդ հրատ., Երեւան, 1991, 435 էջ։

Ինչպէս նաեւ, կը հրատարակէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան լուսանկարչական փաստագրական ալպոմը, Գահիրէ, 1953:

Ընտանիք

Խմբագրել

1919-ին, Իզմիր, կ՛ ամուսնանայ յունազգի Նաթալիա Իքոնոմիտուին հետ եւ 1924-ին կը ծնի ի­րենց միակ աղ­ջի­կը՝ Այ­տան։  Նաթալի Լազեան, ամուսնոյն մահէն ետք, դուստրին հետ կը տեղափոխուին Յունաստան եւ կը հաստատուին Աթէնքի արուարձան Նէա Զմիռնի քաղաքը։ 

Գաբրիէլ Լազեան կը մահանայ 25 Օգոստոս 1959-ին, յետ կարճատեւ սակայն մահացու մորթային բորբոքումէ մը, որ 24 ժամուան ընթացքին կը թունաւորէ իր մարմինը։

[2][3][4][5][6][7][8]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ազատ Օր

Գէորգ Փափազեան

Անտոն Կազէլ

Ահարոն Ստեփանեան

Վազգէն Եսայեան

Օննիկ Զաքարեան

Սօս Վանի

Արսէն Պալեան

Գէորգ Կառվարենց

Բենիամին Թաշեան

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ամէնուն Տարեգիրք, Կարօ Գէորգեան, 1960 տարի, Մահագրութիւն

Նաթալի Լազեանի վկայութիւններ (1996)․ Հայկանուշ Մինասեանի արխիւ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. «Հայաստան եւ Հայ Դատ», Գ․ Լազեան, pdf