Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան

Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարան (յուն․՝ Αρμένικο Δημοτικό Σχολείο Κυανούς Σταυρός), հայկական կրթական հաստատութիւն Քոքինիա, Ատտիկէ, Յունաստանի մէջ։

Հ․Կ․Խ.-ի «Զաւարեան» կեդրոնը ու ա․ յարկին՝ համանուն վարժարանը․ նկար՝ Մայիս 2018
Քոքինիոյ շրջանը՝ Ատտիկէ նահանգ, Յունաստան

Զաւարեան Վարժարանի վայրը

Խմբագրել

Զաւարեան վարժարանը կը գտնուի Յունաստանի Ատտիկէ նահանգին, Փիրէային տարածաշրջանի Նիքէա քաղաքին մէջ[1], Միլասոն թիւ 18 փողոցին եւ Պելոյեաննի պողոտային անկիւնը։

Կառոյցը անկիւնաւոր է եւ կ'երեւի բոլոր կողմէրէն։ Դպրոցի շէնքին հիւսիսային եւ արեւմտեան պատերուն կից յունական 8-րդ նախակրթարանն է։

Պատմական

Խմբագրել

Զաւարեան վարժարանի Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

1922 թուականին, Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք եւ յունական բանակին նահանջով, Ցեղասպանութենէն փրկուած հայութեան մէկ մասը Յունաստան կ'ապաստանի։ Իրենց առաջնահերթութիւնը կ'ըլլայ աւելի լաւ եւ հայեցի ապագայ տալ գալիք սերունդներուն[2]։

Հ․Օ․Մ․-ի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ համայնքի ընտանիքներուն օգնութեամբ կը սկսի Զաւարեան ակումբ-դպրոց շէնքին շինութիւնը։ Միաժամանակ, սկսած են գործել՝ տիկին Հայաստան Ուշագլեանի Հռիփսիմեաց մանկապարտէզը, որ կը գտնուէր Մեղարոն եւ Լեվատիաս փողոցներուն անկիւնը եւ 1927 թուականի աշնան վարձուած շէնքի մը մէջ[1] Զաւարեան նախակրթարանը, Զաքար Զաքարեանի տնօրէնութեամբ, 6 ուսուցիչներով եւ 80 աշակերտներով:

Անուանում

Խմբագրել

Դպրոցը կ'անուանուի Զաւարեան, ի պատիւ՝ ազգային, քաղաքական, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ, տնօրէն Սիմոն Զաւարեանի։

Առաջին տարիները

Խմբագրել
 
1928-29 Զաւարեան դպրոցին նկար

1928-29 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը «Զաւարեան» վարժարանին պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ Սօս Վանիի (աւազանի անունով՝ Յովհաննէս Կարապետեան) տնօրէնութեամբ եւ 260 աշակերտնէրով։ Մանկապարտիզպանուհի Հայաստան Ուշագլեանին հիմնած Հռիփսիմեաց մանկապարտէզը հոն կը տեղափոխուի, միանալով Զաւարեան նախակրթարանին։ Սկիզբը փողոցներէն հաւաքուած եւ անկարող ընտանիքներուն զաւակները, հայ որբերը պահող-պահպանող պատսպարան մը կ'ըլլայ։ Սակայն արագօրէն կրթական կանոնաւոր հաստատութիւն մը կը դառնայ։[2]

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ

Խմբագրել

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի առաջին օրէն իսկ կը կասեցուին անոր աշխատանքները․ կը վերաբացուի 1945-ին։ Յունաստանի ներքին ազգամիջեան (1944-1948) պատերազմէն ազդուած, մեծ թիւով հայեր կ'արտագաղթեն եւ կամ կը ներգաղթեն․ այս երեւոյթը կը շարունակուի մինջեւ 1960-ական թուականները։ Յունահայութեան եւ ինքնաբերաբար հայ դպրոցներու աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի։[2],[3]

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք[4]

Խմբագրել

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, Բարեգործականի «Ազգային» եւ Հ․Կ․Խ․ «Զաւարեան» դպրոցները կը միանան «Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարան» անուան տակ։ Կը շարունակեն գործել զատ շէնքերու մէջ․ «Ազգային»ը Ս․ Յակոբ եկեղեցուոյ կից շէնքին մէջ, իսկ «Զաւարեան»ը իր շէնքին մէջ։

1957-58 դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, Բարեգործականը կը հեռանայ այս միացումէն ու կը հիմնէ «Արտաքի Գալփակեան» վարժարանը, Աթէնքի հարաւային արուարձաններէն Ամֆիթէայի շրջանը։ Քոքինիոյ տարածքին մէջ կը շարունակէ գործել «Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարան»ը իր նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով։

1963-64 դպրոցական տարեշրջանին, «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին շէնքը աշակերտներ ընդունելու համար անյարմար կը նկատուի։ Շնորհիւ Գ․ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեան, Ս․ Յակոբ եկեղեցուոյ բակին կից շէնքին վրայ երկու յաւելեալ դասարաններ կը շինուին եւ «Զաւարեան» վարժարանը առժամապէս հոն կը փոխադրուի․ կը միատեղուի «Ազգային» դպրոցին հետ։[2][5]

Վերաշինութիւն

Խմբագրել

«Զաւարեան» ակումբ-դպրոցին հիմնադրութենէն 60 տարիներ ետք, անհրաժեշտութիւնը կը նկատուի նոր շէնքի մը կառուցման։ 1981 Փետրուար 24-ին ուժգին երկրաշարժէն անոր կրած վնասները ալ աւելի կը շեշտեն կառուցման պահանջը։ 1988 Նոյեմբերին, նոր շէնքի շինութեան հիմնարկէքը կը կատարուի։[2][6][1]

1993 թուականին, Յունուար 13-ին, դպրոցը կը վերադառնայ իր «տունը», գրաւելով նորաշէն «Զաւարեան» կեդրոնին ա․ յարկը, օժտուած դաստիարակչական արդի բոլոր յարմարութիւններով։ Մանկապարտէզը կ'անուանակոչուի «Հայաստան Ուշագլեան», ի պատիւ անոր հիմնադիր-մանկապարտիզպանուհիին։

Մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցում

Խմբագրել

2010-ին կը կառուցուի արդի մանկավարժութեան յարմարութիւններով «Հայաստան Ուշագլեան» նորարար մանկապարտէզը Ս․Յակոբ եկեղեցւոյ կից։[7]

Զաւարեան վարժարանի յոբելենական հանդիսութիւններ

Խմբագրել

70-ամեակի տօնակատարութիւն

Խմբագրել

1998 թուականի Յունուար ամսուան վերջաւորութեան, մէկ շաբթուան տեւողութեամբ, ձեռնարկներով տօնակատարուեցաւ «Զաւարեան» ակումբ-դպրոցի 70-ամեակը։ Փառատօնի ընթացքին, ակումբին մէջ գործող բոլոր միութիւնները ծրագրուած միասնական ձեռնարկներով հանդէս եկան։ Այսպէս՝

Նկարներու ցուցադրութիւն․ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ նկարներու ցուցադրութիւն, ակումբային եւ դպրոցական կեանքէն։

Քաղաքական ձեռնարկ, ներկայութեամբ յունահայոց թեմի առաջնորդին, շրջանի յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանին, յունահայ գաղութի կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։

Մարզական ելոյթներ Քոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․ի գործօն մարզիկներուն եւ վեթերաններուն միջեւ վոլլէյ-պոլի խաղեր։

Զաւարեան Վարժարանի Շրջանաւարտներու ճաշկերոյթ-խրախճանք 680 շրջանաւարտներ ներկայ եղան սոյն խնճոյքին։ Շրջանաւարտներու մեծ թիւ մը բացակայեցաւ, որովհետեւ «դժուար» տարիներուն արտագաղթած եւ կամ ներգաղթած է։

 
Սիմոն Զաւարեան

90-ամեակի տօնակատարութիւն [8][9][10]

Խմբագրել

Սիմոն Զաւարեանի անունով կոչուած վարժարանը Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2018-ին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի մարզադաշտին մէջ տօնեց իր գործունէութեան 90-ամեակը։ Ներկայ եղան 400 կրթասէր հայրենակիցներ, շրջանաւարտներ, դպրոցի աշակերտներ եւ ի միջի այլոց՝ յունահայոց թեմի առաջնորդը, Յունաստանի կրթութեան, կրօնի եւ հետազօտութեան նախարար պրն. Կոստանտինոս Ղաւրօղլու, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանը, քաղաքապետներ, հայկական եւ յունական կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, տարածաշրջանին մէջ կրթական համակարգին մէջ գործող անձեր։ Հանդիսութեան ընթացքին, ողջոյնի խօսքերէն եւ օրուան պատշաճ դասախօսութեան կողքին, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կ'ընդգրկէր երկլեզու բանաւոր յիշատակներ ու սրտի խօսքեր դպրոցին նախկին ու ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն կողմէ։

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 105-ամեակ

Խմբագրել

Հանդիսութեան ընթացքին, Սիմոն Զաւարեանի մահուան 105-ամեակին առթիւ նշուեցաւ անոր տարած գործունէութիւնը։ Բեմի պաստառին վրայ երեւցաւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած հսկայ՝ 3 մեթր × 4,50 մեթր գծագրութիւնը, հիմնուած Կարօ Սասունիին Սիմոն Զաւարեանի մասին հետեւեալ գրութեան վրայ.- «Տեսուչը կ՛անցնէր գիւղերէն, ձեռքը հովուական գաւազան մը։ Հագած էր պարզուկ ու անխնամ։ Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը, ուր զետեղուած էին իր տետրերը եւ կտոր մը հաց։ Ալեխառն մօրուքն ու մազերը հովին տուած՝ կ'անցնէր ծաղկած անդաստաններէն…։ Ան տաք ու համատարած շունչի մը պէս կը բացուէր իր շրջապատին վրայ, կ'ընդգրկէր հայ հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը։ Անոր տեսքէն կ'արտացոլար համակ նուիրում մը. կարծես թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որու լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին…»։

Դպրոցը

Խմբագրել

Դպրոցին նպատակն ու թիրախը[11][3][7]

Խմբագրել

Հայեցի կրթութեան ծիրէն ներս, հետամուտ է աշակերտներուն հայակրթութեան ու հայախօսութեան։ Կը հասցնէ հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական ոգիով, Սիմոն Զաւարեանի շունչով դաստիարակուած սերունդներ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Դպրոցը իր հիմնադրութեան օրէն ցայսօր կը շարունակէ անխափան գործել, հասնելով կրթական բարձր մակարդակի։ Քայլ կը պահէ ժամանակի պահանջներուն հետ։ Օժտուած է դաստիարակչական բոլոր արդի յարմարութիւններով։

Ուսուցչական կազմ

Խմբագրել

Ուսուցչական կազմը շարունակ կը վերապատրաստուի, սերտ կապ կը պահէ յունական կրթական շրջանակներուն հետ, միշտ ի մտի ունենալով աշակերտին կարիքներն ու անոր կրթութիւնը։

Շրջանաւարտներ

Խմբագրել

Հարիւրաւոր շրջանաւարտները դպրոցի հայելին են։  Անոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն Յունաստանի ո՛չ միայն իրականութեան մէջ, այլ իբրեւ ուսուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ, բժիշկներ, գիտնականներ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, արուեստագէտներ, արհեստագէտներ, գործարարներ կամ նոյնիսկ  շատ համեստ անդամներ, որոնք իրենց հաւատքով կը նուիրուին մեր մշակութային եւ հոգեկան արժէքներու պահպանումին։

Աշխարհի բոլոր կողմերէն նախկին շրջանաւարտներ երբ Յունաստան կ'այցելեն, գիտեն որ Քոքինիոյ այս անկիւնը իրենց կը սպասէ տաքուկ հայկական օճախ մը, իրենց «տունը»՝ Զաւարեանը։

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Վարժարանի 70-ամեակի եւ 90-ամեակի յոբելեաններուն առթիւ Տնօրէնութեան եւ Հայ Ուսուցչական Կազմերու կողմէ պատրաստուած ու հրատարակուած են համապատասխան յուշամատեաններ։ Բոլոր տարիներուն շրջանաւարտներուն նկարները կ'ընդգրկեն։ 90-ամեակին առթիւ յուշամատեանը ներառած է նաեւ դպրոցական կեանքէն, գրենական պիտոյքներու եւ գործածուած կամ հրատարակուած հազուագիւտ իրերու նկարներ:

Տնօրէններ/ուհիներ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Զաւարեան վարժարանի 70-ամեակի Յուշամատեան, հրատարակութիւն՝ Զաւարեան վարժարանի Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչական Կազմ
  • Զաւարեան վարժարանի 90-ամեակի Յուշամատեան, հրատարակութիւն՝ Զաւարեան վարժարանի Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչական Կազմ
  • Ամէնուն Տարեգիրքը, 1960, Կարօ Գէորգեան
  • Ամէնուն Տարեգիրքը, 1957, Կարօ Գէորգեան
  • Լեռներու Խորհուրդը, հեղինակ՝ Կարօ Սասունի

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Անդրադարձ. Անհաւատալի Ու Անհաւանական, Բայց Ճարտար Միջնորդը Ազդակ որաթերթ 31 Յունւարի 2017
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Αρμένικο Δημοτικό Σχολείο Κυανούς Σταυρός Զաւարեան դպրոցին կայքէջը / (յունարէն)
  3. 3,0 3,1 Η συρρίκνωση του αρμενικού πληθυσμού στην Ελλάδα κατά τα έτη 1922 - 1950 Αρμενικά-Արմենիքա յունալեզու պարբերաթերթ / Յունահայ համայնքի թիւի նուազում 1922-1950 թուականներուն (յունարէն)
  4. «Զաւարեան» վարժարան 1947 Ազատ Օր 1 Փետրուար 2017
  5. Հին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի յի­շա­տակ­նե­րէն, Կարօ Աւագեան Ազատ Օր, թիւ 11218 / 16 Հոկտեմբեր 2018
  6. ՀՕՄԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ՝ ՔԱՂՈՒԱԾ ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆԻ «ԻՄ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԳԻՐՔԷՆ ՀՕՄի Ութերորդ Տասնամեակը (1980-1990) Ասպարէզ, 1-6-2010 Archived 2019-10-30 at the Wayback Machine.
  7. 7,0 7,1 Νέα στέγη για το νηπιαγωγείο της Κοκκινιάς Αρμενικά-Արմենիքա պարբերաթերթ / Քոքինիոյ Նոր Մանկապարտէզի հիմնարկէք (յունարէն)
  8. «Զաւարեան» վարժարանի 90ամեակ -Ա. Ազատ Օր օրաթերթ, 5 Նոյեմբեր 2018
  9. Հ.Կ. Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի 90ամեակ https://azator.gr/?p=11155 Ազատ Օր օրաթերթ, 9 Հոկտեմբեր 2018
  10. Το «Ζαβαριάν» γίνεται 90 ετών! Αρμενικά-Արմենիքա յունալեզու պարբերաթերթ / Զաւարեանը 90 տարեկան (յունարէն)
  11. ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ Զաւարեան վարժարանի կայքէջ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել