Էլէնի Թէոխարուս

Էլէնի Թէոխարուս, (24 Յունիս 1953(1953-06-24)[2], Ամիանտոս, Լիմասոլ, Կիպրոս[3][4][9], բժիշկ, վիրաբուժ, մանկաբուժ, մանկատածական վիրաբուժ, հասարակական գործիչ, բանաստեղծ, կամաւոր, երեսփոխայ եւ եւրոերեսփոխայ։

Էլէնի Թէոխարուս
յուն․՝ Ελένη Θεοχάρους[1]
Ծնած է 24 Յունիս 1953(1953-06-24)[2] (70 տարեկան)
Ծննդավայր Ամիանտոս, Լիմասոլ, Կիպրոս[3][4]
Քաղաքացիութիւն  Կիպրոս[3]
Մայրենի լեզու յունարէն
Ուսումնավայր Սելանիկի Արիստոթելեան համալսարան[3]
Սելանիկի Արիստոթելեան համալսարան[3]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, վիրաբոյժ, pediatric surgeon, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Թրակիոյ Տիմոքրիթոս Համալսարան
Վարած պաշտօններ Նախագահ Համերաշխութեան Շարժում Կուսակցութեան, Կիպրոսի Խորհրդարանի անդամ 7 Յունիս 2001 - 13 Յուլիս 2009, Եւրոխորհրդարանի անդամ 14 Յուլիս 2011 - 1 Յուլիս 2019
Կուսակցութիւն Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն?[5], Ժողովրդավարական Ահազանգ[6][7][8], Համերաշխութեան Շարժում[6][7][8] եւ անկախ քաղաքական գործիչ?
Ամուսին Լուի Քարողլու (մահացած 2014 թ․)

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Անդրանիկ զաւակն է Խրիստոս Թէոխարուս եւ Խրիստալիա Փարիլայի։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ 2րդ եւ 6րդ Լիմասոլի (Կիպրոս) նախակրթարաններուն մէջ։ Իսկ Երկրորդականը՝ յաջորդաբար Լիմասոլի Ա․ Իգական եւ Լանիթիօ վարժարաններուն մէջ։ Կ՛աւարտէ Սելանիկի Բժշկական Համալսարանը (հիւս․ Յունաստան), ապա՝ Սելանիկի համալսարանի Բանասիրութեան ճիւղը եւ միաժամանակ կը մասնագիտանայ ընդհանուր Վիրաբուժութեան Սելանիկին Համալսարանական Հիւանդանոցին մէջ։ Յետ-ընթացաւարտ ուսումները կը շարունակէ Մանչեսթըրի (Միացեալ Թագաւորութիւն) եւ Փարիզ (Ֆրանսա)։ Կը շարունակէ մասնագիտութիւնը մանկավիրաբուժութեան եւ մանկամիզաբանութեան շուրջ Յունաստան եւ Պոսթոն (Ա․Մ․Ն․)։ Փորձառական եւ Գործնական աշխատութեամբ կ՛արժանանայ Փիլիսոփայութեան Տոքթորայի տիտղոսին։

1978 թուականին կ՛ամուսնանայ Լուի Քարողլու հոգեբուժին հետ։ Կը բախտաւորուի աղջիկ զաւակով մը եւ հետագային թոռնուհիով մը։

Բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, 1982 թուականէն կամաւոր հասարակական գործունէութիւն կը տանի։

1991 թ․ Թրակիոյ (հիւս․ արեւելեան Յունաստան) Տիմոքրիթիոյ Համալսարանի Բժշկական Դպրոցին օժանդակ դասախօս կ՛ընտրուի։

1991 թուականէն մինչեւ 2001 թ․ Նիկոսիոյ Մաքարիոս Գ․ Հիւանդանոցի Մանկավիրաբուժական եւ Մանկամիզաբանական Բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ։ Միաժամանակ մանկավիրաբուժութիւն կը դասաւանդէ Տիմոքրիթիոյ Համալսարանը։

Ռուսիոյ Սիւքտիւվքար քաղաքի Ազգային Համալսարանի Պատուոյ Մագիստրոսի տիտղոսը կը ստանայ։

Հազարաւոր փոքրիկներ կը վիրաբուժէ։ Կը գրէ գիտական նախօրինակ աշխատութիւններ Վիրաբուժութեան եւ Մանկավիրաբուժութեան շուրջ։ Մանկավիրաբուժութիւն կը դասաւանդէ զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող զանազան երկիրներու հիւանդանոցներուն մէջ, նոյնպէս՝ Առողջապահութիւն Կիպրոսի Համալսարանին մէջ։

Քաղաքական ասպարէզը կը սկսի 2001 Մայիս 27-ին, երբ կ՛ընտրուի Կիպրոսի Խորհրդարանի անդամ։

Իր գլխաւոր նպատակն է Կիպրական Հարցի արդար լուծումը: Ջատագովն է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Հայաստանի հետ միացումին [10][11][12][13]։

Հասարակական գործողւթիւն Խմբագրել

Անդամ է «Ամերիկայի Վէրքերու Կաճառ»-ին։

1989 թուականին կ՛անդամագրուի Աշխարհի Բժիշկներ» ոչ Կառավարական Կազմակերպութեան Յունաստանի մասնաճիւղին։

1993 թուականին, «Աշխարհի Բժիշկներ» ոչ Կառավարական Կազմակերպութեան մասնաճիւղը կը հիմնէ Կիպրոսի մէջ եւ անոր նախագահութիւնը կը վարէ մինչեւ 2001։ Անոր ջանքերուն շնորհիւ, «Աշխարհի Բժիշկներ-Կիպրոս» մասնաճիւղը միջազգային համանուն ցանցին իբրեւ 8րդ հաւասար անդամը կը ճանչցուի։ Անոր Պատուոյ անդամն է եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Պաղեստինցիներու եւ Հրիաներու Գործակցութեան Զարգացման Մնայուն Կոմիտէին անդամ։

1997 թուականին Կիպրոսի մէջ Internationaler Hillsfonds e,V կազմակերպութեան մասնաճիւղը կը հիմնէ։

1998 թուականին Կիպրոսի «Մանկական Թանգարան» Կազմակերպութիւնը կը հիմնէ եւ մինչեւ այսօր անոր պատասխանատուի պաշտօնը կը վարէ։

Կ՛անդամակցի «Բժիշկներ ընդէմ կորիզային գործածման», «Միջազգային Ներում», ամերիկեան «ANAGNOS FOUNDATION» եւ շատ ուրիշ Կիպրական եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու եւ Մարմիններու։ Նաեւ վարած է Կիպրահայկական բարեկամութեան կոմիտէին նախագահութիւնը։

Իբրեւ անդամ «Աշխարհի Բժիշկներ» եւ ուրիշ մարդասիրական կազմակերպութիւններու, բժշկական իրերու անմիջական առաքումներ կը կազմակերպէ պատերազմի գօտիի շրջանները, նաեւ մաս կը կազմէ մեծ թիւով նոյնանման առաքելութիւններու։

Անդամակցած է «Աշխարհի Բժիշկներ»ու կազմակերպութեան Բարձր Տնօրէնութեան կազմին եւ իբրեւ տնօրէն՝ վարած է բժշկական եւ միջավայրի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի Միջազգային Օգնութեան Դրամարկղի նախախնամութեան աշխատանքերը։[11][12][13][14][15]

Գլխաւոր առաքելութիւններ Խմբագրել

Internationaler Hillsfonds e,V կազմակերպութեան տնօրէնի պաշտօնէն, կը համադրէ, կ՛առաջնորդէ եւ կը մասնակցի անապատումի ու սովի կանխման դէմ եւ բնութեան վերահաստատութեան տեղւոյն աշխատանքներուն․ Կոպի Անապատ (Մոնկոլիա), Չիքոմպեծի (Զիմպապուէ), Կեդրոնական Բարձրաւանդակ (Նամիպիա), Կուտի Ճախիճ (Ղազայի Գօտի), Պաքանա անապատ (Ղազախստան), Մենտոզա (Արժանթին), Չիլի, Օս եւ Պատքէն (Քիրղիզիստան) Ամիանտոյի Մետաղահանքեր (Կիպրոս)[11][12][13]։

1982 թ․ - մինչեւ օրս, իբրեւ անդամ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու, կը մասնակցի մեծ թիւով բժշկական մարդասիրական առաքելութիւններուն դէպի ռազմական բախումներով շրջաններ, վտանգելով նոյինինքն․

Այս կամաւոր առաքելութիւններուն ընթացքին, վատառողջ եւ նախնական պայմաններու տակ վիրաբուժութիւններ կը կատարէ՝ պատերազմի, բնութեան գործած աւերներու եւ կամ սովի պատճառաւ զոհերու. վիրաւորուած անզէն քաղաքացիներ, զինուորներ, փոքրիկներ եւ այլ։ Նաեւ վերոնշեալ երկիրներուն մեծ մասին կ՛աշխատի (միշտ կամաւոր) պայքարելով ընդէմ՝ AIDS հիւանդութեան, սովամահութեան, աղքատութեան, ապանտառումի եւ բնութեան-միջավայրի հարցերուն, գործակցելով տեղական իշխանութիւններուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։ Նաեւ այս ուղղութեամբ դասախօսութիւններ կու տայ եւ տեղական հիմնարկութիւններու մէջ կը դասաւանդէ։[11][12][13]

Մարդասիրական առաքելութիւններ դէպի Արցախ եւ Հայաստան Խմբագրել

Էլէնի Թէոխարուս դէպի Հայաստան եւ Արցախ 19 մարդասիրական առաքելութիւններ կը կազմակերպէ ու կը մասնակցի․ ըլլայ պատերազմի տարիներուն, ըլլայ զինադադարի օրերուն՝ առողջապահական աննպաստ ու վատառողջ պայմաններու տակ։ Ստեփանակերտի ռմբակոծումներէ քանդուած Մանուկներու Հիւանդանոցին մէջ, նոյնիսկ շարունակական ռմբակոծումներու ընթացքին վիրաբուժական գործողութիւններ կը կատարէ, անտեսելով վտանգը։

Իր կողմէ առաջարկուած եւ՝ Կիպրոսի ու Թրակիոյ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Սելանիկի հայութեան նիւթական օժանդակութեամբ ու Նիոսիոյ հեռատեսիլի կայանին կողմէ կազմակերպուած Թելեթոնի (1993, Մայիս 28) հաւաքուած հասոյթներով, Արցախի մէջ երկու վիրաբուժական սենեակներու համար անհրաժշտ բժշկական սարքեր կը գնուին՝ վիրաբուժութեան յատուկ սեղաններ, լամպեր, հնոցներ, զգայազրկման գործիքներ, դեռաճ նորածիներու թխսարկղեր, քննութեան անկողիններ, սառնարաններ, ելեկտրածին գործիքներ եւ զանազան ուրիշ օգտակար գործիքներ: Այսպէս 1995 թուականի Դեկտեմբերին, հիւանդանոցը կը կարողանայ լրիւ աշխատիլ:

Երեւանի Մանկական Համալսարանի Հիւանդանոցին մէջ կատարած վիրաբուժական գործողութիւնները, տասնեակներով մանուկներու կեանքը կը փրկէ։

1994 թուականին Երեւանի մէջ «Յունական Մշակոյթի Կեդրոն» հիմնարկը կը հիմնէ։ Կեդրոնը սարքաւորուած է համակարգիչով, տպագրիչով, պատճէահանման մեքենայով, հեռատեսիլով, տեսաերիզի սարքով ու համապատասխան դաստիարակչական տարրերայինով, երաժշտութեան գործիքներու լրիւ դասաւորութեամբ եւ գրադարանի հազաւարոր գիրքերով՝ նուէր Կիպրոսի ժողովուրդին եւ Կրթութեան Նախարարութեան։[12][16][17][15]

Քաղաքական գործողպւթիւն Խմբագրել

Էլէնի Թէոխարուս պատանի տարիքէն, քաղաքականացած գործունէութեամբ միշտ պատնէշի վրայ կ՛ըլլայ, կը մասնակցի բողոքի ցոյցերու։ Կանուխէն կը մտնէ Ժողովրդավարական Կուսակցութեան շարքերը (ΔΗ.ΚΟ.

Կիպրոսի Խորհրդարանի պատգամաւոր Խմբագրել

Քաղաքական վառ ասպարէզը կը սկսի 2001 Մայիս 27-ին, երբ կ՛ընտրուի Ժողովրդավարական Ահազանգ Կուսակցութեան (ΔΗ.ΣΥ.) հետ Կիպրոս]]ի Խորհրդարանի անդամ։

Կը վերընտրուի 2006 թուականի ընտրութիւններուն։

2003 թուականին, Կիպրոսի Խորհրդարանը զայն Եւրոխորհրդարանի Դիտորդ կը նշանակէ։

2015 թուականի, Ժողովրդավարական Ահազանգ Կուսակցութենէն կը հեռանայ եւ կը հիմնէ Համերաշխութեան Շարժում կազմակերպութիւնը [18], որուն ալ նախագահութիւնը կը ստանձնէ։ Իր կուսակցութեամբ, կը մասնակցի 2016 թուականի ընտրութիւններուն, ուր երեք աթոռ կը շահի։

Կը կատարէ հետեւեալ պաշտօնները․ Կիպրոսի Խորհրդարանի՝ Առողջապահական Կոմիտէի Նախագահ եւ Փոխ-նախագահ, Արտաքին Գործերու Կոմիտէի Նախագահ, նաեւ Աշխատաւորութեան, Բնութեան-Շրջապատի եւ Մարդկանց Իրաւունքներու Կոմիտէներու անդամ եւ՝ Կիպրոսի Թղթածրարի Կոմիտէին։

Պարբերաբար կը մասնակցի եւ Կիպրոսը կը ներկայացնէ՝ Կիպրոսի Խորհրդարանի Organization for Security and Co-operation in Europe (OSCE) Պատուիրակութեան, Բրիտանական Հասարակապետութեան Խորհրդարանական Ժողովին, Ասիոյ Խորհրդարանական Հաւաքին, Միջխորհրդարանական Միութեան Համաեւրոպական Խորհրդարանական Ատեանին եւ տասնեակէ աւելի այլ Ժողովներու։

Եւրոխորհրդարանին մէջ Խմբագրել

2009 թուականին, Ժողովրդավարական Ահազանգ Կուսակցութեան շարքերէն, Եւրոխորհրդարանի անդամ կ՛ընտրուի ու մաս կը կազմէ անոր Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան (European People’s Party, EPP

2016 թուականին, Եւրոխորհրդարանի Պահպանողականներու եւ Բարեկարգիչներու խումբին (ECR) մէջ կը գործէ։

Նաեւ, կ՛ աշխատի Եւրոխորհրդարանի Արտաքին Հարցերու, Զարգացման եւ Տեղեկագրութեան Կոմիտէներուն մէջ։

Մնայուն Անդամ է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան Եւրոխորհրդարանի Խառն Պատուիրակութեան, Փոխանդամ African, Caribbean and Pacific (ACP) Working Party - Եւրոպական Միութեան Կոմիտէին։[19]

Նաեւ փոխանդամ է բազմաթիւ Կոմիտէներու, որոնց աշխատանքները կը վերաբերեն սերտացնել կապերը զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներուն հետ եւ կամ օժանդակել ուր որ պէտք է։

Նախագահ է Եւրոխորհրդարան - Բրիտանական Հասարակապետութեան Բարեկամութեան խումբին։

Փոխ նախագահ է Եւրոխորհրդարան - Եգիպտոս Բարեկամութեան խումբին։

Հիմնադիրն է Եւրոխորհրդարան - Հայաստան Բարեկամութեան խումբին եւ 2-րդ նստաշրջանին ալ անոր նախագահութիւնը կը վառէ։

Եւրոխորհրդարանը տարբեր բնոյթով Ժողովներու ներկայացուցած է․ Զարգացման (Սան Փաոլօ, Պուէյնոս Այրէս, Սան Ֆրանսիսքօ, Ուաշինկթըն, Մոնրէալ, Քորէա, Ակոլա, Պոցուանա, Կանա, Եգիպտոս, Հայաստան, Թանզանիա, Քենիա, Քամերուն, Դոկօ, եւայլն)։

Աշխատած է զանազան Կոմիտէներու մէջ, օրինակ՝ Առողջապահութեան, Մթնոլորտի պահպանման եւ Սնունդի Ապահովութեան Կոմիտէին մէջ։

Կիպրական խնդրին շուրջ կազմակերպած է շարք մը եղելութիւններ եւ կը գործակցի Պոլսոյ Պիլկի, Աթէնքի Փանտիօ, Սաօ Փալոլօի Ազգային, Կիպրոսի, Նիկոսիոյ, Պելճիքայի Լուվէն, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի համալսարաններուն հետ։[9][11][20][21][22][23][12][17][13][15]

Գրագիտական գործողութպւնի Խմբագրել

Հինգ բանաստեղծական գործեր կը հրատարակէ։ 1990 եւ 2001 թուականներուն, Բանաստեղծութեան Պետական Ա․ Մրցանակով կը պարգեւատրուի[12]։

  • Բանաստեղծութիւն եւ Քաղաքական գործակցութիւն (ΠΟΙΗΤΙΚΗ ΠΡΑΞΗ ΚΑΙ ΠΟΛΙΤΙΚΗ ΣΥΜΠΡΑΞΗ)
  • Գործակալ մահ, հրէշտակս (ΠΡΟΞΕΝΟΣ ΘΑΝΑΤΟΣ ΑΓΓΕΛΕ ΜΟΥ)
  • Մեծ երրորդները (ΟΙ ΜΕΓΑΛΟΙ ΤΡΙΤΟΙ)
  • Ծոյլ ամառ (ΤΕΜΠΕΛΟΚΑΛΟΚΑΙΡΟ)
  • Յունասիրեացի կախարդներով (ΕΛΛΗΝΟΣΥΡΩΝ ΜΑΓΩΝ)
  • Գեղեցիկ ծաղկավաճառը (Η ΩΡΑΙΑ ΑΝΘΟΠΩΛΙΣ)

Պարգեւներ Խմբագրել

Էլէնի Թէոխարուն, իր տարած մարդասիրական աշխատանքին համար տարբեր երկիրներու, կազմակերպութիւններու, ժողովուրդներու կողմէ պարգեւատրուած է։ Պարգեւատումներուն շարքը շատ երկար է․ կը նշենք տասնեակ մը՝

  • Ասպետ` Օտարներու Զօրագունդի - Ֆրանսական Կառավարութիւն,
  • Կամաւորի Համաեւրոպական Մրցանակ - Ֆրանսական Կառավարութիւն,
  • Տարուան Կամաւոր - Կիպրոս,
  • Մատամ Ֆիկարօ, երկուստէք պարգեւատրում Մարդասիրական գործունէութեան համար - Կիպրոս,
  • Paul Harris մրցանակ,
  • Margaret Gauldwinn մրցանակ,
  • Վարտինողիաննի Համապալքանեան մրցանակ - Յունաստան,
  • Պատուոյ Ոսկի Մետալ, երկուստէք - Արցախ,
  • Պատուոյ Ոսկի Մետալ - Հայաստանի Խորհրդարան[24]
  • Պատուոյ Տիտղոս Եկեղեցիներու Ազնուական Տիկինի, Ափրիկէի մէջ տարած մարդասիրական գործունէութեան համար - Աղեքսանտրիոյ Եգիպտոս եւ Ափրիկէին Պատրիարքութիւն։[12][13][14][25]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. ΘΕΟΧΑΡΟΥΣ ΚΑΡΙΟΛΟΥ ΕΛΕΝΗΒουλή των Αντιπροσώπων.
  2. 2,0 2,1 Eleni THEOCHAROUSEuropean Parliament.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 THEOCHAROUS KARIOLOU EleniHouse of Representatives.
  4. 4,0 4,1 4,2 Βιογραφικό
  5. Όταν η Θεοχάρους αποχωρούσε πυροβολώντας από το ΔΗΚΟ — 2015.
  6. 6,0 6,1 Αποχώρησε από το ΔΗΣΥ η ευρωβουλευτής Ελένη Θεοχάρους — 2015.
  7. 7,0 7,1 Το Κίνημα Αλληλεγγύη ιδρύει η Ελένη ΘεοχάρουςΗ Καθημερινή, 2015.
  8. 8,0 8,1 Φεύγει από το ΔΗΣΥ και δημιουργεί το Κίνημα “Αλληλεγγύη” η Θεοχάρους — 2015.
  9. 9,0 9,1 History of parliamentary service, Եւրոխորհրդարանի սպասարկութեան ելեկտ․ էջ
  10. Եւրոխորհրդարանի անդամներ․ Էլէնի Թէոխարուս, կենսագրական գիծեր․ Archived 2019-11-12 at the Wayback Machine. (անգլերէն)
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 11,4 Τα Νεα յունալեզու օրաթերթ, 11-11-2018, «Ո՞վ է Էլէնի Թէոխարուն․․»
  12. 12,0 12,1 12,2 12,3 12,4 12,5 12,6 12,7 Էլէնի Թէոխարու, Անդամ Եւրոխորհրդարանի,27-10-2012, հարցազրոյց եւ կենսագրական գիծեր
  13. 13,0 13,1 13,2 13,3 13,4 13,5 Sigma Live ելկտ․ լրատ․ էջ, Եւրոխորհրդարանի թեկնածուներ, 18-3-2014
  14. 14,0 14,1 Ալիթիա (Αλήθεια) ելեկտ․ թերթ, 12-8-2019 Էլէնի Թէոխարու
  15. 15,0 15,1 15,2 Ազատ Օր, 15 Նոյեմբեր 2019, «Էլէնի Թէոխարուս հմայեց իր ելոյթով՝ Աթէնքի մէջ» https://azator.gr/?p=14372
  16. Ազատ Օր, 21 Փետրվար 2017 Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Է­լե­նի ­Թէո­խա­րու­սը այ­ցե­լեց Ար­ցա­խի խորհր­դա­րան
  17. 17,0 17,1 «Armenian Portal ելեկտ․ թերթ, 11-10-2012, հարցազրոյց (Ազատ Օր-էն բեռնուած) Էլէնի Թէոխարուսին հետ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-13 
  18. «Համերաշխութեան Շարժում, պաշտօնական կայքէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-16-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-13 
  19. African, Caribbean and Pacific (ACP) Working Party
  20. Ազատ Օր, արխիւ․ Փետրուար 2015, Բարեկամութեան Խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս
  21. «Ասպարէզ - 27-9-2018, Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուս Եւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամներ Կ՛այցելեն Արցախ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-12 
  22. Հայրենիք շաբաթաթերթ, 11-5-2019 Պրիւքսէլի Մէջ «Հայատեացութիւն. Պատմական եւ արդի դրսեւորումները» Խորագրով Գիտաժողով
  23. «Ասպարէզ, «Ատրպէյճան Իր Իսկ Բնակչութիւնը Օգտագործած Է Իբրեւ Կենդանի Վահան». Էլէնի Թէոխարուս Յուլիս 10, 2017»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-12 
  24. European parlament Եւրոխորհրդարանի կայքէջ․ Կիպրոս
  25. Ալիթիա (Αλήθεια) ելեկտ․ թերթ, հարցազրոյց Էլէնի Թէոխարուին հետ, 19-8-2019

Արտագին յղումներ Խմբագրել