Նորա Արիսեան (1967, Դամասկոս, Սուրիա), բանասէր, գրող, թարգմանիչ, արեւելագէտ եւ երեսփոխան[1][2]:

Նորա Արիսեան
Ծնած է 1967
Ծննդավայր Դամասկոս, Սուրիա
Մասնագիտութիւն բանասէր, գրագէտ, թարգմանիչ, արեւելագէտ
Վարած պաշտօններ երեսփոխան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է[3]:

1988-ին եւ 1989-ին Ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի, իսկ 1990-ին թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին տիրացած է:

2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին[4]:

Գործունէութիւն Խմբագրել

1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ` կատարելով նաեւ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանաւոր թարգմանութիւններ: Դեսպանատան թարգմանութիւնները կը կատարէ մինչեւ օրս:

2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու:

Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ։ Զանազան առիթներով, արաբերէն եւ հայերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ:

Զանազան լեզուներով մասնագիտական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ ունի բազմաթիւ երկիրներու մէջ լոյս տեսած մամուլին մէջ։ Քաղաքական եւ պատմական նիւթերով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: Խմբագիրն է «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքին: Անդամ է Արաբ գրողներու միութեան (2007-ին. միակ սփիւռքահայ կին գրողն է, որ այս միութեան անդամակցած է)[5]:

2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին:

2022 թուականին, Սուրիոյ նախագահին հրամանագիրով դոկտ. Նորա Արիսեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։

Երկեր Խմբագրել

Հեղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու.

  • «Հայերու արհաւիրքը սուրիական մտքին մէջ, սուրիացի մտաւորականներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», Պէյրութ, 2002 (արաբերէն)[6]:
  • «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005 (արաբերէն):
  • «Տէր Զօր, մարտիրոսաց քաղաք», Հալէպ, 2010 (հայերէն):
  • «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011 (արաբերէն):
  • «100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան – 100 արաբական վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 2015 (արաբերէն):

Արիսեան ունի արաբերէնի թարգմանած շուրջ տասը հրատարակուած գիրքեր.

  1. Յակոբ Պարոնեանի, «Քաղաքավարութեան վնասները»:
  2. 2005-ին Յարութ Սասունեանի «The world speaks out» (անգլերէնէ թարգմանուած)[7]:
  3. 2005-ին «Վերապրողներու վկայութիւններ»:
  4. 2006-ին «Ընդդէմ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան» վերնագիրով գիրքը:
  5. 2006-ին Ալֆրետ Տը Զայասի «Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ անոր առնչութիւնը Ցեղասպանութեան համաձայնագիրին հետ» վերնագիրով գիրքը[8]:
  6. 2006-ին Գէորգ Աբելեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» պատմուածքներու գիրքը:
  7. 2006-ին Շահէ Աւագեանի «Լեռնային Ղարաբաղ – իրաւական ասպեկտներ»:
  8. 2014-ին Թաթուլ Յակոբեանի «Ղարաբաղի օրագիր»:
  9. 2015-ին «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:
  10. 2016-ին, «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը»:

Պարգեւներ Խմբագրել

Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով:

  • 2006-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Վահան Թէքէեան» շքանշանով:
  • 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
  • 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել