Ս. Միւռոն, սրբազան ու սրբալոյս նիւթ մը, որ յատուկ օրհնութեամբ կը պատրաստուի կաթողիկոսներու ձեռքով: Միւռոնի գլխաւոր նիւթն է ձէթը, որուն կը խառնուի չափաւոր քանակութեամբ բալասան եւ քառասուն տեսակի հոտաւէտ խունկերու, փայտերու եւ բոյրերու խառնուրդով նիւթ մը: Անուշաբոյր իւղերու այս բաղադրութիւնը կը գործածուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ընթացքին։

Նախաքրիստոնէական Շրջան Խմբագրել

Իւղով օծուելու սովորութիւնը կանուխ դարերէն ի վեր կիրարկած են հին ցեղախումբեր: Հին Ուխտի ժողովուրդին մօտ ատիկա արդէն տարածուած սովորութիւն էր, երբ անոնք իւղով կ'օծէին յատկապէս այն անձերը, որոնք կոչուած էին դառնալու առաջնորդ, քահանայապետական կամ թագաւորական իշխանութեամբ հովուելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը: Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ մարդիկ կ'ըլլային անոնք եւ նշանակուած յատուկ անձի մը կողմէ, նուիրեալներուն գլխուն կը թափէր իւղը իբրեւ նշան՝ Աստուածատուր պաշտօնին ստացման:

Միայն մարդոց պարագային չէր սակայն օծումը, այլ իւղով կ'օծէին նաեւ սպասներ, կրօնական կամ ազգային նշանակութիւն ունեցող առարկաներ: Այսպէս, Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Յակոբ նահապետ օծած է այն քարը, որուն վրայ իր գլուխը դրած էր։ Դարձեալ իւղով օծուած է Մովսէսի հաստատուած վկայութեան Խորանը, ողջակէզներու սեղանները իրենց բոլոր սպասներով:

Նախնական շրջանին միայն ձիթենիի իւղը օգտագործուած է, սրբագործելու համար ընտրեալ անձերն ու սրբազան անօթները:

Այս սրբագործումով նուիրեալները ոչ միայն ժողովուրդին յարգանքը կը վայելէին, այլեւ հոգեկան զօրութիւն կը ստանային, իրենց պաշտօնին կատարման ընթացքին: Օծմամբ աստուածային հովանաւորութիւնը ստանալով, ընտրեալ անձը հոգեպէս կը կերպարանափոխուէր, դառնալով նոր մարդ:

Աստուածաշունչին մէջ, հետեւաբար, օծման իւղը նիւթեղէն միջոցն է՝ Ս. Հոգիին ներգործութիւնը փոխանցելու եւ սրբագործելու ընտրեալ մարդիկը եւ կրօնական գործածութեան յատուկ անօթները:

Ըստ Աստուածաշունչին, Մովսէս մարգարէն Սինա լերան վրայ, Աստուծմէ ստացած է ծաղիկներ եւ պատրաստած՝ առաջին Միւռոնը։ Այնուհետեւ Միւռոնը գործածուած է օծելու թագաւորներ եւ մարգարէներ։

Քրիստոնէական Դարաշրջան Խմբագրել

Հիւանդներու առողջացման համար գործածուած իւղին սկիզբը մինչեւ Յիսուսի օրերը կ'երթայ, երբ Տիրոջ աշակերտները իրենք, «մեծ թիւով հիւանդներ իւղով կ'օծէին եւ կը բժշկէին զանոնք»: Յակոբոս առաքեալ կը թելադրէ հիւանդին առողջացման համար կանչել երէցները, որոնք Տիրոջ անունով պիտի օծէին զայն եւ աղօթէին, որպէսզի առողջանար: Հաւանաբար Բ. դարուն, եկեղեցւոյ մէջ սովորութիւն դարձած է ջուրով մկրտութենէն ետք, իւղի օծումով փոխանցել Ս. Հոգիին շնորհքները նորադարձներուն: Ջուրով լուացումը, որ եղբայրական հին սովորութենէ կու գար, քրիստոնէական դարաշրջանին, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, կը դառնայ հոգեւոր վերածնութեան նշան: Իսկ անոր հետեւող իւղով օծումը՝ Սուրբ Հոգիի պարգեւներու ստացման խորհրդանշան: Այս ժամանակաշրջանին, օծման համար օգտագործուող իւղը ձէթն էր:

Եկեղեցւոյ Մէջ Աճման Ու Զարգացման Առիթներ Խմբագրել

Երբ հոգեւոր կարիքը կ'աճի, եպիսկոպոսներ կը սկսին ամէն տարի, Աւագ Հինգշաբթի օր ձէթ օրհնել ու բաշխել քահանաներուն, առ ի գործածութիւն՝ կարգ մը խորհուրդներու: Այս վերջինով կ'օծուէին եպիսկոպոսներ, սկիհ ու մաղզմայ եւ կը կատարուէր դրոշմի խորհուրդը:

Քրիստոնէութիւնը դարերու ընթացքին կը զարգացնէ օծման ու անոր նիւթին՝ իւղին գործածութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Տեսանելի միջոց մը իբրեւ, իւղը կը դառնայ կնիք մը ի վերուստ, երկնային դրոշմ ու վկայութիւն, հաւատքի մէջ հաստատման ու քրիստոնէական նոր կեանքի սկզբնաւորութեան:

Հայ Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը Խմբագրել

 
Միւռոնի կաթսան Ս. Էջմիածին մայր տաճարին մէջ:

Հին եւ նոր դարերուն օգտագործուած օծման իւղը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ աւանդաբար կոչուած է ՄԵՌՈՆ:

«Միւռոն» կամ «Մեռոն», յունարէն բառ մըն է, Μουρόν, որ կը նշանակէ «իւղ անուշ»: Կաթոլիկ եկեղեցին կը գործածէ «խրիզմա» բառը, որ դարձեալ յունարէն է, որ կը նշանակէ «օծում»:

Միւռոնին գլխաւոր նիւթը մաքուր ու անարատ ձէթն է, զտուած ու եփուած, որուն կը միախառնեն արաբական կամ եգիպտական սպիտակ բալասանը, դափնիի ձէթը եւ աւելի քան քառասուն տեսակ անուշահոտ ծաղիկներու, խունկերու եւ այլ բոյսերու հիւթէն պատրաստուած իւղը: Միւռոնօրհնութեան պահուն, անոր կը միախառնեն նաեւ հին Միւռոնէն մաս մը, որպէսզի պահուի նուիրական շղթան, որ կ'երթայ մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ անկէ ալ՝ մինչեւ Ս. Թադէոս Առաքեալ: Ըստ աւանդութեան՝ Ս. Թադէոս առաքեալին կը պարտինք Միւռոնին Հայաստան մուտք գործելը։ Ան Միւռոնը գործածած է բուժելու համար Աբգար թագաւորը, ապա զայն պահած է ծառի մը տակ։ Հետագային տեսիլքի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գիտնայ Միւռոնին պահուած տեղը եւ զայն կը գործածէ բուժելու Տրդատ թագաւորը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, վարչական հիմքերու վրայ դնելով Հայ Առաքելական Եկեղեցին, ըստ աւանդութեան ինք կը կատարէ առաջին Միւռոնօրհնէքը, մասնաւոր իւղ օրհնելով եկեղեցիներու եւ հոգեւորականներու օծման համար, որուն կը միախառնէ Հայոց Լուսաւորիչ Առաքեալէն մնացած անուշաբոյր իւղը:

Ի եւ ԻԱ դարեր Խմբագրել

Ներկայիս Միւռոնօրհնէքի արարողութիւններ կը կատարուին Ս. Էջմիածինի եւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարներուն մէջ ընդհանրապէս 5-էն 7 տարին անգամ մը, ձեռօք՝ Վեհափառ հայրապետերու։

Կաթողիկոսական Իրաւասութիւն Խմբագրել

Դ. Դարու Եկեղեցւոյ Հայրերու գրութեանց մէջ կան օծման մասնաւոր իւղի օրհնութեան ակնարկներ: Հայ եկեղեցւոյ պարագային ալ, մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տանելով զայն, համաժամանակ եղած կ'ըլլայ օծման իւղի օրհնութեան արարողութեան սկզբնաւորումը քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Ինչպէս այլ եկեղեցիներու, Հայ եկեղեցւոյ մէջ եւս նախապէս Եպիսկոպոսներու վերապահուած էր օծումի ձէթ օրհնելը: Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետին օրով գումարուած Վաղարշապատի Դ. Ժողովը, «Վասն Բարեկարգութեան Եկեղեցականաց», 426-ին, քահանաներուն ուղղած իր Ը. կանոնին մէջ կ'ըսէ.

  Յամենայն ամի, յետ զատկին առցեն քահանայք զիւղ Մեռոնի ի Մեռոնի ի մեծ Հայրապետէն
- քահանաներուն ուղղուած Ը. կանոն
 


Իսկ 768-ին, շատ հաւանաբար այս գծով եկեղեցւոյ մէջ թոյլ տրուող սխալները սրբագրելու միտումով, Սիոն Կաթողիկոսին օրով գումարուած Պարտաւի Բ. Ժողովին կողմէ հաստատուած կանոնին համաձայն, Միւռոնի օրհնութիւնը կը վերապահուի բացարձակապէս կաթողիկոսին: Ը. Դարուն գումարուած այս ժողովը, որ 24 կանոններ ունի «Վասն Բարեկարգութեան Եկեղեցւոյ», իր Ե. դարու կանոնով կը հրահանգէ.

  Եպիսկոպոսք մի իշխեսցեն մեռովն օրհնել, կամ յօրհնեալ յաւելուլ ինչ, այլ ի Հայրապետէն առեցին...:
- «Վասն Բարեկարգութեան Եկեղեցւոյ»,Ե. դարու կանոն
 


Այդ օրէն մինչեւ այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն դարձած է, որ Միւռոնի օրհնութիւնը միայն կաթողիկոսին իրաւասութիւնն է: Հայոց Հայրապետը, շուրջը ունենալով 12 հանդիսաւորապէս զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ, կը կատարէ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, տարի մը առաջ ծանուցելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդին:


Արարողութեան Ընթացքը Խմբագրել

Դարաւոր խորհուրդ մը ամբողջ իր մէջ պարփակող այս արարողութիւնը, իր ներկայացուցած խորհուրդին չափ վեհ ու վսեմաշուք նախապատրաստութիւն ու կատարում ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Օրհնութենէն քառասուն օր առաջ, Միւռոնի օրհնութեան կաթսան դափնիի եւ ձիթենիի իւղով կը լեցուի եւ կը դրուի Մայր Տաճարին խորանի բեմին վրայ ծածկուած եօթ երկար քօղերով, որոնք վերի մասէն միացուցած կ'ըլլան իրարու: Քառասուներորդ օրը, Մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած մասնաւոր բեմի խորանին վրայ, Հայրապետական սուրբ պատարագ կը մատուցուի: Վեհարանէն բացուող թափօրը, տասներկու զգեստաւորեալ եպիսկոպոսներով ու եկեղեցականաց դասով, դէպի խորան կ'առաջնորդէ Հայրապետը, որ հանդիսաւորապէս կ'ընթանայ «Ամպ Հովանի»ի մը տակէն, իր օրհնութիւնը բաշխելով հաւատացեալ ուխտաւոր բազմութեան:

Եպիսկոպոսներէն իւրաքանչիւրը իր ձեռքին մէջ կը կրէ սրբազան մասունք մը, իսկ ոմանք ալ նոր Միւռոնին խառնուելիք գլխաւոր նիւթերէն ոմանց հիւթերը, ինչպէս բալասանը, վարդի ջուրը, հին Միւռոնը եւ այլն: Վեհափառ Հայրապետը կը մատուցանէ Ս. պատարագը, սպասարկող ունենալով առընթերակայ եպիսկոպոսներ: Եպիսկոպոսներէն մին կը կարդայ Աւետարանը, ուրիշ մը կ'արտասանէ «Հաւատամք»ը, երրորդ մը կը կատարէ խորհուրդին վերաբերումը: «Սաղմոս ասացէք»էն առաջ, երեք եպիսկոպոսներ Մայր Տաճարին Ս. Երրորդութեան խորանը կ'ուղղուին, հոն դրուած Սկիհը, հին Միւռոնի եւ Միւռոնի բաղկացուցիչ գլխաւոր նիւթերը վերաբերելու համար: Իսկ Հայրապետը մինչեւ անոնց գալը Աթոռին վրայ կը բազմի:

Վերաբերումէն ետք, Ս. պատարագը կը շարունակուի մինչեւ «ողջոյն»ի պահը, երբ հայրապետը դարձեալ Աթոռ կը բազմի, դէմքը դէպի ժողովուրդը: Հոս կը սկսի Միւռոնօրհնութեան կարգը, այնպէս՝ ինչպէս կը տնօրինէ զայն Սսոյ դարաւոր մաշտոցը, որ ի պահ դրուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։ Եպիսկոպոսներ հերթաբար Աստուածաշնչական հատուածներ կը կարդան, իսկ Վեհափառ Հայրապետը իրեն վերապահուած օրհնութեան աղօթքներով Ս. Հոգիին էջքը կը խնդրէ, որպէսզի գայ ու հանգչի այս իւղին մէջ եւ այնուհետեւ անով օծուողները ստանան երկնային շնորհքներ: Վեհափառ Հայրապետը կը կարդայ «Սուրբ եւ ահաւոր անուն» աղօթքը, ուր Աստուծոյ Որդիին ուղղելով իր խնդրանքը, կ'ըսէ. «Դո'ւն տնօրինէ, որ մեր աղաչանքները իրենց բարի կատարումը գտնելով՝ քեզ փառաւորելու պատճառ ըլլան եւ շնորհէ, որ մեղաւորներուս համար այս լուսանիւթ ձէթը աներեւոյթ մեր մեղքերուն բժշկութեան առիթ ըլլայ»:

Այս աղօթքէն ետք, «Բացեր Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, կաթսային կափարիչը կը բանան եւ հանդիսաւորապէս զայն կը յանձնեն Միւռոնօրհնութեան կնքահօր, առհասարակ Հայոց Հայրապետին կողմէ ընտրեալ բարեսէր ազգայինի մը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը կաթսային մէջ կը լեցնէ զանազան ծաղիկներու եւ հոտաւէտ արմատներու հիւթերը, բալասանը եւ անոնց վրայ կ'աւելցնէ նաեւ հին Միւռոնը, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» երգելով: Կը հասնի սրբագործման բուն պահը...: Մայր Տաճարին զանգերը կը ղօղանջեն, իրենց քաղցրանոյշ զնգմամբ լեցնելով մթնոլորտը, մինչ Վեհափառ Հայրապետը նախ կենաց Փայտի մասունքով, ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին օրհնաբաշխ Աջով կը խառնէ նոր Միւռոնը: Այս պահուն է նաեւ, որ Ս. Լուսաւորիչին Աջը կաթսային մէջ մտնելով, առանց կրակի կը պղպջակացնէ նոր Միւռոնը, փրփուրի խաւ մը կապելով անոր ոսկեգոյն մակերեսին վրայ:

Այնուհետեւ կը փակեն կաթսային կափարիչը եւ եպիսկոպոսներ հերթաբար աղօթքներ կը կարդան: Վեհը կը կարդայ վերջին աղօթքը: Սքանչելի աղօթքներէն մին հետեւեալ մաղթողական բառերով խնդրամատոյց կ'ըլլայ Քրիստոսի ըսելով.

  Քու աստուածային անուշաբոյր իւղիդ օծումով աներեւութապէս օծէ' մեր բոլոր զգայարանքները, եւ մեզ բոլորս արժանի ըրէ որ այս սուրբ օծումով պայծառանանք եւ անուշաբոյր երեւինք:
- Մարկոսի Աւետարան
 


Այս հատուածին մէջ կը յիշուի, թէ Յիսուս իր աշակերտները առաքելութեան կը ղրկէ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ անոնք հիւանդներ կ'օծեն իւղով ու կը բժշկեն զանոնք:

«Ուրախ Լեր» շարականին բերկրալի բառերով ու Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին կը հասնի Միւռոնօրհնութեան կարգը: Ապա Ս. պատարագը կը շարունակուի եւ «Ողջոյն»ը կը տրուի:

Ս. պատարագէն ետք, խորանին բեմին վրայ վեհօրէն հանգչած Սրբալոյս Միւռոնին քօղածածկ կաթսան, հաւատացեալ ժողովուրդին ջերմեռանդ հաւատքին ու բարեպաշտութեան առարկան կը դառնայ: Ներկայ ամբողջ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ կը մօտենայ անոր եւ կը համբուրէ զայն: Ոմանք անոր կը քսեն իրենց թաշկինակները, իսկ բարեպաշտուհիներ իրենց գլխածածկոյթները, անոր ամենասփիւռ օրհնութենէն տանելու համար իրենց տուները եւ անկողնոյ ծառայող հիւանդներու:

Սուրբ Միւռոնին Շնորհաբաշխ Նկարագիրը Խմբագրել

Սրբալոյս Միւռոնին գործածութեան տարբեր առիթներու ընթացքին արտասանուած աղօթքները, որոնք մեր հայրերուն կողմէ խմբագրուած են, արտայայտութիւն են անոր շնորհաբաշխ նկարագիրին:

Ս. Հոգիի շնորհքներուն փոխանցման տեսանելի խորհրդանշանը ըլլալով, Ս. Միւռոնը սրբագործելէ բացի, նաեւ քրիստոնէական կեանք ապրելու որոշ շնորհքներով կ'օժտէ մարդը: Մկրտութեան յաջորդող դրոշմի խորհուրդին մէջ, երբ Սրբալոյս Միւռոնով կ'օծուին նորակնունք երեխային մարմինին ինը մասերը, սկսելով անոր հինգ զգայարանքներէն, իւրաքանչիւրին պարագային քրիստոնէական կեանքի բարւօք կատարման դիւրութիւն կ'ընծայուի: Այսպէս, յանուն Յիսուսի Քրիստոսի,

  • Ս. Միւռոնով ճակատը դրոշմուած պահուն, երկնաւոր անապական պարգեւներով կ'օծուի նորածին քրիստոնեան:
  • Աչքերը դրոշմուած պահուն՝ յաւիտենական մահէն կը փրկուի:
  • Ականջները դրոշմուած պահուն՝ աստուածային պատուիրաններուն լայն կը բացուին անոնք:
  • Քիթը դրոշմուած պահուն յաւիտենական կեանքի անուշահոտութեան բուրմունքը կը տրուի անոր:
  • Բերանը դրոշմուած պահուն այդ կնիքը կը դառնայ ամուր դուռ մը անոր շրթերուն վրայ, բոլոր խօսքերը աստուածահաճոյ դարձնող:
  • Սիրտին վրայ դրոշմուած պահուն նոր մարդն է, որ կը ստեղծէ անոր մէջ, աստուածային պատկերին նմանութեամբ:
  • Կռնակը դրոշմուած պահուն՝ զՔրիստոս կը զգենու իբրեւ վահան, որ իր թիկունքէն պիտի պաշտպանէ զինք, չար նետերէ փրկելով:
  • Ոտքերը դրոշմուած պահուն՝ անոնք պիտի հաստատուին Աստուծոյ ճանապարհին մէջ, զինք առաջնորդելով դէպի յաւիտենական ուրախութիւն:

Մէկ խօսքով, քրիստոնէական կեանքի վաւերական ուղին, Սրբալոյս Միւռոնին դրոշմով կ'ընդունի անձ մը, ստանալով այդ ճամբուն համար հարկաւոր բոլոր շնորհքները: Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին համար մեծ իմաստ ու խորախորհուրդ նշանակութիւն ունի Սրբալոյս Միւռոնին դրոշմը: Անիկա Հայ Եկեղեցին եւ Հայ ազգը կը զատորոշէ այլ Եկեղեցիներու եւ ազգերու ընտանիքներէն: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները Ս. Միւռոնին դրոշմով կը հայանան ու ազգութեան նկարագիրը կը զգենուն, այլապէս անոնք կ'օտարանան ու կը կորսնցնեն պատկանելիութեան մը գերագոյն այս գործօնը, որ յօդակապն է ազգային միութեան ու յաւերժութեան:

Բաղադրութիւն Խմբագրել

Թիւ Հայերէն Անգլերէն Լատիներէն Բաղադրիչ տարր
1 Ձիթաիւղ Olive Oil Olivum
 
2 Դափնիի իւղ Laurel Oil Laurus Nobilis
 
3 Բալասանի իւղ Balsam Oil Balsamum Peruvianum
 
4 Բալասան Հրէաստանի Balm of Gilead Balsamum Judaicum
 
5 Մեխակ Cloves Caryophillus Aromatcus
 
6 Մշկընկոյզ Nutmeg Miristica Moschata
 
7 Խնկեղէք Sweet Flag Acorus Calamus
 
8 Հնդկական Նարդոս Jatamansi Oil Nardus Indicus
 
9 Հնդկապղպեղ Cubeb Piper Cubeba
 
10 Շամբալեղակ Fenugreek Foenum Graecum
 
11 Կասիա Cassia, Chinese Cinnamon Cinnamomum Aro Maticum
 
12 Կինեմոն Cinnamon Cinnamomum ZeyLanicum, Cinnamomum Verum
 
13 Խունկ, հայխունկ Frankicense Thus, Olibanum
 
14 Հիլ, Քարտամոն Cardamon Elettaria Cardamomum
 
15 Ստաղի, Սթորաքս Storax, Snowbell and Benzoin Styrax
 
16 Սորեակ Հլատ Citronella Grass Cymbopogon Nardus
 
17 Սանտալ Սպիտակ Sandalwood Santalum, Santalinus
 
18 Ծաղիկի եւ Յասմիկի ջուր Flower Water Aqua Floris Aurantiorum
 
19 Քրքում Saffron Crocus Sativus
 
20 Մարտաքուշ Mandrake Root Mandragora
 
21 Դափնեկեռաս Cherry Laurel Laurocerasus Officinalis
 
22 Վաղմերուկ Lemon Grass Cymbopogon Citratus
 
23 Կիպարիս Galingale Cyperus Lungus, Cupressus
 
24 Ասարիոն, Նարդոս Wild Ginger Assaum, Asarum Europaeum
 
25 Վարդի ջուր Cabbage Rose Rosa Centifolia
 
26 Երիցուկ Camomile Chamaemeulm, Cammomilla
 
27 Մանուշակ Violet Voila Odorata
 
28 Նունուֆար, կոկոռ Water Lily Nymphea
 
29 Նարինջի ծաղիկ Orange Flowers Aurantia Flores
 
30 Սպիտակ Պղպեղ Peppercorn Piper Caryophillatum, Piper Nigrum
 
31 Կալասի տերեւ Wild Poppy Papaver
 
32 Մրտի տերեւ Myrtle Myrtus
 
33 Նարկիզ Daffodil Narcissus
 
34 Նումա Windflower, Wood Anemone Anemone
 
35 Լատէն Crystal Tea Plant Laudanum Liquidum, Ledum Groenlandicum
 
36 Կոճապղպեղ Ginger Amomum Zingiber
 
37 Մազտաքի Mastic, Masticate, Massein Masticha, Pistacia Lentiscus
 
38 Հալուէ Aloes Aloe
 
39 Ամպար Amber Ambarum Griseum
 
40 Մուշկ Musk, Musk Money Flower Moschus, Mimulus Moschatus
 
41 Մատուտակ Liquorice, Licorice Glycyrrhiza Glabra
 
42 Գինի Wine Vin, Vino, Vinum
 

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբալոյս Միւռոնին Պատմական Կաթսան Խմբագրել

Հինէն ի վեր սովորութիւն է, մասնաւոր պատրաստուած կաթսայի մը մէջ օրհնել նոր Միւռոնը: Ընդհանրապէս զարդանախշուած ազնիւ մետաղով պատրաստուած կ'ըլլայ անիկա, որուն հին թէ նոր ժամանակներու օրինակները կը գտնուին այսօր կրօնական հաստատութիւններու թանգարաններուն մէջ:

Կիրառական արուեստի գլուխ գործոց մըն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միւռոնի Կաթսան: Անիկա հարուստ է քանդակային արուեստով եւ սլաձիգ ու վեհ՝ հոյակերտ տեսքով: Նրբաշխատ ոսկերչական արուեստի այս գործը արծաթով պատրաստուած է, ապա ոսկեզօծուած: Բարձրութիւնը՝ 170 սմ.:

Կաթսան կը բաղկանայ երեք մասէ՝ պատուանդանը, բուն մարմինը եւ հինգ գմբէթեայ զանգակատուներու ձեւով կափարիչը: Պատուանդանը ամբողջութեամբ լեցուն, արծաթով ձուլուած ծանր զարդաքանդակ մըն է, որուն վրայ կիսաբոլորակաձեւ մարմինը կը հանգչեցնէ կաթսան: Անիկա դատարկ եղած միջոցին, նոյն պատուանդանին վրայ կարելի է դիւրութեամբ շարժել: Պատուանդանիn քանդակապատ անհարթ մակերեսին վրայ շեշտակիօրէն կը յայտնուին թեւատարած չորս հրեշտակներ, ամէն մէկը մէկ անկիւնը, որոնք խոնարհ գլուխներով, իրենց կռնակին ու թեւերուն վրայ կը բարձրացնեն հսկայ կաթսան:

Կաթսային բուն մարմինը, որ երկրորդ մասը կը կազմէ, պատկերազարդ քանդակային արուեստով յագեցած է: Կաթսային դիմաց կանգնած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, հայրապետական լրիւ հանդերձանքով, Միւռոն օրհնած պահուն: Կաթսային մնացեալ եօթը նիստերը, տարբեր կողերուն վրայ, ունին առաքեալներուն ու սուրբերուն բարձրաքանդակները: Իսկ կաթսային գօտին, Հայկական Կիլիկիոյ վանքերու ու բերդերու ճոխ հաւաքածոյ մը կը ներկայացնէ, վարպետ ոսկերիչի ստեղծագործ մատներով մետաքսանման հիւսուած: Միջին այս մասը, չորս կողմերուն, վերեւի մասերէն ունի չորս ամուր բռնիչներ, փոխադրութեան համար:

Կափարիչին մասը կը կազմէ թանկարժէք այս կաթսային երրորդ ու վերջին կտորը: Հայկական Եկեղեցւոյ դէպի վեր խոյացող հինգ գմբէթներու ճոխ համոյթ մըն է անիկա, իւրաքանչիւր գմբէթ՝ վեց սիւներու վրայ կանգնեցուցած: Կեդրոնական գմբէթը աւելի մեծ է, քան միւս չորսը, ու աւելի բարձր: Իւրաքանչիւր գմբէթ իր գագաթին ունի համաչափ չորս թեւեայ խաչ մը:

Կաթսան իր կեդրոնական մասին մէջ կը կրէ արձանագրութիւն մը, որ նոյնքան արժէքաւոր է, որքան հայ ոսկերչական արուեստի այս բացառիկ նմոյշը: Արձանագրութիւնը հետեւեալն է.

  Յամի Տեառն 1817 Յուլիս Ա.'ի հայրապետութեան Տեառն Կիրակոսի Սրբազնագոյն կաթողիկոսի Յիշատակ է Սրբալոյս միւռոնի ղազանս ի Կոստան/դնուպոլիս Տիւզեան ազնուազարմ մեծարգոյ Գրիգոր Չէլէպիին եւ եղբօր նորին քաջահանճար Սարգիս Չէլէպիին եւ նոցին հարա/զատ պաշտօնեայ Պէզճեան հոգեսէր Յարութիւն Աղային. եւ համայն ննջեց[ե]լ[ո]ց հոգւոցն. ի դուռն սրբոյն Սոփիայ նորաշէն Աթոռոյն Կիլիկեա Ցեռամբ Պոլսեցի Գրիգոր Վարդապետին յիշեսջիք գաղափարող սորին տիրացու Նիկողայոս վարժապետի որդի Եղիսէ դպիրն: Եւ կերտող սմին Պաղտասարեան պարոն Եղիզարն»
- Ս. Միւռոնի կաթսային վրայ գտնուող արձանագրութիւնը
 


Մեծարժէք այս արձանագրութեան մէջ յիշուած Գրիգոր եւ Սարգիս Չէլէպիները (1777-1819), Տիւզեան ոսկերչական տոհմի անուանի ներկայացուցիչներն են: Հոն յիշուած Պէզճեան Յարութիւն Ամիրան ալ (1771-1834) Կոստանդնուպոլսոյ մէջ քաղաքական նշանաւոր գործիչ եղած է, իսկ կեանքի ասպարէզին մէջ մետաքսի վաճառական, եւ Տիւզեան ազնուազարմ տոհմին մօտիկ անձնաւորութիւն մը:

Յիշատակարանին համաձայն, Կիրակոս Ա. Աջապահեան Կաթողիկոսի օրով, 1 Յուլիս 1817-ին, պոլսեցի Գրիգոր Վարդապետին ձեռամբ կաթսան կը բերուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան՝ Սիս, ընծաբերուելով Ս. Սոփիա Մայր Տաճարին, որ Կիրակոս Մեծագործ Կաթողիկոսին կողմէ հիմնովին վերանորոգուած էր, եւ ստացած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը: Այդ պատճառով ալ, արձանագրութեան մէջ վերոյիշեալ տաճարին անուան դիմաց դրուած է «նորաշէն» բառը:

Իր ամբողջութեան մէջ, լայնանիստ պատուանդանէն սկսեալ, մինչեւ կեդրոնական գմբէթի խաչը, կաթսան հայ կիրառական արուեստի համաչափութեան ու ներդաշնակութեան նմոյշ մըն է: Սքանչելի արուեստը, որ կը ցոլանայ անոր իւրաքանչիւր մասէն, իր դիմաց կանգնող հաւատացեալին կը փոխանցէ ոչ միայն դարերու աւանդը իր շքեղութեամբ, այլ նաեւ՝ Սրբալոյս Միւռոնին ճառագայթող զօրութիւնը:

Միւռոնօրհնութեան այս կաթսայէն բացի, Կիրակոս Մեծագործ Կաթողիկոսէն մնացած է նաեւ իր փղոսկրեայ գաւազանը, երկգլխանի օձերով վարդապետական գաւազան մը: Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս այդ մասին կը գրէ, թէ 27 Օգոստոս 1923-ին, այդ գաւազանը ինք տեսած է Երուսաղէմի մէջ, զոր պատահական անձ մը յանձնած է Մեսրոպ Վրդ. Նշանեանին: Բաբգէն Վեհափառ անոր վրայի արձանագրութիւնը արտագրած է.

  Ի վայելս Կիլիկեան գահակալի/ Կիրակոս Սրբազան կաթողիկոսի/ կերտեալ ձեռամբ Յօհաննու տրպուկ Քահանայի, ՌՄԿԹ.(1820)
- Կիրակոս Մեծագործ կաթողիկոսի կաթսային վրայի արձանագրութիւնը
 


Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան նաեւ մետաքսեայ ոսկեթել բանուածքով հայրապետական Պատարագի շքեղ հանդերձ մը նուիրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Մեծն Կիրակոսի, 1810-ին, որ դարձեալ, Սրբալոյս Միւռոնի մեծարժէք կաթսային հետ խնամքով կը պահուի Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Յիշատակ Միւռոնօրհնութեան, 7 Յունիս 2008, Անթիլիաս։
  2. «Քրիստոնեայ Հայաստան», Հանրագիտարան, Երեւան, 2002, Էջ 750-751
  3. «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», Հատոր 7, Երեւան, 1981
  4. «Պատմութիւն Ագաթանգեղոսի», Հայոգի Մատենաշար Թիւ 3, Պէյրութ,1995, Թիւ 833
  5. Բիւզանդ Եղիայեան, «Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ 1914-1972», Պէյրութ
  6. «Աւետարան Յիսուսի Քրիստոսի», Բ. Տպագրութիւն, Վենետիկ Ս. Ղազար,1960
  7. Archbishop Mesrob Ashjian, «The Etchmiadzin Chronicles», Մուղնի Հրատարակութիւն, Հայաստան, 2002, Էջ 237
  8. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, «Հող, Մարդ Եւ Գիր», Բ. Հրատարակութիւն, Նիւ Եորք, 1990