Սիւնիքի Ազատագրական Պայքար (1722-1730)

Սիւնիքի ազատագրական պայքար, 1722-1730-ններուն սկսած ազատագրական շարժում, պատմական Սիւնիք նահանգի բնակչութեան մասնակցութեամբ,

Այս պայքարի նպատակն էր կասեցնել թրքական յարձակումը դէպի Արեւելեան Հայաստան, երկրամասի վրայ մնացած օտար զօրքերը հեռացնել ու ազատագրել զայն։ Ժամանակագրական հերթականութեամբ հաւասարած է Արցախի ազատագրական պայքարին (1724-1731)[1]:

Այդ շրջանին, Արեւելեան Հայաստանի մէջ կ՛իշխէին Բագրատունիներէն, Սիւնիներէն ու Առանշահիկներէն սերող ազնուական տոհմերու ներկայացուցիչները, որոնցմէ են՝ Հասան-Ճալալեաններու, Դոփեաններու, Պռոշեաններու, Օրբելեաններու, Վաչուտեաններու, Զաքարեաններու եւ Կիւրիկեաններու շառաւիղները, որոնց վերահսկողութեան տակ էին փոքր կալուածներ։ Պարսիկները անոնց «մելիք» կ'անուանէին (արաբերէն՝ ملك՝‎ թագաւոր)։ Անոնցմէ բացի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որուն նստավայրը 1441-էն ի վեր Էջմիածին կը գտնուէր, կը համախմբէր հայ ժողովուրդը ու անոնց շահերը կը պաշտպանէր[2]:

1677-ին կաթողիկոս Յակոբ Դ. Ջուղայեցին Էջմիածինի մէջ կը գումարէ գաղտնի ժողով մը, որուն կը մասնակցին հոգեւոր ու աշխարհիկ 12 գործիչներ, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի ու Արցախի մելիքներէն ոմանք[3]: Եւրոպական պետութիւններէն օգնութիւն խնդրելու նպատակով կազմուած էր պատուիրակութիւն մը, որ 1678-ի վերջերուն Յակոբ Ջուղայեցիի գլխաւորութեամբ կը հասնի Կոստանդնուպոլիս: երկու տարի ետք, Յակոբ Ջուղայեցի կը մահանայ՝ հիւանդութեան պատճառով։ Պատուիրակութեան հետ մեկնած Իսրայէլ Օրի, կ'երթայ Իտալիա, ապա Ֆրանսա, ուր կը հետեւի զինուորական ծառայութեան։ Այնուհետեւ կը տեղափոխուի Գերմանիա ու կը հաստատուի Դիւսելդորֆ քաղաքին մէջ։ Օրին տեղի իշխան Յովհան Վիլհելմի հետ կը քննարկէ Հայաստանի ազատագրութեան հարցը, որմէ ետք կ'այցելէ Հայաստան՝ տեղւոյն իրավիճակին ծանօթանալու եւ բանակցութիւններ վարելու համար[4]:

Անգեղակոթի ժողով Խմբագրել

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Հայաստան վերադառնալէ ետք, Սիւնիքի Անգեղակոթ գիւղին մէջ Իսրայէլ Օրին Մելիք Սաֆրազի գաղտնի խորհրդակցութեան կը հրաւիրէ։ Այս խորհրդակցութեան կը մասնակցին Սիւնիքի 11 իշխան-մելիքներ։ Ժողովը, ի տարբերութիւն նախորդ ազատագրական ժողովներէն (Էջմիածին՝ 1441 եւ 1547, Սեբաստիա՝ 1562, Էջմիածին՝ 1677) աշխարհիկ բնոյթ կ'ը ստանայ։ Մելիքները իրենց կնիքներով եւ ստորագրութիւններով հաստատուած նամակներ կը յանձնեն Իսրայէլ Օրիին, կ'որոշեն լիազօրել անոր՝ եւրոպական երկիրներու բանակցութիւնները շարունակելու համար, ինչպէս օրինակ՝ Ռուսական կայսրութեան հետ։ Մինաս վարդապետ Տիգրանեան պէտք էր որ Օրիի հետ Եւրոպա ճամբորդէր: Գերմանիոյ կայսրը, ընտիր իշխան, Պֆալցի գահակալ Յովհան Ուիլհելմին շրկուած նամակին մէջ հայ մելիքներուն ու զինուորականներուն կը յայտնէր, որ իրենք պատրաստ են զինուած ապստամբութիւն բարձրացնելու՝ գերմանացիներու փոքրաթիւ օգնական զօրքի առկայութեան պարագային, ապա Յովհան Ուիլհելմին թագադրել որպէս հայոց թագաւոր։

 
Իսրայէլ Օրի

Յովհան Ուիլհելմին ներկայացուած ծրագիրին մէջ նշուած էր Հայաստանէն ազատագրութեան ծրագիրի ընթացքը։ Ազատագրական շարժման մէջ կը նախատեսուէր ընդգրկել նաեւ օսմանեան լուծի տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանը։ Իշխանը կը համաձայնի Իսրայէլ Օրիի ծրագիրին եւ կ'առաջարկէ իր երկու դաշնակիցներու մօտ երթալ՝ Տոսկանայի եւ Աւստրիոյ դուքսերուն եւ անոնց համաձայնութիւնը ստանալու համար։ Փլորենտիայի դուքսը կը խոստանայ զօրք տրամադրել, բայց Վիեննայի արքունիքը կը հրաժարի. 1699–ին Լէոբոլտ VI Մուսթաֆա II սուլթանի հետ հաշտութեան պայմանագիր կնքած էր[5]:

1701–ի ամրան, Իսրայէլ Օրի կը ժամանէ Ռուսական կայսրութիւն: Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը Օրին կը ներկայացնէ Պետրոս I կայսրին։ Այդ ժամանակ Պալթանեան նահանգերու տարածքներու համար ռուս-շուետական պայքարը հակամարտութեան վերածուած էր, որ յայտնի էր «Հիւսիսային պատերազմ» անունով։ Պետրոս Մեծ յոյս կու տայ Իսրայէլ Օրիին, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք Հայաստանի ազատագրութեան հարցով պիտի զբաղի[6]:

1702–ի գարնան, Իսրայէլ Օրի եւ Մինաս վարդապետ մոսկուայաբնակ հայ զինուորական Միրոն Վասիլեւի միջոցով նամակներ կ'ուղղարկեն Եսայի Հասան-Ջալալեանին: Վերջինս սեռած էր Հասան-Ջալալեաններու ազնուական տոհմէն, որուն կրտսեր ներկայացուցիչները սովորաբար հոգեւոր առաջնորդներ կը դառնային։ 1701-ին, Եսայի ընտրուած էր Գանձասարի կաթողիկոս եւ Ղարաբաղի ու Շամախիի կուսակալութիւններու քրիստոնէական թէմերը կը ղեկավարէր։ Օրին Արցախի մելիքներուն կը յայտնէ բանակցութիւններու յաջող ընթացքի մասին։ Պարսկաստանի մէջ, եւ մասնաւորապէս՝ Անդրկովկասի մէջ, իրավիճակին աւելի լաւ ծանօթանալու նպատակով, ան դեսպանութիւն կ'ուղղարկէ՝ Իսրայէլ Օրիի ղեկավարութեամբ։ Վերջինս անգամ մը եւս Եւրոպա կը մեկնի եւ կը հասնի Հռոմ: Հռոմի պապ Կղեմես XI, Իրանի շահին նամակ կ'ուղղարկէ, որուն միջոցով կը խնդրէ քրիստոնեայ բնակչութեան նկատմամբ հալածանքներու առիթ չտալ։ Օրին նամակով կ՛անցնի Մոսկուա, նորակառոյց մայրաքաղաք Սեն Փեթերսպուրկ, եւ ապա Յուլիս 1707-ին, 50 հոգինոց դեսպանութեամբ կ'անցնի Իրան։ 1708-ին ան կը հասնի Շամախի, 1709-ին՝ Պարսկաստանի մայրաքաղաք Իսֆահան[7]:

Օրին Իսֆահանէն կը վերադառնայ Շամախի եւ շուրջ մէկ տարի կը մնայ Անդրկովկասի մէջ։ Ան կ'այցելէ Արցախ, կը հանդիպի Եսայի Հասան-Ջալալեանին ու մելիքներուն։ Օրին կը յայտնէ 27 Յուլիս 1709-ի Փոլթովայի ճակատամարտի ընթացքին շուէտներու դէմ ռուսերու յաղթանակի լուրը։ Կաթողիկոսը Օրիի հետ կը գտնուի Շիրվանի մէջ, Արցախի ու Պարսկաստանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ։ Երբ Իսրայէլ Օրին կը պատրաստուէր Մոսկուա վերադառնալ, Եսայի Հասան-Ջալալեան իր երկու եպիսկոպոսներու հետ կը միանայ Իսրայէլ Օրիի պատուիրակութեան։ Պետրոս I-ի յանձնարարութեամբ, Օրին Արցախէն Ռուսաստան կը տանէր 20 հայ մետաքսագործ ընտանիքներ ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ հում մետաքս՝ Մոսկուայի մէջ մետաքսի գործարան հիմնելու նպատակով, արցախեան 25 ձիեր եւ թանկարժէք նուէրներ։ Ռուսաստանի իշխանութիւններէն Օրին միայն երեք նաւ կը ստանայ՝ իր գոյքերը ու ժողովուրդ տեղափոխելու համար։ 1711-ի ամրան, անոնք Աստրախան կը հասնին։ Մօտաւորապէս 50 տարեկան հասակին, Իսրայէլ Օրի յանկարծամահ կ'ըլլայ։ Եսայի կաթողիկոսը, Աստրախանի հայկական եկեղեցիի բակին մէջ կը կատարէ Իսրայէլ Օրիի թաղման կարգը, եւ կը վերադառնայ Արցախ[8]:

Զանգեզուրի Ազատագրում Խմբագրել

18-րդ դարու սկզբներէն Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ ազատագրական շարժման կը պատրաստուէին։ Արցախի մէջ բնակչութիւնը միատարր էր՝ հայկական, եւ պայքարը կը ղեկավարուէր մելիքներու ու հոգեւորականութեան, մասնաւորապէս՝ Աւան հարիւրապետի ու Գանձասարի կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի կողմէն։ Անոնք կրցած էին 40 հազարանոց բանակ հաւաքել։ Մինչդեռ Սիւնիքի մէջ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայկական չէր. լեռնային շրջաններուն մէջ բնակութիւն հաստատսծ էին իսլամադաւան ցեղեր, իսկ ազատագրական ուժերը սակաւամարդ էին եւ ոչ համախմբուած։ Բացի այդ, այնտեղ հզօր էին շրջակայ պարսիկ եւ իսլամադաւան իշխանները։ Զանգեզուրի մէջ ազատագրական շարժումը կազմակերպելու եւ վրաց ազատագրական ուժերու հետ կապեր հաստատելու նպատակով, Սիւնիքի մելիքներու ու տանուտէրներու յանձնարարութեամբ հայ առեւտրական Ստեփանոս Շահումեան Թիֆլիս կը մեկնի եւ կը բանակցի վրաց արքայորդի Շահնաւազի հետ։ Անոր խնդրանքով Քարթլի-Կախեթի թագաւոր Վախթանգ VI 1722-ին Սիւնիք կ'ուղղարկէ քանի մը հայ զօրավարներ[9]:

 
Դաւիթ Բեկի արձանը Կապանի մէջ

30 հոգինոց զօրականներու խումբը, որոնց շարքին կար աւելի յայտնին Դաւիթ Բեկը, Շինուհայր աւանին մէջ հաստատուեցան եւ իրենց շուրջը համախմբեցին տեղի զինուած ուժերը։ Դաւիթ Բեկ ռազմական խորհուրդ կ'ըստեղծէ, ամէնէն լաւ զօրականներէն Մխիթարին կը նշանակէ զօրքերու սպարապետ, իսկ Տէր-Աւետիսի, Փարսադանի, Թորոսի, Աւթանդիլի, Բայանդուրի եւ ուրիշներուն զօրաջոկատի հրամանատարի կոչում կու տայ[10]: Սիւնիքի մելիքներն ու տանուտէրերը՝ Չաւնդուրի Թորոս իշխանը, Պապ եւ Պալի հարիւրապետները, Հալիձորի մելիք Փարսադանը եւ ուրիշներ, Դաւիթ Բեկին կը ներկայանան եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ազատագրական շարժման միանալու։ Դաւիթ Բեկ կարողութիւնը կ'ունենայ 2000-անոց կանոնաւոր բանակ ստեղծել, իր մօտ կը հրաւիրէ Տաթեւի վանքի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոսին, որ կը հաւաստէ հոգեւոր դասի աջակցութիւնը ազատագրական պայքարին[11]:

Նոյն տարուայ աշնան, Դաւիթ Բեկ պարտութեան մատնեց կարաչոռլիի եւ ջեւանշիր քոչուոր ցեղերը։ Ուչթափա (թրք.՝ üçtepe՝ եռաբլուր) տեղանքին մէջ 32 ցեղերու քանի մը հազարանոց զօրքի դէմ, Դաւիթ Բեկի 400 հոգինոց զօրամասը յաղթանակ կը տանի։ Վաչկատուն ցեղերու անասուններն ու ունեցուածքը հայ գիւղացիներուն բաժնուեցաւ։ Զօրավարի հեղինակութիւնը աւելի աճեցաւ։ Ապա Տաթեւի մօտ գտնուող ամրոցը կը գրաւուի, որ իսլամութիւն ընդունած մելիք Բաղրին կը պատկանէր[12]: Դաւիթ Բեկ մելիքին Շինուհայր կը բերէ եւ կը հրամայէ եկեղեցիին մէջ բոլորի ներկայութեամբ տասներկու օր բարձրաձայն ըսել. «Լո՛յս Լուսաւորիչի հաւատին, վայ ուրացողին»: Այնուհետեւ կը հրամայէ կտրել անոր գլուխը, իսկ ինքը կու գայ եւ կը հաստատուի Տաթեւի մէջ։ Մելիքի ունեցուածքը զինուորներուն ու գիւղացիներուն կը բաժնուի։ Բեկը գլխատել կու տայ նաեւ Երիցուանիկի (Արծուանիկ) իսլամութիւնը ընդունած մելիք Ֆրանգիւլին։ Վախկոտութիւն ու խուճապ տարածելու համար կը գլխատուի Պապ զօրավարը, կարճատեւ կալանքի կ'ենթարկուի Տէր-Աւետիսը, Մխիթար սպարապետը եւ ուրիշներ։ Այս գործողութիւններէն ետք, հայկական զօրքերուն մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատուի։

Հայ բնակչութիւնը ոտքի կը կանգնի նաեւ երբեմնի Սիւնիքի թագաւորութեան մայրաքաղաք Կապանի մէջ։ Շրջակայ իսլամ տիրակալները՝ Բարգուշատի ու Ղարադաղի խաները, 18000-անոց զօրքով կը յարձակին հայկական զօրքերուն վրայ։ Կապանի Եղուարդ գիւղի մօտ 1723–ին Չաւնդուրի ճակատամարտին հայերը յաղթանակ կը տանին։ Ազատագրուած Կապանը հայկական իշխանութեան միացաւ։ Հայկական ուժերու կեդրոնատեղի դարձաւ Հալիձորի բերդը: Մխիթար Սպարապետի եւ Տէր-Աւետիսի գլխաւորած հայկական զօրաջոկատները կը գրաւեն նաեւ Զեւայի անառիկ բերդը՝ ջախջախելով տեղի մօտ 4000-անոց կայազօրը։ Մէկ տարի ետք՝ 29 Մայիսին, հայկական զօրաջոկատները ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Որոտան բերդը կը գրաւեն[13]:

Պատկեր:Արցախը եւ Սյունիքը 1720-1730 թվականներին.jpg
Արցախի եւ Սիւնիքի իշխանութիւններ

1724–ին պարսից շահ Թահմասպ II-ի հրամանով Ղարադաղի խանը կը յարձակի հայկական իշխանութեան վրայ։ Դաւիթ Բեկի օգնութեան կը հասնին Արցախի զօրամասերը՝ Իվան Կարապետի ու Աւան հարիւրապետի հրամանատարութեամբ։ Հայերու յաղթանակը վերջնականապէս ամրպնդուեցաւ օտար լուծի ազատագրումը։ ԱՆոր յաջորդեց Գողթան եւ Արեւիք գաւառներու ազատագրումը. Ագուլիսը ու Մեղրին հայկական իշխանութեան տարածք մտան։ Սիւնիքի մելիքներն ու տանուտէրերը Դաւիթ Բեկիին որպէս երկրամասի գերագահ իշխան կ'ընդունին եւ իրենց հպատակութիւնը կը յայտնեն[14]:

Դաւիթ զօրավարի հրամանով հայկական բերդերը կ'ամրացուին, ուր մշտական կայազօր կը հաստատուի։ Առաւելապէս յայտնի էին Չաւնդուրի բերդը՝ 2000 զինուորով, Կալերը՝ 700, Շինուհայրը՝ 550, Սիսիանը՝ 500, Տաթեւը եւ Մեղրին՝ 400-ական, եւ այլն։ Զանգեզուրի բանակները բաղկացած էին 7000 զինուորներէ։ Բանակները զօրամասերու կը բաժնուէին, որոնց հրամանատարներ կը կարգուէին տեղական մելիքներն ու Վրաստանէն ժամանած հայ զօրականները։ Զօրամասերը իրենց դրօշները կ'ունենան եւ Դաւիթ Բեկին կ'ենթարկուէին։ Կապանի Հալիձոր բերդը իշխանանիստ աւան կը դառնայ։

1722-1725–ններուն՝ երեք տարուան ընթացքին, բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով, Դաւիթ Բեկ ոչ միայն օտարներուն ու թշնամիներուն վտարեց, այլեւ Սիւնիքի հայկական մելիքութիւնները մէկ դրօշի տակ համախմբեց։ Միեւնոյն ժամանակ Արցախի մէջ սկսած ազատագրական պայքարը նոյնպէս յաջողութեամբ պսակուած էր։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի հիւսիսային հարեւան Վրաստանը յարձակումի ենթարկուած էր օսմանեան զօրքերու կողմէն. թուրքերը 1723–ին գրաւած էին Թիֆլիսը՝ ամբողջ թագաւորութեան տիրանալով:

1723–էն սկսեալ հայ-վրացական միացեալ զօրքերը, Մեծն Պետրոսի խոստումին համաձայն՝ ոգեւորուած Կասպիական արշաւանքի մասին լուրով, Գանձակի մօտ գտնուող Չոլակ վայրին մէջ կը սպասէին։ Արցախի զօրահրամանատարութիւնը համաձայնութեան եկած էր Գանձակի իսլամներու հետ՝ որպէսի եթէ թուրքերը յարձակին, իրնք համատեղ պայքարին։ Սակայն ռուսական օգնութիւնը տեղ չի հասնիր, իսկ գանձակեցիները թշնամիի կողմը կ'անցնին. 1723–ին կը գրաւուի նաեւ Գանձակը։ Արեւելեան Հայաստանը հիւսիսէն, արեւմուտքէն ու արեւելքէն կը շրջապատուի թրքական զօրքերով։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Տես Նաեւ Խմբագրել

Նշումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ժամկոչյան Հ.Գ. եւ ուրիշներ, [{{{յղում}}} Հայ ժողովրդի պատմություն սկզբից մինչեւ 18-րդ դարի վերջ], Երեւան էջ 683-686։
  2. Ժամկոչյան Հ.Գ. եւ ուրիշներ, [{{{յղում}}} Հայ ժողովրդի պատմություն սկզբից մինչեւ 18-րդ դարի վերջ], Երեւան էջ 599-601։
  3. «Սուրբ Էջմիածնի 1677 թ. գաղտնի խորհրդաժողովը»։ ԵՊՀ Հայագիտական հետազոտությունների ինստիտուտ։ արտագրուած է՝ 1 փետրվարի 2016 
  4. Աշոտ Մելքոնյան, [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն], Երեւան էջ 110-112։
  5. «Անգեղակոթի գաղտնի ժողովը»։ ԵՊՀ Հայագիտական հետազոտությունների ինստիտուտ։ արտագրուած է՝ 1 փետրվարի 2016 
  6. Սարգսյան Ա., Հակոբյան Ա., [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն հնագույն շրջանից մինչեւ մեր օրերը], Երեւան էջ 127-128։
  7. Կաղապար:Հոդված
  8. «Իսրայել Օրի»։ Հայկական հանրագիտարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 1 փետրվարի 2016 
  9. Սիմոնյան Հ., [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն. հիմնահարցեր], Երեւան էջ 112։
  10. «Ազատագրական պայքարը Սյունիքում»։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն։ արտագրուած է՝ 1 փետրվարի 2016 
  11. Սիմոնյան Հ., [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն. հիմնահարցեր], Երեւան էջ 113։
  12. Սիմոնյան Հ., [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն. հիմնահարցեր], Երեւան էջ 115։
  13. Սարգսյան Ա., Հակոբյան Ա., [{{{յղում}}} Հայոց պատմություն հնագույն շրջանից մինչեւ մեր օրերը], Երեւան էջ 116։
  14. «Ազատագրական կռիվները Սյունիքում: Հայկական անկախ իշխանության ստեղծումը»։ ԵՊՀ Հայագիտական հետազոտությունների ինստիտուտ։ արտագրուած է՝ 1 փետրվարի 2016 

Գրականութիւն Խմբագրել

Սիւնիքի ազատագրական պայքարի մասին գեղարուեստական գիրքեր՝

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել

Սիւնիքի ազատագրական պայքարի մասին նկարահանուած են հետեւեալ ֆիլմերը՝