Հայաստան Արաբական Տիրապետութեան Տակ
Արաբական տիրապետութիւն, Է. դարու սկիզբները երեւան եկած նոր ուժ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Արաբիոյ մէջ, Մուհամմէտ հիմը կը դնէ նոր կրօնքի մը՝ իսլամութեան, որ շուտով կը տարածուի ամբողջ արաբական թերակղզիին մէջ: Նոր կրօնքին շնորհիւ կը ստեղծուի արաբական հզօր պետութիւն մը: Մինչ այդ առաւելաբար իրենց սահմաններուն մէջ սեղմուած արաբները դուրս կու գան տարածելու համար իրենց կրօնքն ու քաղաքական տիրապետութիւնը:
Արաբները Մուհամմէտի մահէն ետք
ԽմբագրելՄուհամմէտի մահէն ետք իր յաջորդները, որոնց Խալիֆա տիտղոսը կը տրուի, կը ձեռնարկեն սրբազան պատերազմի՝ կրօնափոխ ընելու համար իրենց թէ՛դրացի եւ թէ հեռաւոր ժողովուրդները: 634-ին, մարտունակ արաբ կռուողները Բիւզանդիոնէն կը գրաւեն Սուրիան, Լիբանանը եւ Պաղեստինը: 640-ին, անոնք կը քայքայեն եւ տէր կը դառնան Սասանեան Պարսկաստանի:
Համեմատաբար շատ կարճ ժամանակի մէջ, արաբները իրենց տիրապետութեան տակ կ'առնեն Միջին Արեւելքի մեծագոյն մասը՝ մինչեւ Հնդկաստան: Արեւմտեան կողմէն անոնք կը գրաւեն Եգիպտոսը, Տրիպոլիսը (այժմ՝ Լիպիա), Թունուզը, Ալճերիան եւ Մարոքը, ուրկէ կ'անցնին Սպանիա: Հազիւ 80 տարուան ժամանակամիջոցին անոնք կը հիմնեն աշխարհի ամէնէն հզօր եւ ընդարձակ կայսրութիւնը:
Արաբները եւ Հայաստան
ԽմբագրելՀակառակ Ե.-Է. դարերու անկայուն վիճակին, հայ ժողովուրդը շինարարական եւ ստեղծագործական մարզերուն մէջ ապրած էր մեծ վերելք: Երկրի նիւթական բարգաւաճումը թոյլ տուած էր, որ Հայաստանի քաղաքները զարդարուին հոյակապ շինութիւններով, կառուցուած հայկական իւրայատուկ ոճով: Եկեղեցական ճարտարապետութեան էր, որ յատկապէս զարկ տրուած էր, ինչպէս՝ Դուինի, Մրէնի, Օձունի եւ Հռիփսիմէի սքանչելի տաճարները: Շինարարական աշխատանքի այս թափը՝ սակայն մեծ հարուած կը ստանայ արաբական արշաւանքներուն հետեւանքով:
Արաբները գրաւելէ ետք Ասորիքը (Սուրիա), Լիբանանը, Միջագետքը եւ Պարսկաստանը, 640-ին կ'արշաւեն Հայաստան: Ատրպատականէն մուտք գործելով, անոնք կը տիրանան Նախիջեւանին: Հայոց սպարապետը՝ Թէոդորոս Ռշտունի լուր կը ղրկէ բիւզանդական պահակագունդին, որ օգնութեան հասնի: Բիւզանդացի հրամանատարը կը մերժէ օգնել: Ուստի, Թէոդորոս Ռշտունի կը յարձակի արաբներուն վրայ եւ անակնկալի բերելով զանոնք՝ ետ կ'առնէ անոնց վերցուցած աւարը:
642-643 արաբական արշաւանքները կը կրկնուին աւելի մեծ սաստկութեամբ: Արաբները կը հասնին մինչեւ Դուին, զոր գրաւելով՝ սարսափի կը մատնեն բնակիչները: Մայրաքաղաքին մէջ 12 հազար հոգի ջարդելէ ետք, անոնք մեծ աւարով եւ 35 հազար գերիով կը հեռանան Հայաստանէն:
Ասկէ ետք արաբները պարբերաբար կը վերադառնան՝ կողոպուտի եւ սարսափի մատնելով հայերը: Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ Հայաստանին եւ անոր ուժին, ինչպէս նաեւ՝ գերի եւ աւար վերցնել: Այս արշաւանքներուն ընթացքին, անոնք իրենց դէմ կը գտնեն Թէոդորոս Ռշտունին, որ յաճախ կը յաջողի ազատել գերիները եւ աւարին մէկ մասը:
Թէոդորոս Ռշտունի եւ Հայ-Արաբ Մերձեցումը
ԽմբագրելԱրաբական արշաւանքներու ընթացքին հայերու համար յստակ դարձած էր, որ Բիւզանդական կայսրութիւնը կը մերժէր անհրաժեշտ զոհողութիւն ընել՝ պաշտպանելու համար Հայաստանը: Հայ նախարարները կ'անդրադառնան, որ պէտք էր ապաւինիլ իրենց սեփական ուժին: Այս պատճառով ալ նախարարներուն եւ ժողովուրդին մօտ կը յառաջանայ հակայոյն հոսանք մը, որ կը ջանար նուազագոյն զիջումներով շահիլ արաբներուն բարեկամութիւնը: Այս շարժումին առաջնորդն էր Թէոդորոս Ռշտունի, որ այլեւս շնորհազուրկ ըլլալով Բիւզանդիոնէն, դադրած էր սպարապետ ըլլալէ: Այնուհետեւ ան պայքարի դրօշ կը պարզէ բիւզանդական պետութեան դէմ:
Արաբները կը գիտնան օգտագործել հայերուն դժգոհութիւնը եւ Թէոդորոս Ռշտունիին վայելած ժողովրդականութիւնը: Անոնք կ'առաջարկեն հայերուն համար նպաստաւոր պայմաններ, զորս Թէոդորոս Ռշտունի եւ Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոս ընդունիլ տուին նախարարներու ժողովին: 652-ին, Թէոդորոս Ռշտունի մեծամեծ ընծաներով կը մեկնի Դամասկոս եւ Ասորիքի արաբ կառավարիչ Մուաուիայի հետ կը կնքէ դաշինք մը, որուն համաձայն՝
- Հայերը կը ճանչնան արաբական խալիֆայութեան գերիշխանութիւնը:
- Հայաստան 2-7 տարի կը մնայ տուրքէ զերծ, ապա կը վճարէ թեթեւ հարկ մը միայն:
- Հայաստան ինքնավար է իր ներքին գործերուն մէջ:
- Հայաստան իր ծախսերով կը պահէ 15 հազարնոց այրուձի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբական արշաւանքներուն:
- Արաբները Հայաստանը կը պաշտպանեն Բիւզանդիոնի դէմ:
- Ոչ մէկ արաբ զինուոր կամ պաշտօնեայ կը մնայ Հայաստանի մէջ:
Ինչպէս կը տեսնուի, այս համաձայնութիւնը կ'ապահովէր հայերու ներքին ազատութիւնը եւ շատ աւելի նպաստաւոր էր, որովհետեւ ինչ որ Բիւզանդիոն շնորհած էր Հայաստանին: Յանձինս արաբներուն, հայերը նաեւ զօրաւոր պաշտպան մը կ'ունենային բիւզանդական ոտնձգութիւններուն դէմ:
Բիւզանդական Միջամտութիւն
ԽմբագրելԹէոդորոս Ռշտունիի եւ հայերու մեծամասնութեան յարումը արաբական քաղաքականութեան, բնականաբար, գոհ չի ձգեր բիւզանդական կայսրութիւնը:
Դաշինքը հազիւ ստորագրուած՝ Կոստանդին կայսրը հզօր բանակով մը կը քալէ Հայաստանի դէմ: Հայ նախարարներուն մէկ մասը Թէոդորոս Ռշտունիէն բաժնուելով, կ'անցնի կայսեր կողմը, որ ըստ իրենց կու գար Հայաստանը ազատագրելու արաբական լուծէն: Կայսրը 20 հազար զինուորներով կը մտնէ Դուին, սակայն փոխանակ արաբներու դէմ քալելու, ան դաւանական խնդիրներ յարուցանելով՝ պառակտում կը սերմանէ հայերուն միջեւ: 648-ին, կրօնական ժողով մը գումարելով, ան հայերուն ընդունիլ կու տայ յունական դաւանանքը: Արդէն յոյն կրօնաւորներ Դուինի մէջ սկսած էին քաղկեդոնականութիւն քարոզել: Ապա, առանց արշաւելու արաբներու դէմ, Հայաստանի մէջ ձգելով յոյն կառավարիչ մը, կայսրը կը վերադառնայ Կոստանդնուպոլիս: Իր հեռանալէն ետք Հայաստան դարձեալ կը մնայ անպաշտպան: Հակառակ Թէոդորոս Ռշտունիի եւ այն նախարարներու հաւատարմութեան, արաբները չեն խնայեր հայերուն: 654-ին Հայաստանի վրայ յարձակելով անոնք կը գրաւեն Դուինը եւ կողոպուտի ու ջարդի կ'ենթարկեն ամբողջ երկիրը:
Թէոդորոս Ռշտունի զոհ կը դառնայ իր հաւատարմութեան եւ 2000 այլ գերիներու հետ կը տարուի Դամասկոս, ուր ատեն մը ետք կը մեռնի:
Գրիգոր Մամիկոնեան
Խմբագրել661-ին, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Դամասկոս պատանդ մնացած Գրիգոր Մամիկոնեանը, որուն թեկնածութիւնը առաջարկած էին կաթողիկոսն ու նախարարները: Նշանաւոր զինուորական եւ դիւանագէտ մըն էր ան, որ կը յաջողի ամբողջ քսան տարի Հայաստանը պահել խաղաղութեան մէջ: Իր ջանքերով կը վերանորոգուի հայ-արաբական դաշինքը եւ Հայաստան կը վերագտնէ իր ինքնավարութիւնը:
681-682 թուականներուն օգտուելով արաբական կայսրութեան ներքին կռիւներէն, հայերը, վրացիներն ու աղուանները կ'ապստամբին եւ անկախութիւն կը հռչակեն: Ազատութեան այս շրջանը սակայն կը տեւէ միայն երեք տարի, երբ հիւսիսէն անակնկալ կերպով կ'արշաւէ խազարներու ցեղախումբը: Հայերը, վրացիները եւ աղուանները կը կազմակերպուին պաշտպանելու համար իրենց երկիրները: Այս կռիւներուն ընթացքին կը նահատակուի Գրիգոր Մամիկոնեան: Օգտուելով խառնաշփոթ կացութենէն, բիւզանդացիները կը վերադառնան Հայաստան: Արաբները, որոնք մինչ այդ կարգի դրած էին իրենց հարցերը, իրենք եւս կու գան վերագրաւելու երկիրը: Մէկ կողմէ բիւզանդացիները, միւս կողմէ արաբները աւարի ու աւերի կը մատնեն Հայաստանը:
Բագրատունիներու Բարձրացումը
ԽմբագրելՄամիկոնեաններուն արտայայտած ձգտումը՝ բացարձակ անկախութեան եւ անոնց յարատեւ պայքարը՝ արաբներուն դէմ, կասկածելի դարձուցած էր զիրենք այս վերջիններուն աչքին: Գրիգոր Մամիկոնեանի ապստամբութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուած էր, որ այդ տոհմը եւ անոր կողմնակիցները, օգտուելով առաջին յարմար առիթէն, դարձեալ պիտի ապստամբէին:
Այս կացութեան մէջ, յանձինս Բագրատունիներուն, արաբները կը գտնեն իրենց քաղաքականութեան համակիր տունը:
Բագրատունիներուն ընդարձակ կալուածները ցրուած էին երկրին բոլոր կողմերը: Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութեան հարցը, անոնք կողմնակից էին արաբներուն հետ աւելի ճկուն քաղաքականութեան: Անոնք հետզհետէ կը շահին արաբներուն վստահութիւնը եւ կը սկսին առաջնակարգ դեր խաղալ հայ քաղաքական կեանքին մէջ: Այս քաղաքականութեան հետեւանքով է, որ 686-ին, Գրիգոր Մամիկոնեանի մահէն ետք, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Աշոտ Բագրատունին: Այս թուականէն ետք կը սկսի բագրատունիներուն հզօրացումը եւ վերելքը, որմէ բնականաբար կը տուժեն արաբներուն համար կասկածելի դարձած Մամիկոնեանները:
Արաբ Ոստիկաններ Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելՀայերու վրայ արաբական լուծը կը սկսի ծանր ճնշել, երբ խալիֆաները Հայաստանը ամբողջովին կը զրկեն իր ինքնավարութենէն եւ կը սկսին զայն կառավարել Էմիրներով, որոնց հայերը կու տան ոստիկան անունը:
Ոստիկանը, որ ընդհանրապէս կ'ըլլար արաբ մը, երկրին թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքական պետն էր: Ան կը հրամայէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական բանակին եւ կը հսկէր հարկահաւաքին: Ոստիկանական շրջանին, արաբները շատ կը ծանրացնեն տուրքերը, որոնք կը դառնան պետական գանձին գլխաւոր եկամուտը:
Վարդանակերտի Կռիւը
Խմբագրել693-ին Հայաստան կը հասնի արաբ առաջին ոստիկանը՝ Ապտուլլահ, որ անմիջապէս կը սկսի հալածել երկրի իսկական տէրերը՝ նախարարները: Ան կը ձերբակալէ անոնցմէ մաս մը, կը խլէ անոնց կալուածները եւ կը կողոպտէ հարստութիւնները: Ապա, ան կը ձերբակալէ սպարապետ Սմբատ Բագրատունին եւ Սահակ Գ. կաթողիկոսը ու զանոնք կ'աքսորէ Դամասկոս:
Ինքնավարութեան կորուստը եւ կրօնական հալածանքները կը զայրացնեն նախարարներն ու ժողովուրդը: Հետեւաբար, անմիջապէս որ Սմբատ Բագրատունի կը վերադառնայ աքսորէն, կը կազմակերպուի ապստամբութիւնը: Երկու կողմերուն բախումը տեղի կ'ունենայ 703-ին, Արաքսի ափին՝ Վարդանակերտ գիւղին մօտ: Հայերը կը հաշուէին 2000 կռուող, արաբները՝ 8000:
Կռիւը կը սկսի հայերու բուռն յարձակումով, որուն ճնշումին տակ արաբները կը փորձեն գետը անցնելով նահանջել: Հայկական սաստիկ ձմեռ էր եւ գետնին մակերեսը սառած. արաբ զինուորներու ծանրութեան տակ, սառոյցը կը ճեղքուի: Այս միջոցին վրայ կը հասնին հայերը, որոնք սոսկալի ջարդ մը կու տան: Հազիւ 300 արաբներ կրնան ազատիլ եւ Սիւնիք ապաստանիլ:
Ապստամբութիւնը կը ծաւալի երկրին բոլոր կողմերը, մանաւանդ Վասպուրական, Վանանդ եւ Շիրակ, ուր հայերը կը կոտորեն արաբական գունդերը:
Արաբներու Վերադարձը
ԽմբագրելՎարդանակերտի կռիւը եւ հայոց ապստամբութիւնը շատ խիստ կերպով կը պատժուին արաբներու կողմէ, որոնք կ'անդրադառնան նաեւ, որ հայ նախարարներն ու այրուձին տեւական վտանգ էին իրենց համար: Արաբները կ'որոշեն զանոնք բնաջնջել: Իբր թէ խորհրդակցելու համար, նախարարներն ու իրենց ընտանիքները կը կանչուին Նախիջեւան քաղաք եւ Խրամ աւան, ուր սակայն արաբները զանոնք հաւաքելով եկեղեցիներուն մէջ՝ կ'այրեն: Իսկ նախարարներուն զաւակները կը տարուին Դամասկոս՝ իսլամացնելու համար: Իր ընտրանիէն աւելի քան 1200 հոգի կորսնցնելով, սոսկալի հարուած մըն է, որ կը ստանայ Հայաստան: Զրկուելով իր ղեկավարութենէն, ինքնաբերաբար կը կազմալուծուի նաեւ այրուձին:
Արաբները հալածանքը կը շարունակեն տնտեսական գետնի վրայ: Հայաստանի բոլոր հողերը, լեռներն ու անտառները կը յայտարարուին խալիֆայական կալուած: Բանակը կը գրաւէ Հայաստանի ռազմական գլխաւոր կայանները, քաղաքներն ու բերդերը: Կանգ կ'առնեն շինարարութիւնն ու առեւտուրը:
Այս բոլորին վրայ կ'աւելնայ ազնուականութեան եւ ժողովուրդին զանգուածային արտագաղթը դէպի Բիւզանդական կայսրութիւն:
Արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը պէտք է նկատել արաբներու հաստատած հարկային ծանր դրութիւնը: 725-ին, ընդհանուր աշխարհագիր կատարելով, անոնք կը ցուցակագրեն հայերու կալուածներն ու հարստութիւնները, որոնք կ'ենթարկուին ծանր հարկերու: Աղքատացած ժողովուրդը չէր գիտեր ինչպէս վճարել իր տուրքերը: Նախապէս հարկերը կը վճարուէին ըստ երդի, այսինքն հողային ստացուածքի, եւ վճարումները կը կատարուէին բնական բերքերով: Այժմ, նոյնիսկ ռամիկ ժողովուրդին համար հաստատուած էր գլխահարկի դրութիւն, որուն մէկ մասը պէտք էր վճարուէր դրամով: Այս միջոցառումները բոլորովին կը կազմալուծեն երկրին տնտեսութիւնը:
Հայկական Նոր Ապստամբութիւնները
ԽմբագրելՀայաստան ղրկուած ոստիկանները կ'ըլլան մէկը միսէն աւելի դաժան: Այս դրութեան դէմ բողոքելով, 771-ին ապստամբութեան դրօշ կը պարզէ Արտաւազդ Մամիկոնեան, որ Կումայրիի (այժմ՝ Գիւմրիի) մէջ կը սպաննէ արաբ հարկահաւաքները եւ անոնցմէ կը խլէ գանձուած տուրքերը: Ապստամբութիւնը կը տարածուի ամբողջ ժողովուրդին, որ կը սկսի վրէժ լուծել արաբներէն: Քիչ ատեն ետք սակայն, ոստիկանին հետապնդումին վրայ, ըմբոստները կը պարտաւորուին անցնիլ Վրաստան եւ Կովկաս:
Ազատագրական շարժումը այնուհետեւ կը շարունակուի Արտաւազդի ազգականներէն Մուշեղ Մամիկոնեանի կողմէ, որ իր հաւատարիմներով յարձակումներ կը գործէր արաբական պահակագունդերուն եւ հարկահաւաքներուն վրայ եւ կը կոտորէր զանոնք: Արաբները 4000 հոգիով կը յարձակին, բայց Մուշեղ, որ միայն 200 քաջերով շրջապատուած էր, փախուստի կը մատնէ զանոնք: Մուշեղի յաջողութիւնները պատճառ կը դառնան, որ ապստամբութեան միանան նաեւ ուրիշ նախարարներ, ինչպէս՝ Վասպուրականի Արծրունիները եւ նոյնինսկ Մամիկոնեաններուն մրցակից Բագրատունիները: Հայերը կը յարձակին Կարին բերդաքաղաքին վրայ, որ բիւզանդական սահմանին մօտ ըլլալով, նպաստաւոր էր իրենց համար: Արաբները ամբողջ ձմեռ մը պաշարուած մնալէ ետք, կը պատրաստուէին անձնատուր ըլլալ, երբ Ալ Մանսուր խալիֆան 30 հազարնոց բանակ մը կը ղրկէ Հայաստան:
Վասպուրականի մէջ, ուր կը գործէին Արծրունիներն ու Ամատունիները, արաբները յաղթանակ մը կը տանին՝ Արճէշ քաղաքը պաշարող հայերուն դէմ: Ապա, անոնք կ'անցնին հիւսիս, ուր իրենց կը սպասէր Մուշեղ Մամիկոնեան իր 5000 քաջերով: Բագրեւանդի մէջ տեղի կ'ունենայ վճռական կռիւը, որ վերջ կը գտնէ հայերու պարտութեամբ:
Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար, կռիւի դաշտին վրայ հերոսաբար կ'իյնան Մուշեղ եւ Մանուէլ Մամիկոնեանները, Սմբատ եւ Սահակ Բագրատունիները, Վահան Գնունին եւ 3000 կռուողներ:
Ապստամբութիւններուն Հետեւանքները
ԽմբագրելԲագրեւանդի պարտութեան կը յաջորդեն սովորական ջարդերն ու աւարառութիւնը: Արտագաղթը կը շարունակուի աւելի մեծ թափով: Ամատունիները 12 հազար հոգիով կը յարձակին արաբներուն վրայ, կը կոտորեն անոնցմէ շատերը ու կ'անցնին բիւզանդական սահմանը: Գաղթողներուն տեղ, ոստիկանները Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կը տեղաւորեն արաբ ազգաբնակչութիւնը:
Հայրենիքի ազատութեան համար մղուած կռիւներուն մէջ, իրենց քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ կարեւոր դեր կ'ունենան Մամիկոնեանները: Բայց անվերջ կռիւները եւ իրենց դէմ եղած հալածանքները կը սպառեն անոնց ուժերը: Անոնք կը մնան կասկածելի եւ վտանգաւոր՝ արաբներու աչքին, որոնք խլելով անոնց կալուածները, բաժան-բաժան կ'ընեն զանոնք: Այս շրջանէն ետք, Մամիկոնեանները հայոց պատմութեան մէջ չեն խաղար այն առաջնակարգ դերը, զոր Գ. դարէն ի վեր անոնցը եղած է՝ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախութեան: Մամիկոնեաններուն հետ քաղաքական եւ զինուորական ասպարէզէն կը հեռանան անոնց ազգական Կամսարականները, Գնունիները եւ ուրիշներ:
Բագրատունիները եւ Արծրունիները
ԽմբագրելՕգտուելով արաբներու վստահութենէն, Հայաստանի մէջ հետզհետէ հեղինակութիւն կը ստանան Բագրատունիները, որոնք կը տիրանան Մամիկոնեաններու եւ միւս նախարարութիւններու հողերուն: Այնուհետեւ արաբները անոնց կը վստահին բանակին սպարապետութիւնը եւ անոնց կու տան Հայաստանի Իշխան տիտղոսը:
Ընդարձակ կալուածներ ունէին նաեւ Արծրունիները, որոնք տէր դարձած էին Վասպուրական նահանգին, իրենց ենթարկելով Ռշտունիները, Տէրունիները եւ Ամատունիները: Արաբական տիրապետութեան տակ, Վասպուրականը կը սկսի կազմել առանձին իշխանութիւն մը, որ հետագային կը վերածուի թագաւորութեան:
Աշոտ Մսակերի Իշխանութիւնը
ԽմբագրելՀայերու վերջին ապստամբութենէն ետք, Հարուն Ալ Ռաշիտ Խալիֆան առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի իշխանի պաշտօնը կու տայ Աշոտ Քաջին կամ Աշոտ Մսակերին (804-ին), որ այդպէս կոչուած է բազմաթիւ թշնամի բանակներ կոտորած ըլլալուն պատճառով:
Աշոտ Մսակերի իշխանութիւնը իսկական մեծութիւն կը բերէ Բագրատունիներուն, որոնք՝ շնորհիւ իրեն կը բռնեն իշխանութեան եւ թագաւորութեան ուղին:
Արաբական երկիրներու ներքին հոլովոյթն ալ նպաստաւոր էր անոնց, Խալիֆայութեան հեռաւոր նահանգներուն մէջ նշանակուած էմիրները սկսած էին առաւել կամ նուազ չափով կեդրոնէն անկախ քաղաքականութիւն վարել: Էմիրութիւնը դարձած էր տեսակ մը ժառանգական իրաւունք արաբ իշխաններուն համար: Նոյնն էր նաեւ հայ Բագրատունիներու պարագային, որոնք իրենց տոհմին պիտի վերապահէին Հայաստանի Իշխանի պաշտօնը:
Աշոտ Մսակեր շատ առիթներ կ'ունենայ իր զօրութիւնն ու հաւատարմութիւնը ցուցաբերելու Խալիֆայութեան: Այսպէս, երբ Զահապ էմիր, որ գրաւած էր Արշարունիքը, ինքզինք անկախ կը յայտարարէ Աբբասեաններէն: Աշոտ կը յարձակի անոր վրայ եւ պարտութեան մատնելէ ետք զայն, կը խլէ անոր հողերը: Աւելի ուշ, նոյն Զահապը, որ դարձած էր Մանազկերտի էմիր, կրկին կ'ապստամբի կեդրոնին դէմ եւ կը հաստատուի Դուինի մէջ: Այս անգամ եւս Աշոտ կը ճզմէ ապստամբը: Բագրատունիները կը ճզմեն նաեւ Թիֆլիսի արաբ էմիրին ըմբոստութիւնը, այսպիսով շահելով Աբբասեան Խալիֆայութեան վստահութիւնը:
Ներքին կեանքի մէջ, Աշոտ Մսակեր իմաստութիւնը կ'ունենայ իրեն կապելու նախարարական միւս տուները: Այսպէս, օրինակ, ան իր աղջիկներէն մէկը կնութեան կու տայ Վասպուրականի Արծրունի իշխանին, որ այլապէս վտանգաւոր մրցակից մը կրնար ըլլալ:
Աշոտ Մսակեր եւ իր յաջորդները կ'աշխատին Հայաստանի մէջ ամրացնել Բագրատունիներուն իշխանութիւնը: Այսպէս, Բագարատ Բագրատունի խալիֆայէն կը ստանայ Իշխանաց Իշխան տիտղոսը, որ միւս նախարարներուն հետ բաղդատած՝ իրեն կու տայ գերակշիռ դիրք մը:
Նոր Հալածանքներ, Նոր Կռիւներ
ԽմբագրելՀայերու անջատողական ձգտումները սակայն լաւ աչքով չէին դիտուեր Աբբասեան Խալիֆայութեան մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Նոր խալիֆան՝ Ալ Մութաուաքքիլ արաբական բանակ մը կը ղրկէ Հայաստան՝ հարկեր հաւաքելու համար: Արաբները կը սկսին կողոպտել Վասպուրականը, որուն իշխանը սակայն, Աշոտ Արծրունի, անակնկալի բերելով պարտութեան կը մատնէ զանոնք: Ապա, արաբները նոր բանակով մը կը մտնեն Տարօն, Իշխանաց Իշխան Բագարատ Բագրատունիէն հարկ պահանջելու համար: Բագրատունիները եւ Ամատունիները կը մէկտեղեն իրենց բանակները եւ կը ջարդեն արաբները:
851-ին, էմիր Եուսուֆ Հայաստան կու գայ ճնշելու համար ապստամբութիւնը: Ան նախ կ'ուզէ իր քով կանչել եւ խաբէութեամբ սպաննել Վասպուրականի իշխան Աշոտ Արծրունին: Բայց այս վերջինը, կռահելով խաղը, հարկերը կը ղրկէ էմիրին, առանց իր երկրէն ներս ընդունելու զինք: Եուսուֆ սակայն կը յաջողի դաւադրութեամբ ձերբակալել Իշխանաց Իշխան Բագարատը եւ իբրեւ կալանաւոր Պաղտատ կ'ուղարկէ: Ան նաեւ բազմաթիւ հարկեր կը հաւաքէ, իբրեւ ստրուկ ծախուելու համար Միջագետքի քաղաքներուն մէջ: Ձմրան, սակայն, Խութի շրջանէն նիզակներով կը յարձակին Մուշի վրայ, կը ջարդեն արաբական զօրքը եւ կ'ազատեն գերիները: Եուսուֆ, որ ապաստանած էր եկեղեցիի մը մէջ, նիզակահար կը սպաննուի:
Ապստամբութիւնը կը ծաւալի ամէն կողմ, նոյնիսկ Վրաստան եւ Աղուանք: Արաբները Հայաստան կը ղրկեն նոր ոստիկան մը՝ Բուղա, նոր բանակով: Այս զօրքը հրահանգ ստացած էր ոչնչացնելու հայկական այրուձին, ինչպէս նաեւ զէնք վերցնելու ի վիճակի եղող բոլոր հայերը: Բուղա վայրագ կերպով կը ճզմէ հայկական ապստամբութիւնը: Ան ամէն կողմ ջարդ ու սարսափ կը տարածէ. կ'ամայացնէ գաւառները՝ բնակչութիւնը աքսորելով Միջագետք եւ Եգիպտոս, ուր անոնք կը ծախուին իբրեւ ստրուկ: Միայն Տարօնի մէջ, 200 հազարնոց անոր բանակը կը ջարդէ 30 հազար հայեր: Բուղան նաեւ կը ձերբակալէ մեծ թիւով հայ իշխաններ եւ սեպուհներ եւ զանոնք կը ղրկէ Սամարրա (Միջագետքի քաղաքներէն):
Հակառակ այս վայրագութիւններուն սակայն, հայ ժողովուրդի մղած պայքարը կանգ չ'առներ: Օգտուելով արաբներու ներքին դժուարութիւններէն եւ արտաքին քաղաքականութեան նպաստաւոր կացութենէն, Բագրատունիները կը վերականգնեն իրենց իշխանութիւնը եւ Հայաստանի կը վերադարձնեն իր անկախութիւնը:
Ոստիկաններ
Խմբագրել- Ապտուլլահ 699-703
- Ապտ Ալ-Ազիզ 706-709
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Հայոց Պատմութիւն (Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն), Ա. Տպագրութիւն Պէյրութ - 2009»: