Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուած է 10 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ), Թուրքիոյ օսմանեան կառավարութեան եւ 1914-18 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպերու, խրուաթներու եւ Սլովեններու թագաւորութիւն, Հիժազ) միջեւ։ Հայաստանի հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրած է Աւետիս Ահարոնեանը։ Ան եւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպարը գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ կնքած են լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքերու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

Սեւրի դաշնագիր
Treaty of Sèvres
Միջին Արեւելքը ըստ Սեւրի պայմանագրի

Ստորագրուած է 1920 թ. Օգոստոս 10-ին
Ստորագրման վայր Սեւր(Փարիզի մօտ)
Ֆրանսա Ֆրանսա
Ստորագրող կողմեր Մէկ կողմէն
Օսմանեան կայսրութիւն
Միւս կողմէն՝

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Դաշնակիցները եւ Ճափոն

Պայմանագրի լեզուները Ֆրանսերէն
Անգլերէն
Իտալերէն

Դաշնագիրը

Խմբագրել

Սեւրի Դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան բաժանման դաշնագիրն է։

Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը (1916)՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Մուտրոսի Դաշնագիրը (1918 Հոկտեմբեր 30)՝ Թուրքերուն եւ Դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան դաշնագիր, որմով թուրքերը ապազինման կը պարտադրուին եւ Տարտանելն ու Վոսպորը կ՛ ապառազմականացուին եւ կը հաստատուի դէպի Սեւ Ծով եւ փոխադարձ, նաւերու ազատ շրջագայութիւնը, 1919 Յունուար 18 Փարիզին մէջ սկսած Խաղաղութեան եւ 1920 Ապրիլի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովները Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրին հիմքը կը հանդիսանան։

Պայմանագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային եւ քաղաքական, փոքրամասնութիններու պաշտպանութեան, ռազմական, ծովային եւ օդային, գերիներու եւ պատիժներու, տնտեսական եւ նիւթական, օդային նաւագնացութեան, ջրային եւ երկաթուղային ճանապարհներու, աշխատուժի հարցերուն։

Պայմանները

Խմբագրել

Դաշինքը կը պայմանաւորէ հետեւեալները․-

Օսմանեան Կայսրութիւնը Անգլիոյ (Մեծն Բրիտանիա) թեւարկութեան կը յանձնէ Միջագետքը՝ Իրաք, Պաղեստինը եւ Անդրյորդանանը։

Ֆրանսայի թեւարկութեան՝ Սուրիան եւ Լիբանանը։

Անատոլիայի հովանաւորութիւնը՝ Իտալիոյ։

Հիժազը, Քիւրտիստանը եւ Հայաստանը (իր պատմական տարածքներու մեծ մասով) անկախ պետութիւններ կը դառնան։

Պայմանագիրը մանրամասն

Խմբագրել

Սեւրի հաշտութեան դաշնագրի համաձայն՝ Թուրքիոյ կը մնային Կոստանդնուպոլիսը իր շրջակայքով, Տարտանելն, Վոսպորը Մարմարային Ծովը կ՛ ապառազմականացուին եւ միջազգային տարածք կը յայտարարուին։

Իմվրօ եւ Թենետօ կղզիները, Արեւելեան Թրակիան մինչեւ Չաթալծա՝ Կոստանտնուպոլսոյ արեւելքը, Յունաստանի կը յանձնուին, իսկ ըստ յօդուած 26-ին, Զմիւռնոյ շրջանը հինգ տարի ետք հանրաքուէարկութեամբ կրնար Յունաստանին միանալ։

Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական հսկողութիւնը Դաշնակիցները կ՛ունենան։

Արաբական նահանգները, ապստամբած՝ 1916-1918 (Արաբական Մեծ Ապաստամբութիւն), Ազգերու Լիկային որոշումով կը յանձնուին Ֆրանսայի (Լիբանան եւ Սուրիա) եւ Անգլիոյ (Իրաք, Պաղեստին, Անդրյորդանան) թեւարկութեան։

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ճամբայ կը բանայ վարչական, իրաւաբանական, ռազմական ու տնտեսական վերահսկման համար։ Էութեան մէջ կը հաշտեցնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները եւ կը ճանչնայ մեծ մասին իրաւունքները։

Առնչութիւնը Հայկական հարցին հետ

Խմբագրել

Սեւրի հաշտութեան դաշնագրի Հայաստանի նկատմամաբ բաժինը կ՝ ընդգրկեն 88-93-րդ յօդուածները․-

Յօդուած 88․ Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն, զոր արդէն դաշնակից պետութիւնները կատարած են։

Յօդուած 89․ Թուրքիա ու Հայաստան, ինչպէս նաեւ Սեւրի Պայմանագրի բարձր պայմանաուորուող կողմերը կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ (վիլայէթներ), երկու պետութիւններուն միջեւ սահմանագիծը վստահուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշումին եւ ընդունիլ անոր որոշումը, նոյնպէս բոլոր առաջարկները։

Յօդուած 90․ Հետեւելով յօդուած 89, Թուրքիան կը հրաժարի յանձնուած տարածքներուն նկատմամբ բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէ։

Յօդուած 91․ Հետեւելով յօդուած 89, եթէ տարածքներուն մէկ մասը միայն Հայաստանին յանձնուին, Սեւրի վեհաժողովէն երեէ ամսուան ընթացքին կը ստեղծուի սահմանագծման յանձնախումբը, երբ արդէն յիշեալ յօդուածին որոշումը ընդունուած ըլլայ երկու կողմերէն՝ Թուրքիա եւ Հայաստան։

Յօդուած 92․ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուին այդ պետութիւններուն հետ ուղղակի բանակցություններուն միջոցով։ Եթէ այդ պետութիւնները չյաջողին համաձայնութեան մը հանգիլ, ապա Դաշնագրի գլխաւոր/բարձր պայմանաուորուող կողմերը խնդիրը պիտի լուծեն յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ։

Յօդուած 93․ Հայաստանը կ՛ընդունի Սեւրի հաշտութեան դաշնագրին համապատասխան յօդուածները, որոնք կը թելադրեն բնակչութեան կամաւոր փոխադրումը՝ տասնութէն բարձր տարիք ունեցող անձերը իրաւունք ունին տարածաշրջանի ուրիշ երկիրներու քաղաքացիութիւնը ընտրել, իրենց ազգութեան կամ կրօնական պատկանելիութեան համապատասխան, ուր անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Այս մարդիկը կը պահպանէին իրենց իրաւունքը անշարժ գոյքի մը պէս, բայց պարտաւոր են մէկ տարուայ ընթացքին իրենց շարժական գոյքը փոխադրել այն երկիրը, որ ընտրած են։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ

Խմբագրել

Յօդուածներուն մէջ նաեւ, անօրինական կը յայտարարուի օսմանեան կառավարութեան 1915 օրէնքը՝ ոեւէ քաղաքացիի լքուած գոյքի մասին։

 
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ազգային փոքրամասնութիւնները 1910 թուականին

Թուրքիոյ մէջ մնացող փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կեանքը, ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը օրէնքով ապահովուած են կառավարութեան կողմէ։ Պատերազմի ժամանակ Թուրքերուն կատարած վայրագութիւններուն պատճառած չարիքը առաւելագոյն չափով քաւելու համար օսմանեան կառավարութիւնը պարտաւոր է իր եւ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ցոյց տալ ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ 1 նոյեմբեր 1914-էն ետք անհետացած, առեւանգուած, արգելափակուած եւ ազատազրկուած ամէն ցեղի եւ ամէն կրօնի մարդոց փնտռելու եւ ազատելու համար։ Պատիժներուն մասին թրքական կառավարութիւնը կը ճանչնայ դաշնակից տէրութիւններու իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի օրէնքներն ու կանոնները խախտած մեղաւոր անձերը, նաեւ կը համաձայնի յանձնել այդ մարդիկը, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը. «…Այդ անձերը պատասխանատու են կատարուած ջարդերուն համար այն ժամանակ, երբ երկիրը կը գտնուէր պատերազմի վիճակի մէջ, այն տարածքին մէջ, որ կը կազմէր օսմանեան կայսրութեան մասը 1 Օգոստոս 1914-ին»։ Դաշնակիցները իրաւունք ունին այդ անձերը դատելու համար ատեան նշանակել։

Համաձայնութիւն կը կայանայ, որպէսզի Վրաստանը, Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Պարսկաստանը Պաթումի նաւահանգիստով ազատ մուտք կ՛ ունենան դէպի Սեւ ծով։ Դաշնակիցները բարիացակամօրէն կը վերաբերուին Կարսէն Ճորոխ, դէպի Պաթում Հայկական միջանցքի գաղափարին, սակայն դաշնագիրը ստորագրելու պահուն Վրաստանը անոր փոխարէն հայերուն կ՛առաջարկէ երկաթուղի կառուցել Վրաստանի տարածքին մէջ։ Եւ քանի որ տակաւին յայտնի չէր՝ եթէ Տրապիզոնի նաւահանգիստը Հայաստանի նոր սահմաններուն մէջ պիտի մտնէ թէ ոչ, ապա յատուկ յօդուածով Հայաստանին կ՝ երաշխաւորէր թրանզիթային առտօնութիւններ ու այդ նաւահանգիստի մէկ մասի առյհաւէտ վարձակալութիւն։

Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրի ստորագրումը, նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի նշանակած Հարպորտ առաքելութիւն-յանձնաժողովը կ՛ուսումնասիրէ տեղագրութիւնը, տնտեսութիւնը, փոխադրամիջոցները, ջրային աղբիւրները, առեւտրական ճամբաները, ժողովրդագրական եւ միւս խնդիրները, որոնք սահմանները որոշելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնեն։ Յանձնաժողովը իր յանձնարարականները քննարկման կը ներկայացնէ 1920 Սեպտեմբերին, իսկ նախագահը իր որոշումը եւրոպական տէրութիւններուն կը յանձնէ Նոյեմբերին։ Անոր որոշումին համաձայն՝ Հայաստանը պէտք է ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու երկու երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը, Տրապիզոն նահանգի մեծ մասը՝ ներառեալ նաւահանգիստը։ Ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը կը կազմէր մօտ 90․000 ք․քմ․։ Միաւորելով Անդրկովկասի արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ հայկական անկախ պետութիւնը կ՛ ունենար շուրջ 160․000ք․քմ․ տարածութիւն՝ դէպի Սեւ ծով ելքով։

 
Հայաստանի արեւմտեան սահմանները ըստ՝ Ուտրօ Ուիլսընի նախագիծին

Սեւրի ոդիսականը

Խմբագրել

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման եւ հայ ժողովուրդին տրամադրել անոր ազգային համախմբման համար բաւարար տարածք։ Սակայն Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ։ Զայն չվաւերացուց նոյնիսկ օսմանեան կառավարութիւնը։ Քեմալականները դիմեցին անոր հաստատումը կանխող բոլոր միջոցներուն եւ որպէս առաջին քայլ նոր արշաւանք սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զայն ոչնչացնելու մտադրութեամբ։

Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, քեմալական Թուրքիան օգտուելով միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, կը փորձէ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը փոխարինել կամ անորմէ հրաժարիլ, հետեւեալ համաձայնագրերով որոնք սակայն զուրկ են որեւէ իրաւականութենէ նշուած պատճառներով․․-

Ալեքսանդրուպոլի դաշնագիր (1920 Դեկտեմբեր 3 լուսաբացին), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին միջեւ, սակայն մէկ օր առաջ՝ Դեկտ․ 2 կ․ե․ ժամը 5-ին Հայաստանի պետական լիազօրութիւնը ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։

Մոսկուայի համաձայնագիր (1921 Մարտ 16), Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ․ Հայաստանի վերաբերող տրամադրութիւններ առանց Հայաստանի ներկայութեան։

Կարսի դաշնագիր (1921 Հոկտեմբեր 13), Թուրքիոյ՝ Քեմալի ներկայացուցիչին որ սակայն լիազօրուած չէր օսմանեան կառավարութեան կողմէն եւ Խորհրդային Հայաստանի (ո՛չ ազատ, այլ Մոսկուայի հովանին տակ) միջեւ։

Լոզանի դաշնագիր (1923 Յուլիս 24), առանձին համաձայնագիր մըն է, տարբեր նիւթով․ անոր 16-րդ յօդուածը կ՛ըսէ թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոոր իրաւունքներէն եւ իրաւասութիւններէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմէր Լօզանի Դաշնագրի քննարկման (Սեւրի դաշնագրի Հայաստանի հողատարածքի սահմանները Լօզանի դաշնագրին քննարկման նիւթ չէին կազմեր)։

Դաշնակիցները կը ճանչնան Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի (Զմիւռնիա), Կիլիկիոյ նկատմամբ, բոլոր այն տարածքները, որոնք անցած էին Հայաստանի, Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։ Սակայն, Սեւրի Դաշնագիրը կամ Պայմանագիրը մինչեւ այսօր ի զօրու է, որովհետեւ Սեւրի Պայմանագիրը ստորագրող պետութիւնները Դաշնագիրը չներկայացուցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն (որ պարտաւոր էին ըստ միջազգային իրաւական եւ «բարոյական» օրէնքներով), առաւել Սեւրի Դաշնագիրը որեւէ Միջազագային համաձայնագրով չէ փոխարինուած։

Աղբիւրներ եւ գրականութիւն

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Մուտրոսի Դաշնագիրը(անգլերէն)
  2. Սան Ռեմօի Խորհրդաժողովը(անգլերէն)
  3. Արաբական Մեծ Ապստամբութիւնը(ֆր.)
  4. Հիժազ (անգլերէն)