Փիլիսոփայութիւնը Հայաստանի Մէջ

Փիլիսոփայական մտածողութեան սաղմեր եղած են հին հայերու եւ այն ժողովուրդներու դիցաբանական պատկերացումներուն մէջ, որոնք որոշակի զարգացում ապրած են նախնադարեան համայնական հասարակութեան ծաղկման, ապա նաեւ դասակարգային հասարակութեան ձեւաւորման շրջանին մէջ: Յետագային հին հայկական կրօնի եւ փիլիսոփայական մտքի վրայ ներգործած են մէկ կողմէն զրադաշտականութիւնը, միւս կողմէն՝ հին յոյներու դիցաբանութիւնը: Չորս տարրերու (կրակ, օդ, ջուր, հող) աստուածացումը, բնութեան ուժերու անձնաւորումը արտացոլած են տոհմային համայնական դարաշրջանի, յետագային նաեւ վաղ ստրկատիրական հասարակութեան մարդկանց տիեզերածնական, գոյաբանական, ինչպէս նաեւ բարոյագիտական եւ սոցիալական հայեացքները:

4 տարրերը.

Փիլիսոփայութեան ձեւաւորումը

Խմբագրել

Ք.Ա. 4-րդ դարէն 1-ին դարերուն ընթացքին արդէն սաղմնաւորուած է նաեւ աշխարհիկ փիլիսոփայական միտքը: Մեծն Տիգրանի ու անոր որդի Արտաւազդ Բ թագաւորի օրով Տիգրանակերտ եւ Արտաշատ մայրաքաղաքները դարձած են հոգեւոր մշակոյթի կեդրոններ: Ինչպէս կը վկայէ Փլութարքը, Արտաւազդ Բ-ի ողբերգութիւններուն մէջ եւ ճառերուն մէջ արտացոլուած են ստոյիկութեան բարոյագիտական գաղափարները, իսկ արմաւիրեան արձանագրութիւններուն մէջ (յունարէն)` ստրկատիրական հասարակութեան բարոյագիտական տիպարները: Պահպանուած սակաւաթիւ աղբիւրներէն յայտնի է, որ հելլէնիստական Հայաստանի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կար փիլիսոփայութեան հանդէպ, հայոց թագաւորներու արքունիքներուն մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են բազմաթիւ, այդ թուականին` օտարազգի (Մեթրոտորոս Սկեպսացի, Ամփիկրատես Աթենացի եւ ուրիշներ) գիտնականներ եւ փիլիսոփաներ: Հայազգի շատ մտածողներ փորձառութիւն եւ ճանաչում ձեռք բերած են ժամանակի նշանաւոր գիտակրթական կենդոններուն մէջ: Արեւմուտքին մէջ մեծ հռչակ վայելած է հռետոր, փիլիսոփայ, մանկավարժ հայազգի Տիրան Հայկազնը (Տիրանիոն)` նշանաւոր հռետոր ու փիլիսոփայ Սիսերոի մտերիմը եւ օգնականը, աշխարհագէտ Ստրապոի ուսուցիչը:

Փիլիսոփայութիւնը Հելլենութեան Դարաշրջանի ԸՆթացքին

Խմբագրել

Ուշ հելլէնականութեան շրջանին Հայաստանի մէջ տարածուած են արիստոտելականներու, ստոյիկներու եւ հեշտասէրներու (epicurism) ուսմունքները: Այս շրջանին մեծ էր Պարոյր Հայկազնի (Փրոհերսիոս, 4-րդ դար) համբաւը, որու արձանները կանգնեցուած են Հռոմի մէջ եւ Աթէնքի մէջ` անոր կենդանութեան օրերով: Պարոյր Հայկազնը աշակերտած է նշանաւոր հռետոր Հուլիանոսին, ով իր մահուան օրէն ետք շարունակած է իր գիտակրթական գործը, իսկ անոր ալ աշակերտած են կայսր Հուլիանոս Ուրացողը, «Կապադովկեան Հայրերէն»` Բարսեղ Կեսարացին, Գրիգոր Նազիանզացին եւ ուրիշներ:

Փիլիսոփայութիւնը 5-րդ եւ 6-րդ Դարերու Ընթացքին

Խմբագրել
 
Գրիգոր Նիւսացի
 
Եփրեմ Ասորի

Հելլենութեան դարաշրջանին ընթացքին ձեւաւորուած փիլիսոփայական աւանդոյթները կարեւոր դեր խաղացած են 5-րդ դարու շրջանին ագգային փիլիսոփայութեան զարգացման մէջ: Փիլիսոփայութեան զարգացման յաջորդ փուլը Հայաստանի մէջ կապուած է աւատատիրական յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակելու (301) հետ: Գիրերու Գիւտը եւ անոր յաջորդած հոգեւոր մշակոյթի ծաղկումը կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են բուն փիլիսոփայական գիտութեան ձեւաւորման ընթացքի վրայ: 5-րդ եւ 5-րդ դարերուն ստեղծուած է փիլիսոփայութեան ինքնուրոյն եւ թարգմանական հարուստ գրականութիւն: 5-րդ դարու առաջին կիսուն փիլիսոփայութեան առաջատար ուղղութիւն դարձած է հայրաբանութիւնը կամ քրիստոնէութեան ջատագովութիւնը, որու հիմնադիրը Մեսրոպ Մաշտոցն է, իսկ երեւելի ներկայացուցիչներէն էին Եզնիկ Կողբացինն, Յովհան Մայրաւանեցին, Յովհաննէս Օձնեցին, Ստեփանոս Սիւնեցին եւ ուրիշներ: Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը եւ անոնց աշակերտները հայերէնի թարգմանած են Աստուածաշունչը, Բարսեղ Կեսարացու, Յովհան Ոսկեբերանի, Գրիգոր Նազիանզացու, Գրիգոր Նիւսացու, Եփրեմ Ասորու երկերը եւ քրիստոնէական գրականութեան այլ նշանաւոր յուշարձաններ:

Քրիստոնէական Փիլիսոփայութիւնը

Խմբագրել

Քրիստոնէութեան` երկիր մուտք գործելուն զուգահեռ սուր պայքար մղուած է հեթանոսական եւ քրիստոնէական գաղափարախօսութիւններու միջեւ: Այնուհանդերձ, Հելլենութեան գիտութեան եւ դաստիարակութեան համակարգի աւանդոյթները գոյատեւած են, բազմաթիւ եկեղեցական գործիչներ Յունական կրթութիւն ստացած են Անտիոքի, Կեսարիայի, Եդեսիայի, Աթէնքի հռետորական եւ քերականական դպրոցներուն մէջ: Հայ քրիստոնէական ջատագովական մտքի ձեւաւորման վրայ ուժեղ ազդեցութիւն ունեցած են Յունալեզու ջատագովութիւնը եւ հայրաբանութիւնը, յատկապէս «Կապադովկեան Հայրերու» կրօնափիլիսոփայական ժառանգութիւնը: Գաղափարական միտուածութեամբ եւ հարցադրումներով հայ քրիստոնէական ջատագովական փիլիսփայութիւնը շատ ընդհանրութիւններ ունէր թէ՝ յունալեզու եւ թէ՝ լատինալեզու ջատագովական մտքի հետ, բայց եղած են նաեւ որոշ առանձնայատկութիւններ (հայրենասիրութիւն, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնք եւ ազգային-ազատագրական շարժումներու ծաւալում), որոնք ալ պայմանաւորուած են նախ եւ առաջ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատումը: Հայ ջատագովները մտահոգուած էին ոչ միայն քրիստոնէական կրօնի պաշտպանութեամբ, այլեւ այդ վարդապետութեան գաղափարներն ազգի, հայրենիքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանմանը ծառայեցնելու խնդիրով: Մերժելով հեթանոսական փիլիսոփայութեան ելակետային սկզբունքները՝ հայ ջատագովները մշակած են քրիստոնէութեան ոգուն համապատասխանող գոյաբանական, իմացաբանական, բարոյագիտական եւ մարդաբանականքննադատելով հին փիլիսոփաներու կրկնապաշտական, նիւթապաշտական եւ արարչագործութիւնը մերժող տեսութիւնները՝ անոնք հիմնաւորած են միաստուածութեան գաղափարը:

Հայ ջատագովները ձգտած են հեթանոսական գիտութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը «քրիստոնէացնել», յարմարեցնել քրիստոնէական վարդապետութեան ոգիին: Այս իմաստով անոնք չեն հակադրել հաւատքը եւ բանականութիւնը, աստուածաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը: 5-րդ դարու երկրորդ կիսուն Հայաստանի մէջ սկսած է փիլիսոփայութեան աշխարհիկ գիտական ուղղութեան ձեւաւորումը, որուն մեծապէս նպաստած է յունական դպրոցը:

Փիլիսոփայական Երկերու Նշանաւոր Թարգմանութիւնները

Խմբագրել

450-720 թուականներուն հայերէնի կը թարգմանուել Ֆիլօ Ալեքսանդրացու 15 երկերը, Տիոնիսիոս Թրակացու («Քերականութիւն»), Թէոն Ալեքսանդրացու («Ճարտասանական Վարժութիւններ»), Պլատոնի («Սոկրատի Պաշտպանութիւնը», «Թիմէոս», «Մինոս», «Ծվտիփրոնես», «Օրէնքներ»), Արիստոտելի («Բաժամունքներ», «Մեկնութեան Մասին», «Վերլուծաբանականներ»), Բորփիւրոսի («Ներածութիւն»), Հերմէս Եռամեծի, Գրիգոր Նիւսացու եւ Նեմեսիոս Եմեսացիի մարդաբանական, Կեղծ Տիոնիսիոս Արէոբակացու 4 աշխատութիւնները եւ այլն: Այդ թարգմանութիւնները մեծ արժէք ունին թե՜ հայ, թէ՛ ալ Եւրոպական մշակոյթի եւ փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն, անոնց մէկ մասը յայտնի է հայերէն թարգմանութեան շնորհիւ: Թարգմանական հարուստ գրականութեան, ինչպէս նաեւ ինքնուրոյն երկերու շնորհիւ հայ փիլիսոփայական միտքն առաջատար եղած է արեւելեան քրիստոնէական մշակութային տարածքին մէջ:

Նոր-Պղատոնական Ուղղութիւնը՝ Դաւիթ Անյաղթ

Խմբագրել
 
Դաւիթ Անյաղթ

V-VI դարերուն հայ փիլիսոփայութեան մէջ ձեւաւորուած է նոր-Պղատոնական ուղղութիւնը, որու խոշորագոյն ներկայացուցիչը Դաւիթ Անյաղթն է: Ան կրթութիւնը ստացած է Ալեքսանտրիայի մէջ, աշակերտած է նշանաւոր փիլիսոփայ Օլիմփիատորոս Կրտսերին, երկար տարիներ դասաւանդած է անոր դպրոցին մէջ, Արեւմուտքին մէջ հռչակուած է որպէս «անյաղթ» փիլիսոփայ: Հայաստան վերադառնալով՝ Դաւիթ Անյաղթը զբաղած է գիտակրթական եւ թարգմանչական գործունէութեամբ: Գրած է «Սահմանք Իմաստասիրութեան», «Վերլուծութիւն «Ներածութեան» Պորփիւրի», «Մեկնաբանութիւն. Ստորոգութեանցն Արիստոտելի» եւ «Մեկնութիւն ի «Վերլուծական» Արիստոտէլի» աշխատութիւնները (պահպանուած են յունարէն եւ հայերէն):

Ինչպէս Ալեքսանտրեան դպրոցի միւս ներկայացուցիչներուն, այնպէս էլ Դաւիթ Անյաղթի փիլիսոփայութիւնը համադրական բնոյթ ունի: Ան ձգտած է հաշտեցնել Պղատոնի եւ Արիստոտելի փիլիսոփայական ուսմունքները, ցոյց տալ, որ անոնց միջեւ չկան արմատական հակասութիւններ: Համոզուած ըլլալով, որ փիլիսոփայութիւնը մարդկային զբաղմունքներէ ամենագեղեցիկն ու ամենապատուականն է, ան վարպետօրէն հերքած է փիլիսոփայութեան գոյութիւնը ժխտող սկեպտիկներու փաստարկները: «Սահմաններ Իմաստասիրութեան» (աշխարհաբար հրատարակութիւն՝ 1980) երկին մէջ Դաւիթ Անյաղթը փիլիսոփայութիւնը ներկայացուցած է որպէս ամբողջութեամբ աշխարհի ճանաչողութեան եւ միւս գիտութիւններուն ու արուեստներուն ելակետային սկզբունքներ տուող գիտութիւն: Տրամաբանութեան եւ իմացաբանութեան հարցերուն մէջ Դաւիթ Անյաղթը կը հանդիսանայ արիստոտելականութեան դիրքերէն, որ անոր հեղինակութեան եւ յունաբան դպրոցի գործունէութեան շնորհիւ առաջատար տեղ գրաւած է զարգացած եւ ուշմիջնադարեան շրջանի հայ փիլիսոփայութեան մէջ:

Հայ Փիլիսոփայութիւնը Եօթներրորդ Դարու Ընթացքին

Խմբագրել

7րդ դարուն ձեւաւորուած է բեւագիտական-բնափիլիսոփայական ուղղութիւնը, որու առաւել խոշոր ներկայացուցիչը Անանիա Շիրակացին է: «Տիեզերագիտութիւն» (հրատարակումը՝ 1979) երկին մէջ ան պաշտպանած է երկրի գնդաձեւութեան մասին ուսմունքը, քննադատել սնահաւատութիւնը, ճակատագրապաշտութիւնը եւ աստղագուշակութիւնը: Անանիա Շիրակացու երկերուն շնորհիւ բնագիտական ուղղութիւնը ամրագրուած է հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մէջ: Փիլիսոփայական եւ ընկերային-քաղաքական միտքը, ի դէմս 5-րդ դարու վերջէն 6-րդ դարու սկզբին առաջացած պաւլիկեան եւ 9րդ դարու ընթացքին ծագած Թոնդրակեան շարժումներու, նոր ընթացք ստացած է: Անոնք կը մերժէին պաշտօնական կրօնը եւ անոր դաւանաբանական հիմնական սկզբունքները, կը քարոզէին ընկերային եւ գոյքային հաւասարութիւն, չէին ընդունէր եկեղեցին եւ հոգեւորականութիւնը: Ընկերային-քաղաքական միտքն արտացոլուած է նաեւ հայ ազգային թրուաքով՝ «Սասունցի Դաւիթ»ի մէջ, ուր գլխաւորը օտար նուաճողներու դէմ պայքարի, ազատ ու արդար թագաւորութեան հաստատման գաղափարն է:

Հայ Փիլիսոփայութիւնը Տասներրորդէն Տասներկրորդ Դարերու Ընթացքին

Խմբագրել
 
Գրիգոր Նարեկացի

Զարգացած աւատատիրութեան դարեշրջանին մէջ (10էն 14րդ դարեր) աստիճանաբար դուրս մղուած է նոր-պղատոնականութիւնը, որ մէկ կողմէն ձուլուած է քրիստոնէական խորհրդապաշտութեան հետ (Գրիգոր Նարեկացի), միւս կողմէն` աւելի մերձեցած բանապաշտական ուսմունքներուն (Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի). առաջնութիւնը տրուած է բնագիտական ուղղութեան (Յովհաննէս Սարկաւագ, Մխիթար Հերացի եւ ուրիշներ) եւ արիստոտէլականութեանը: Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին փիլիսոփայութեան ճանաչման մէջ կարեւորած է թուաբանութիւնը եւ բնագիտութիւնը, յանգած է բնութեան բանական ճանաչողութեան՝ որպէս Աստծուն նմանելու առաւել մատչելի միջոցի անհրաժեշտութեան մտքին՝ անով իսկ նպաստելով փիլիսոփայական գիտութեան աշխարհիկ ուղղութեան վերածնմանը:

Զարգացնելով Անանիա Շիրակացու ուսմունքը՝ Յովհաննէս Սարկաւագն առաջադրած է 4 տարրերու տեսութիւնը, որոնք իրենց հակադիր յատկանիշներով կը հաւասարակշռեն միմեանց եւ բնութեան մէջ կը ստեղծեն «հակադրութիւններու ներդաշնակութիւն»: Հանդիսանալով «առանց փորձի գիտելիքը չի կրնար ճշմարիտ համարուիլ» սկզբունքով՝ Սարկաւագը նոր հեռանկար բացած է բնութեան ուսումնասիրութեան ասպարէզին մէջ: Նորարարական բնոյթ ունեցած են նաեւ անոր գեղագիտական-փիլիսոփայական հայեացքները: «Բան իմաստութէան» քերթուածին մէջ Սարկաւագը շօշափած է բնութեան եւ մարդու, բնութեան եւ արուեստի յարաբերակցութեան հարցերը: Սարկաւագի կարծիքով՝ մարդկային արուեստը բնութեան ներկայացուցչի՝ սարեակի արուեստի համեմատութեամբ անկատար է, որովհետեւ այդ հաւատարիմ մնացած է աստուածային-բնական կարգին, իսկ մարդը պատուիրագանցութեան հետեւանքով զրկուած է «բնատուր պարգեւէն»:

Ներսէս Շնորհալիի Փիլիսոփայութիւնը

Խմբագրել
 
Ներսէս Շնորհալի

Փիլիսոփայական դատողութիւններ կան նաեւ 12րդ դարու բանաստեղծ, փիլիսոփայ Ներսէս Շնորհալիի երկերուն մէջ: Նիւթական գոյին զուգահեռ ան ընդունած է աննիւթականի գոյութիւնը: Ըստ անոր` նիւթականը կը ճանչցուի զգայարաններով, աննիւթականը` բանականութեամբ: Նիւթական աշխարհը բաղկացած է 4 տարրերէ, որոնք յաւիտենական են, իսկ անոնց միաւորումէն առաջացած եզակի իրերն ու առարկաները` վերջաւոր: Մարմինն ու հոգին բնոյթով տարբեր են. մէկը տեսանելի է, ժամանակաւոր, միւսը` անտեսանելի, յաւէրժական, սակայն անոնց միաւորումէն ետք մարդը կ'օժտուի մէկ բնութեամբ: Շնորհալին մերժած է ինքնանպատակ հաւատքը եւ ձգտած է կրօնը ծառայեցնել հասարակութեան շահերուն համար:

Շնորհալիի սկզբունքները Կիլիկիայի մէջ պաշտպանած ու զարգացուցած է Ներսէս Լամբրոնացին: Ըստ անոր` արարուած ողջ բնութիւնը 4 տարրերու միասնութիւնն է: Մարդու իմացական կարողութիւնը ան կապած է մարմնէ հոգու առկայութեան հետ: Լամբրոնացիի հայեացքները որոշակիօրէն ներթափանցուած են տիալեքդիքական մտածողութեան տարրերով:

Տասներրորդ Դարու Ընթացքին

Խմբագրել

Տաներրորդ դարու հայ փիլիսոփայութեան խոշորագոյն դէմքերէն է Վահրամ Րապունին, որ ապրած ու ստեղծագործած է Կիլիկիայի հայկական պետութեան հզօրացման շրջանին, եղած է արքունական գրասենեակի ատենադպիր: Տիեզերաբանական եւ բնազանցական հարցեր քննարկելով Րապունին հետեւած է նախորդ դարերու հայ փիլիսոփաներու միաստուածապաշտութեանը եւ աստուածակեդրոն վարդապետութեանը` այն լրացնելով աստիճանակարգուած տիեզերքի մասին մասնագիտական ուսմունքով: Հաւատքի եւ բանականութեան, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան յարաբերակցութեան հարցը ամ վճռած է հաւատքի եւ աստուածաբանութեան օգուտին համար, սկզբունքօրէն մերժած է 2 իրար հակասող ճշմարտութիւններու գոյութեան հնարաւորութիւնը:

Յովհաննէս Երզնկացիի Փիլիսոփայութիւնը

Խմբագրել

13րդ դարու հայ փիլիսոփայութեան ինքնատիպ դէմքերէն է Յովհաննէս Երզնկացի, որու փիլիսոփայական հայեացքները ունին մարդասիրական ուղղուածութիւն: Բացառիկ է Երզնկացի «ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղէալ բանք» աշխատութիւնը` հայ-արաբական փիլիսոփայական առնչութիւններու տեսանկիւնէն: Բնափիլիսոփայական երկերուն մէջ Երզնկացին շարունակած է Շիրակացիի ուսմունքը, ձգտած է բացայայտել ֆիզիքական երեւոյթներու բնական պատճառները: Անոր փիլիսոփայութեան մէջ կեդրոնական տեղ զբաղած է մարդու հիմնախնդիրը: Տիեզերքի մէջ մարդու կարգավիճակի հարցը ան դիտարկած է 2 տեսանկիւնէ` տիեզերաբանական-բնապաշտական եւ կրօնաբարոյական: Հոգիի եւ մարմնի յարաբերակցութեան հարցը շօշափելէ ետք՝ Երզնկացին նախ փորձած է բացայայտել անոնց միաւորման բնախօսական հիմքերը, ապա ձգտած է «արդարութեան» սկզբունքի տեսանկիւնէն մեղմել հոգիի եւ մարմնի միջեւ առկայ բնազանցական հակադրութիւնը` կարեւորելով թէ` մէկուն եւ թէ` միւսին դերը մարդու փրկութեան գործին մէջ: Իմացաբանական լաւատեսութիւնը, գիտութեան եւ իմաստութեան ջատագովութիւնը Երզնկացիի աշխարհայեացքի կարեւոր կողմերէն են: Ան պաշտպանած է հաւատքի ու բանականութեան, տեսական ու գործնական իմաստութեան միասնութեան գաղափարը: Գիտութեան ճշմարտութիւնները, ըստ անոր, վերազգային ու վերկրօնական բնոյթ ունին, ուստի պէտք չէ խորշել օտարազգի եւ այլադաւան մտածողներու աշխատութիւններու ուսումնասիրութենէն: Երզնկացիի մարդասիրութիւնը ցայտունօրէն դրսեւորուած է անոր քաղաքագիտական ուսմունքում:

Պետութիւնը պէտք է կառավարեն անոնք, որոնք քաջատեղեակ են կառավարման արուեստին ու գիտութեանը, որոնք օժտուած են կառավարման համար անհրաժեշտ իմացաբանական, գործնական, բարոյաիրաւական փորձով ու գիտելիքներով: Երզնկացին կը պաշտպանէ պետութեան մէջ օրէնքներու գերակայութեան մասին միտքը, օրէնքը երկրի (քաղաքի) մը հոգին է:

Տասնչորրորդ Դարու Ընթացքին

Խմբագրել
 
Թովմաս Աքուինացի

Տասնչորրորդ դարուն չնայած Հայաստանի ընկերա-քաղաքական եւ տնտեսական ծանր կացութեանը, հայ փիլիսոփայական միտքը վերելք ապրած է, որուն նպաստած են նոր դպրոցներու ու համալսարաններու հիմնադրումը, Հայ եկեղեցին Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցիին հետ միաւորման կողմնակիցներու (միարարականներու) եւ անոնց հակառակորդներու միջեւ գաղափարական պայքարի սրումը, առաքել-քարոզչական նպատակով Հայաստան եկած լատին մտածողներու գիտակրթական գործունէութիւնը եւ այլն: Այս շրջանի հայ փիլիսոփայական մտքի աշխուժացման ու զարգացման համար յատկապէս նշանակալի էր լատին մտածողներ Բարդուղիմէոս Բոլոնիացիի (Մարաղացի) եւ Պետրոս Արագոնացիի աւանդը, որոնք կաթողիկութիւն ընդունած հայ ուսեալներու աջակցութեամբ հայերէնի թարգմանած Ժիլպերթ Պոռետացիի, Ալպերթ Մեծի, Թովմա Աքուինացիի եւ ուրիշներ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական երկերը, ինչպէս նաեւ հայերէնի փոխադրած են իրենց աշխատութիւնները: Անոնք որոշ չափով ընդլայնած են հին եւ միջնադարեան եւրոպական փիլիսոփայութեան մասին տեղեկութիւններու շրջանակը, հայ փիլիսոփայութեան մէջ կը ներմուծեն դպրոցային փիլիսոփայութեան իմաստասիրման եղանակը, իւրօրինակ ձեւով խթանել ազգային փիլիսոփայական աւանդոյթներու վերածնումը: Այս երեւոյթները արտայայտուած են Գլաձոր-Տաթեւի փիլիսոփայական-աստուածաբանական դպրոցի ներկայացուցիչներու` Յովհան Որոտնեցիի, գրիգոր Տաթեւացիի, Մատթէոս Ջուղայեցիի եւ Առաքել Սիւնեցիի աշխատութիւններուն մէջ:

Ինչպէս տասներրորդ եւ տասնչորրորդ դարերու արեւմտաեւրոպական դպրոցային փիլիսոփաներու, այնպէս ալ տաթեւացիներու փիլիսոփայութիւնը համադրական ու հաւաքաբանական բնոյթ ունէր: Հայ մտածողներու աշխատութիւններուն մէջ քննարկուած են Աստծոյ գոյութեան, Աստծոյ եւ աշխարհի, Աստծոյ եւ մարդու, հոգու եւ մարմնի, հաւատքի եւ բանականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան, տեսական եւ գործնական փիլիսոփայութեան, տիեզերքներու, բնութեան, մարդու կամքի ազատութեան եւ ճակատագրի, անհրաժեշտութեան ու նախախնամութեան, աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւններու յարաբերակցութեան հարցերը:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։