Մեծն Աղեքսանտր

Յոյն զօրավար, Մակետոնիոյ թագաւոր, Կայսրութեան հիմնադիր
(Վերայղուած է Մեծն Ալեքսանտր-էն)

Մեծն Աղեքսանտր կամ՝ Աղեքսանտր Գ. Մակետոնացին, յուն․՝ Μέγας Αλέξανδρος կամ՝ Αλέξανδρος Γ΄ ο Μακεδών, լատ.՝ Alexander III Magnus, 20 Յուլիս Ք.Ա. 356, Բելլա, Կեդրոնական Մակեդոնիա, Յունաստան - 10 Յունիս Ք.Ա. 323, Բաբելոն, Իրաք), արեւմտեան պատմագրութեան մէջ յայտնի է իբրեւ Մեծն Աղեքսանտր (դասական հայերէնի մէջ - անուան ստուգաբանական նշանակութիւն՝ հին յուն․՝ ἀλέξω (alexo) բառը կը նշանակէ «պաշտպանել, օգնել», հին յուն․՝ ἀνήρ άνδρας (andr) ՝ «այր մարդ»), Մակեդոնիոյ արքայ (Ք.Ա. 336-էն), զօրավար։ Արղէատներու հարստութեան Δυναστεία των Αργεαδών ընտանիքէն (հին յունական թագաւորական ընտանիք մը)։

Մեծն Աղեքսանտր
հին յուն․՝ Ἀλέξανδρος Γ' ὁ Μέγας
Ծնած է 20 Յուլիս Ք.ա. 356
Ծննդավայր Փելլա, Կեդրոնական Մակետոնիա, Յունաստան
Մահացած է 10 Յունիս Ք.ա. 323
Մահուան վայր Բաբելոն, Հիլլա, Իրաք
Քաղաքացիութիւն Մակետոնական թագաւորութիւն
Ազգութիւն յոյն մակետոնացի
Կրօնք հին յունական կրօն եւ Յունական Դիցաբանութիւնը
Ազդուած է Արիստոթելէն (յոյն Փիլիսոփայ), գիտնական, մանկավարժ
Ազդած է Աշխարհի քաղաքակրթութիւնը
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զորավար, միապետ
Վարած պաշտօններ Մակետոնիոյ Թագաւոր, Եգիպտոսի Փարաւոն, Մակետոնական Կայսրութեան թագաւոր
Ամուսին կողակիցը՝ Ռոքսանա
Ծնողներ հայր՝ Փիլիպոս Բ․ Մակեդոնացի[1][2], մայր՝ Ողիմպիատա[1][2][3]
Երեխաներ երկու․ Աղեքսանտր Դ․ (օրինաւոր ամուսնութենէ) եւ Հեռակլէս կամ՝ Իրաքլիս (ապօրինի յարաբերութենէ)

Ծնած է Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Բելլայի մէջ, գահը ժառանգած է 20 տարեկանին։ Ստեղծած է հին աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւններէն մէկը, որ կը տարածուէր Յոնիական ծովէն մինչեւ արեւմտեան Հնդկաստան։ Գլխաւոր դերակատարն է Հելլենիստական մշակոյթի ստեղծման եւ տարածման։ Աղեքսանտր ճանչցուած է իբրեւ մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն զօրավարներէն մէկը։ Ան յաղթած է իր մասնակցած բոլոր ճակատամարտերուն՝ հակառակ անոր, որ միշտ առճակատած է աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ։[4][5][6][7][8][9]

Համառօտ տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Աղեքսանտր կը թագադրուի իր հօր՝ Մակեդոնիոյ թագաւոր Փիլիպոս Բ. Մակեդոնացիի սպանութենէն ետք։ Կը ժառանգէ հսկայ պետութիւն մը եւ հզօր բանակ մը։ Կը յաջողի իրականացնել ռազմական եւ քաղաքական պատուաբեր ծրագիրներ։ Ք.Ա. 334-ին, Աղեքսանտր կը ներխուժէ Փոքր Ասիա, որ Պարսկական Կայսրութեան մաս կը կազմէր. ասիկա իր տասնամեայ Արեւելեան արշաւանքներու յաղթանակներուն սկիզբը կը համարուի։ Աղեքսանտրի տարած յաղթանակներուն պատճառով Պարսկաստանի Կայսրութիւնը կը ջախջախուի։ Ան գահընկեց կ'ընէ Պարսկաստանի արքայ Դարեհ Գ.-ը եւ կը հռչակուի Ասիոյ տիրակալ։ Ամբողջ աշխարհին տիրանալու գաղափարով տոգորուած եւ «Համաշխարհային ովկիանոսին» հասնելու երազանքով՝ Ք.Ա. 326-ին Աղեքսանտր կը հասնի մինչեւ Հնդկաստան եւ կը գրաւէ Փունճապը։ Սակայն իր հիւծած զօրքին խնդրանքին համաձայն կը դադրեցնէ յառաջխաղացքը ու կը վերադառնայ Պարսկաստան։

Աղեքսանտր իր մահկանացուն կը կնքէ Բաբելոնի մէջ Ք.Ա. 323-ին՝ անաւարտ ձգելով ծրագրած արեւմտեան ու հարաւային ռազմարշաւները։ Անոր մահուան կը յաջորդեն զօրավարներուն, զինակիցներուն եւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ պատերազմներ, որոնց պատճառով կայսրութիւնը կը բաժնուի չորս մասերու։ Անոր զօրավարները կը գլխաւորեն նորաստեղծ պետութիւնները։

Աղեքսանտր Մակեդոնացին կը ձգէ հարուստ ժառանգութիւն մը։ Իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար կը հիմնէ 60-է աւելի քաղաքներ եւ գաղթօճախներ, որոնց մեծ մասը կը կրէ «Աղեքսանտրիա» անունը։ Անոր ռազմական ու տնտեսական նուաճումներուն շնորհիւ կը ստեղծուի նոր տիպի համաշխարհային կայսրութիւն մը, ուր արեւմտեան ու արեւելեան քաղաքակրթութիւնները միաձուլուելով կը յառաջացնեն հելլենիստական մշակոյթը։ Հակառակ կայսրութեան կարճատեւ գոյատեւման՝ Ալեքսանտր Մակետոնացիի ջանքերուն շնորհիւ, հելլենիստական մշակոյթը կը տարածուի եւ անիկա հետագային Եւրոպայի եւ Փոքր Ասիոյ քաղաքակրթութիւններուն հիմքը կը հանդիսանայ։ Աղեքսանտր Մակետոնացիի ներդրումը համաշխարհային ռազմագիտութեան մէջ կը նկատուի անգերազանցելի եւ մինչեւ այսօր կիրառական նշանակութիւն ունի։[8][9][10]

Պատմագրութիւն

Խմբագրել
 
«Աղեքսանտրի Անաւասիս», Ֆլավիուս Արիանոս
 
«Զուգահեռ կեանքեր» գիրքին թարգմանութիւնը

Աղեքսանտրի արշաւանքը նախ եւ առաջ արձանագրուած է «Թագաւորական թերթերուն» «Βασιλικές εφημερίδες» մէջ՝ պաշտօնական օրացոյց մը, ուր Աղեքսանտրի գլխաւոր քարտուղարը՝ Էվմենիս իրեն հետ կ'ունենար արշաւանքներու ընթացքին։ Սակայն, իր լրումին չհասած անիկա կը կորսուի։ Հետագային անոր մէջ նշուած տուեալներուն եւ իր անձնական յիշողութիւններուն վրայ կը յենի Աղեքսանտրի զօրավարը՝ Պտողեմէոս։ Իսկ ճարտարագէտ եւ պատմաբան Արիստովուլոս, որ Աղեքսանտրի արշաւանքներուն կը մասնակցէր, մեզի ծանօթ իր առաջին պատմութիւնները 84 տարեկանին կը գրէ։ Սակայն անոնք ալ անյայտ են։ Կան նաեւ Քալիսթենիսի արձանագրութիւնները, գրուած մինչեւ իր մահը՝ Ք․Ա․ 327, ինչպէս նաեւ՝ Քլիդարխոսի, Օնիսիքրիդոսի եւ Նէարխոսի արձանագրութիւնները։

Աղեքսանտրի մասին գոյութիւն ունեցող հարուստ պատմագրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ աղբիւրներուն վրայ․

*Հին աշխարհի պատմիչներուն աշխատութիւնները՝ յոյն Արիանոսի «Աղեքսանտրի Անաւասիս» «Αλεξάνδρου Ανάβασις» 2-րդ դար (անիկա կը հիմնուի առաւելաբար Պտողեմէոսի եւ Արիստովուլոսի գործերուն վրայ),

* Յոյն Պղութարխոսի (կամ՝ Փլուտարխոս) «Զուգահեռ կեանքեր» «Βίοι Παράλληλοι» Ա. դար,

* Հռոմէացի Քւինտուս Կուրցիուս Ռուֆիւսի «Historia Alexandri Magni Macedonis» Ա. դար (կ'ըսուի թէ՝ աշխատութեան շատ մասերուն մէջ չափազանց մեծ երեւակայութիւն գործածած է ան)։

Վերոնշեալ պատմաբանները, օգտագործած են Աղեքսանտրի ժամանակակից պատմագիրներուն, արշաւանքներուն հետեւող պատմաբաններուն, գիտնականներուն, բժիշկներուն, տեղագրողներուն (այդ ժամանակի յունարէն անուանումով «βηματιστές»), գծագրիչներուն, բանաստեղծներուն եւ զինակիցներուն մեզի մասամբ հասած կամ չհասած բնագիրներն ու վկայութիւնները։

Նաեւ, ցիրուցան տեղեկութիւններ կը գտնենք Թէոտորոս Սիկիլիացիի (Ք.Ա. 1-ին դար), Ստրապոնի, հրեայ Յովսէփի եւ ուրիշներու գործերուն մէջ։[5][8][11]

 
Փիլիպոս Բ․

Աղեքսանտրի Սերումը, Փիլիպոս Բ.ի Ժառանգութիւնը

Խմբագրել

Հին Մակեդոնիան Հիւսիսային Յունաստանի կողմը կը գտնուէր, ուր Ք.Ա. 4-րդ դարու սկիզբէն կ'ապրէր քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամ մը։ Մակետոնիան կը գտնուէր երկու հակասող աշխարհներու միջեւ։ Հարաւէն սահմանակից էր հարուստ մշակոյթ ունեցող մնացեալ յունական քաղաք-պետութիւններուն, իսկ հիւսիսէն՝ Պալքանեան թերակղզիի բարբարոս երկիրներուն։ Մակեդոնացիները յունական ցեղերէն էին, կը խօսէին ու կը գրէին յունարէն եւ կը պաշտէին յունական Տոտեքաթէոն Δωδεκάθεο՝ Ողիմպոսի 12 աստուածները։[4]

Հայրը՝ Փիլիպոս Բ․

Խմբագրել

Ք․Ա. 4-րդ դարու կէսերուն Աղեքսանտր Մակեդոնացիի հօր՝ Փիլիպոս Բ․ (Ք.Ա. 382-336) թագաւորի ջանքերուն շնորհիւ Մակեդոնական պետութիւնը կը թեւակոխէ ռազմական, քաղաքական ու տնտեսական աննախադէպ վերելք մը։

 
Մակետոնական Փաղանքը․ գծանկար՝ պատկերացում

Ռազմարուեստի մարզին մէջ Փիլիպոս կը կատարէ բանակին արմատական ձեւափոխումը։ Կ'ընդօրինակէ այդ ժամանակի ամէնէն զարգացած պետութիւններուն՝ Յունաստանի գլխաւոր քաղաք-պետութիւններուն եւ Պարսկաստանի ռազմագիտութիւնները ու զանոնք կը յարմարեցնէ Մակետոնիոյ պայմաններուն։ Այդ պատճառով կը ստեղծուի ժամանակի ամէնէն ահարկու ռազմամեքենան, որ պատրաստ էր կռուելու որեւէ պայմանի մէջ եւ ոեւէ թշնամիի դէմ։[12][13]

Մակետոնական Փաղանգը

Խմբագրել

Մակեդոնական բանակին մէկ մասը՝ արքայական զօրքը, կազմուած էր ծանր հեծելազօրքէ եւ վահանակիր հետեւակներէ, որոնք զիրար կը լրացնէին ու կը պաշտպանէին։ Բանակին միւս, աշխարհազօրային մասը, վերափոխուած էր կանոնաւոր բանակի եւ կ'ընդգրկէր յայտնի Մակետոնական փաղանգը* եւ ուրիշ հետեւակ ուժեր։ Այսպիսի բաժանում մը կը հաւասարակշռէր բանակին կազմին մէջ մտած երկու հիմնական ընկերային խաւերը՝ ազնուականութիւնն ու ռամիկները։ Բազմաթիւ ռազմարշաւներու ընթացքին փորձառութիւն ձեռք բերած էին Փիլիպոսի մարտընկերները, որոնցմէ աչքի կ'իյնային շնորհալի զօրավարներ Անտիփադրոսն ու Փարմենիոնը։

  • Մակետոնական փաղանգ մը, ընդհանրապէս կը բաղկանար 128 զինուորներէ, շարուած հետեւեալ ձեւով․- առաջին շարքը 16 զինուորներ եւ ամէն մէկուն ետեւը 7 իրերայաջորդ զինուորներ։ Ամէն մէկ զինուոր ունէր փոքր վահան մը եւ հինգ մեթր երկարութեամբ նիզակ մը, որ կը կոչուէր «սարիսա»: Երբ Փաղանգը կը յառաջանար,  շարժուն բերդի մը կը նմանէր:

Փիլիպոսի կատարած ռազմական բարելաւումները կը պսակուին փայլուն յաղթանակներով, յատկապէս՝ յոյն քաղաք-պետութիւններ Մակետոնական պատերազմներու ժամանակ։ Բացի զինուորական յաջողութիւններէն, Փիլիպոս կը ցուցադրէ նաեւ քաղաքական գործիչի ակնառու տաղանդ մը։ Ան կը յաջողի համախմբել տեղական ու նուաճած շրջաններուն ազնուական տոհմերը։ Կը միացնէ յոյն քաղաք-պետութիւնները մէկ իշխանութեան տակ ու այնուհետեւ ամբողջ երկիրը Յունաստան կը կոչուի։

Աղեքսանտրի մայրը թագուհի Ողիմպիատան՝ Olympias Փիլիպոս Բ.-ի չորրորդ կինը, (ծագումով Իփիրոսէն․ Իփիրոս՝ Յունաստանի շրջան որուն 1/3ը կը յանձնուի Ալպանիոյ Լոզանի դաշնագիրով) Իփիրոսի արքայադուստրն էր։[4][5][6][14][12][13]

Աղեքսանտրի Մանկութիւնն ու Կրթութիւնը

Խմբագրել
 
Աղեքսանտր եւ Արիստոթել․ հեղինակ՝ Շառլ Լափլանդ Charles Laplante
 
Աղեքսանտր Մակետոնացիին կիսանդրին (քանդակուած՝ Ք.Ա. 330-ին Լիսիպոս քանդակագործէն․ կը գտնուի՝ Լուվր թանգարանը/Փարիզ, կրկնապատկեր)։ Աղեքսանտրի կենդանութեան մեզի հասած միակ պատկերը։ Աղեքսանտր միայն Լիսիպոսին կը վստահէր զինք նկարելը.

Վաղ մանկութեան Աղեքսանտր կը յանձուի մօր խնամքին։ Ողիմպիատան կեանքի նպատակ կը դնէ Աղեքսանտրին համար Մակեդոնիոյ գահը ապահովել։ Կը պաշտէ զաւակը եւ ինչ որ ինք կը կարծէ, թէ ճիշդ է անոր ապագային համար, ամէն գնով կը փորձէ իրականացնել։ Այս սէրը փոխադարձ էր։ Երբ Անտիբաթրոս* Ալեքսանտրին երկար նամակ մը կը գրէ գանգատելով մօրը մասին, ան, կարդալէ ետք նամակը կ'ըսէ․- «Անտիփադրոս չի գիտեր, թէ մօրս մէկ արցունքը միայն բաւարար է, որպէսզի անտեսեմ հազար նման նամակներ»։

  • Աղեքսանտր երբ արեւելեան արշաւանքը կը սկսի, Անտիբաթրոսին կը վստահի Մակեդոնիոյ խնամապետութիւնը։ [6][7][15][16]

Կրթութիւն

Խմբագրել

Աղեքսանտր իբրեւ արքայազն, կը ստանայ լաւագոյն ազնուական կրթութիւն։ Տասներեք տարեկանին անոր ուսուցման համար կը հրաւիրուի երիտասարդ ուսուցիչ՝ ծագումով յոյն Արիստոթելը, որ հետագային կը դառնայ աշխարhահռչակ գիտնական, փիլիսոփայ ու մանկավարժ։ Ստացած կրթութիւնը Աղեքսանտրը կը դարձնէ նրբաճաշակ ու կը զարգացնէ անոր հետաքրքրութիւնը զանազան բնագիտական հարցերու շուրջ։ Նաեւ իր մօտիկ շրջանակին մաս կը կազմեն արուեստագէտներ եւ գիտնականներ։ Աղեքսանտր, Հին Յունաստանի բանաստեղծ Հոմերոսի ջերմեռանդ հետեւորդն էր. իր ամբողջ կեանքին ընթացքին զինք կը նմանեցնէր «Իլիական» դիւցազնավէպին առասպելական դիւցազներուն։

Պատմաբանները կ'ենթադրեն, որ այդ շրջանին՝ Արիստոթելի ազդեցութեան տակ, Աղեքսանտր կը ծանօթանայ ու կը ներշնչուի փանհելլենիզմի գաղափարով։ Այդ դարաշրջանին Յունաստան (Հելլատա), մայրը հելլենիզմի փայլուն մշակոյթին, բաժնուած էր առանձին ու անկախ ժողովրդավարական եւ կամ մենատիրական վարչակարգով քաղաք-պետութիւններու (փոլիս/ներ․ հին Յունաստանի քաղաք-պետութիւն/ներ), որոնք կը գտնուէին իրարու դէմ երկարատեւ խռովութիւններու մէջ ու հետեւաբար, կ'ապրէին ծանր քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամեր։ Վերելք ապրող դրացի Մակետոնիոյ համար այդ վիճակը անոնց վրայ հսկողութիւն հաստատելու բացառիկ կարելիութիւն կ'ընձեռնէր։ Աղեքսանտրը, փանհելլենիզմի գաղափարը կը նկատէր յունական մշակութային ներուժի ու մակետոնական ռազմական հզօրութեան միաւորում մը, որ պիտի նպաստէր հելլենիզմի տարածման ու արմատաւորման հեռաւոր «բարբարոս երկիրներու մէջ»։[5][6][17][18]

Ռազմական դաստիարակութիւն

Խմբագրել

Աղեքսանտրի ռազմական դաստիարակութիւնը տեղի կ'ունենայ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն՝ Փիլիպոսի փորձառու զինակիցներուն հսկողութեան տակ։ Աղեքսանտրի դասընկերները՝ Մակետոնական բարձրաստիճան տոհմերու զաւակները, հետագային կը կազմեն անոր մօտիկ շրջապատը։ Աղեքսանտրի ռազմական ատակութիւնը առաջին անգամ կը դրսեւորուի 18 տարեկանին, երբ արքայազնին ղեկավարած ծանր հեծելազօրքին յաջող գրոհը կը վճռէր յունա-Մակեդոնական պատերազմի ամէնէն նշանաւոր կռիւը՝ Հերոնիոյ ճակատամարտի Μάχη της Χαιρώνειας Battle of Chaeronea աւարտին։[8][15][19][20]

Հօր եւ Որդիի Հակադրութիւնը

Խմբագրել

Ընդհարումը

Խմբագրել
 
Աղեքսանտր եւ մայրը՝ Ողիմպիատա (Ολυμπιάδα)

Փիլիպոսի ու Աղեքսանտրի ճակատագրական ընդհարումը տեղի կ'ունենայ Ք.Ա. 338-ին, երբ թագաւորը անտեսելով Ողիմպիադայի ու Աղեքսանտրի դժկամութիւնը, կ'ամուսնանայ Մակեդոնացի ազնուատոհմիկ կնոջ մը՝ Քլէոփադրա-Էվրիտիքի Cleopatra Eurydice of Macedon հետ։ Ընտանեկան ու քաղաքական լուրջ հետեւանքներով յղի այդ իրավիճակը կը վերջանայ Փիլիպոսի սպաննութեամբ։[16][21]

Փիլիպոս Բ․ի սպանութիւնը

Խմբագրել
 
Յունաստան․ քաղաք պետութիւններ եւ անոնց դաշնակիցները (Մակետոնիան կը գտնուի հիւսիսը) Ք․ա․336․ արեւելքը՝ Պարսկական կայսրութիւնը, հասած Եգէական ծովուն արեւելեան ափերը․

Ք․Ա․ 337-ին Աղեքսանտր եւ մայրը, Մակեդոնիայէն Իբիրոս (Աղեքսանտրի մօր ծննդավայրը) կը մեկնին եւ վեց ամիս ետք Աղեքսանտր կը վերադառնայ հօր մօտ։ Ք․Ա. 336-ին Փիլիպոս արքայադուստրերէն մէկը կ'ամուսնացնէ Իբիրոսի թագաւոր (եւ՝ եղբայր առաջին կնոջ Ողիմպիատայի) Աղեքսանտր Ա․ին հետ Alexander I of Epirus։ Հարսանիքի առթիւ մայրաքաղաք Էղէայի մէջ (Վերճինա Vergina), խնճոյքներ եւ զանազան խաղեր տեղի կ'ունենան։ Երբ Փիլիպոս մարզադաշտ կը մտնէ խաղերուն բացումը յայտարարելու համար, իր պահակագունդէն Բաւսանիաս զայն կը սպաննէ։ Մարդասպանը փախուստի կը դիմէ, բայց վրայ հասած Փիլիպոսի թիկնապահները կը դաշունահարեն զայն։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրի, մարդասպանը, յանցանքը կատարած է անձնական վիրաւորանքի ու խելագարութեան վիճակի մէջ։

Սակայն, մինչեւ հիմա պատմաբանները տարակարծիք են իրական դաւադիրներուն ինքնութեան վերաբերեալ։ Գոյութիւն ունին այլ երկու տարբերակներ։ Առաջինը՝ Ողիմպիատայի (ու ենթադրաբար Աղեքսանտրի) մասնակցութիւնը. Փիլիպոսի նորածին զաւակը լիիրաւ ժառանգ ու լուրջ մրցակից կրնար հանդիսանալ Աղեքսանտրի գահաժառանգութեան հարցին մէջ։ Երկրորդը՝ հելլենիստական աշխարհի վաղեմի թշնամիին՝ Պարսկաստանի գաղտնի մասնակցութիւնն էր։[10][16][21]

Աղեքսանտր Գ․, Մակետոնիոյ թագաւոր

Խմբագրել

Հօր սպանութենէն ետք տասնիննամեայ Աղեքսանտր զինուորական խորհուրդին կողմէ Մակեդոնիոյ թագաւոր կը հռչակուի։ Ան քանի մը ամսուան ընթացքին վերջ կու տայ ներքին ընդիմութեան, կ'իրագործէ հօր՝ Փիլիպոսի երազանքը եւ կ'աւարտէ Յունաստանի լիակատար միացումը եւ իբրեւ բանհելլենիստական առաջնորդ, կը սկսի պատրաստուիլ Արեւելեան արշաւանքին՝ Պարսկաստանը նուաճելու նպատակով։[6][22][23]

Պարսկական Կայսրութիւն, համառօտ տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Պարսկական Կայսրութիւնը իր չափերով ու բնակչութեամբ տասնեակ անգամ կը գերազանցէր Յունաստանի (Մակեդոնիոյ եւ քաղաք-պետութիւններուն) ուժին։ Ք.Ա. 6-րդ դարուն բազմաթիւ հինաւուրց ու փառաւոր պատմութիւն ունեցող պետութիւններ (Եգիպտոս, Բաբելոն, Հայաստան), ինչպէս նաեւ զանազան ժողովուրդներ ու ցեղեր, կը հպատակէին Պարսկաստանին։ Նուաճած տարածքներուն վրայ կը ստեղծուի Պարսկական Աքեմենեան կայսրութիւնը (Ք.Ա. 550 - 330)։[22]

Կառոյցը

Խմբագրել

Հսկայ պետական կառոյցին կայունութիւնն ու կենսունակութիւնը կ'ապահովէ կիրարկուող հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը։

Երկիրին պետական կրօնը զրադաշտականութիւնն էր, որ կը պաշտէր կրակի աստուած Ահուրամազտան։ Սակայն, կայսրութեան կազմին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր ժողովուրդի թոյլ կը տրուէր դաւանիլ իր կրօնը։

 
Ք.Ա. 500 Պարսկաստանի Աքամենեան կայսրութիւնը

Պարսկական կայսրութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր ազգ համեմատաբար ինքնիշխան էր։ Երկիրը կը կառավարուէր սատրապութիւններու միջոցով, որոնց ղեկավարները՝ սատրապները (կառավարիչները) անմիջականօրէն կ'ենթարկուէին երկիրի արքային։ Անոնք տուրք կը վճարէին արքայական գանձապետարանին, որուն հարստութիւններուն մասին յունական աշխարհի մէջ առասպելներ կը հիւսուէին։ Պատերազմի ժամանակ հպատակ երկիրները անոր բանակ կը հայթայթէին*։ Պարսկական բանակին մէջ յատուկ դեր կը կատարէին հեծելազօրքն ու ռազմակառքերը։ Պարսիկ հետեւազօրքի կորիզը կը կազմէր պահակազօրք խումբը՝ «տասը հազար անմահներ»։[24]

  • Հայաստան Աքամենեան ընտանիքին տարեկան 60․000 ձի կու տար։

Երկիրին մեծագոյն քաղաքներուն միջեւ կ'երկարէր «արքայական մայրուղին»[25], որուն շուրջ կը գործէին 111 իջեւանատուներ։

Աքամենեան արքունիքին մէջ կը բնակէին մեծ թիւով կիներ, հարճեր, ծառաներ, խոհարարներ, ներքինիներ, գուշակներ եւայլն։[26]

Կայսրութեան վիճակը, տկարացում

Խմբագրել

Հակառակ արտաքին փայլքին ու պերճանքին, Ք.Ա. 4րդ դարու 30-ական թուականներուն Աքամենեան կայսրութիւնը ներքին լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէր։

Պարսկաստանն ու Յունաստանը վաղեմի թշնամիներ էին, անոնց միջեւ Ք.Ա. 499-449 թուականներուն տեղի կ'ունենան երկարատեւ պատերազմներ, ծանօթ իբրեւ Յունա-պարսկական Պատերազմներ (Տե՛ս Յունաստան#Յունապարսկական պատերազմներ )։ Այդ պատճառով պարսից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող խմորումները արդէն շատոնց յոյներու ուշադրութեան կ'արժանանային։ Պարսից արքունիքը՝ զբաղած իր ներքին երկպառակութիւններով, անհեռատես էր եւ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէր Աղեքսանտրի բացայայտ ռազմական պատրաստութիւններուն հանդէպ։

Այդ ժամանակ Պարսկաստանի գահին վրայ, «արքայից արքան» էր Դարեհ Գ. Կոդոմանոս (Ք.Ա. 380 – 330)։ Աքամենեաններու ուղղակի թագաժառանգ չըլլալով հանդերձ, բռնի ուժով ու դաւադրութիւններու միջոցով կը բազմի պարսկական գահին վրայ։ Ան հիւսիսային սահմանային տարածքի՝ Պատմական Հայաստանի կառավարիչը եղած էր։[22][26]

Աղեքսանտրի արշաւանքները․ Պարսկական Կայսրութեան նուաճում

Խմբագրել

Արշաւանքին կազմակերպումը

Խմբագրել

Բանակին առաջնորդները միայն մակետոնացիներ էին։ Մեծն Աղեքսանտր բանակին ընհանուր հրամանատարն էր․ ան կը վարէր զօրքին կազմակերպման աշխատանքները։ Իրմէ ետք, բանակին երկրորդ հրամանատարը հօրը զինակիցն էր՝ Բարմէնիոն։ Անմիջապէս ետք՝ Բարմէնիոնին զաւակները՝ Ֆիլօդաս եւ Նիքանօր, Ամիտաս, Բերդիքաս, Քրադերոս, Բթոլեմէոս (Պտղոմէոս) եւ Մելեաղրոս։ Դաշնակից յոյներուն հրամանատարն էր՝ Անդիղոնոս եւ վարձկաններու զօրագունդինը՝ Մենանտրոս։ Մեծն Աղեքսանտր կը վարէր բանակին կազմակերպումը։ Ան էր հնարողը հեծելազօրքին հարուածային զէնքին՝ բաբան։

Ք.Ա. 334-ին, Աղեքսանտրի արշաւանքը կը սկսի։ Ան կը գլխաւորէ բանակը կազմուած՝ 30․000 հետեւակէ, 5․000-է աւելի հեծելազօրքէ եւ 160 նաւէ։ Նաւերուն օգնութեամբ կը կտրէ Հելլիսպոնտոս նեղուցը (ներկայիս Տարտանելը) եւ կը մտնէ Փոքր Ասիա։

Պարսիկները կը ստեղծեն միաւորուած ռազմախորհուրդ մը, որուն կ'անդամակցին տեղական կուսակալները։ Խորհուրդը կը գլխաւորէ Մեմնոն Memnon of Rhodes (Ռոտացի Մեմնոնը)՝ Փոքր Ասիոյ մէջ բնակող յոյն ազնուական մը, որ պարսկական բանակին մէջ ծառայած ժամանակ կը յիշուի իբրեւ փայլուն զօրավար։ Ան իր տրամադրութեան տակ ունէր շուրջ 60․000-նոց բանակ, գլխաւորաբար կազմուած յոյն վարձկաններէ։ Մեմնոն կ'առաջարկէ Աղեքսանտրի դէմ կիրարկել «այրած հողի» մարտավարութիւնը․ ժամանակաւոր նահանջ մը դէպի երկիրին խորերը միաժամանակ սեփական ենթակառոյցներու եւ պահեստավայրերու ոչնչացումով։ Ապագան ցոյց կու տայ, որ այդպիսի մարտավարութիւն կրնար հանդիսանալ ամէնէն գործօն միջոցը Աղեքսանտրի յառաջընթացը կասեցնելու համար։ Սակայն, պարսիկ հրամանատարները, թերագնահատելով Աղեքսանտրի կարողութիւնները, կը մերժեն Մեմնոնի առաջարկը։[4][15][22][27]

 
Կրանիքոս Γρανικός գետի ճակատամարտը․ հակառակորդ բանակներուն դիրքը․- կապոյտով Մեծն Աղեքսանտրի բանակը, իսկ կարմիրով՝ պարսկական.

Փոքր Ասիոյ գրաւումը (Ք․Ա․ 334-333)

Խմբագրել

Կրանիքոսի ճակատամարտը

Խմբագրել

Աղեքսանտրի՝ պարսիկներուն դէմ առաջին յաղթական ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ Կրանիքոս կամ՝ Ղրանիքոս Γρανικός գետի ափին, առասպելական Տրոյայի աւերակներուն մօտ, Ք․Ա. 324-ին։ Պարսկական բանակներու հրամանատարներն էին՝ շրջանի սատրապներն ու Ռոտացի Մեմնոն։ Պարսիկները կը պարտուին մեծ թիւով զոհեր տալով, որոնց մէջ կային նաեւ ազնուականներ։ Մեծն Աղեքսանտր միայն 110 զինուոր կը կորսնցնէ։[28][29]

Կորտեան Հանգոյցը

Խմբագրել
 
Մեծն Աղեքսանտրին ընծայումը Աթինա Բոլիատային, Բրիինի․ Աղեքսանտր իր արշաւանքի սկզբնական շրջանին, Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն յունական Բրիինի քաղաքին մէջ կառուցել կու տայ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած Աթինա Բոլիատա տաճարը։

Կրանիքոսի յաղթանակէն ետք Աղեքսանտր կը խորանայ Փոքր Ասիա։ Այդ պահուն անոր համար հրամայական կը դառնայ պարսկական նաւատորմի մեկուսացումը անոր Միջերկրածովեայ նաւահանգիստներէն։ Ք.Ա. 334-ին Աղեքսանտր Մակետոնացիին բանակը Փոքր Ասիոյ ափամերձ քաղաքները կը գրաւէ։ Կը հասնի Կորտիոն կամ՝ Ղորտիոն Γόρδιον -Gordium, Փռիւքիոյ Φρυγία -Phrygia մայրաքաղաքը, ուր կը լուծէ Կորտեան կամ Ղորտեան Հանգոյցը Γόρδιος δεσμός -Nœud gordien։ Ձմեռը հոն կ'անցընէ։ Մեծն Աղեքսանտր բանակը կը պատրաստէ պարսիկները դիմագրաւելու համար։

Պարսկական լուծէն կ'ազատագրէ յունական գաղթօճախները, անոնց ինքնավարութիւն կը պարգեւէ եւ տուրքահաւաքը կը ջնջէ։ Դարեհի տաղանդաշատ զօրավարը՝ Կրանիքոսի մէջ պարտուած Մեմնոն, կը փորձէ դիմադրութիւն մը կազմակերպել, սակայն կռիւի ամենաբորբ պահուն յանկարծամահ կ'ըլլայ։ Դարեհ ստիպուած կ'ըլլայ անձամբ գլխաւորելու պարսկական բանակը ու պետական զօրահաւաք կը յայտարարէ։

 
Իսոսի ճակատամարտը․ հակառակորդ կողմերուն զօրաշարժները․ կապոյտով յոյները, կարմիրով՝ պարսիկները․

Ք․Ա․ 333-ին Աղեքսանտր Կապադովկիան կը գրաւէ եւ կը հասնի Կիլիկիա, Կիլիկիոյ դարպասները։ Մինչեւ Հոկտեմբեր Տարսոն կը մնայ հիւանդութեան պատճառով։ Մեծ զօրավարին առաջնահերթութիւնն էր գրաւել ծովեզերեայ շրջաններ, ապահովելու համար ծովերու գերիշխանութիւնը։

Մինչ Աղեքսանտր կը կտրէր Կիլիկիոյ տարածքը եւ կը շարժէր դէպի Սուրիա եւ Փիւնիկէ, Դարեհ Միջագետքէն դուրս կու գար գլխաւորելով իր զօրքը (յունարէն՝ Μεσοποταμία Մեսոփոդամիա) եւ կ'ուղղուէր յունա-Մակետոնական զօրքին ընդառաջ։[15][28][29][30][31]

Իսոսի ճակատամարտը

Խմբագրել

Իսոս (այժմ Սուրիա) տարածքին մէջ տեղի կ'ունենայ Աղեքսանտրի ու Դարեհի երկրորդ ճակատամարտը, որ պատմութեան մէջ յայտնի է իբրեւ Իսոսի ճակատամարտ։

 
Իսոսի ճակատամարտ․ Աղեքսանտր Մակետոնացիին պատկերը ։ Բոմբէյ -խճանկար, Նափոլիի թանգարան

Անիկա կ'աւարտի մակետոնացիներու փայլուն յաղթանակով եւ կը կանխորոշէ պարսկական կայսրութեան անկումը։ Այս ճակատամարտը կը յատկանշուի Մակեդոնական բանակին պատրաստ մարտունակութեամբ։ Պարսկական բանակը կը ջախջախուի, կռիւի դաշտին վրայ ձգելով շուրջ 110․000 զոհ։

Դարեհ ռազմադաշտէն փախուստի կը դիմէ, զօրքը ձգելով թշնամիին ձեռքը, ինչպէս նաեւ իր ընտանիքը՝ մայրը, կինը, երկու աղջիկները եւ երեւակայական գանձեր։ Ան, ընտանիքը ետ առնելու համար Աղեքսանտրին կ'առաջարկէ խաղաղութեան դաշինք մը կնքել եւ 10․000 դալանտօ τάλαντον, talanton (ամէն մէկ դալանտօ կը համապատասխանէ 25.80 քիլօ ոսկիի)։

Մեծն Աղեքսանտր կը մերժէ պատասխանելով, թէ քանի հիմա ինքն է Ասիոյ թագաւորը, միմիայն ան կ'որոշէ հողատարածքներուն բաժանումը եւ սահմանները։

Իսոսի ճակատամարտը Աքամենեան Պարսկաստանի փլուզման սկիզբն էր։[4][31][32]

Փիւնիկէի եւ Սուրիոյ Նուաճումը

Խմբագրել

Իսոսի ճակատամարտէն ետք, Աղեքսանտրի զօրքը յառաջխաղացքը կը շարունակէ․ կը հպատակեցնէ Փիւնիկէի Արուատ Aradus (արաբ․՝ أرواد‎), Պիպլոս Βύβλος (արաբ․՝ جبيل‎ Jubayl) եւ Սայտա քաղաքները։ Փիւնիկէի (այժմ Լիբանան), Ռոտոսի եւ Կիպրոսի նաւերը կ'իյնան Աղեքսանտրի բանակին գերիշխանութեան տակ։ Այսպէս ան թիկունքը կ'ապահովէ եւ արեւելեան Միջերկրականը կ'իշխէ։

Ք.Ա. 332-ին, Աղեքսանտր կը մտնէ Սուրիա։ Դամասկոսի մէջ ան կը տիրանայ Դարեհի գանձարանին։[31][32]

Սուրի պաշարումը
Խմբագրել
 
Սուրի պաշարումը

Աղեքսանտրի յաջորդ թիրախը կը դառնայ Փիւնիկէին (ներկայիս Լիբանան) հիմնական քաղաքը՝ Սուր նաւահանգիստը, որ Միջերկրական ծովուն մէջ պարսկական նաւատորմին հիմնական յենակէտն էր։

Սուրը մայրացամաքէն 1.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող անառիկ ամրոց-կղզի մըն է, որ շրջապատուած է հսկայ պատերով։ Սակայն այդ հանգամանքը բնաւ խոչընդոտ չէր Աղեքսանտրի համար։ Ան կը սկսի ծովուն մէջ կղզին ցամաքին կապող արհեստական պատնէշի մը կառուցումը։ Սուրի բնակիչները եօթ ամսուան ընթացքին հերոսաբար թշնամիին կը դիմադրեն։ Վերջ ի վերջոյ, մակետոնացիները կը յաջողին ամրոցին պատերուն մէջ ճեղք բանալ լաստանաւերուն վրայ տեղադրուած պաշարողական մեքենաներուն օգնութեամբ։ Սուրի բնակիչներուն հանդէպ վայրագութիւններ տեղի կ'ունենան*։[33] Փրկուածները, շուրջ 30․000 հոգի իբրեւ ստրուկ կը ծախուին։

  • Ըստ Առիանոսին, այս վայրագ վարմունքին պատճառն այն էր, թէ Սուրի պաշարման ընթացքին ամրոցին պատասխանատուները, գերի բռնած յոյն զինուորներուն պատերէն կը կախեն, կը սպանեն, ապա ծովը կը նետեն։

Սակայն Աղեքսանտր Սուրի թագաւորը, ազնուականներն ու Կարթագենի Carthage դեսպանները ազատ կ'արձակէ։ Նաեւ չի դպչիր Մելկարդ Melqart աստուծոյ սրբարանին․ յոյները զայն կը նմանեցնէին Հերակլէսին Ηρακλή։[10][19][22][28][33]

Աղեքսանտր Մակետոնացին Եգիպտոսի Մէջ (Ք․Ա․ 331)

Խմբագրել

Աղեքսանտր Պաղեստինը իրեն կը հպատակեցնէ բացի Կազա ամրաբերձ քաղաքէն։ Անոր բնակիչները չեն յանձնուիր ու կը դիմադրեն, սակայն հողաթումբեր կառուցելով, կը յաջողի հասնիլ պարիսպներուն եւ ի վերջոյ քաղաքը գրաւել։ Վերապրողները իբրեւ ստրուկ կը ծախէ։

 
Աղեքսանտրի ապշաւանքը՝ Փիւնիկէ, Պաղեստին եւ Եգիպտոս

Կը յաջորդէ ռազմարշաւ մը դէպի Եգիպտոս՝ Պարսկական կայսրութեան ամէնէն հարուստ շրջանը։

Աղեքսանտր, եգիպտացիներուն կողմէ իբրեւ ազատագրող կը դիմաւորուի։ Զայն, Մեմֆիսի մէջ Memphis (արաբ․՝ منف) Եգիպտոսի Փարաւոն կը հռչակեն (Ք․Ա․ 331)։ Ապա, ան կ'ուղղուի դէպի հիւսիս, Միջերկրականի ափերը՝ Նեղոսի գետաբերանը, ուր վայրը յարմար գտնելով կը հիմնէ Աղեքսանտրիա Αλεξάνδρεια - Alexandrie քաղաքը․ Եգիպտոսի ապագայ փառքի ու պարծանքի քաղաքը։ Աղեքսանտրիան Միջերկրականի մեծագոյն նաւահանգիստներէն մէկը եւ գլխաւոր մշակոյթի կեդրոն կը դառնայ։ Քաղաքին կառուցումը կը վերջանայ Աղեքսանտրի մահէն ետք եւ Պտղոմէոսեան Թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը յայտարարուի։

 
Փարիզի Լուվրի թանգարան․ Աղեքսանտրին անունը գրուած (աջէն ձախ) հին Եգիպտոսի լեզուով՝ նշանագրերով․ Ք․Ա․332, Եգիպտոս

Աղեքսանտրի հեռանկարային պատկերացումը՝ հելլենական աշխարհի առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը Եգիպտոսի հետ, իրականութիւն կը դառնայ։ Բացի ատկէ, ուշիմ Աղեքսանտր Եգիպտոսի առեղծուածային կրօնի, մշակոյթի, ծէսերու եւ ճարտարապետութեան վերաբերեալ յատուկ պատկառանք կը տածէ։ Ք․ա․ 331-ին, Աղեքսանտր Սիվա Ովասիս Siwa Oasis գտնուող Ամոնի Գուշակարանը (պատգամախօսավայրը) Ammon, (յուն․ Ἄμμων), Amon-Ra կ'այցելէ։ Քուրմերը զինք սիրալիր կ'ընդունին, կը ծանօթացնեն երկրին, ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպեն դէպի բուրգերն ու սրբավայրերը։ Զայն Ամոնի զաւակը կը կոչեն․ տիտղոս մը՝ զոր Աղեքսանտր կ'ընդունի։ Բայց յատկանշական է քուրմերու յայտնութիւնը, թէ Աղեքսանտր աստուածային ծագում ունի։ Ինքնաստուածացման արարողութենէն ետք անոր առօրեային մէջ կը մտնեն սրբազան տարազներու հագնիլն ու ճակատը զարդարելը Ամոն-Ռա աստուածի եղջիւրներով. այդ պատճառով ալ, արեւելեան աւանդութեանց մէջ զայն կը կոչեն «Իսկանտար Երկեղջիւր»։

Եգիպտոսի մէջ Աղեքսանտր կը ձեւաւորէ իր նոր ստեղծուող պետութեան գաղափարը՝ հելլենիզմի սկզբունքներով ամրապնդուած բարեկամ ժողովուրդներու համագործակցութեամբ։

Աղեքսանտրիա քաղաքին հիման կապուած առասպելը

Երբ Աղեքսանտր Եգիպտոս կը գտնուի, երազ մը կը տեսնէ. ըստ որուն Հոմերոսը անոր կ'ասմունքէ Օտիսիայէն բաժիններ։ Անոնց մէջ կը տեղեկագրուի Փարոս կղզին։ Հետեւելով Պլուտարխոսի պատմութեան՝ «տղամարդ մը ներկայանալի տեսքով եւ ճեփ-ճերմակ մազերով թագաւորին մօտ կ'երեւի եւ անոր կ'ասմունքէ հետեւեալ տողերը․ «Կղզի մը կայ ալեկոծ ծովուն, Եգիպտոսին առջեւ։ Մարդիկ զայն Փարոս կ'անուանեն»։ Աղեքսանտր անմիջապէս կ'արթննայ եւ կ'երթայ Փարոս, որ դեռ կղզի էր։ Ան երբ կ'անդրադառնայ վայրին բնական առաւելութիւններուն, կ'ըսէ թէ Հոմերոսը ոչ միայն նշանաւոր է, այլ ճարտարապետներէն ամէնէն իմաստունն է եւ քաղաքին յատակագիծը կը յարմարցնէ նշեալ վայրին»։[4]

[8][17][34][35][36]

Պարսկական Կայսրութեան Նուաճում (Ք․Ա․ 331 - 330)

Խմբագրել

Ղաւղամիլայի ճակատամարտը

Խմբագրել
 
Մեծն Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը՝ Միջագետք, Պարսկաստան․

Եգիպտոսէն Աղեքսանտր կը շարժի դէպի արեւելք, ակնկալելով, որ հիմնական բախումը Դարեհի հետ տեղի պիտի ունենայ երկրին խորքը։ Կը սկսի Աղեքսանտրի քառամսեայ տաժանակիր արշաւը (ամրան, ընդդէմ Միջագետքի կիզիչ տափաստանին)։ Երբ զօրքը կը հասնի Տիգրիս գետի ափերուն, Աղեքսանտր կը տեղեկանայ, որ Դարեհի հսկայ զօրքը (թիւով՝ Աղեքսանտրի զօրքին հարիւրապատիկը) կը գտնուի առջեւը։

 
Կաւէ տախտակի արձանագրութիւն, Բաբելոն․ աստղագիտական օրացոյց, ուր արձանագրուած է Մեծն Աղեքսանտրի յաղթանակը Դարեհ Գ․ դէմ, Ղաւղամիլա, Փոքր Ասիա, Ք․Ա․ 1 Հոկտեմբեր 331

Երրորդ, վճռորոշ ճակատամարտը Աղեքսանտրի ու Դարեհի միջեւ տեղի կ'ունենայՔ.Ա. 1 Հոկտեմբեր, 331-ին, Ղաւղամիլայի կամ՝ Կաւկամելի հարթավայրին մէջ: Դարեհ այս ճակատամարտին ընթացքին վերստին փախուստի կը դիմէ իր զօրքը ձգելով առանց առաջնորդի։ Ղաւղամիլայի* ճակատամարտը Μάχη των Γαβγαμήλων Battle of Gaugamela կ'աւարտի պարսկական բանակին կատարեալ ջախջախումով եւ Աքամենեաններու տոհմին կործանումով։ Այս ճակատամարտին ալ աւելի կը փայլի Աղեքսանտրի ռազմագիտական տաղանդը։[37][38]

Ղաւղամիլայի ճակատամարտ․ Հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ, յաճախ կը յիշուի իբրեւ Արբելլայի Ճակատամարտը, Արբելլան կը գտնուի Ղաւղամիլայէն մօտաւորապէս 100 քմ․ հեռու (այժմ՝ քաղաք Էրպիլ, Իրաք)։

Բաբելոն, Շոշ, Պերսեպոլիս

Խմբագրել

Ղաւղամիլայի յաղթանակէն ետք Աղեքսանտր կը մտնէ Աքամենեան կայսրութեան Բաբելոն հռչակաւոր քաղաքը։ Անոր բնակիչները խանդավառութեամբ, զայն իբրեւ ազատագրող կ'ընդունին։

 
Աղեքսանտրի մուտքը Բաբելոն

Ան Բաբելոնը իր նստավայրը կը դարձնէ Ասիոյ մէջ։ Այնուհետեւ Աղեքսանտր անխափան կը շարունակէ յառաջխաղացքը․ կը գրաւէ Պարսկական կայսրութեան մայրաքաղաքներէն մէկը՝ Շոշ Susa պարսկ․՝ Šuš; յուն․՝ Σοῦσα, ուր ինքզինք «Ասիոյ տիրակալ» կը հռչակէ։

Մայրաքաղաքին գանձապետարանէն բռնագրաւուած ռազմական աւարը կը հասնի 750․000 դալանտօ (ամէն մէկ դալանտօ կը համապատասխանէ 25.80 քիլօ ոսկիի)․ բեռնափոխադրման համար կը պահանջուի հսկայ կարաւան մը։

Այնուհետեւ կարգը կը հասնի Իրան՝ պարսիկ ցեղերու բուն հայրենիքը։ Սաստիկ ձմրան պայմաններու մէջ անոնք կը փորձեն դիմադրել՝ փակելով նեղ լեռնանցքները։ Բայց, վերջապէս, Իրանի դարպասները կը բացուին մակետոնացիներուն առջեւ եւ Աղեքսանտր մուտք կը գործէ Պերսեպոլիս Persepolis (յունարէն՝ «պարսիկներու քաղաք», այժմ Իւնեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ), ուր յաղթանակէն հարբած, քաղաքը զինուորներուն քմահաճոյքին կը ձգէ՝ կողոպուտ, հրկիզում եւ ջարդ․ զինուորական ժողովին ընթացքին կ'որոշուի քաղաքին կողոպուտը*, սակայն ոչ արքունիքինը։ Յաղթանակի խնճոյքին իրիկունը սակայն, հարբած զինուորները քաղաքը կը հրկիզեն։[22][35][39][40][41][42][43]

 
Պերսեպոլիս․ Աքամենեաններու արքունիքին աւերակները․ նկար՝ 2005:
  • Այս որոշումին բուռն առարկութիւն կը յայտնէ Աղեքսանտրի ամենաթանկագին եւ վստահելի զօրավարը՝ Փարմենիոն, ըսելով թէ նման արարք մը կ'անարգէ պարտուողներուն զգացումները։

Աքամենեաններու հարստութեան անկումը

Խմբագրել

Պարսկական երբեմնի կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն գրաւումը

Խմբագրել

Աղեքսանտր կը հետապնտէ Դարեհը․ նպատակն էր կենդանի գերել երբեմնի հզօր արքան։ Յառաջխաղացքի ճամբուն, առանց դիմադրութիւն գտնելու, կը գրաւէ Բասարկատա հին մայրաքաղաքը, (այժմ Իւնեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ) Pasargadae Pâthragâda։ Հոն կը գտնէ ուրիշ 6․000 դալանտօ։ Նաեւ կ'այցելէ Կիւրոսին դամբանը․ իբրեւ յարգանքի տուրք (պատանի, անոր մասին կարդացած էր Քսենոֆոն զօրավարին «Քիրու Փետիա» գործը Κύρου παιδεία- թարգմ․՝ Կիւրոսի Դաստիարակութիւնը. կը հրամայէ դամբանին ներքին մասը պատշաճ ձեւով զարդարել։

Բանակը երկու ամիս հանգստանալէ ետք, Աղեքսանտր կը քալէ դէպի Մարաստան Media, ուր կը գտնուի Էքդավանա քաղաքը (այսօրուան Համատան)։ Զայն գրաւելով՝ անոր ձեռքը կ'անցնին Պարսկական կայսրութեան բոլոր իշխանութիւնները։ Աղեքսանտր հասած էր իր նպատակին․ արշաւանքը վերջացած կը նկատուի։ Սակայն Դարեհ անյայտ էր։

Աղեքսանտր կը ծրագրէ արշաւանքը շարունակել մինչեւ Դարեհը գերի բռնէ։ Յոյն դաշնակիցներուն պարտականութիւնը վերջացած ըլլալով, փափաքողները Յունաստան կը վերադառնան, ուրիշներ ալ կ'ուզեն հետեւիլ անոր յաջորդ արշաւանքին։ Աղեքսանտր, պարսկական ամբողջ գանձին փոխադրութիւնը դէպի Էքդավանայի աքրոփոլին, Բարմենիոնին կը վստահի։ Իսկ գանձին պահպանումը իր մանկութեան ընկերոջ Արբալոյին կը յանձնէ, 6․000 պահակներով։ Բարմենիոն Մարաստան կը մնայ, որովհետեւ իր պատասխանատուութիւնն էր պահպանել Աղեքսանտրի թիկունքը։[4][5][19][42][44][45]

Դարեհի հետապնդումը

Խմբագրել

Աղեքսանտր Դարեհին հետապնդումը կը շարունակէ․ Մարաստանէն կ'անցնի Պարթեւաստան։ Երբ Կասպիցի Դարպասները կը հասնի (Կասպից Ծովուն հարաւ արեւելքը), կ'իմանայ թէ Պակդրիոյ Bactria (արաբ․՝. باختر) սատրապը՝ Պեսոս Bessus, Դարեհը ձեռբակալած է եւ մնացեալ սատրապներուն կողմէ Պարսկաստանի թագաւոր հռչակուած է։

Աղեքսանտր կ'որոշէ փոքրաթիւ պահակագունդով հետապնդել Պեսոսը եւ Դարեհը ողջ գերի բռնել։ Դարեհի բարոյալքուած զինակիցները երբ կը տեղեկանան, թէ Աղեքսանտր սրընթաց կը մօտենայ, Պեսոս կուսակալի սադրանքով կը դաշունահարեն Դարեհը ու կը յանձնուին յուսալով յաղթողին բարեգթութեան։ Աղեքսանտր Դարեհը պատշաճ յուղարկաւորութեամբ հողին կը յանձնէ, իսկ անոր դաւաճան զինակիցները անողորմ մահապատիժի կ'ենթարկէ։[42][43][44]

Դարեհի մահուան հետեւանքները Ք․Ա․ 330 -327

Խմբագրել

Զինուորական կարգաւորումներ․ Աղեքսանտրի վարած քաղաքականութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ տարածքին

Խմբագրել
 
Մեծն Աղեքսանտր Կայսրութեան Սատրապութիւնները (քարտէսը յունարէն լեզուով)

Դարեհի մահը կը յառաջացնէ հսկայ կայսրութեան վերակազմակերպումը։ Աղեքսանտր, հաստատելու համար իր իշխանութիւնը եւ պահպանելու նորաստեղծ կայսրութեան հսկողութիւնը, Պեսոսին եւ անոր կողմնակից ու Դարեհի սպանութեան հետ կապ ունեցող սատրապներուն դէմ կը շարժի։ Կը տեղեկանայ թէ Պեսոս, իր երկիրը պաշտպանելու եւ Ասիոյ տիրանալու համար կը կազմակերպէ զօրաւոր ազգային բանակ մը։ Այս պատճառներու բերումով, Աղեքսանտրի արշաւանքին պարագաները կը փոխուին։ Ան, որպէսզի յաջողի արշաւանքին դէպի արեւելք շարունակութիւնը, հարկ կը տեսնէ վստահիլ Դարեհի հաւատարիմ գործակիցներուն եւ զինակիցներուն։

Թշնամիին լեռնային ռազմական դիրքը Աղեքսանտրը կը պարտադրէ զօրքը վերակազմելու․ աւելի դիւրաշարժ բանակ մը, որպէսզի կարողանայ միաժամանակ կատարել իրարմէ անջատ մարտական գործողութիւններ։ Մակեդոնական փաղանգը կը բաժնուի աւելի փոքր մասերու, իսկ հեծելազօրքը երկու մասի եւ կը միախմբուի հեծեալ նետարձակողներու եւ նիզակարձակողներու թեթեւ խումբերուն հետ, ըստ պարսկական օրինակին։

Յունաստանէն եւ Փոքր Ասիայէն մարտական թարմ ուժեր կը հասնին եւ կը փոխարինեն բանակին կորուստները (գլխաւորաբար Յունաստան վերադարձողներ)։ Կ'օգտագործուի տեղացիներուն հեծելազօրքը։ Այս փոփոխութիւնները յաջորդաբար կը կատարուին։ Աղեքսանտրի բանակը, դէպի Հնդկաստան արշաւանքի սեմին, բոլորովին նոր դիմագիծ մը կը ստանայ։

Բանակին կազմակերպման փոփոխութիւններէն զատ, Աղեքսանտր երկարաձիգ Ժամկէտով կարեւոր քաղաքականութիւն մը կը կիրարկէ․ նոր քաղաքներու հիմնումը՝ առաջինները Ասիոյ հողին վրայ։ Այս քաղաքներուն դիրքին ընտրութիւնը, պատմաբաններէն եւ ռազմագէտներէն «հանճարեղ» կը նկատուի։[4][10][22][27][46]

Արշաւանք դէպի Հնդկական Կովկաս

Խմբագրել

Պեսոսի դէմ արշաւանքը, Աղեքսանտրի առիթը կու տայ Կեդրոնական Ասիան շրջելու․ Մարաստան, Պարթեւաստան, Արիա Areia Ἀρ(ε)ία արեւմտեան Աֆղանիստան, Տրանկիանա Drangiana՝ (արեւելեան Պարսկաստան), Արաքոսիա Arachosia (հարաւային եւ կեդրոնական Աֆղանիստան), Պակդրիա (այժմ՝ հիւսիսային եւ կեդրոնական Աֆղանիստան) եւ Սքիթիա Scythia (Պարսկաստանի արեւելքը եւ հիւսիսը՝ Կասպից Ծովու արեւելքը եւ հիւսիսը)։ Աղեքսանտրիա անունով նոր քաղաքներ կը հիմնէ․ օրինակ, Աֆղանիստանի Աղեքսանտրիան այժմ՝ Քանտահար Qandahar, Տաճիկիստանի Աղեքսանտրիա Էսխադի (թարգմ․՝ Ամենահեռու) Ἀλεξάνδρεια Ἐσχάτη-Alexandria Eschate։

 
Արիստոթելիս ուսուցիչը եւ Աղեքսանտր պատանի․ Ժան Լէոն Ժեռոմ Ֆեռի Jean Leon Gerome Ferris

Նաեւ, մէկ կողմ կը դրուին Մակետոնական/յունական բարքերն ու սովորութիւնները եւ արեւելեան՝ յատկապէս պարսկականը կ'իւրացուին։ Սակայն, ամենակարեւոր պաշտօնները կը վստահի իր ամենամօտիկ ընկերներուն եւ մարտընկերներուն՝ Իֆեստիոն Héphestion՝ հազարապետի տիտղոսը (2-րդ պետութեան կարգի) եւ Արբալօ Harpale՝ կայսրութեան գանձապահը։[44][47]

Արեւելեան սատրապութիւններուն հպատակումը

Խմբագրել

Ք․Ա․ 329-ի գարնան, Աղեքսանտր Հնդկական Կովկաս կը հասնի, ուր կը հիմնէ Աղեքսանտրիա մը եւս։ Պեսոս կը յաջողի հեռանալ, կ'անցնի Ամու-Տարիա Amu Darya գետը, կը հրկիզէ նաւերը եւ կը հաստատուի Սոկտիանայի Sogdia Նաֆթաքա քաղաքը։ Աղեքսանտր զայն կը հետապնդէ եւ Պտղոմէոս զօրավարը անոր դէմ կը ղրկէ։ Ան, գերի կը բռնէ Պեսոսը եւ Աղեքսանտրին կը յանձնէ։ Աղեքսանտր զայն սպաննել կու տայ եւ յառաջխաղացքը շարունակելով կը հասնի Սամարղանտ մայրաքաղաքը, ապա Դաշքենտ (երկու քաղաքներն ալ այժմ Ուզպեքիստանի գլխաւոր քաղաքներէն են)։

Կը յաջորդէ մեծ ապաստամբութիւն մը Պակդրիոյ եւ Սոկտիանայի մէջ․ այս ապստամբութեան առաջնորդն էր Սոկտիանայի բանակի զօրավարներէն՝ Սբիթամենիս Spitamenes։ Աղեքսանտր այս ըմբոստութիւնը* ոչ միայն շատ դժուարութեամբ կ'ընկճէ, այլ նաեւ կը կորսնցնէ Մակեդոնական ամբողջ զօրագունդ մը Բոլիդիմիդօ գետի ափերուն (այժմ՝ Սարաուհսան գետ)։

  • Հնդեւրոպական ծագում ունեցող ռազմատենչ պակդրիացի ու սոկտիանացի ժողովուրդներու ընդվզումը Աղեքսանտրի դէմ հայրենական պատերազմի կը վերածուի․ երկու տարիով Աղեքսանտրի հետագայ յառաջխաղացման թափը կը կասեցնեն եւ աննախադէպ կորուստներու կը յանգեցնեն։ Այդ ժողովուրդները իրենց լեռնային բերդերէն կ'իջնէին ու հարուածելով Մակետոնական բնակավայրերը, կայծակնահար՝ կ'անհետանային։

Այս ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Աղեքսանտր Սիր-Տարիա (պատմ․ անունը՝ Յաքսարդես, Jaxartes հին յուն․՝ Ἰαξάρτης) գետը կը հասնի, ուր կը հիմնէ իր անունով կոչուած քաղաքներէն ամենահեռաւորը՝ Աղեքսանտրիա Էսխադի (թարգմ․՝ Ամենահեռու)․ այժմ՝ Տաճիկիստանի Խոճէթ շրջան։ Ապա, Հիմալայեան լեռնաշղթային սառած գագաթներէն զուգահեռ անցնելով, Հնդկաստան կը հասնի Խայպեր Անցքին Khyber Pass միջոցով։ [4][9][10][17][31][46][47]

Առանձին պատմութիւն
Խմբագրել
 
Սոկտիանա․ Ք․Ա․ 300 թուականներուն

Առանձին պատմութիւն է Սոկտիանական ուղղաձիգ ժայռի Sogdian Rock պաշարումը։ Անոր գագաթին ամրացուած են Օքսիարթես Oxyartes պարսկ․՝ وخش‌ارد (Vaxš-ard) տեղացի զօրապետին ընտանիքը եւ ապստամբներ։ Աղեքսանտրի զինուորները կը յաջողին «անձեռնմխելի» ժայռը մագլցիլ։ Զօրապետը Մակեդոնացիներուն ռազմարուեստը տեսնելով, կը հիանայ, դիմադրութիւնը կը դադրեցնէ եւ զանոնք խնճոյքի կը հրաւիրէ։ Կերուխումի ժամանակ, Աղեքսանտր կը սիրահարուի զօրապետին աղջկան՝ Ռոքսանային։ Ամուսնութիւնը Ռոքսանայի հետ, պատմաբաններուն համար, մեծ քաղաքական մտադրումով եղած է, քանի որ Աղեքսանտր վերջնականապէս կը լուծէ անհնազանդ Պակդրիայի ու Սողտիանայի խնդիրները։[30][48]

Ներքին հարցեր, բանավէճեր

Խմբագրել

Ք.Ա. 330-ի աշնան Աղեքսանտր առաջին բախումը կ'ունենայ Մակեդոնացի զինակիցներուն հետ։ Անոնց դժգոհութեան պատճառները բաւական էին։ Հիմնական երեք պատճառները հետեւեալներն են։ Առաջինը, պատերազմի շարունակութիւնն էր․ հոգնատանջ զօրքը իր առաքելութիւնը աւարտած կը նկատէ եւ Աղեքսանտրի արշաւանքը շարունակելու տենդը իրեն համար այլեւս անհասկանալի կը թուի։ Երկրորդ պատճառը՝ Աղեքսանտրի ու անոր շրջապատին ցուցադրական ու լրբաբարոյ ապրելակերպը։ Երրորդ՝ Աղեքսանտր հետզհետէ կը հեռանայ հայրենակից Մակետոնացիներէն ու կը նախընտրէ երբեմնի «բարբարոս» (յոյները նախքան արշաւանքը այդպէս կ'որակէին պարսիկները եւ ընդհանրապէս արեւելքի կամ իրենց անծանօթ ազգերը) պարսիկներու շրջապատը։

Աղեքսանտր քաջ կը գիտակցի, որ այս հսկայ երկիրը անհնար էր հնազանդութեան մէջ պահել միայն սակաւաթիւ յունամակեդոնական ուժերով։ Անոր անհրաժեշտ էր երկրի բնակչութեան, յատկապէս տեղական ազնուականութեան աջակցութիւնը, որ հակառակ Դարեհի տարած պարտութեան, երկրին մէջ տակաւին ամուր դիրքեր ունէր։ Անկէ դուրս, Աղեքսանտր կ'որդեգրէ մէկ քաղաքականութիւն՝ զինք ներկայացնել իբրեւ Աքամենեաններու թագաժառանգ։ Եւ այդպիսին ըլլալով, ան կ'ընդօրինակէ պարսկական արքունիքին բնորոշ ապրելակերպը։

Ազատամիտ յոյներուն եւ Մակետոնացիներուն համար, Աղեքսանտրի շրջապատին մէջ արմատաւորուած արեւելեան շողոքորթութիւնն ու ստրկամտութիւնը անհանդուրժելի կը նկատուին։ Աղեքսանտր իրազեկ էր այդ տրամադրութիւններուն, ու երբ իր մտերիմներուն շրջապատին մէջ դաւադրութիւն կը բացայայտուի, ան առանց վարանումի մահապատիժի կ'ենթարկէ անջատ դէպքերու ընթացքին, իր անմիջական շրջակայքէն զինակիցներ, որոնց մէջն էր նաեւ իր հռչակաւոր տարեց հրամանատար՝ Ղաւղամիլայի հերոս՝ Բարմենիոն Parmenion (Ք․Ա. 330), ինչպէս նաեւ արշաւանքին պաշտօնական պատմաբան եւ Արիստոթելիսի քեռորդին ու աշակերտ Քալիսթենին Callisthenes (Ք․Ա․ 327), նոյնպէս՝ Ֆիլոթաս Philotas (Ք․Ա․ 330), Քլիդոս Cleitus the Black (Ք․Ա․ 328)։[4][5][45][49]

Գաղութներու Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Իր ապագայ կայսրութեան ենթակառուցուածքները զարգացնելու նպատակով, Աղեքսանտր արշաւանքին սկիզբէն, առաջին յաջողութիւններէն իսկ, կը հիմնէ շարք մը քաղաքներ, որոնց իր անունը կու տայ։ Այդպէս հին աշխարհի քարտէսին վրայ, Փոքր Ասիայէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Պարսկական վաղեմի կայսրութեան ամբողջ տարածքին կը յառաջանան բազմաթիւ «Աղեքսանտրիաներ»։

 
Կապոյտով՝ Մեծն Աղեքսանտրի հմինած քաղաքներէն գլխաւորները․

Կացութիւնը Յունաստանի մէջ

Խմբագրել

Աղեքսանտր երբ արեւելեան արշաւանքը կը սկսի, Անտիբաթրոս զօրավարին կը վստահի Յունաստանի խնամապետութիւնը։ Աղեքսանտրի բացակայութեան Յունաստանի մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ, ի բացառեալ Ք․Ա․ 331 Սփարթացիներու թագաւորին՝ Աղիս Գ․ Agis III Ἄγις ապստամբութենէն։ Անտիբաթրոս Մեկալոբոլիի ճակատամարտին Battle of Megalopolis կը յաղթէ ու կը սպաննէ զայն։ Նաեւ կը շարունակուին վէճերը Անտիբաթրոսի եւ Աղեքսանտրի մօր՝ Ողիմպիատայի միջեւ․ իւրաքանչիւրը միւսին դէմ Աղեքսանտրին նամակներով կը գանգատի։

Յունաստան Մեծն Աղեքսանտրի արշաւանքներուն ընթացքին բարգաւաճ շրջան մը կ'անցընէ։ Աղեքսանտր պարբերաբար մեծ գումարներ կը ղրկէ, ինչ որ կ'ոգեւորէ տնտեսութիւնը եւ Կայսրութեան տարածքին առեւտուրը կը զարգանայ։

Սակայն, Աղեքսանտրի անդադար պահանջը՝ ջոկատներ ուղղարկելու՝ վերանորոգելու համար արեւելեան արշաւանքին բանակը եւ Մակեդոնացիներուն արտագաղթը դէպի նուաճած տարածքները, կը սպառեն Մակեդոնիան։ Այս տկարութիւնը, յետ Ալեքսանտրի տարիներուն աւելի կը զգացուի եւ ի վերջոյ, Մակեդոնական Գ․ Պատերազմէն ետք, Հռոմի կը հպատակի, Ք․Ա․ 171 - 168։[4][10][16][17][27][31][50]

Հետագայ Արշաւանքներ

Խմբագրել

Արեւելեան սատրապութիւններուն հպատակումէն ետք, Ալեքսանտր յաջորդ արշաւանքներուն նախապատրաստական աշխատանքներ կը տեսնէ։ Առաջնահերթութիւն ունէր Հնդկաստանի արշաւանքը։

Հնդկաստանի արշաւանքին նախապատրաստութիւնը

Խմբագրել
 
Աղեքսանտր դէպի Հնդկաստան

Հետագայ արշաւանքներու ծիրէն ներս, Աղեքսանտրին համար անյետաձգելի էր Հնդկաստան ներխուժումը․ կը մերժէ դաշնակից Խորասանի (պարս․՝ خراسان - Xorâsân) Ֆարասման թագաւորին առաջարկը արշաւելու Պոնտոս (հին յունական գաղթօճախ-թագաւորութիւն, Փոքր Ասիոյ հիւսիս արեւելք, Սեւ Ծովուն հարաւ արեւելեան ափերուն)։ Պատճառները հետեւեալներն են.

Այդ օրերուն, Հնդկաստան կը համարուէր Ասիոյ ծայրամասը (աւելի փոքր տարածութեամբ քան այսօր)։ Անոր նուաճումով, Աղեքսանտր կը հաւատար (ըստ Առիանոսին, թէ պիտի ապահովէր արեւելեան սատրապութիւնները հաւանական ներխուժումէ կամ՝ դասալքութենէ։ Ան ծանօթ էր Հնդկաստանի հարստութեան, ինչպէս նաեւ անկէ ապագային քաղուելիք տնտեսական օգուտներուն։ Նաեւ, Աղեքսանտրի փափաքը՝ իբրեւ Մեծ Թագաւոր, գրաւել էր Դարեհի հպատակած երկիրները եւ իր իրագործումներով դառնալ Պատմութեան ախոյեանը։ Վերջապէս իբրեւ Արիստոթելին աշակերտը, կիրքը ունէր նոր երկիրներ գտնելու, ընդլայնելու այդ ժամանակի աշխարհագրական գիտելիքները, կ'ուզէր ստուգել, եթէ Հինտու գետը կը նոյնանար Վերին Նեղոսին հետ եւ եթէ Հնդկաստան կը միանար Եթովպիոյ. կ'ուզէր հետեւիլ նաեւ Հերակլէսի ու Տիոնիսոսի հետքերուն՝ քալել հրաշքներու երկիրը։

Ըստ Պլուտարխոսի (Փլուտարխոս), Աղեքսանտր կը սկսի հաւատալ, թէ իր առաքելութիւնն է քաղաքակրթել եւ միատեղել ազգերը, հիմնելով տիեզերական արդար պետութիւն մը․ այս նպատակին համար, Հնդկաստանի գրաւումը վճռական քայլ մըն էր իրեն համար։

 
Ալեքսանտրի յառաջխաղացքը Հնդկաստան․ նուաճումները․

Աղեքսանտր կ'իմանայ, թէ Հնդկաստան հասանելի է Քոֆինա գետի հովիտէն (այժմ Քապուլ, Աֆղանիստան), թէ Հինտու գետէն անդին կան շատ ուրիշ մեծ գետեր, սակայն չի գիտեր եթէ անոնք առաջինին մէջ կը թափին։ Կը տեղեկանայ Հնդկաստանի քաղաքական կացութեան․ հնդիկները բաժնուած էին բազմաթիւ մեծ պետութիւններու, յաճախ իրարու դէմ կը կռուէին եւ կռիւներու ընթացքին բազմաթիւ փիղեր կը գործածէին։ Մասնաւորաբար, կ'իմանայ, թէ Հինտու Indus, Sindhu եւ Իտասփի (կամ՝ Հիւտասփի) Hydaspes գետերուն միջեւ տարածուած երկրին ԹաքսիլիսTaxiles Tαξίλης թագաւորը, Բորօ* (սանսգր․՝ पुरूवास Բուրուվաասա, հին յուն․՝ Πῶρος) թագաւորին թշնամին էր եւ Մակեդոնացիներուն հետ դաշնակցիլ կ'ուզէր։[10][51][52]

  • Բորօ՝ Իտասփի եւ Աքեսինի գետերուն միջեւ տարածուած երկրին թագաւորը, այսօրուան Փանճապին Punjab։

Բանակին վերակազմութիւնը

Խմբագրել

Աղեքսանտր կը գիտակցի, թէ գալիք արշաւանքի ընթացքին պիտի դիմագրաւէ երկարատեւ ու դժուար յառաջխաղացքներ, գետեր եւ բերդեր, ուր պահակագունդեր պիտի ձգէ։ Արդէն թեսալական (Թեսալիա, շրջան կեդրոնական Յունաստանի) հեծելազօրքը եւ մնացեալ յոյներուն մեծ մասը Յունաստան վերադարձած էին, իսկ վեթերան Մակետոնացիներէն եւ վարձկաններէն շատեր գրաւուած երկիրներուն պահակագունդերուն մաս կը կազմէին։ Այս պատճառով, բանակին թիւը կ'աւելցնէ եւ զայն աւելի դիւրաշարժ կը դարձնէ։ Բանակին վերանորոգման կը սատարեն Մակետոնիայէն հասած հետեւակ ուժեր եւ հեծելազօրք, յոյն վարձկաններ, ինչպէս նաեւ Ասիացի զինուորներ՝ հեծեալներ, հեծեալ նետարձակողներ ու նիզակաձիգեր։ Գետերը կտրելու, անցնելու համար, Գարիայէն Caria (յունական գաղթօճախ-երկիր Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւմտեան շրջանը), Կիպրոսէն, Փիւնիկէէն եւ Եգիպտոսէն կը ներառնուին նաւագործներ եւ թիավարողներ։

Արշաւախումբին այս նոր մարմինը հեռու էր նախկին բանակին ազգային եւ լեզուական համասեռութենէն, սակայն շնորհիւ Մակետոնացի հրամանատարներուն ճարտարութեան եւ Աղեքսանտրի գերազանց առաջնորդութեան՝ գործունեայ կը դառնայ։ [39][52][53]

Աղեքսանտրի անցքը Քոֆինա գետէն եւ Հինտու գետ հասնիլը

Խմբագրել
 
ԺԹ. դարավերջի գծանկար - «Աոռնոս Ժայռի գրաւումը»․ գործ՝ Անտրէ Քասդէյն (André Castaigne)

Ք․Ա․ 327-ին, կը սկսի Մակեդոնական բանակին արշաւանքը Հնդկաստանի թերակղզիին գրաւման համար։ Աղեքսանտր Պակդրիա կը ձգէ Ամինտաս Αμύντας, Amyntas (son of Arrhabaeus) զօրավարը եւ ճեղքելով Աղեքսանտրիա քաղաքը կը հասնի Քոֆինա գետը, ուր բանակը երկու մասի կը բաժնէ․ Իֆեսդիոնան Փերտիքային հետ կարճ ճամբուն կը հետեւին՝ Քոֆինա գետին հովիտէն անցնելու եւ պատրաստելու Աղեքսանտրին յառաջխաղացքը Հինտու գետէն։ Իսկ ան, բոլորովին տարբեր՝ լեռնային յառաջխաղացքով կը յառաջանայ, որպէսզի արշաւախումբին բուն մարմինը պահպանէ հաւանական որոգայթներէ։ Այս յառաջխաղացքին ընթացքին, երեք իրերայաջորդ կռիւներէ ետք, կը հպատակեցնէ Ասփասիաներուն երկիրը․ օրինակ դառնալու համար մնացեալ շրջանին՝ գետնին հաւասար կը դարձնէ առաջին քաղաքը, որ դէմը կը կենայ, կը բնաջնջէ՝ անոնք, որոնք չեն յաջողիր փախչիլ։

Ապա, կը հասնի Ասաքիներուն Aśvaka երկիրը․ շրջանին ամենահզօր հնդիկներուն։ Կը պաշարէ Մասակա մայրաքաղաքը, (այժմ՝ Չակտարա, Փաքիստան)։ Քաղաքէն դուրս տեղի ունեցած կռիւին, ասաքիները կը պարտուին, իսկ մէկ շաբթուան պաշարումէն ետք, մայրաքաղաքին պաշարեալները բանակցութիւններ կը խնդրեն։ Աղեքսանտր հնդիկ վարձկաններուն հետ կը բանակցի եւ զանոնք կը համոզէ քաղաքէն մեկնիլ․ սակայն, իրիկունը զանոնք կը շրջապատէ եւ կ'ոչնչացնէ (այս պատահարը, Մեծն Աղեքսանտրի արշաւանքներուն պատմութեան էջերուն սեւ արատը կը համարուի)։ Ք․Ա․ 327-ի ձմեռէն մինչեւ Ք.Ա.326-ի գարնանամուտ կը յաջողի գրաւել Աոռնոս Ժայռը Άορνος Πέτρα, Aornos․ այս շրջանի նուաճումը անոր կու տայ Անպարտ Նուաճողի համբաւը։

Ք․Ա․ 326-ի գարնան, Հինտու գետը կը հասնի, ուր կը հանդիպի զօրքին մնացեալ բաժինին․ Աղեքսանտրին զօրքը Հինտու գետը (գետին կեդրոնական աւազանին շրջանը) կ'անցնի շնորհիւ Իֆեստիոնայի կառուցած կամուրջին (այդ ժամանակաշրջանին համար, արհեստագիտութեան գլուխ գործոց մը) եւ փոքր նաւակներուն միջոցաւ։ [54][55]

Յառաջխաղացքը Հինտու գետէն մինչեւ Իֆասի գետ

Խմբագրել

Աղեքսանտր նախքան յառաջխաղացքը, գետափի երկայնքին փառաւոր զոհաբերութիւններ եւ հեծելարշաւներ կը կազմակերպէ։ Հինտու գետին դիմացի ափը անցած, այդ շրջանին դաշնակից երկրին թագաւորը՝ Թաքսիլի զայն պատիւներով կը դիմաւորէ ԹաքսիլաTaxila մայրաքաղաքին մէջ (ներառնուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ)․ հարուստ քաղաք եւ Հինտուիզմի կեդրոն։ Աղեքսանտր մեծ գումարով կը պարգեւատրէ Թաքսիլին իր կատարած ծառայութիւններուն համար, զայն հարկատու կը դարձնէ եւ մայրաքաղաքին մէջ պահակագունդ մը կը ձգէ, ինչպէս նաեւ՝ գիտնականներ։ Վերջինները, կը սկսին ուսումնասիրել Հնդկաստանի բուսականութիւնը եւ կը տպաւորուին կիսամերկ միաբաններէն, որոնց «մերկիմաստակ - γυμνοσοφιστάς» անունը կու տան։ Ալեքսանտր անոնց քով, Օնիսիքրիտոս Onesicritus - Ὀνησίκριτος պատմաբանը կը ղրկէ զանոնք ճանչնալու եւ իրենց հետ զրուցելու համար։ Միաժամանակ, շրջանի երկիրներէն դեսպաններ կը ժամանեն Թաքսալա, բացի՝ յանդուգն Բորոյէն, որ լուր կը ղրկէ, թէ՝ բանակով մը Ալեքսանտրին Իտասբի (կամ՝ Հիւտասբի) գետի ափին կը սպասէ։

 
Իֆասի գետը․ Հինտու գետին հարկատու/օժանդակ գետերէն․ հիւսիսային Հնդկաստան

Աղեքսանտր Իտասբի գետը անցնելու համար, զինուորներ կը ղրկէ՝ բերելու Հինտու գետը անցնելու ատեն գործածուած նաւերուն անջատ մասերը։ Ան կը շարունակէ յառաջխաղացքը դէպի Իտասբի։ Ք․Ա․ 326 Յուլիս ամսուան մէջ Աղեքսանտրի բանակը կը յաջողի գետը անցնիլ։ Բորոյին բանակը կը հաշուէր 4․000 հեծեալ, 300 մարտակառք, 200 փիղ եւ 30․000 հետեւակ։ Մակետոնացիներուն բանակը թիւով քիչ՝ 15․000 հետեւակ եւ 5․000 հեծեալ, դիւրութեամբ կը յաղթէ։ Աղեքսանտր սակայն, պատուով կը վարուի պարտուած Բորօ թագաւորին հետ, անոր կ'արտօնէ շարունակել թագաւորել, Թաքսիլիին հետ կը հաշտեցնէ եւ իր դաշնակիցը կը դարձնէ (այդ օրերու պատմաբանները կը վկայեն, թէ Աղեքսանտր վեհանձութեամբ կը վարուի անոր հետ, որովհետեւ կը հիանայ Բորոյին հպարտ կեցուածքին վրայ)։

Աղեքսանտր Իտասբի գետի ափերուն (հիւսիս արեւմտեան Հնդկաստան) երկու քաղաք կը հիմնէ․ Նիքէա Աղեքսանտրիա Nicaea Alexandria - Αλεξάνδρεια Νίκαια, ի պատիւ տարած յաղթանակին եւ Աղեքսանտրիա Վուքեֆալա Alexandria Bucephalous կամ՝ Bucephalia, հոն մահացած իր սիրելի ձիուն յիշատակին։ Քիչ ետք, սիրելի շունն ալ՝ Բերիթաս Peritas - Περίτας կը մահանայ եւ անոր յիշատակին համար քաղաք մը եւս կառուցել կու տայ։ Քաղաքներուն կառուցման հսկումը կը վստահի Քրաթերոսին եւ ան կը շարունակէ յառաջանալ դէպի Աքեսինի եւ Իտրաօդի (այժմ՝ Րավի) գետերը։ Յառաջխաղացքը շարունակելու ընթացքին կը խեղդէ Ասբասիաներուն ապստամբութիւնը եւ իրեն կը հպատակեցնէ այդ շրջանին մէջ բնակող Քաթէի ժողովուրդը։

Աղեքսանտր կը փափաքի անցնիլ Իֆասի գետը եւ հետազօտել գետէն անդին տարածուող անապատը, սակայն կը հանդիպի զինուորներուն բուռն հակազդեցութեան։ Զինուորները, մարմնապէս եւ հոգեպէս յոգնած, կը հաւաքուին ու կը բողոքեն իրենց թագաւորին եւ զօրավարին, թէ այլեւս չեն ուզեր շարունակել։ [56][57][58][59]

Արեւելեան արշաւանքներուն վախճանը

Խմբագրել

Աղեքսանտր տեսնելով բանակին չկամութիւնը շարունակելու, Ք․Ա․ 326-ի աշնան, կ'որոշէ վերադառնալ։ Զօրքը գետը կ'անցնի եւ հոն Աղեքսանտր կը հիմնէ բոլոր Աղեքսանտրիա քաղաքներուն ամենարեւելքը գտնուող՝ Իֆասիին Աղեքսանտրիան Αλεξάνδρεια επί του Ύφαση.

Վերադարձի ծիսական արարողութիւնները կատարելէ ու կառուցելէ ետք 12 փառաւոր սիւներ՝ ձօնուած Ողիմպոսի ամէն մէկ աստուծոյ, զօրքը մասերու կը բաժնէ եւ Նիքէա ու Վուքեֆալա կը վերադառնայ։

Հինտու գետի աւազանին նուաճումը

Խմբագրել

Աղեքսանտր դէպի Բաբելոն վերադարձը ապահովելու համար, կ'որոշէ Հինտու գետի աւազանին նուաճումը՝ հարաւ իջնելով։ Կառուցել կու տայ 1․000 նաւերէ բաղկացած նաւատորմ մը եւ Ք․Ա․ 326-ի Նոյեմբերին, զօրքին մէկ մասը նաւերով կը հետեւի Իտասբի, ապա Աքեսինիս Ακεσίνης (կամ՝ Չենապ Chenab) եւ վերջապէս Հինտու գետերուն հոսանքը դէպի հարաւ՝ ծով։ Իսկ բանակին մնացեալ բաժինը հետիոտն դէպի հարաւ կ'ուղղուի գետին երկու ափերէն։ Նաւատորմը կ'առաջնորդէ Նէարխոս, իսկ նաւազները գլխաւորաբար փիւնիկեցիներէ եւ յոյներէ կը բաղկանային։

 
Մեծն Աղեքսանտրի կայսրութիւնը

Աղեքսանտրի բանակը մէկ կողմէ գետերէն նաւարկելով եւ միւս կողմէ անոնց ափերէն յառաջանալով կը հասնի Մալհիներուն երկիրը Malhi Μαλχί (այժմ՝ Միւլդան Multan)։ Ք․Ա․ Նոյեմբեր 326-էն մինչեւ 325-ի գարունը կը տեւեն շրջանը գրաւելու արշաւանքները։ Տեղի կ'ունենան երեք հանգրուաններով բախտորոշ ճակատամարտեր․ վերջինին՝ Մալհիներուն քաղաքին պաշարման ընթացքին Mallian campaign, Siege of the citadel Մեծն Աղեքսանտր ծանրօրէն կը վիրաւորուի․ զինուորները քաջալերելու համար, անոնցմէ առաջ պարիսպին գագաթը կը հասնի մինակ, երկու զինակիցներով եւ թշնամիին թիրախ կը դառնայ։ Բուժումը բաւական երկար կը տեւէ։

Աղեքսանտր Մալհիներու երկրին գրաւումէն ետք, իր անունով քաղաքներ կառուցել կու տայ եւ ինք, փոքր բանակով Հինտու գետին արեւելեան աւազանը կը հետազօտէ։

Ք․Ա․ 325-ին Մեծն Աղեքսանտր Աքեսինի եւ Հինտու գետերուն կցակէտին, կը հիմնէ Հինտուին Աղեքսանտրիան, ուր առաւելաբար բանակի անդամներէն Թրակիացիներ կը հաստատուին։[59][60][61]

Վերադարձի ճամբան

Խմբագրել

Աղեքսանտր զօրքին վերադարձը հետեւեալ կերպով կը կազմակերպէ․-

Զօրքը երեք մասի կը բաժնէ։

  • Առաջինը, Քրաթերոս զօրավարին հրամանատարութեամբ, կ'ուղղուի դէպի Աղեքսանտրիա Արաքոսիա Alexandria Arachosia - Αλεξάνδρεια Αραχωσίας այժմ՝ Քանտահար Kandahar, կը ճեղքէ Էդիմանտրոյի աւազանը եւ Քարմանիա Kerman Province կը հասնի, ուր Աղեքսանտրին կը սպասէ։
 
Կետրոսեան Անապատը․ Մեծն Աղեքսանտրին վերադարձի ճամբան․ քարտէս՝ 1823, Ֆիլտինք Լուքաս Fielding Lucas
  • Երկրորդը, նաւատորմը, ծովակալ Նէարխոսի առաջնորդութեամբ, Պարսից Ծոցին ափերը հետազօտելով Աղեքսանտրիա Շոշ քաղաքը կը հասնի։
  • Բանակին երրորդ մասը, Աղեքսանտրի ղեկավարութեամբ, Ք․Ա․ Օգոստոս 325-ին Փաթալայէն ճամբայ կ'ելլէ Կետրոսեան Անապատը Gedrosia անցնելու նպատակով։ Առաջին 60 օրերուն ընթացքին, մինչեւ Կետրոսիոյ մայրաքաղաքը՝ Բուրա հասնի, մեծ դժուարութիւններու հետ դէմ յանդիման կու գայ․ սաստիկ տաք էր եւ ջուրի պակաս կար։ Մեծ թիւով զինուորներ կը կորսնցնէ։ Վերջապէս Քարմանիա կը հասնի, ուր Քրաթերոսին կը հանդիպի։ Հոն նաեւ, Նէարխոսը կը ժամանէ եւ տեղեկութիւններ կու տայ իր ընթացքին շուրջ, ապա կը շարունակէ ու նաւատորմով կը հասնի Տիգրիսի գետաբերանը։

Աղեքսանտր, իր բանակին փոքր մասով մը կը հասնի Պերսեպոլիս։ Հոն սատրապ կը նշանակէ Փեւքեսթա*։

  • Փեւքեսթա Մալհիներուն քաղաքի պաշարման ընթացքին, Մեծն Աղեքսանրտը մահէ կ'ազատէ։

Ք․Ա․ 324-ի գարնան, Մեծն Աղեքսանտր, Շոշ քաղաքին մէջ, Պարսկաստանի նուաճումին առիթով տօնակատարութիւններու ընթացքին, Մակետոնացիներուն եւ Պարսիկ կիներուն միջեւ ամուսնութիւններ կը կազմակերպէ։ Ինք, կնութեան կ'առնէ (իբրեւ իր երկրորդ կողակիցը) Դարեհին դուստրը՝ Սթաթիրա։ Կը փակէ յոյն զինուորներուն պարտքերը՝ 20․000 դալանտօ եւ նուէրներ կը բաժնէ։ Շրջանի սատրապները Աղեքսանտրին 30․000 պարսիկ պատանի կը ներկայացնեն, որոնք Մակետոնական վարկ ու բարքով մարզուած ու զինուած էին։ Աղեքսանտր զանոնք «Ժառանգներ» «Επιγόνους» կ'անուանէ։

Տօնակատարութիւններէն ետք, նոր արշաւանքներ կը կազմակերպէ։ Իֆեսթիոնային Պարսից Ծոցի ափերը հետազօտելու կը ղրկէ, մինչ ինք ընտրեալ ուժերով դէպի ծով կ'ուղղուի։ Օբիս (կամ՝ Ովբիս) քաղաքէն Opis Ὦπις (այսօրուան Պաղտատի մօտ, Տիգրիսի ափերուն) կը յայտարարէ, թէ հայրենիք կը վերադառնան տարեցներն ու վիրաւորները եւ թէ՝ արշաւանքները պիտի շարունակուին։ Զինուորները կը հակազդեն այս որոշումին, նաեւ այդ բանին, թէ բանակին ասիացի զօրագունդերուն յաւելեալ իրաւասութիւններ տրուած են․ ինք կը հակադարձէ՝ երկար ճարախօսութեամբ մը[62], որմով յոյն զինուորներուն սրտին մէջ հաւատարմութեան կայծերը «կ'արթնցնէ» եւ պարսիկ ազնուականներուն պաշտօններ կը բաժնէ եւ մի քանիներուն ազգական կը կոչէ։ Յոյն եւ Մակետոնացի զինուորները կը ստիպուին ներողութիւն խնդրել եւ իրեն հետեւիլ։

[60][63][64][65]

 
Մեծն Աղեքսանտրի արշաւանքներուն յառաջխաղացքը եւ վերադարձի ուղիները։ Կը նշուին նաեւ, ճակատագրական 4 ճակատամարտերը՝ Կրանիքոս, Իսոս, Ղաւղամիլա եւ Իտաբսի։

Աղեքսանտր Պարսկաստանի մէջ

Խմբագրել

Պարսկաստան վերադարձած, Աղեքսանտրի առաջնահերթութիւնն էր Յունաստանի քաղաքներուն հետ մերձեցում եւ կապերու սերտացում հաստատել։ Միեւնոյն ժամանակ, զբաղելով քաղաքական ու տնտեսական հարցերով, ան կը յայտնաբերէ, որ իր բացակայութեան ատեն երկրի կառավարումը թերի եղած է, կաշառակերութիւնը ծաւալած է եւ տեղի ունեցած են ազգամիջեան ընդհարումներ։ Կարգի կը դնէ հարցերը եւ կը զբաղի ապագայի ծրագիրներով։[66]

Իֆեստիոնին մահը

Խմբագրել
 
Աղեքսանտր եւ Իֆեստիոնաս

Աղեքսանտր Էքթավանա կը ճամբորդէ վերստանալու համար պարսկական գանձին մեծագոյն մասը։

Հոն, ամենամօտիկ ընկերը եւ հազարապետը՝ Իֆեսթիոն, կը մահանայ Ք․Ա․ Հոկտեմբեր 324-ին։ Պատճառները յստակ չէին՝ հիւանդութիւն կամ թունաւորում։ Մեծ պատիւներով ու շուքերով կը կատարէ անոր յուղարկաւորութիւնը։ Սակայն, Իֆեստիոնին մահը կ'ընկճէ Աղեքսանտրի առողջութիւնը։ [11][67]

Ընդունելիութիւններ

Խմբագրել

Աղեքսանտր Ք․Ա․ 323-ի գարնան, Բաբելոն կ'անցնի։ Ճամբան Յունաստանէն եկած դեսպանները կ'ընդունի։ Աթենացիները հակառակ անոր որ համակարծիք չէին Աղեքսանտրին եւ մնացեալ յունական քաղաքներուն վարած քաղաքականութեան, այսուհանդերձ խոհեմութեամբ կը վարուին։ Աղեքսանտր, նաեւ կ'ընդունի իր կայսրութեան սահմանակից երկիրներուն դեսպանները։[23][68]

Ապագայի ծրագիրներ, մտադրումներ

Խմբագրել

Նէարխոսի ուղեւորութիւնը կ'ապացուցէ, թէ Աղեքսանտրի կայսրութեան արեւելեան մասի հաղորդակցութիւնը աւելի դիւրին կ'ապահովուի ծովային ճամբաներուն շնորհիւ։ Այսպէս, Աղեքսանտր կը հրահանգէ ուսումնասիրել սահմանակից երկիրներուն ծովերը․ հետազօտական արշաւախումբեր կը ղրկէ Կասպից Ծով (կ'ուզէ գիտնալ եթէ Կասպիցը հսկայ լիճ մըն է, ըստ իր ուսուցիչին՝ Արիստոթելին) եւ Արապիոյ ափամերձ շրջանները։ Յաջորդական հետազօտական արշաւախումբերը կը հասնին մինչեւ Կարմիր Ծով՝ Սուէզ։ Հեռատես Աղեքսանտր՝ Միջերկրական, Եգէական, Կարմիր Ծովերուն եւ Ասիոյ միջեւ առեւտուրի զարգացման առանցքային կարելիութիւնները կը նախատեսէ։

Պատմաբանները համակարծիք չեն եղած Աղեքսանտրի ապագայի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն։ Շատերուն համար, ան կը մտադրէր նուաճել ու հետազօտել Միջերկրականի արեւմտեան աւազանը, յատկապէս Կարթագէնը Carthage արաբ․՝ قرطاج‎․ Բերտիքաս զօրավարը Աղեքսանտրի այս մտադրումը բանակին կը հաստատէ անոր մահէն ետք։ Ժամանակակից պատմաբանները, նկատի կ'առնեն թէ արկածախնդիր Աղեքսանտր կը տենչայ Արապիոյ շրջանները հետազօտել, որպէսզի վստահեցնէ կապը Բաբելոնի, Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի միջեւ։ Արդեօք Աղեքսանտր երկու ծրագիրնե՞րն ալ կ'ուզէր իրականացնել։

Իրողութիւնը այն էր, թէ Աղեքսանտր ծրագրած էր մեծածախս ձեռնարկներ իրագործել, ինչպէս հսկայ նաւատորմ մը կառուցել, հսկայ հիմնարկութիւններ եւ տաճարներ շինել։ Սակայն, այս բոլորը մահէն ետք կը ջնջուին, անոնց հսկայ տնտեսական պահանջքին տակ։ [69][70][71]

Աղեքսանտրի Վախճանը

Խմբագրել

Ք․Ա․ 323-ի գարնան, Աղեքսանտր Եփրատ գետի ջրանցքները կը շրջի, գետին ջուրին ողողումները կասեցնող աշխատանքներուն հետեւելու համար։

 
Մեծն Աղեքսանտրին դիակառքը․ ժԹ. դարու պատկերացում, հիմնուած Դիոդորուսին Diodorus Siculus (յոյն պատմաբան Ք․Ա․ 80-20) նկարագրումին

Արապիա արշաւանքին նախօրեակին, Ք․Ա․ Յունիս 323-ին 2-3 խնճոյքի կը մասնակցի, որոնց ընթացքին իր ջերմութիւնը կը բարձրանայ։ Արշաւանքը քանի մը օրուան համար կը յետաձգուի։ Հազիւ ինքզինքը գտած, առողջութիւնը կը վատթարանայ․ այս անգամ անկարող կը դառնայ խօսելու եւ քալելու։ Լուրը կայծակի արագութեամբ բանակին մէջ կը շրջի․ զինուորները նոյնիսկ կը կարծեն, թէ ան մեռած էր։ Այս վիճակը մօտաւորապէս 10 օր կը տեւէ։ Ստիպուած, զօրավարները զինուորներուն կը թոյլատրեն անոր հրաժեշտ տալ։ Մեծն Աղեքսանտր աչքերը կը փակէ, Ք․Ա․ 10-11 Յունիսի գիշերը, Բաբելոն, 32 տարեկան հասակին*։

  • Արիանոս Աղեքսանտրին մահուան մասին իր Անաւասիս աշխատանքին մէջ՝ գիրք 7 (7.28.1-7.29.4) այսպէս կը գրէ․- «Աղեքսանտր մեռաւ 114-րդ Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, երբ Աթէնքին տէրն էր Իղիսիասը։ Ինչպէս Արիստովուլոս* կը նշէ, ան ապրեցաւ 32 տարի եւ ութ ամիս ու թագաւորեց 12 տարի եւ ութ ամիս։», հին յուն․՝ բնագիրը․- «Ἐτελεύτα μὲν δὴ Ἀλέξανδρος τῇ τετάρτῃ καὶ δεκάτῃ καὶ ἑκατοστῇ Ὀλυμπιάδι ἐπὶ Ἡγησίου ἄρχοντος Ἀθήνησιν· ἐβίω δὲ δύο καὶ τριάκοντα ἔτη καὶ τοῦ τρίτου μῆνας ἐπέλαβεν ὀκτώ, ὡς λέγει Ἀριστόβουλος ἐβασίλευσε δὲ δώδεκα ἔτη καὶ τοὺς ὀκτὼ τούτους μῆνας․․․ »։
  • Արիստովուլոս Aristobulus of Cassandreia․ յոյն պատմաբան, Աղեքսանտրի արշաւանքներուն ընկերակցող պատմաբաններէն էր։ [72][44][73]
 
Բազմաթիւ ներկայացումներէն մէկը, ուր Ս. Սիզօիս կ'երկրպագէ Մեծն Աղեքսանտրին շիրիմին․ Վարլաամի Վանք, Մեթէորա, Յունաստան Varlaam monastery, Meteora

Աղեքսանտրի դամբանը

Խմբագրել

Մեծն Աղեքսանտրի մարմինը կը մաքրեն, կը զմռսեն (Եգիպտոսի Փարաւոններուն ձեւով) եւ կ'ամփոփեն մեղրով լեցուած ապակիա դագաղի մը մէջ։ Մարմինը Բաբելոն կը մնայ երկու տարուան համար, մինչեւ Ք․Ա․ 321, որպէսզի դէպի Յունաստան ուղղուի եւ Մակետոնիա թաղուի։ Սակայն, դէպի Մակեդոնիա ճամբուն, Պտողեմէոս զօրավարը կը յաջողի Աղեքսանտրի մարմինը յափշտակել եւ Եգիպտոս տանիլ։ Ըստ կարգ մը վկայութիւններու, Աղեքսանտրի մարմինը Մեմֆիս կ'ամփոփուի, ապա Աղեքսանտրիա (երբ այլեւս քաղաքի կը վերածուի անիկա)։ Ուրիշ աղբիւրներու համաձայն, Եգիպտոս հասած կ'ամփոփուի Աղեքսանտրիա։

Մեզի հասած պատմական տուեալները, Աղեքսանտրի մարմինին իբրեւ վերջին վայրը Աղեքսանտրիան կը նշեն։ Վերջին ծանօթ անձը, որ այցելած է անոր շիրիմը, Հռոմէացի կայսր Քառաքալան կը համարուի, Ք․Ա․ 215-ին։ Անկէ ետք, որեւէ տեղեկութիւն չկայ, բացի քանի մը գեղանկարչութիւններէ եւ որմանկարներէ, որոնք Աղեքսանտրի շիրիմին առջեւ Սուրբ Սիզօիսին Sisoes the Great երկրպագութիւնը կը պատկերացնեն, Դ. դար, Եգիպտոս։

Մինչեւ օրս, անյայտ է անոր շիրիմին ճշգրիտ վայրը։[72][73][74]

Աղեքսանտրի մահուան պատճառները

Խմբագրել

Աղեքսանտրի մահուան պատճառները յստակ չեն։ Միակ բանը, որ բոլորէն ընդունուած է, այն է՝ թէ վերջին խնճոյքին իրիկունը ստամոքսի ցաւեր կ'ունենայ եւ ջերմութիւնը կը բարձրանայ։

Ըստ Առիանոս, Պլուտարխոս եւ Յիւստիս Justin (historian) պատմաբաններուն շատ հաւանական է Աղեքսանտրի թունաւորումը, որովհետեւ խնճոյքի ընթացքին գինի խմելէ ետք, ստամոքսի սուր ցաւ մը կը զգայ, եւ այդ պատճառով կերուխումի վայրէն կը հեռանայ եւ մինչ այդ ջերմութիւնը կը բարձրանայ։ Կ'ենթադրուի, թէ Մակետոնիոյ կառավարիչ Անտիբաթերոսին կողմէ կազմակերպուած էր թունաւորումը, ուր շատեր դերակատարութիւն ունեցած էին․ հոս վերոնշեալ պատմաբաններուն ենթադրումները թունաւորման ձեւին եւ դերակատարներուն շուրջ կը տարուբերին։

 
Աղեքսանտրին պատկերացումը իբրեւ Ամոն-Րա․ Եգիպտական ներկայացում- Լուքսորի Դամբան, Պտողեմէոսեան շրջան

Ժամանակակից պատմաբաններ, հիմնուելով Աղեքսանտրի թագաւորական աղբիւրներուն՝ Էֆիմերիտես Éphémérides արձանագրութիւններուն վրայ, կը կռահեն թէ malaria tropica-է կը վարակուի ու քնաթմբիր վիճակի կը մատնուի կամ՝ ստամոքսի լուրջ բորբոքումներ կ'ունենայ։

Աղեքսանտրի յաջորդութիւնը

Խմբագրել

Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ նախ քան Աղեքսանտրի աչքերը փակելը, իրեն հարց կը տրուի, թէ թագաւորութիւնը որո՞ւն կ'ուզէ ձգել։ Կ'ենթադրուի թէ ան պատասխանած է. «τῷ κρατίστῳ» կամ՝ τῷ Κρατερώ ․ երկու բոլորովին տարբեր պատասխաններ, այսինքն՝ ամենահզօրին կամ՝ Քրաթերոսին Craterus (զօրավար մը, որ դէպի տուն կ'առաջնորդէր Մակետոնական բանակը եւ որուն նոր վստահած էր Մակետոնիոյ թագաւորութիւնը)։ Պատմաբաններէն Առիանոս եւ Պլուտարխոս, նկատի առած Աղեքսանտրի խօսելու անկարողութիւնը, վերոնշեալները անվաւեր կը համարեն։ Իսկ Դիոդորոս, Քւինտուս Կուրդիուս Ռուֆիւս Curtius Rufus եւ Յիւստիս աւելի հաւանական կը նկատեն Աղեքսանտր վկաներու ներկայութեամբ գահը յանձնած ըլլայ Բերդիքասին։

Ժամանակաւոր համաձայնութիւն

Խմբագրել

Բերդիքաս չի պահանջեր գահը, այլ կ'առաջարկէ, որ եթէ Ռոքսանան արու զաւակ մը ծնի, ան թող դառնայ թագաւոր՝ իր, Քրաթերոսի, Լէոնադուսի եւ Անտիբաթերոսի հսկողութեան տակ։ Սակայն Մելեակրոսի հրամանատարութեան տակ եղող հետեւակազօրքը, կը մերժէ այս առաջարկը, որովհետեւ դուրս ձգուած էր այս բանակցութիւններէն։

Աղեքսանտր Դ․ի ծնունդէն ետք, երկու կողմերը կը հաշտուին․ Աղեքսանտր Դ․ եւ Փիլիպոս Գ․ զօդ թագաւորներ կ'անուանուին․ թէեւ միայն անունով։ Զօրավարները կը համաձայնին եւ քանի մը շաբաթ ետք ստորագրուած Բաբելոնի դաշինքով՝ կայսրութեան կառավարումը իբրեւ փոխ-արքայ Բերդիքաս կը ստանցնէ, իսկ Փիլիպոս Գ․ Philip III of Macedon (Աղեքսանտրի մեծ խորթ եղբայրը, ) ձեւական թագաւոր կը դառնայ։[73][75]

Յաջորդներուն կռիւները

Խմբագրել

Սակայն, այս դաշինքը չի յաջողիր կայսրութեան միութիւնը պահպանել։ Ք․Ա․ 322-էն մինչեւ Ք.Ա. 275 թուականները, երկարատեւ կռիւներ տեղի կ'ունենան Մեծն Աղեքսանտրի զօրավարներուն կամ յաջորդներուն Diadoque միջեւ անոր կայսրութեան գահին տիրանալու համար: Այս կռիւները մօտաւորապէս 40 տարի կը տեւեն, որոնց ընթացքին զոհ կ'երթան, կը սպաննուին Աղեքսանտրին անմիջական ժառանգորդները․ անոր երկու որդիները՝ Աղեքսանտր Դ․ Alexander IV եւ Փիլիպոս Գ․ Philip III, ինչպէս նաեւ մայրն ու կիները։

 
Դիադոհոսներու (ժառանգորդներուն) պետութիւնները՝ Աղեքսանտր Մակետոնացիի կերտած կայսրութեան մէջ

Այս պատերազմներու ընթացքին տեւաբար կը փոխուի կայսրութեան տիրութեան քարտէսը։ Վերջապէս, ընդհանրացած պատերազմները կը դադրին երբ Սելեւկիոս զօրավար Լիսիմախոյի կը յաղթէ եւ Անտիղոնոս՝ Մակեդոնիոյ գահին կը բազմի։ Մեծն Աղեքսանտրի կայսրութիւնը կը բաժնուի։ Կը յառաջանան չորս պետութիւն-թագաւորութիւններ եւ մինչեւ անոնց ենթարկումը Հռոմէական կայսրութեան, կը կառավարուին յաջորդներուն ժառանգորդներէն՝ բացի Բերղամոյինէն․

  • Մակեդոնիոյ Անտիղոնիդես թագաւորութիւնը, մինչեւ Ք․Ա․ 168,
  • Ատալիտներու թագաւորութիւն, Բերկամօ․ հիմնադիր Ֆիլեթերոն՝ Լիսիմահոսին գանձապահը, մինչեւ Ք․Ա․ 133։ [72][73][74][75]
  • Սելեւկեան թագաւորութիւնը, որ կը տարածուի կեդրոնական Փոքր Ասիայէն մինչեւ Միջագետք եւ կեդր․ Ասիա, մինչեւ Ք․Ա․ 64,
  • Պտողեմէոսեան թագաւորութիւնը Եգիպտոս, մինչեւ Ք․Ա․ 30,

Նաեւ, Սելեւկեան թագաւորութենէն յոյն սատրապ մը կ'անջատուի եւ կը հիմնէ Յունա-Պակթրիան թագաւորութիւնը Greco-Bactrian Kingdom Ք․Ա․ 256-125 [76][77] եւ անոր յաջորդները՝ Յունա-հնդկական թագաւորութիւնը Indo-Greek Kingdom Ք․Ա․ 165-95։ [78]

Աղեքսանտրի անձնաւորութիւնը

Խմբագրել
 
Մեծն Աղեքսանտրին արձանը․ Կոստնատնուպոլսոյ հնագիտական թանգարան․ Ք․Ա․ 3-րդ դար, գործ՝ Մենաս Menas

Աղեքսանտրի արտաքինը

Խմբագրել

Հնագոյն աղբիւրները՝ Պլուտարխոս եւ Արիանոս, Աղեքսանտրը կը ներկայացնեն՝ բարձրահասակ, ճերմակամորթ, տարբեր գոյնի աչքերով՝ կապուտակ եւ շագանակագոյն։ Աղեքսանտր միայն Լիսիպոսի կը վստահէր զինք նկարելը։ Անոր գլուխը (կիսանդրիներուն եւ արձաններուն վրայ) դէպի աջ կը հակի, իսկ վիզը՝ առջեւ․ ինչ որ Պլուտարխոսն ալ կը նշէ։[73][79]

Աղեքսանտր չէ ունեցած դիւզացնային կազմուածք եւ մարզական մրցումներու հանդէպ անտարբեր եղած է՝ նախընտրելով գինարբուքներն ու մարտերը:

Աղեքսանտրին բնաւորութիւնը

Խմբագրել

Ըստ Արիանոսին, Աղեքսանտրի բնաւորութեան գլխաւոր հիմքը՝ «բոթոս»ն է πόθος ․ գաղափար մը, զոր Աղեքսանտրի պարագային կը թարգմանուի իբրեւ փնտռտուք մը դէպի անծանօթը։

Արիանոս, իր «Անաւասիս»ի գլուխ գործոցին մէջ, զայն կը նկարագրէ իբրեւ՝ աշխատունակ, հանճարեղ, շատ փառասէր, ծայր աստիճան խիզախ, յանդուգն, սխալներուն գիտակից, շռայլ եւ առաքինութեան տէր․- « ․․․Աղեքսանտր ունէր կարողութիւնը նախատեսելու պահանջուած աշխատանքը, երբ տակաւին ատիկա անտեսանելի էր եւ մեծ յաջողութեամբ կը յանգէր հաւանական արդիւնքին․․․»։ Ինչ որ չափազանցութիւն չեն, նկատի առնելով ձեռքբերած յաջողութիւնները։

Արիանոս, Աղեքսանտրի երիտասարդ տարիքին կը վերագրէ անոր յանդնգնութիւնը, զայրոյթը, «բարբարոսներու» սովորութիւններուն ընդօրինակութիւնը եւ կ'եզրակացնէ, թէ ներողամիտ պէտք է ըլլալ։[4][5][6][39][73][80]

Աղեքսանտրի անձն ու բնաւորութիւնը, ինչպէս իւրաքանչիւր մեծ անձնաւորութիւն, կարելի չէ բնութագրել առանձին գիծերով կամ առանձնակի պատմութիւններով:

Աղեքսանտրի Գործը

Խմբագրել

Մարտական գործը

Խմբագրել

Աղեքսանտր յաճախ հնադարեան ամենամեծ զինուորական հանճարը կը համարուի, որ միաժամանակ՝ ռազմագէտ եւ յանդուգն մարտիկ էր։ Ըստ Պլուտարխոսին ան յաճախ խիզախօրէն կը նետուէր մարտի ամենաթեժ վայրը եւ բազմաթիւ վէրքեր կը ստանար:

Անշուշտ իր յաջողութիւններուն մէջ մեծ դեր ունեցած են նաեւ անոր արշաւներուն ընկերակցող զինուորները, սպաները, գիտնականները եւ հօրը ձգած ժառանգութիւնը։

Արշաւանքներուն ընթացքին նորարար ռազմավարութիւններ կը հաստատէ․ կը խնայէ զինուորներուն կեանքը։ Կռիւի տաք պահուն կարողութիւնը ունէր մարտավարական որոշումներ առնելու։ Դժուար պահերուն, զինուորները կը համոզէր, որովհետեւ ինք միշտ առաջին կարգի վրայ կը գտնուէր․ օրինակ՝ Իտասբի գետի ճակատամարտին, կամ՝ Օփիսի յայտարարութիւններուն արդիւնքը․․․։

Աղեքսանտրի ռազմագիտութենէն շատեր օրինակ կը ստանան եւ մինչեւ այսօր պետութիւնները իրենց ռազմական վարժարաններուն մէջ կը դասաւանդեն։[81],[82],[4],[6],[22]

Քաղաքական գործը

Խմբագրել

Դժուար է լիուլի ուսումնասիրել Աղեքսանտրի քաղաքական գործը, որովհետեւ անաւարտ մնացած է անիկա։ Աղեքսանտր բազմազգային եւ բազմամշակութային կայսրութեան մը հիմնադիրն է։ Իր վարած քաղաքականութեամբ, կը յաջողի իր շուրջը ունենալ այլ ազգերու ազնուական խաւը։ Կը յարգէր նուաճած ամէն մէկ ազգի մշակոյթը։ Կայսրութեան պաշտօնական լեզուն յունարէնն էր, սակայն գրաւուած երկիրներուն ժողովուրդները կը պահէին իրենց լեզուն եւ սովորութիւնները․ անկարելի էր արդէն տարբեր ըլլար, որովհետեւ կայծակի արագութեամբ կը գրաւէր բոլոր շրջանները եւ ժամանակ չէր ունենար կայսրութեան տարածքին մէկ վարչաձեւ ստեղծել, կը պահէր Աքամենեաններուն վարչակարգը նաեւ վրայ կը հասնի իր յանկարծակի մահը։

 
Ոսկի սդադիրա․ Աղեքսանտր Աթինա աստուածուհիին պատկերացումով․ ետեւի կողմը, Նիքի Niké - Νίκη․ Ք․Ա․323 Մեմֆիս (Եգիպտոս) կտրուած

Սակայն, իր պատկանած Աղրէատեան հարստութեան իշխանութեան ձեւը կը փոխէ, հօրմէն ա՛լ աւելի անհատական վերածելով։ Մակետոնական վարչաձեւը՝ «Առաջինը հաւասարներուն» Աղեքսանտրին թագաւորութեան ընթացքին՝ Ասիոյ մէջ, տարուէ տարի կը տկարանայ․ հազուադէպ առիթներով կը խորհրդակցի «Մակետոնացի Ժողովուրդ»ին հետ, այսինքն՝ «Զինեալ Մակետոնացիներուն Ատեանը»։

Ասիոյ ժողովուրդներուն աչքին՝ ան աստուածացուած թագաւոր էր։

Աղեքսանտրի վարած քաղաքականութեան կարեւոր կէտերէն էր նաեւ քաղաքաշինութիւնը, անկախ կառոյցի տեսակէն՝ զինուորական գաղթօճախներ katoikiai եւ կամ քաղաքներ poleis։ Քաղաքաշինութիւնը միջոց մըն էր՝ գրաւուած շրջաններուն մէջ ապահովել իր իշխանութիւնը եւ ծանօթացնել ու տարածել յունական մշակոյթը։ Պլուտարխոս եւ Առիանոս պատմաբաններուն համար, Աղեքսանտր հիներուն աչքերուն «նուաճող-քաղաքակրթող»ն է, որ 60-է աւելի քաղաքներ կը հիմնէ։[4][6][9][10][22]

Տնտեսական գործը

Խմբագրել
 
Գ.դար, Հռոմէական շրջանին կտրուած դրամ․ Աղեքսանտր եւ ետեւի կողմը՝ Աղեքսանտր եւ ձին՝ Վուքեֆալաս

Ժամանակակից պատմաբաններ, կը համարեն, թէ Աղեքսանտր ազդու տնտեսական քաղաքականութիւն մը վարած էր, արժեւորելով գրաւուած շրջաններուն կարելիութիւնները, դրամի ներածութեամբ եւ առեւտուրի ճամբաներ բանալով։

 
1990 յունական 100 տրախմի․ Մեծն Աղեքսանտր-Մակետոնացիներուն թագաւորը ΜΕΓΑΣ ΑΛΕΞΑΝΔΡΟΣ - ΒΑΣΙΛΕΥΣ ΜΑΚΕΔΟΝΩΝ եւ ետեւի կողմը՝ Յունաստանի Հանրապետութիւն - Վերճինիա ΕΛΛΗΝΙΚΗ ΔΗΜΟΚΡΑΤΙΑ - ΒΕΡΓΙΝΑ

Աղեքսանտր կը հալեցնէ պարսից թագաւորին հսկայ հարստութիւնը եւ դրամ կը կտրէ․ առատօրէն զայն յոյներուն եւ ասիացիներուն ալ կը բաժնէ իբրեւ վճարում, նուէր, օժիտ եւ թոշակ։ Այս ձեւով կայսրութեան շրջանները արագօրէն կը զարգանան։ Միաժամանակ Դարեհին ոսկին եւ Ատիկէին (ԱտիկէՅունաստանի նահանգ, Աթէնք մայրաքաղաքով) ոսկի «սդադիրա»ն կը հաւասարեցնէ, որպէսզի երկու դրամանիշերուն միջեւ մրցակցութիւն չյառաջանայ։[83][84][85][86]

Մշակութային գործը

Խմբագրել

Աղեքսանտր, իր քաղաքաշինութիւններով, գրադարաններու հիմնումով, արշաւներուն մասնակցող գիտնականներուն եւ երկրաբաններուն տարած աշխատանքներով կը փոխէ աշխարհի պատմութիւնը։ Յունական մշակոյթը Ասիոյ եւ Եւրասիոյ շրջանները կը տարածէ եւ զայն կը ձուլէ այլ մշակոյթներուն տեղական սովորութիւններուն եւ բարքերուն հետ։ Այսպէս, յետ մահու կը յառաջանայ հելլենիստական մշակոյթը, որ կը տարածուի Եւրոպայէն մինչեւ կեդրոնական Ասիա։

 
Մեծն Աղեքսանտր իր Վուքեֆալա ձիուն վրան․ Սելանիկի ծովափ․

«Հելլենիզմ» սահմանումը յառաջացած է գերմանացի պատմաբան Եոհան Տրոյզէնին Johann Gustav Droysen (1808-1884) կողմէ։ «Հելլենիզմ» բառով կը հասկնանք՝ «Յունական պետականութեան եւ կրթութեան տարածումը» արեւելեան ժողովուրդներու մէջ։ [9][10]

Մեծն Աղեքսանտրի առասպելը

Խմբագրել

Աղեքսանտր իր մահէն անմիջապէս ետք, առասպելական հերոս կը դառնայ ժողովրդային աւանդութեան եւ գեղարուեստական արտադրութեան ոլորտներուն մէջ․ տարբեր՝ իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար, մինչեւ մեր տարիները։ Յատկապէս Բսեւդոքալիսթենիսին աշխատութիւնը՝ «Աղեքսանտրին վէպը» «Μυθιστόρημα του Αλεξάνδρου», որու մէջ Աղեքսանտրի նկարագրութիւնը նախկին աւանդութիւններէն մեծապէս ազդուած է, պարսկականէն մինչեւ միջնադարեան եւրոպական եւ յունական նորագոյն աւանդութիւնները։

Բիւզանդիոնի մէջ

Խմբագրել

Բիւզանդական կայսրութեան ընթացքին, «Աղեքսանտրին վէպը» գիրքէն բազմաթիւ պատմութիւններ կը յառաջանան։ Անոնք կը յարմարեցուին ըստ պարագաներու։ Օրինակ՝ իբրեւ քրիստոնեայ կայսր կամ առաքեալ։ Ընդհանրապէս անոր անունը կ'օգտագործուի, որպէսզի օրինակ դառնայ բիւզանդական կայսրերուն։ «Աղեքսանտրին վէպը» գիրքը ամենաշատ կարդացուածն է Բիւզանդիոնի տարածքին ազնուական շրջանակներուն մէջ։ Նոյնիսկ «Աղեքսանտրին Կեանքը» (Βίος Αλεξάνδρου) վերնագիրով բանաստեղծութեան կը վերածուի 6.133 միջանուագներով։

Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ

Խմբագրել

Եգիպտոսի մէջ, ան իբրեւ Փարաւոն կը պաշտուի։ Ըստ հրեայ Յովսէփ պատմաբանին, երբ Աղեքսանտր Երուսաղէմ կը մտնէ, անոր ցոյց կու տան Հին Կտակարանէն Դանիէլ Մարգարէին Գիրքը, ուր կը յիշատակուի թէ հզօր յոյն թագաւոր մը Պարսկական Կայսրութիւնը պիտի նուաճէ․ Աղեքսանտր քաղաքին չի դպչիր։

 
15-րդ դար, Հերադ- պարսկական մանրանկարչութիւն․ կը պատկերացնէ Իսկանտերը, Մեծն Աղեքսանտրի պարսկական անունը

Սուրիական թարգմանութիւնը «Աղեքսանտրին վէպը»ին, Աղեքսանտրին կը ներկայացնէ իբրեւ տեսլական աշխարհակալ քրիստոնեան, որ կ'աղօթէր «մէկ ու միայն Աստուծոյ»։

Պարսկաստանի մէջ

Խմբագրել

Սասանեան ժամանակաշրջանի նախ-իսլամական զրադաշտեան Պարսկական մշակոյթին մէջ, Աղեքսանտր կը յիշատակուի «gujastak» (թարգմ․՝ «անէծք») մականունով․ կ'ամբաստանուի տաճարներուն եւ զրադաշտեան սուրբ գրութիւններուն հրկիզումով։ Ընդհակառակը, սիւնի-իսլամական Պարսկաստանի մէջ, կ'արտածագի անոր աստուածային պատկերը՝ ազդուած «Աղեքսանտրին վէպը» գիրքէն։ Պարսիկ բանաստեղծ Ֆերտուսի, իր Շահնամէ (թարգմ․՝ Թագաւորներուն Գիրքը) վիպագրութեան մէջ, Աղեքսանտրը կը ներկայացնէ իբրեւ Պարսկաստանի օրինաւոր թագաւորը, որ հասաւ Աշխարհի ծայրը գտնելու համար «Երիտասարդութեան Աղբիւրը»։ Աւելի ուշ, պարսիկ հեղինակներ Աղեքսանտրը կը կապեն փիլիսոփայութեան, զայն ներկայացնելով իբրեւ Սոգրատեսի, Պղատոնի եւ Արիստոթելի հետ խնճոյքի ընթացքին անմահութիւն փնտռող:

Արաբապարսկական աւանդութեան մէջ, Աղեքսանտր՝ պարսկերէնով «Իսկենտեր», իսկ արաբերէնով «Իսկանտար» կ'անուանուի։ Քանի մը ակաթեմականներ, մեկնած «Աղեքսանտրի վէպը»էն այդ կարծիքին հասած են թէ Գուրանին մէջ Դիքերոս (Dhul-Qarnayn) Աղեքսանտրն է։ Ըստ այդ աւանդութեան, Աղեքսանտր հերոս մըն էր, որ պարիսպներ կը կառուցէր, աշխարհը Ղող եւ Մաղող ժողովուրդներէն պաշտպանելու համար։ Ապա, փնտռելով «Կեանքի եւ Անմահութեան ջուրը» աշխարհի չորս կողմը կը ճամբորդէր եւ վերջապէս մարգարէ կը դառնայ։

Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ

Խմբագրել

Հելլենիստական մշակոյթը մեծապէս կ'ազդէ Աֆղանիստանի եւ Հնդկաստանի եւ Յունա-Պակդրիան թագաւորութեան (ներկայ Աֆղանիստան, Փաքիստան եւ Տաճիկիստան) եւ Հնդկայունական թագաւորութեան (ներկայ Աֆղանիստան եւ Հնդկաստան) վրայ։ Մետաքսի ճամբուն միջոցաւ, յունական (կամ՝ հելլենական) մշակոյթը կը ձուլուի Պարսկական եւ Պուտտայական մշակոյթներուն հետ։ Այսպիսով, կը յառաջանայ Քանտահարայի առասպելը (Քանտահար՝ շրջան Հինտու, Սուադ եւ Քապուլ գետերուն միջեւ)։

Յունական ժողովրդային աւանդութեան մէջ

Խմբագրել

Յունական նորագոյն եւ ժամանակակից ժողովրդային աւանդութեան մէջ, Աղեքսանտր հին աշխարհէն տիպար մըն էր։ Հանրածանօթ էր իբրեւ Մեծն Աղեքսանտր։

Շատ տարածուած էր նաեւ աւանդութիւնը, ուր Ծովանուշը կը ներկայանար իբրեւ Աղեքսանտրին քոյրը եւ նաւաստիներուն եւ կամ ձկնորսներուն հարց կու տար, եթէ «կ'ապրի Աղեքսանտր թագաւորը»։ Միակ պատասխանը որ կ'ընդունի՝ «կ'ապրի եւ կը թագաւորէ» պէտք է ըլլար, հակառակ պարագային՝ նաւը կ'ընկղմէր։ [87][88][89][90][91]

Մեծն Աղեքսանտրի խօսքերէն

Խմբագրել

Մեծն Աղեքսանտրի ամենակարեւոր խօսքերէն մէկ քանին․-

«Անոր համար որ պիտի ջանայ, չկայ անկարելին» («Δεν υπάρχει τίποτα αδύνατο γι'αυτόν που θα προσπαθήσει»Μέγας Αλέξανδρος)

«Ինչ որ չի քակուիր, կը կտրուի» («'Οτι δε λύεται κόπτεται»)

«Ծնողներուն՝ ծինը (կեանքը) կը պարտինք, իսկ ուսուցիչներուն՝ լաւ ապրիլը» («Στους γονείς οφείλομεν το ζην , στους δε διδασκάλους το ευ ζην»)

«Երկինքին՝ չկայ երկու արեւ, ոչ ալ Երկրին երկու տէր» («Στον ουρανό δεν υπάρχουν δυο ήλιοι, ούτε στη γη δυο κυρίαρχοι.»)

«Զիս չի հետաքրքրեր քաղաքացիներուն ծագումը, ոչ ալ ցեղը, ուր ծնան։ Բոլորին հետ կը վարուիմ մէկ չափանիշով՝ առաքինութեամբ։ Ինծի համար ամէն բարի օտար` Յոյն է եւ ամէն գէշ Յոյն` բարբարոսէն յոռեգոյն է» («Δεν μ'ενδιαφέρει η καταγωγή των πολιτών ούτε η φυλή στην οποία γεννήθηκαν. Τους αντιμετωπίζω όλους με ένα κριτήριο: την αρετή. Για μένα, κάθε καλός ξένος είναι Έλληνας και κάθε κακός 'Ελληνας είναι χειρότερος από βάρβαρος.»)

[92]

Ժամանակացոյց

Խմբագրել


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Любкер Ф. Alexander // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 62–67.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Александр Великий // Военная энциклопедияСПб.: Иван Дмитриевич Сытин, 1911. — Т. 1. — С. 284–291.
  3. 3,0 3,1 3,2 Любкер Ф. Olympias // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 950–951.
  4. 4,00 4,01 4,02 4,03 4,04 4,05 4,06 4,07 4,08 4,09 4,10 4,11 4,12 4,13 [1] Աղեքսանտր Մակետոնացին - Դասեր անպարտելի զօրավարէն - Bill Yenne, {{ref-en}
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 [2] Աղեքսանտր Մակետոնացին, Philip Freeman{{ref-en}
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 6,6 6,7 [3] Աղեքսանտր Մակետոնացին - Պատմական կենսագրութիւն, Peter Green {{ref-en}
  7. 7,0 7,1 [4] Աղեքսանտրի ծնունդը, 20-3-2015
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 8,4 [5] Μιχανή του Χρόνου - Արիստոթելի նպաստը Մեծն Աղեքսանտրի կրթութեան ․․․{{ref-el}
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 [6] Մեծն Աղեքսանտրի դերակատարութիւնը արեւելեան ճարտարապետութեան եւ արուեստին․․․{{ref-el}
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 10,4 10,5 10,6 10,7 10,8 [7]Աղեքսանտրի մասին հետազօտութիւններ- {{ref-en}
  11. 11,0 11,1 . [8]Մեծն Աղեքսանտրի արշաւանքներուն գիտնականները․ բժիշկը որ կեանքը փրկեց եւ գեղեկագրողները, որոնք 2․300 տարի առաջ Ասիան ճշդգրութեամբ քարտէսագրեցին։ {{ref-el}
  12. 12,0 12,1 [9] Հին Յունաստանը- Հիներու վայրը, «Մակետոնական բանակը, զինումը եւ Մակետոնական փաղանգը» 13-5-2015, (յունարէն)
  13. 13,0 13,1 [10] Μιχανή του Χρόνου - Ք․ա․ 362թ․ Փիլիպոս թագաւորին համար Յունաստանի միաւորման ճամբան բաց է․․ (յունարէն)
  14. < Փիլիպոս Բ․ Մակետոնիոյ թագաւոր, Կորնթոսի Լիկան, էջ՝19-21, M. Pohlenz {{ref-en}
  15. 15,0 15,1 15,2 15,3 [11] Μιχανή του Χρόνου - Իրիկունը երբ Աղեքսանտր ծնաւ, հրոյ ճարակ դարձաւ Արթեմիսին տաճարը․ պարսիկները գուշակեցին թէ մեծ չարաղէտ դէպք մը պիտի պայթի իրենց գլխուն․․․ Մեմնոն յունազգի զօրավարը․․․ {{ref-el}
  16. 16,0 16,1 16,2 16,3 [12]Ողիմպիատան, Մեծն Աղեքսանտրի մայրը․․․․․(յունարէն)
  17. 17,0 17,1 17,2 17,3 [13]Պղուտարխոս- Աղեքսանտր, գլուխ 1,2,3․․․ Plutarch, Alexander Bernadotte Perrin, Ed. -Plut. Alex. 1.1{{ref-en}
  18. [14] News One, MITը յայտարարեց Արիստոթելը Պատմութեան ամենահռչակաւոր անձնաւորութիւնը․ Նոյ․ 2019 {{ref-el}
  19. 19,0 19,1 19,2 [15] Diodorus Siculus, Bibliotheca Historica, Books XVIII-XX - Աղեքսանտր Մակետոնացին (հին․ յուն․)
  20. [16] Հերոնիայի ճակատամարտը․․․(յունարէն)
  21. 21,0 21,1 [17] Փիլիպոս թագաւորին սպանութիւնը ․․․․{{ref-el}
  22. 22,0 22,1 22,2 22,3 22,4 22,5 22,6 22,7 22,8 [18] Աշխարհը նուաճողը․ Մեծն Աղեքսանտր աշխարհակալ PDF (յունարէն)
  23. 23,0 23,1 [19]FOUNDATION OF THE HELLENIC WORLD Հելլենիստական ժամանակաշրջան․ քաղաքականութիւն՝ Աղեքսանտր․{{ref-el}
  24. [20] PDF «Հայկական սկզբնաղբիւրներուն յիշատակուող Մատեան գունդ զօրամասը»․ Ն․ Ա․ Արզումանեան, էջ՝ 154-161
  25. [21] Shamshian ելեկտ․ արխիւ, 2017.02.03, «Աշխարհի ամենատարօրինակ ու էքստրեմալ պայմաններու մէջ գտնուող ճանապարհները»․ (արեւ/հ)
  26. 26,0 26,1 [22] PDF - Հայոց Պատմութիւն, «Համառօտ Տեսութիւն Հին Հայաստանի Տարածքի Եւ Վարչական Բաժանման» 2-9-2009
  27. 27,0 27,1 27,2 [23] Archived 2018-09-19 at the Wayback Machine. PDF «Հրետագիտութեան պատմութիւնը», Յունաստանի Բանակին Ընդհանուր Սպայակոյտ, էջ.12 (յունարէն)
  28. 28,0 28,1 28,2 [24] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս (1.1.8-1.2.3) (յունարէն)
  29. 29,0 29,1 [25]Կրանիքոս գետի ճակատամարտը, ելեկ․թերթ, թիւ՝ 768781, {{ref-el}
  30. 30,0 30,1 [26] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս 3. 28.10 եւ 4. 7.1. (յունարէն)
  31. 31,0 31,1 31,2 31,3 31,4 [27] Կիւթէնպերկ կազմութիւն․ արխիւներ․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 1-7 {{ref-en}
  32. 32,0 32,1 [28] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս (2.13.1-2.13.8) - (2.15.1-2.16.6)(յունարէն)
  33. 33,0 33,1 [29] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս (2.16.7-2.18.2) - (2.24.1-2.25.3){{ref-el}
  34. Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Պղուտարխոս - Աղեքսանտր (26.1-26.14)(յունարէն)
  35. 35,0 35,1 [30] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս գիրք 3 {{ref-el}
  36. [31] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս 1.15.1-1.15.8)-(1.29.5-1.29.6)-(2.12.1-2.12.8){{ref-el}
  37. [32] Iran Chamber Society, Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, Ղաւղամիլայի ճակատամարտը, գիրք 3, 7-16, անգլ․ թ/թիւն E. J. Chinnock {{ref-en}
  38. [33] WayBack Machine, Ղաւղամիլայի Մակետոնական յաղթանակը․ 4-2-2018, {{ref-en}
  39. 39,0 39,1 39,2 [34] Յոյն Ազգին Պատմութիւնը, հատոր Դ․, Մեծն Աղեքսանտր, հեղ․՝ Փանաղիոդիս Քանելոփուլոս (յունարէն)
  40. [35] Պոռնիկ մը կը յաջողի հրկիզել Պերսեպոլիսը, իբրեւ վրէժխնդրութիւն պարսիկներէն Աթէնքի հրկիզման(յունարէն)
  41. [36] «Մեծն Աղեքսանտր եւ իր կայսրութիւնը․ կարճ ներածական»- Pierre Briant (անգլերէն)
  42. 42,0 42,1 42,2 [37] Մեծն Աղեքսանտր անտեսանելի թշնամին, John Maxwell O'Brien, 1994(անգլերէն)
  43. 43,0 43,1 [38] Աղբիւրներ Մեծն Աղեքսանտրի մասին, Պղուտարխոս եւ Առիանոս․ - N. G. L. Hammond, N. G. L. Hammond էջ՝ 260-269(անգլերէն)
  44. 44,0 44,1 44,2 44,3 [39] Մեծն Աղեքսանտր, քաղուածքներ՝ Arrian, Curtius Rufus, Quintus, եւ Plutarch․ կազմեց՝ Gergel, Tania, 1972 (անգլերէն)
  45. 45,0 45,1 [40] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 7 (7.12.1-7.13.1)(յունարէն)
  46. 46,0 46,1 [41] 1ο ΕΠΑΛ Δάφνης, Մեծն Աղեքսանտր - Մակետոնացիներուն թագաւոր եւ Մեծ Զօրավար, (356 - 323   π.Χ.) (յունարէն)
  47. 47,0 47,1 [42] Քալաս ցեղը, յոյներուն ներկայութիւնը Հնդկական ցամաքամասին մէջ․(յունարէն)
  48. [43] Կռուելով Աֆղանիստան, էջ 40, Bernd Horn, Emily Spencer (անգլերէն)
  49. http://www.greek-[44] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 4 (10 -14) (յունարէն)
  50. [45] FOUNDATION OF THE HELLENIC WORLD Հելլենիստական ժամանակրջան․ քաղաքականութիւն՝ Յունաստան․ (յունարէն)
  51. [46] Աղեքսանտրի սատանայական հնարքը, որով կը յաղթէ Իտափսի ճալատամարտը (յունարէն)
  52. 52,0 52,1 [47] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 5 ( (5.24.1-5.24.8) - (5.25.1-5.26.6), (5.26.7-5.27.9)- (5.29.4-5.29.5) (յունարէն)
  53. [48] Հին Հնդկաստանի պատմութիւնը, Rama Shankar Tripathi էջ՝ 124-130, 137-138 (անգլերէն)
  54. [49] Մեծն Աղեքսանտր զօրքը, որ նուաճեց Հին Շրջանի ծանօթ ամբողջ երկիրները, 25-2-2018, (յունարէն)
  55. [50] Բջիջային արխիւ․ Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 6(6.1.1-6.2.4) - (6.3.1-6.4.5), (յունարէն)
  56. [51] Մարտական կենդանիներ, էջ՝ 5, John M. Kistler (անգլերէն)
  57. [52] Առիանոս, Անաւասիս էջ՝ 142 Քաթէի,
  58. [53] Իտափսի գետի ճակատամարտը․․․ Ինչպէ՞ս փիղերը կ'ոտնակոխէին․․․․․ (յունարէն)
  59. 59,0 59,1 [54] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 5(յունարէն)
  60. 60,0 60,1 [55] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 6 (յունարէն)
  61. [56] Μιχανή του Χρόνου - Աղեքսանտրին լուրջ վիրաւորումը(յունարէն)
  62. [57] FOUNDATION OF THE HELLENIC WORLD Հելլենիստական ժամանակրջան․ քաղաքականութիւն՝ ներածական․ (յունարէն)
  63. [58] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 7, գլուխ 4(յունարէն)
  64. [59] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 7 (7.6.1-7.7.2) - (7.11.1-7.11.9)(յունարէն)
  65. [60] Մեծն Աղեքսանտր, 19-6-2018 (յունարէն)
  66. [61] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 6(6.29.9-6.30.3) (յունարէն)
  67. [62] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս, գիրք 7(7.16.1-7.16.8)(յունարէն)
  68. [63] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս,Գիրք 7 (7.17.1-7.18.6)(յունարէն)
  69. [64] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս գիրք 7(7.19.1-7.20.2)(յունարէն)
  70. [65] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս գիրք 7(7.20.3-7.20.10) - (7.21.1-7.21.7)(յունարէն)
  71. [66] huffpost-Մեծն Աղեքսանտրին չիրագործուած արշաւանքները 25-11-2018 (յունարէն)
  72. 72,0 72,1 72,2 [67] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Աղեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս 7. (7.21.1-7.21.7)-(7.24.4-7.25.6)(յունարէն)
  73. 73,0 73,1 73,2 73,3 73,4 73,5 [68] Հին Յունական Արձանագրութիւններու Բջիջային Գրադարան․ Ալեքսանտրի յառաջխաղացքը, Առիանոս 7(7.26.1-7.27.3)- (7.28.1-7.29.4) .(յունարէն)
  74. 74,0 74,1 [69] Siculus, Diodorus, Պատմութեան Թանգարանը, - Diod. 18.4.4 - թարգմ․՝CH Oldfathe․ Perseus_Project (անգլերէն)
  75. 75,0 75,1 [70] Պղուդարխոս․ Աղեքսանտրին հետքերով (անգլերէն)
  76. [71] Փոլիպիուս, պատմաբան Plb. 11.34
  77. [72] Յոյները Պաքթրիա, էջ 324, William Woodthorpe Tarn
  78. [73] Justin գիրք XLI, պարբ․4
  79. [74] Մեծն Աղեքսանտրի կենաքը, Պղուտարխոս, էջ՝ 259-351 (ֆր.)
  80. [75] Մեծն Աղեքսանտր, Առասպելի մը համառօտագրութիւնը (յունարէն)
  81. [76] Archived 2020-06-15 at the Wayback Machine. Հանիպալը օրինակ կը բերէ Աղեքսանտրին ռազմավարութիւնը․․ 10-01-2005(անգլերէն)
  82. [77] Աղեքսանտր՝ Միջնադարին․․էջ՝ 258, Markus Stock (անգլերէն)
  83. [78]Բաբելոնի տնտեսութիւնը Մեծն Աղեքսանտրի ժամանակ, գլուխ 3, Julien Monerie(ֆր.)
  84. [79] Մեծն Աղեքսանտրին հանճարեղ տնտեսական քաղաքականութիւնը, Մայիս 13,2016, Ανδρέας Μουντζουρούλιας (յունարէն)
  85. [80] Մեծին ետին՝ Աղեքսանտր, մեծ ռազմագէտը, Քաթիմերինի թերթի գրքոյկ, Խրիստոս Եանարաս (յունարէն)
  86. [81] taxheaven news․ Հարկային դրութիւնը Մեծն Աղեքսանտրի ժամանակ, 16-6-2018, Κωνσταντίνος Ιωαν. Νιφορόπουλος
  87. [82] Պղուտարխոս, գիրք 14, Plut. Alex. 46 (անգլերէն)
  88. [83] Աղեքսանտրին այլաձեւութիւնները, Stoneman, Richard (1996)(անգլերէն)
  89. [84] Կ'ապրի՞ Մեծն Աղեքսանտր chora tou axoritou էջ՝69036 (յունարէն)
  90. [85] Archived 2020-02-01 at the Wayback Machine. Մեծն Աղեքսանտրի մասին առասպելներ եւ պատմութիւններ, Σακκέτος Άγγελος 24/05/12 (յունարէն)
  91. [86] Մեծն Աղեքսանտր,պատմութիւնն ու առասպելները պատանիներու համար, 190.pdf(յունարէն)
  92. [87] Ալեքսանտրին 12 ամենակորեւոր խօսքերը, diaforetiko (յունարէն)

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Յունաստան

Սելանիկ

Աթէնք

Աղեքսանտրիա

Բաբելոն

Միջագետք

Եգիպտոս

Հնդկաստան

Աֆղանիստան

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայոց Պատմութիւն․ Դասագիրքերու շարք-Կարմիր գիրք, Կարօ Մոմճեան
  • Հայոց Պատմութիւն․ Դասագիրքերու շարք- Դ․գիրք էջ՝ 33-38, վերամշակուած տպագրութիւն 2010թ․ Համազգ․ «Վահէ Սէթեան» տպ․, հեղ․ Արմէն Մարաշլեան
  • Հայոց Պատմութիւն․ Հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, Է․ Լ․ անիէլյան, Ա․Ա․Մելքոնյան (արեւել/հ․)
  • Պլուտարխոս «Զուգահեռ կենսագրութիւններ», Երեւան, 2001:
  • Արիանոս «Ալեքսանդրի արշաւանքը», Երեւան, 1987:
  • Քվինտուս Կուրցիուս Ռուֆուս «Ալեքսանդր Մակեդոնացու պատմութիւնը», Երեւան, 1987:
  • Հին Հունաստանի պատմութիւն, խմբ. Վ. Ի. Ավդիեւի, Երեւան, 1982
  • Յոյն ազգին պատմութիւնը․ Հելլենիստական ժամանակաշրջան, Մեծն Աղեքսանտր․ Քալողերոփուլու Աթինա, 1973, Աթէնք (յուն․)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել

Սկզբնաղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ռազնիկով Ի., Ալեքսանդր Մակեդոնացի, Երեւան, 1941, 142 էջ։