Ցոլակ Յովսէփեան

Հայ լուսանկարիչ, ՀՅԴ-ի անդամ։

Երուանդ Խաթանասեան (18 Փետրուար 1918(1918-02-18), Պաղտատ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Նոյեմբեր 2022(2022-11-17)[1], Մոնրովիա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ լուսանկարիչ, ՀՅԴ-ի անդամ։

Ցոլակ Յովսէփեան
Ծնած է 18 Փետրուար 1918(1918-02-18)
Ծննդավայր Պաղտատ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Նոյեմբեր 2022(2022-11-17)[1] (104 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոնրովիա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մանկութիւն

Խմբագրել

Ցոլակ Յովսէփեան ծնած է Պաղտատ։ Հայրը՝ Անդրանիկ, Վասպուրականէն Վաղարշապատ տեղափոխուած հայորդի մը, մայրը՝ Շուշան, Ատրպատականի Նախիջեւան գիւղէն․ անոնք ունեցած են 5 զաւակ, Բենիամինը՝ Ցոլակը, որուն մանկութիւնը անցած է Տիգրիսի ափին։ Ազգային ազատագրական պայքարի օրերուն, հայրը Թաւրիզէն Երկիր զէնքի փոխադրութեան զինուոր եղած է ու մասնակցած՝ յեղափոխական շարժումին։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Ցոլակ նախնական ուսումը ստացած է Միհրան Սվաճեանի նախակրթարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Թարգմանչաց ազգ. վարժարանին մէջ, որուն ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէին հայդուկապետ Քեռիի զինակիցներէն՝ Վարդան Իսկէնտէրեանի, փրոֆ. Գրիգոր Մարաշլեանի եւ Արսէն Կիտուրի նման դէմքեր։ Հետեւած է նաեւ Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն։

1935-ին, անդամակցած է ՀՅԴ ուսանողական միութեան, ապա կուսակցութեան շարքերուն միացած է 1937-ին։

1936-ին՝ տարեշրջան մը, յաճախած է Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան «Grammar School»-ը:

1943-ին, ծանօթ գործիչ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի կողմէ գործուղղուած է Պարսկաստան, ուր հանդիպած է դոկտ. Պաղտիկ Մինասեանի ու Հայկակ Կոսոյեանի նման գործիչներու, բախտը ունեցած է գործելու անոնց ցուցմունքներով։ Սա այն օրերուն է, երբ խորհրդայինները թափանցած էին հիւսիսային Իրան եւ հասած՝ Թաւրիզ։ Ներկայացած է նաեւ Թաւրիզի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիքթանգեանի։ Մէկ ամիս մնացած է Պարսկաստան, շրջագայած՝ մինչեւ Ուրմիա տարածուող շրջանները, ապա վերադարձած է Պաղտատ։

Ամուսնութիւն

Խմբագրել

Ամուսնացած է 1947-ին, Գոհար Սուլթանեանի հետ, Պաղտատի մէջ։ Ունեցած են երկու ժառանգորդ՝ Վիգէնն ու Սարմէնը[2]։

Պաղտատի մէջ, ուսանողական օրերէն սկսեալ, ապա նաեւ Դաշնակցութեան շարքերը անցնելէ ետք, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ, սակայն նախընտրած է առաւելաբար գործել շուքի մէջ[3]։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Պաղտատ

Խմբագրել

Պատանութեան, ձեռք բերած է առանց ոսպնեակի գործող լուսանկարչական նախնական գործիք մը․ աւելի ուշ, լուսանկարչութեամբ ու արհեստին ծանօթանալուն զուգահեռ, 1945-ին, եղբօրը հետ միասին բացած են առաջին լուսանկարչական «սթիւտիօ»էն «Studio HAS»-ը՝ Պաղտատի «King Faisal 2nd» հրապարակին վրայ (հետագային՝ 1958-ի յեղափոխութենէն ետք, անիկա վերանուանուած է «Wathba Square»), քաջալերանք ստանալով պարսկահայ նկարիչ Սագօ Շատախունիէն, որ Պարսկաստանէն հալածական՝ պահ մը Պաղտատ եկած է։

Յովսէփեաններու լուսանկարչատունը, Պաղտատի կեդրոնական մէկ հրապարակին վրայ, շուտով դարձած է պետական, դիւանագիտական ու այլ ականաւոր մարդոց «թիրախը»։ Ցոլակ Յովսէփեան լուսանկարիչին համբաւը մագնիսացուցած է շատերը։ Եւ այդ օրէն սկսեալ, անոր լուսանկարներու դարանները սկսած են հարստանալ նշանաւոր մարդոց դիմանկարներով։

Պաղտատի լուսանկարչատունը ապրած է 27 տարի։ 1958-ի յեղաշրջումին յաջորդող, իբրեւ նախկին իշխանաւորներու բարեկամ-լուսանկարիչ, ինք ալ հետապնդման ենթարկուած է դաշնակցական դէմքերու հետ, սակայն նոր իշխանութեան մէջ ալ բարեկամներ ունենալով՝ փրկուած է բանտարկուլելէ:

Եղած է «American Photographer՛s Association»-ի անդամ եւ 1954ականներուն իր լուսանկարչական գործերէն մէկը լոյս տեսած է «The Photographer Magazine»-ի կողքին (cover page) վրայ:

Այցելութիւններ
Խմբագրել

1952-ին գտնուած է Հալէպ, մասնակցելով ՀՄԸՄ-ի տողանցքին: Այնտեղ հանդիպած է Հրաչ Փափազեանին, Սիմոն Վրացեանին, Ճորճ Մարտիկեանին եւ այլոց:

1945-էն 1972 յաճախ մեկնած է Պէյրութ, ուր հանդիպած  եւ բարեկաութիւն հաստատած է այդ օրերու գաղութի յայտնի դէմքերուն հետ, ինչպէս՝ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, գնդապետ Տիգրան Պաղտասարեանի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Միհրան Թուրիկեանի (Hotel Lux), Ղազար Չարգի, Եդուարդ Տարօնեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Եդուարդ Պօյաճեանի, Պօղոս Սնապեանի, Դրոյի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Վալադ Վալադեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Վահէ Վահեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Հայկ Պալեանի, Տիգրան Ոսեանին, Պարգեւ Շիրինեանի, Տիգրան Պալեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Յովհաննէս Շահինեանի (ՀՄԸՄ), եւ այլոց հետ:

Իսկ Փարիզ այցելութեան ընթացքին հանդիպած է Շաւարշ Միսակեանին, Շաւարշ Նարդունիին, Հրայր Բալուլեանին:

60ական տարիներուն, Իրաքը վերիվայրումներու ենթարկող յեղաշրջական-ազգայնական իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են, որ Ցոլակ Յովսէփեան եւս հեռանայ Պաղտատէն։

Ամերիկա

Խմբագրել

1966-ին, նախ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը՝ Նիւ Եորք եւ Ուաշինկթըն։ Ամիս մը ետք, տեղափոխուած է Քալիֆորնիա եւ հաստատուած՝ Փասատինայի շրջանը։ Այժմ կը բնակի Փասատինայի մօտակայ Մոնրովիա քաղաքը։

Քալիֆորնիա հաստատուելէ ետք, լուսանկարչական գործը շարունակած է իբրեւ ձեռնարկներու եւ ընտանեկան առիթներու լուսանկարիչ, լայն գործակցութիւն ցուցաբերած է հայկական մամուլին, մանաւանդ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որուն պաշտօնական բայց սիրայօժար լուսանկարիչն է մինչեւ այսօր։

Այցելութիւնը՝ Հայաստան

Խմբագրել

1968-ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին բացման առիթով, իր առաջին այցելութիւնը տուած է Հայաստան։ Այնուհետեւ, ու յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, աւելի քան 20 անգամ այցելած է Հայաստան ու Արցախ։

Անոր լուսանկարչական գործիքը ոչ միայն քայլ պահած է արդիականութեան հետ, այլ նաեւ կարելի ամէն առիթ օգտագործած է անշարժացնելու դէմքեր, դէպքեր, հայրենի բնաշխարհն ու պատմական վայրերը[4]։ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան գաղութներու, նոյն ոսպնեակը եղած է «միջնորդ», որպէսզի Ցոլակ Յովսէփեան ծանօթանայ պատմական դէմքերու, արուեստագէտներու, կուսակցական գործիչներու եւ տարբեր կալուածներու մէջ Հայ կեանքին մասնակից եղող անձնաւորութիւններու, միջազգային համբաւ շահած հայորդիներու, հայութեան բարեկամ օտարներու։

Հայկական կեանքին մէջ աւելի քան 70 տարիներու իր ներկայութիւնը, հաղորդականութեան ճամբով վաստկած բարեկամութիւնները առիթ ընծայած են անպարագիծ ծանօթութիւններու եւ փորձառութիւններու, որոնք, լուսանկարներուն կողքին, կը կազմեն գանձարան մը, արժանի՝ իր տարբեր ծալքերով թուղթին յանձնուելու, համեմուած՝ իր զուարթախոհութեամբ ու կատակներով, «հիւմըր»ով եւ ընկերասիրութեամբ[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Ոչ Եւս Է Դաշնակցական Վեթերան Ընկեր՝ 104ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանը
  2. «ՄԱՀԱԶԴ. ԳՈՀԱՐԻԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2022-02-14։ արտագրուած է՝ 2022-02-20 
  3. «Եւ դարից երկար ձգւում է օրը - imYerevan»։ web.archive.org։ 2017-04-29։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-04-29-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-20 
  4. «Ցոլակ Յովսէփեանի «ՀԱՐԱԶԱՏ ԴԷՄՔԵՐ» ալպոմը («Ուշ, բայց ո՛չ ուշացած» հաւաքածու) - «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ»։ alikonline.ir (hy-am)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-20-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-20 
  5. «ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Լուսանկարիչը՝ Ցոլակ Յովսեփեան»։ asbarez32.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-20 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել