Թարգմանչաց տօն (ամբողջական անուանումը՝ Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց), հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական տօներէն, կը նշուի Ս. Խաչի տօնին չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Շաբաթ օրը։ Կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը։ Սրբոց թարգմանչաց Վարդապետներուն տօնը հայ ժողովուրդին ամէնէն նուիրական եւ սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է:

Հայ հոգեւորականութիւնը Դ. դարուն արդէն քաջատեղեակ էր քրիստոնէական գրականութեան սեռերուն ու տեսակներուն: Միայն կարեւոր էր, որ անոնք հայացուէին, այսինքն՝ թարգմանուէին հայերէնի: Այս նպատակին պիտի ծառայէին Հայաստանէն դուրս` ասորական եւ յունական մշակոյթի մեծ կեդրոններու մէջ կրթութիւն ստացած այնպիսի հմուտ մտաւորականներ, որոնք կը կոչուէին «երէց» թարգմանիչներ[1]:

«Թարգմանիչ» ընդհանուր անուան տակ ծանօթ են ՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Սահակ Պարթեւին աշակերտած շուրջ հարիւր աշակերտներ, որոնցմէ են՝ Եղիշէ Պատմիչ, Մովսէս Խորենացի, Ղազար Փարպեցի, Կորիւն Վարդապետ, Եզնիկ Կողբացի, Մամբրէ Վերծանող, Յովհան Մանդակունի, Ղեւոնդ Երէց, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի (Կլայեցի), Անանիա Շիրակացի, Յովսէփ Վայոց ձորեցի եւ շատ ուրիշներ, Ե. դարէն մինչեւ ժԲ. դար:

Թարգմանչաց Տօնը Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ

Խմբագրել

Հայոց օրացոյցին Հոկտեմբեր ամսուան ամէնէն աւելի յիշատակուող տօնը Թարգմանչաց տօնն է: Հայ եկեղեցին թարգմանչաց տօնը կը յիշատակէ Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին: Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզները կեդրոնացած կ'ըլլան հայ գիրերու գիւտին, անոր մեծանուն հեղինակ՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին, Ս. Սահակ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Վռամշապուհ թագաւորին եւ խումբ մը թարգմանիչներու` անոնց ձեռք բերած մշակութային գործունէութեան մասին:

Թարգմանչացը հայ մշակոյթի ընդհանուր տօննէ։ Գիրերու գիւտի, Աստուածաշունչի հայերէնի թարգմանութեան, հայերէն լեզուով ստեղծագործութիւններու եւ հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնը։

Աստուածաշունչին Թարգմանութիւնը

Խմբագրել
 
Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետ

Հայերէն առաջին թարգմանական գրականութիւնը եղած է Աստուածաշունչը։ Ֆրանսացի գիտնական Լա Քրոզ (1661-1719 թուականներուն) զայն անուանած է «Թագուհի թարգմանութեանց»։ Թարգմանիչները Աստուածաշունչը կը թարգմանանէին լրացումներով, ինչպէս նաեւ տարբեր թարգմանուած եզրերու ներմուծմամբ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է ասորերէնէ եւ յունարէնէ։

Հայոց այբուբենի գիւտէն ետք, Մեսրոպ Մաշտոց կը ձեռնարկէ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան գործին: Աստուածաշունչ մատեանին ամբողջ թարգմանութիւնը եւ վերջնական օրինակը կը տեւէ շուրջ 25-30 տարի, գիրերու գիւտին թուականը ներառեալ:

 
Աստուածաշունչ Մատեան

Աստուածաշունչին գլխաւոր թարգմանիչներն էին Սահակ Պարթեւ, Յովսէփ Պաղնացին, Կորիւն Սքանչելին, Ղեւոնդ Անանդեցին եւ Յովհաննէս Եկեղեցացին։

Հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնն է՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» նախադասութիւնը: Հոս՝ «Իմաստութիւնը» Քրիստոսն է, բանն Աստուծոյ, իսկ «հանճարին խօսքերը»՝ Ս. Գիրքը: Այս նախադասութիւնը քաղուած է Սողոմոն Իմաստունի «Առակաց» գիրքէն:

Թարգմանիչներուն հսկայ գործունէութիւնը

Խմբագրել
 
Ձեռագիր Աստուածաշունչի օրինակ մը

Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ իրենց աշակերտներուն հետ ոչ միայն Աստուածաշունչը կը թարգմանեն եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ազգային դիմագիծ կու տան, այլեւ՝ հայ դպրոցներու ցանց մը կ'իրականացնեն եւ միջազգային մեծ դէմքերու արժէքաւոր գործերը կը թարգմանեն: Կը հայացնեն մեր Եկեղեցւոյ ծէսը եւ հիմը կը դնեն մեր ծիսական մատեաններուն (Ժամագիրք, Շարական, Տօնացոյց եւ այլն), կը սահմանեն զանազան կանոններ եւ օրէնքներ: Կը ստեղծեն թարգմանիչներու ամբողջ դպրոց մը, որուն գործունէութեամբ սկիզբ կ'առնէ հայ թարգմանական եւ ինքնուրոյն գրական ժառանգութիւնը, կը սկսին քննուիլ աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, բնագիտութեան, պատմութեան, մարդկային հոգիի եւ տիեզերքի խորքերը: Կը ծաղկի քրիստոսաշունչ մշակոյթը, կը թրծուին հայ քրիստոնեային ինքնութիւնն ու դիմագիծը:

Ե. դարու թարգմանական գրականութիւնը հայ ինքնուրոյն աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական ու պատմական եւ այլ գրականութեան ստեղծման հիմքը կը դառնայ:

 
Ս. Գիրքէն օրինակ մը

Գիրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչին թարգմանութեամբ, հիմը կը դրուի հայ հոգեւոր-մշակութային նոր շարժման մը, որ հայ ազգին ՈՍԿԵԴԱՐԸ կը դառնայ:

Ծայր առած շարժումը կը հետապնդէր նաեւ որոշ պետական շահեր. հայոց գիրերու ստեղծումով Արշակունիներուն թուլցած գահին պաշտօնական գրագրութիւնը յունարէնէ եւ ասորերէնէ պէտք էր անցնէր հայերէնի, իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին ինքնութեան պահպանման։

 
Մեսրոպ Մաշտոց իր աշակերտներով շրջապատուած

Բոլոր աշխատանքները կը ղեկավարուէին եկեղեցական եւ հոգեւոր այրերու կողմէ՝ Վռամշապուհ արքային անմիջական օժանդակութեամբ։

Ընդհանուր առմամբ, Ե. դարու առաջին կիսուն կատարուած թարգմանութիւնները կարելի է դասակարգել հետեւեալ ձեւով՝

  1. Ծիսական երկեր (Խորհրդատետր-Պատարագամատոյց, Ժամագիրք եւ այլն),
  2. Հայրախօսական գրականութիւն,
  3. Վկայաբանութիւն եւ վարքագրութիւն
  4. Կանոնական (եկեղեցական ժողովներու եւ սուրբ հայրերու կողմէ գրուած կանոններ ու սահմանումներ)
  5. Պատմական երկեր:

Հայ գիրերու գիւտէն մինչեւ 440-ական թուականներ, ասորերէնէ եւ յունարէնէ թարգմանուած մեծ քանակութեամբ գործերէն յատկանշականներն են՝

  • Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը (405-408-ին եւ 430-ական թուականներ),
  • Դիոնիսոս Թրակացիին «Արուեստ քերականութեան»ը,
  • Փիլոն Եբրայեցիին ճառերը,
  • Պորփիւրին «Ներածութիւն»ը,
  • Աթանաս Աղեքսանդրացիին 15 ճառերը,
  • Յովհան Ոսկեբերանին ճառերը, քարոզներն ու մեկնութիւնները,
  • Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին մեկնութիւնները՝ նուիրուած Ծննդոց գիրքին եւ Պօղոս առաքեալին թուղթերուն, «Ճառ Ս. Երրորդութեան մասին», նամակներ Նեստորին եւ 12 նզովքները,
  • Եւթաղին «Նախաբաններ եւ մեկնութիւններ»ը՝ նուիրուած Գործք առաքելոցին եւ Պօղոս առաքեալին թուղթերուն,
  • Հիերոնիմոսին մեկնութիւնը,
  • Եզովբոս Կեսարացիին «Եկեղեցական պատմութիւն»ը (416-420-ին),
  • Եպիփան Կիպրացիին «Մարգարէներու վախճանին մասին» եւ «Ընդդէմ աղանդոց»ը,
  • Սեպերիանոս (Սեվերիանոս) Գաբաղացիին ճառերը,
  • Եւագր Պոնտացիին ճառերն ու մեկնութիւնները,
  • Եզովբոս Եմեսացիին ճառերը,
  • Կիւրեղ Երուսաղէմացիին «Կոչումն ընծայութեան»ը,
  • Բարսեղ Կեսարացիին «Վեցօրեայ արարչութեան մասին» աշխատութիւնը, նաեւ ճառերը, մեկնութիւններն ու խրատները,
  • Պղատոնին աշխատութիւնները,
  • Արիստիդես Աթենացիին «Քրիստոնէական հաւատքին ջատագովութիւնը» (420-430-ին),
  • Եզովբոս Կեսարացիին «Քրոնիկոնը» (430-ական թուականներուն),
  • Պրոկղ եպիսկոպոսին թուղթերը՝ ուղղուած Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին (430-ական թուականներուն),
  • Ակակիոս Մելիտենացիին երկու թուղթերը (430-ական թուականներուն),
  • Եփրեմ Ասորիին ճառերը, աղօթքները եւ Ս. Գիրքի մասերուն նուիրուած մեկնութիւնները, Ս. Թադէոսին եւ Ս. Սանդուխտին վկայաբանութիւնը (430),
  • Մետոթիոս Ողիմպիացիին «Անձնիշխանութեան մասին» երկը,
  • Հիպպոլիտոս Պոստրացիին ճառերն ու մեկնութիւնները, «Բոլոր աղանդներու հերքումը» (430-440-ական թուականներուն,
  • Գրիգոր Սքանչելագործին «Քրիստոսի ծննդեան մասին»,
  • Զենոբ Ամիդացիին ճառը,
  • Այիթալա Եդեսացիին ճառը,
  • Գրիգոր Նազիանզացիին ճառերը,
  • Անտիոքի, Գանգրայի, Լաոդիկէի եւ Նեոկեսարիոյ ժողովներու եւ Նիկիոյի Ա. տիեզերական ժողովին կանոնները (430-440-ական թուականներուն)։
  • 490-ական թուականներուն թարգմանուած է նաեւ Արիստոտելի «Ստորոգութեանց» եւ «Յաղագս մեկնութեան» երկերը։

Ե. դարու առաջին կիսուն թարգմանուած եւ շարք մը անվաւեր ճանչցուած բնագիրեր, ինչպէս՝

  • «Պիղատոսին նամակը Տիբերիոս կայսեր»,
  • «Եդեսիա քաղաքին թագաւոր Աբգարին նամակը»,
  • «Յակոբին ուղերձը Կոնդրատիոսին»,
  • «Քրիստոս Պոնտիոս Պիղատոսին առջեւ»,
  • «Առաքեալներուն վարդապետութիւնը»։

Թարգմանուած են նաեւ բազմաթիւ վկայաբանութիւններ եւ վարքագրութիւններ՝ յունարէնէ, եւ ասորերէնէ։

Ողջ թարգմանական գրականութիւնը հիմք ստեղծած է հայ ինքնուրոյն՝ մեկնողական, աստուածաբանական-դաւանաբանկան, իմաստասիրական, պատմական եւ այլաբնոյթ գրականութեան ստեղծման համար՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին (կամ անոր վերագրուող) «Յաճախապատում ճառերը», Ագաթանգեղոսի «Հայոց պատմութիւնը», Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի»ն, Եզնիկ Կողբացիին «Եղծ Աղանդոցը», Մովսէս Խորենացիին «Հայոց պատմութիւնը» եւ այլ երկեր։

Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները շարունակուած են նաեւ հետագայ դարերուն (Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի եւ ուրիշներ), եւ նոր թափ ստացած յատկապէս ԺԵ. դարուն լատին միարարներու (ունիթորութիւն) եւ անոնց հայ հետեւորդներուն շնորհիւ։

Քռնայի եւ Ծործորի դպրոցներուն մէջ լատիներէնէ թարգմանուած են Թովմա Աքվինացիին, Պոնավենտուրային, Ժիլպեր Պոռետացիին, Ալպերթ Մեծին, Բարդողիմէոս Պոլոնիացիին, Պետրոս Արագոնացիին եւ այլ հեղինակներու երկերը։

Թէեւ միարարներուն նպատակն էր հիմնաւորել կաթոլիկութեան առաքելութիւնը, սակայն անոնց գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է եւրոպական քրիստոնէական միտքի նուաճումներուն իւրացման, որ հմտօրէն իրագործած են Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներն ու գաղափարախօսները։

Ժէ. դարուն, հոգեւոր մշակոյթի աշխուժացման զուգընթաց, վերականգնած են Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները։ Թարգմանչաց շարժումը սկիզբէն ի վեր խթանած է լուսաւորականութեան, կրթութեան, գիտութեան, լեզուաշինութեան եւ նոր գաղափարներու զարգացումը։

ԺԹ.- Ի. դարերը եւս յատկանշուած են համաշխարհային գրականութեան շարք մը հեղինակներու գործերու թարգմանութեամբ։ Հայ գրողներ Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Յովհաննէս Մասեհեան, Խաչիկ Դաշտենց եւ ուրիշներ զգալի աւանդ ունեցած են համաշխարհային գրականութիւնը հայերէնով ներկայացնելու գործին մէջ։ Շելլիի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են Յ. Թումանեանի եւ Ա. Չօպանեանի կողմէ։ Ուոլթըր Սքոթի գործերէն առաջինը հայերէնի թարգմանած է Մատթէոս Մամուրեանը, Հայնէի ստեղծագործութիւնները՝ Յ. Թումանեան, Վ. Տէրեան, Յ. Յովհաննէսեան, Ե. Չարենց եւ ուրիշներ։

«Թարգմանիչ» եզրը՝ պատմութեան ընթացքին

Խմբագրել

Թարգմանիչ եզրը 100 տարի աւելի հին է, քան` Աստուածաշունչին հայացման թուականը. անիկա գոյութիւն ունեցած է  մօտաւորապէս 310-էն սկսեալ, այսինքն՝ քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման տարին:

Նորահաստատ կրօնը տարածելու, հիմնաւորելու եւ հայուն առօրեայ կենցաղին մաս դարձնելու համար` Գրիգոր Լուսաւորիչ կը հիմնէ նախ Էջմիածինը, ապա հարիւրաւոր ուրիշ եկեղեցիներ` պատմական Հայաստանի տարածքին, յետոյ Հայաստան կը հրաւիրէ յոյն եւ ասորի հոգեւորականներ, որպէսզի իրենց լեզուով պատարագեն ու կարդան այդ եկեղեցիներուն մէջ, քանի որ հայերէն գիր գոյութիւն չունէր, ուստի պատարագի ու Աստուածաշունչի հայերէն բնագրեր ալ գոյութիւն չունէին:

Այդ օրերուն, եկեղեցական արարողութիւնը` պատարագը, տեղի կ'ունենար յունարէն կամ ասորերէն լեզուով, որոնցմէ հայ ռամիկը ոչինչ կը հասկնար: Այս անբնական վիճակը դարմանելու համար, հայ հոգեւոր հայրերը կ'որոշեն իւրաքանչիւր յոյն կամ ասորի պատարագիչին կողքին, խորանին վրայ, կանգնեցնել հայ հոգեւորական մը, որ յունարէն կամ ասորերէն գիտէր եւ կրնար հայերէնի թարգմանել արարողութեան զանազան խորհուրդները, մասնաւորաբար` աստուածաշնչական ընթերցումները, որուն առաջին անգամ կը տրուի թարգմանիչ կոչումը:

Այս կացութիւնը կը տեւէ ամբողջ դար մը, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը կ'ունենայ հայալեզու պատարագ, հայալեզու պատարագիչ ու հայալեզու պատարագամատոյց, նաեւ` Աստուածաշունչ եւ ամբողջ մատենագրութիւն մը` մօտաւորապէս 410-էն սկսեալ, շնորհիւ Մեսրոպին ու Սահակին, ինչպէս նաեւ իրենց աշակերտներուն` թիւով մօտաւորապէս 100  նուիրեալներու, որոնք իրե՛նց կարգին կը կոչուին «թարգմանիչներ»[2]:

Հայերէն եկեղեցական լեզուն

Խմբագրել

Հայերէն եկեղեցական լեզուն, որ թարգմանութիւններու միջոցով մշակուելով ու յղկուելով կը դառնայ գրական լեզու, կը կոչուի ԳՐԱԲԱՐ։ Գրաբարը դարերու ընթացքին կ'ունենայ իր զարգացումը, կը կրէ փոփոխութիւններ, բայց հիմնականին մէջ կը պահպանէ լեզուական այն կառոյցը, որմով գրած են հայ առաջին թարգմանիչները:

Գրաբարը իր ժամանակի հայկական բարբառներէն մէկն էր, որ յատուկ էր Արարատեան նահանգին եւ պատմական Հայաստանի 15 նահանգներէն մեծագոյնն էր: Ան սեփականութիւնն էր Արշակունեաց հարստութեան, այսինքն` արքայական տոհմին: Անիկա արքայանիստ էր` կեդրոն ունենալով Վաղարշապատ մայրաքաղաքը, բայց նաեւ կաթողիկոսանիստ էր` կեդրոն ունենալով Էջմիածինը: Հոս հաստատուած էր կայազօրը, այսինքն` այն մնայուն բանակը, որ երբեք չէր ցրուեր, այլ միշտ զէնքի տակ կը մնար: Եւ վերջապէս այստեղ հաստատուած էին այն այլազան վարչական գրասենեակները, որոնցմով կը կառավարուէր այն օրերու Մեծն Հայքը (Armenia Magna): Այս բոլորը բնականօրէն կը նախատրամադրէին գրաբարը` դառնալու Հայաստանի ամենատարածուն ու մենաշնորհեալ բարբառը, եւ այս պատճառով ալ Հայ եկեղեցին եւ յատկապէս Սահակ եւ Մեսրոպ ոչ իսկ պահ մը կը տատամսին գրաբարը ընտրելու իբրեւ աստուածաշնչական լեզու, այսինքն` այն գիրքին, որմով պիտի կրթուէր ամբողջ հայութիւնը:

Ըստ Աճառեանի, թէեւ Հայաստան Ե. դարուն ունէր այլազան բարբառներ, սակայն անոնք շատ հեռու չէին  կամ այնքան մը հեռու չէին` նախ իրարմէ, ապա` Արարատեան բարբառէն, որ զիրար չհասկնային, ինչպէս կը պատահի շատ աւելի ուշ, երբ հայկական բազմատասնեակ բարբառներ այնքան կը հեռանան իրարմէ, որ  այլեւս անհասկնալի կը դառնան իրարու: Այլ խօսքով, կարելի էր գրաբարը սեպել համահայկական լեզու, եթէ ո՛չ բոլորին կողմէ խօսելի, առնուազն` պատկառելի մեծամասնութեան մը կողմէ խօսելի, իսկ մնացեալին համար ալ` հեշտօրէն ըմբռնելի:

Փոքր խարխափումներով` գրաբարը այս կարգավիճակը կը պահէ մինչեւ ԺԲ. դար, երբ այլեւս կամաց-կամաց կը դադրի համազգային լեզու ըլլալէ ու կը դառնայ գրաճանաչ դասին կամ մտաւորականութեան, յատկապէս հոգեւորականութեան լեզուն: Մնացեալները կը սկսին խօսիլ ու գրել անցումային լեզու մը, որ ծանօթ է միջին հայերէն անունով, որ իր կարգին կամաց-կամաց կը դառնայ արդի աշխարհաբարը:

Ս. Թարգմանիչներու վարքը՝ օրինակ Հայ Ժողովուրդին

Խմբագրել

Սուրբ թարգմանիչները իրենց կեանքով կը դառնան հայ ժողովուրդի թարգմանը Աստուծոյ քով: Այսօր ալ անոնք կը շարունակեն իբրեւ փարոս լուսաւորել հայոց ապագան. Ս. Սահակ կը սորվեցնէ ըլլալ խոնարհ, Մ. Մաշտոց՝ չվախնալ եւ աղօթքով յաղթահարել դժուարութիւնները, Եզնիկ՝ ուղեցոյց է հաւատքը պաշտպանելու, Եղիշէ՝ հայրենասիրութինը ապրումի կը վերածէ, Խորենացի կը սորվեցնէ հայոց պատմութիւնը, Շիրակացի՝ կ'առաջնորդէ բնութեան եւ տիեզերքի գաղտնիքներու մէջ, Գրիգոր Նարեկացի՝ հոգին կը բարձրացնէ դէպի Աստուած, Ներսէս Շնորհալի՝ հայ հաւատքին բանաձեւը կու տայ եւ կը սորվեցնէ Աստուծոյ փառքը երգել:

Երաժշտարուեստ

Խմբագրել

Թարգմանչական շարժումը հիմը դրած է նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան եւ տարբեր գործերու յառաջացման, ինչպէս, թարգմանչաց շարժումին ու սուրբ թարգմանիչներուն ձօնուած Վարդան Արեւելցինն «Որք զարդարեցին» շարականը՝ իր կանոնով։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նշման ժամանակացոյցը՝ ըստ տարիներու
Խմբագրել
  • 09 Հոկտեմբեր, 2010
  • 08 Հոկտեմբեր, 2011
  • 13 Հոկտեմբեր, 2012
  • 12 Հոկտեմբեր, 2013
  • 11 Հոկտեմբեր, 2014
  • 10 Հոկտեմբեր, 2015
  • 08 Հոկտեմբեր, 2016
  • 14 Հոկտեմբեր, 2017
  • 13 Հոկտեմբեր, 2018
  • 12 Հոկտեմբեր, 2019
  • 10 Հոկտեմբեր, 2020
  • 09 Հոկտեմբեր, 2021
  • 08 Հոկտեմբեր, 2022
  • 14 Հոկտեմբեր, 2023
  • 12 Հոկտեմբեր, 2024
  • 11 Հոկտեմբեր, 2025
  • 10 Հոկտեմբեր, 2026
  • 09 Հոկտեմբեր, 2027
  • 14 Հոկտեմբեր, 2028
  • 13 Հոկտեմբեր, 2029
  • 12 Հոկտեմբեր, 2030

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2002
  • Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008
  • Թարգմանչաց տօն. - «Ի՞նչ է, ո՞վ է», 1985, հտ. 2, էջ 85.։
  • Թարգմանչաց տօն. - ՀՍՀ, 1978, հտ.4, էջ 150։
  • Մկրտչեան Լ. ․․․Իմանալ զբանս հանճարոյ. - Սովետահայ թարգմանական գեղարուեստական գրականութիւն.- Եր., 1983, էջ 5-8։