Արշակ Ֆեթվաճեան

Արշակ Ֆեթվաճեան (1 Հոկտեմբեր 1866(1866-10-01), Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 10 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-10) կամ 7 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-07)[1], Մեդֆորդ, Միտըլսէքս Գաւառ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու եւ Դրամանիշներու հեղինակ՝ գծագրիչ Արշակ Ֆեթվաճեան: Ան իբրեւ մտաւորական, նկարիչ, պատմաբան, բանաստեղծ, գծագրիչ, արուեստաբան փորձած է փրկել հայ մշակոյթը, արուեստը, արժէքները, հայու անունը եւ իրաւունքները ու այս բոլորը փորձած է ներկայացնել համայն մարդկութեան: Ան առաջին հայ նկարիչն է, որ գեղանկարչութեան նիւթ դարձուցած է ճարտարապետական կոթողը: Արուեստի բնագաւառի մէջ թարգմանական աշխատանք, մասնաւորապէս՝ ֆրանսերէնէ եւ իտալէրէնէ հայերէնի։

Արշակ Ֆեթվաճեան
Ծնած է 1 Հոկտեմբեր 1866(1866-10-01)
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 10 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-10) (81 տարեկանին) կամ 7 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-07)[1] (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Մեդֆորդ, Միտըլսէքս Գաւառ, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Հռոմի գեղարուեստի կաճառ
Ազդուած է Չեզարե Մակկարի?
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, փոստային բացիկների դիզայներ

Ան, ականատես եղած է 1915 թ․ Ցեղասպանութենէն փրկուած Էջմիածնի մէջ հայ գաղթականութեան անօթեւան, թշուառ վիճակին։ Նաեւ՝ 1918 թ․ եւ 1919 թ․ միջեւ Արարատեան դաշտավայրին մէջ կատարուող մարտական գործողութիւններուն եւ հայութեան առջեւ ստեղծուած սուր տագնապալի իրավիճակին։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ուսում եւ կազմաւորում

Խմբագրել
  • Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Արշակ մանկութեան տարիներուն արդէն ցուցաբերած է մեծ հետաքրքրութիւն հանդէպ արուեստի:
  • Ան ղրկուած է Պոլիս, որպէսզի արուեստներու հանդէպ իր սէրն ու բնատուր շնորհները զարգացնէ Կոստանդնուպոլսոյ Կայսերական գեղարուեստի վարժարանին մէջ, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է 1887-ին:
  • Ֆեթվաճեան մեկնած է Հռոմ 1887-ին պոլսահայ Ոսկան Պէյ Մարտիկեան բարձ հոգիի տէր հայուն կրթաթոշակով: Հռոմի մէջ չորս տարի ուսանած է Սան Լուքա գեղարուեստի ակադեմիային մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Չեզարէ Մաքքարին: 1891-ին, ուսման աւարտին, մասնակցած է Իտալիոյ նկարիչներու ազգային ցուցահանդէսին: Իր ուսուցիչը՝ Չեզարէ Մաքքարին թելադրած է Արշակին վերադառնալ իր հայրենիքը:
  • Սուրբ Ղազարի մէջ ծանօթացած է Ղեւոնդ Ալիշանին, որ իր մէջ կը դրոշմէ հայ մշակոյթի արժէքները եւ հարստութիւնը: Անոր հրաւէրով, 1889-1891 ամառնային արձակուրդը անցուցած է Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոնին մէջ եւ ուսումնասիրած է հայկական մանրանկարչութիւնն ու ձեռագիրներու մանրանկարները: Վենետիկի մէջ նկարած է վենետիկեան տեսարաններ:

Շրջագայութիւն Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու մէջ

Խմբագրել

Վիեննայի տարիները

Խմբագրել

1891-1895 Ֆեթվաճեան աշխատած է Վիեննայի մէջ եւ հոն մնայուն հանդիպումներ ունեցած է աւստրիացի արուեստագէտներու եւ նկարիչներու հետ, որոնց շնորհիւ իր մէջ խմորուած է արուեստի ճաշակն ու նրբութիւնը, ջրաներկի տիրապետած է եւ դարձած արուեստի պատմութեան մասնագէտ:

Վիեննա Աւստրիոյ մօտ Պարսկաստանի հայազգի դեսպան Նարման Խան Ենիկոլուպեանին պատուէրով նկարած է Պարսկաստանի Նասր Էտտին Շահին եւ վերջինին վեզիրին դիմանկարները։ Նաեւ՝ արուեստի նկարներ թուրք եւ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հիւպատոսներու պտուէրով։

Զբաղած է գրական աշխատանքով եւ Պոլսոյ ու Վիեննայի հայկական մամուլին մէջ հրատարակած է գրական աշխատանք, մասնաւորաբար արուեստաբանակն գրականութիւն։

Ղրիմ եւ Սան Փեթերսպուրկ

Խմբագրել
  • Ֆեթվաճեան 1896-էն վերջ շրջագայած է Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, ուր ծանօթացած է յայտնի նկարիչներու: Ապա ան մեկնած է Ղրիմ, ուր հանդիպած է մեծ գծագրիչ-ծովանկարիչ՝ Այվազովսկիին:
  • 1896-1903 Արշակ Ֆեթվաճեան ապրած է Սան Փեթերսպուրկ: Սան Փեթերսպուրկի մէջ ծանօթացած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թերլեմէզեանին եւ դարձած է անոր մտերիմ բարեկամը:

Թիֆլիս

Խմբագրել
  • 1899-ին հաստատուած է Թիֆլիս:
  • Ցուցահանդէսներու ընդմէջէն, հանրութեան կը ծանօթացնէ իր աշխատանքը։
  • Իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ եւ զարդարած Թիֆլիսի կարգ մը հայկական եկեղեցիներ, Կարսի, Արմաւիրի եւ Ս․ Էջմիածնի։
  • Նկարած է Պատմական Հայաստանի 6-րդ դարէն մինչեւ 13-րդ դարերու յուշարձանները (աւելի քան 2000 մատիտանկար եւ ջրաներկ), որոնց մէջ գլուխ գործոց են «Անի» ջրանկարները։

Փարիզ եւ Ա․Մ․Ն․

Խմբագրել
  • 1920-ականներու սկիզբը կարճ ժամանակով ապրած է Փարիզ, ապա վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին վերջին 25 տարիները:

Վերջին տարիները Ա․Մ․Ն․-ուն մէջ

Խմբագրել

Նիու Եորքի մէջ Ֆեթվաճեան կ՛ապրի թշուառ պայմաններուն մէջ։ Զինք այս վիճակին կը հանդիպի գործարար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան եւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան նախկին հիւպատոսներէն մէկը։ Ֆեթվաճեան ապաստան կը գտնէ անոր տունը (Պոսթըն) եւ կը դառնայ Մանուէլեան ընտանիքին նոր անդամը։

Մանուէլեանի տան մէջ, կը հանդիպի Պոսթըն ապաստանած վտարանդի դարձած մտաւորականներուն՝ Վարդգէս Ահարոնեան (Աւետիս Ահարոնեանին որդին) եւ անոր տիկնոջ Արմէնուհի Տիգրանեան (Արմէն Տիգրանեանի քոյրը), որոշ ժամանակի «Հայրենիք» լրագրի խմբագիր Յարութիւն Չաքմաքճեան, Համաստեղ, հայդուկ-զօրավար Սեպուհ եւ շատ ուրիշներուն։

Պոսթընին մէջ Հարվըրտ համալսարանի եւ ուրիշ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններուն հրաւէրով հայկական արուեստի եւ ճարտարապետութեան շուրջ դասախօսութիւններ կու տայ։

Գործը եւ ճանաչումը Պոսթընի մէջ

Պոսթընի մէջ կը վերսկսի ստեղծագործել։ 1925-1930 թուականներուն կ՛իւղաներկէ շիկահեր եւ կապուտաչեայ երիտասարդ կիներու եւ աղջիկներու պատկերներ, որոնք այսօր պահուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին անոր երկերու հաւաքածոյին մէջ։

1929-1931 թուականներուն իւղաներկով կը նկարէ հայ միջնադարեան մշակոյթի նշանաւոր դէմքերու երեւակայական դիմանկարերը․ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Յովհաննէս Օձնեցի, Ստեփանոս Տարօնեցի, Մխիթար Գօշ, Եզնիկ Կողբացի, Գրիգոր Նարեկացի։

Կը նկարէ նաեւ Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի եւ նաեւ՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) դիմանկարները։

 
ՀՀ նամականիշերը Ֆեթվաճեանի ձեւաւորմամբ

Ամերիկեան կարգ մը թանգարաններ եւ արուեստի հաստատութիւններ, Ֆեթվաճեանին կ՛առաջարկեն գնել անոր գործերը։ Սակայն ան կը մերժէ, հաստատելով թէ անոնք կը պատկանին միայն ու միայն հայ ժողովուրդին։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթեր եւ Դրամանիշներ

Խմբագրել
 
ՀՀ նամականիշերը Ֆեթվաճեանի ձեւաւորմամբ

30 Յուլիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետութեամբ Ալեքսանդր Խատիսեանի, որոշած է հայկական դրամանիշներ տպագրելու համար արտասահման-Ֆրանսա ուղարկել երկրաչափ Գրիգոր Աղաբաբեանը եւ նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեանը՝ իւրաքանչիւրին յատկացնելով 50 ֆրանք օրապահիկ, ճանապարհածախս՝ ըստ օրինաւոր պայմաններու եւ ամսական 3000 ռուբլի թոշակ: Արշակ Ֆեթվաճեանը հայկական թղթադրամներու, ինչպէս նաեւ նամակատարային նամականիշներու-նամակադրոշմներու տպագրութիւնը կազմակերպելու նպատակով Հայաստանէն մեկնած է Եւրոպա:

  • Մեծ դժուարութիւններով թղթադրամները վերջապէս 1920 թուականի սկզբին կը սկսին տպագրուիլ Անգլիա, լոնտոնեան հանրայայտ «Ուոթերլօ եւ որդիներ» («Waterlow & Sons Ltd») ընկերութեան տպագրատունը: Իսկ հայկական նամակատարական-թղթատարական նամականիշները, որոնք պատրաստուած էին թղթադրամներու նախագիծ-ուրուագիծին հիման վրայ, Ֆեթվաճեանը տպագրել տուած է Փարիզի «Չասփոթ» (Chassepot) ընկերութեան տպագրատունը: Ֆեթվաճեան այս պատասխանատու առաքելութիւնը կարողացած է բարեխղճօրէն եւ յաջողութեամբ հասցնել իր աւարտին: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական թղթադրամները թուագրուած են 1919 թուականով եւ թողարկուած-հրատարակուած են 50, 100 եւ 250 ռուբլի անուանական արժէքներով:

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

Ցուցահանդէսներով ներկայացուած է հանրութեան՝ 1899-ին Պաթում, 1900-ին Թիֆլիս, 1902-ին Պաքու եւ Պիատիկորսկ, 1930 թ․ Պոսթըն:

Պաքուի ցուցահանդէս
Խմբագրել

Պաքուի ցուցահանդէսին ներկայացուցած է հետեւեալ իւղաներկ գործերը՝

  • «Թրքական սուրհանդակը Անատոլիոյ մէջ» եւ «Սուլթան Մահմեդ Ա.-ի դամբարանը»,
  • «Վենետիկի Ս. Մարկոսի տաճարը»,
  • Մատթէոս պատրիարք Իզմիրլեանի դիմանկարը» եւ
  • «Քըրք Շահզեդի մզկիթի բակը»:
Թիֆլիսի ցուցահանդէսներ
Խմբագրել

1900 թ․ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է՝

  • «Ալեքսանդրապոլցի հայուհին» նշանաւոր նկարը:

1908 թ․՝

  • 1908-ին երկրորդ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է «Սասունցի կնոջ» կամ «Մանուկ Հայաստան» նկարը: «Սասունցի կինը» («Մանուկ Հայաստան»). Մանուկը կրծքին սեղմած, ամէն ինչ կորսնցուցած սասունցի դիւցազնուհին (Սասունցի Շաքէն) կը խորհրդանշէ՝ յանուն իր ապագային ոտքի ելած ժողովուրդի ազատագրական պայքարը:

1917 թ․՝

  • 1917 թ․ ցուցահանդէսին ցուցադրած է «Անի» շարքը եւ «Աղօթքը Գեթսեմանի պարտէզում» ստեղծագործութիւնը։

Ա․Մ․Ն․ ցուցահանդէսներուն մասնակցութիւն

Խմբագրել

Ֆեթվաճեանին ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Գոլոմպիա եւ Շիքակոյի Փրինսթոն համալսարաններուն մէջ։

  • 1930 թ․ Ֆեթվաճեան կը մասնակցի Պոսթընի Սիմֆոնի Հոլի ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած ուրիշ ազգերու արուեստին ու մշակոյթին կողքին կը ներկայացնէ հայկական ստեղծագործութիւններ։

Վերականգնողական աշխատանքներ

Խմբագրել

Ֆեթվաճեան Թիֆլիսի մէջ իրագործած է վերականգնողական աշխատանքներ:

  • 1900-1908-ին իր ձեռքերով զարդարած է Թիֆլիսի վերակառուցուած Քամոյեանց Ս. Գէորգ եկեղեցին՝ մեծ յաջողութեամբ:
  • 1909-1914 վերաշինած է Թիֆլիսի Կուսանաց անապատի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին․

Նաեւ՝

  • Արմաւիրի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ
  • Կարսի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բեմը, խաչկալը եւ հինգ դռները:
  • Մասնակցած է Ս. Էջմիածինի նորոգութիւններուն:

Հնագիտական եւ ազգագրական գործունէութիւն

Խմբագրել
  • 1900-ին սկսած է Արշակ Ֆեթվաճեանի հայագիտական, հնագիտական եւ ազգագրական գործունէութիւնը: Այդ թուականէն սկսեալ ձեռնարկած է պատմական Հայաստանի տարածքին իր հետազօտական շրջապտոյտներուն, որոնք տեւած են 20 տարի:
  • Արշակ Ֆեթվաճեան, շրջելով Հայաստանի գրեթէ բոլոր պատմական վայրերը, չափագրած է եւ նկարած է բազմաթիւ յուշարձաններ, հայ ազգագրական տիպեր եւ հանդերձներ՝ գործակցելով Թորամանեանին հետ: Ան մասնակցած է Նիկողայոս Մառի Անիի պեղումներու արշախումբի կազմին:
  • Հաւաքած թանկագին նիւթերով, 1918 թ․ Էջմիածնի մէջ ստեղծած է հայ կանանց ազգային տարազներու ջրանկար պատկէրները․ հայկական ազգային գեղանկարչական նմոյշներ։
  1. «Շրջագայութիւն նկարչաց աշխարհին մէջ», «Հանդէս» ամսօրեայ, 1892 թ. № 1-6, 9-11, 1893 թ. № 3. Տպուած Վիեննա, Մխիթարեան տպարան:
  2. «Իմ մտքերը», Պոսթոն, 1941: Այս հատորը վկայութիւններ եղած է իր մտահոգութիւններուն, աշխարհայեացքին, գեղագիտական ճաշակի մասին:
  3. «Les Ruines d’Ani». Venice, 1906.
  4. «Հայ գիրքի գեղարուեստը».

Արշակ Ֆեթվաճեանի մասին լոյս տեսած հատորներ են՝

  1. Ա. Տէր Մանուելեան Պէյրութի մէջ 1966-ին հրատարակած է ՝ «Նկարիչ Արշակ Ֆեթվաճեան» հատորը:
  2. 2015-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Արշակ Ֆեթվաճեան, 1863-1947, Մշակութային Եղեռնից փրկուած ճարտարապետական մասունքներ» հատորը:
  3. Լեւոն Չուքասըզեան Երեւանի մէջ հրատարակած «Արշակ Ֆեթվաճեան՝ հայ նկարիչը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ»:
  4. Լեւոն Չուքասըզեան 2011-ին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Արշակ Ֆեթվաճեան»՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը:
  5. «ՀԱՊ»-ի կողմէ 2015-ին Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Մշակութային եղեռնից փրկուած ճարտարապետական մասունքներ» ալպոմը:
 
Անիի Մայր տաճարը 1905

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • «Արեւելեան փոսթ»
  • «Սասունցի կինը» («Մանուկ Հայաստան»)
  • «Ղեւոնդ Ալիշան»
  • «Վենետիկի Ս. Մարկոսի տաճարը»
  • «Մատթէոս Իզմիլեան»
  • «Անիի աւերակները» - ջրանկարներու շարք
  • «Անի. Միջնաբերդի բլուրը»[2]
  • «Անի. Հասարակական շէնքը»[3]
  • «Վիրիվիս Ֆորթունայի տաճարը»[4]
  • «Արեւամուտ (Միջերկրական եւ Սեւ ծովի ափին)»[5]
  • «Փողոցը Պաթումի մէջ»[6]
  • «Փոսթը սարերում»[7]

Տարբեր աշխատանքներ՝

  • Թիֆլիսի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որմնանկարչական եւ քանդակագործական ձեւաւորումները
  • Կուսանաց Անապատ (մենաստան) Ս. Ստեփանոս եւ Արմաւիրի Ս. Գէորգ եկեղեցիներու վերաշինութիւնը
  • Կարսի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ բեմը եւ դուռը
  • Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 50, 100 եւ 250 ռուբլի անուանագնով թղթադրամներու ձեւաւորումը
  • Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին փոսթային նամականիշերու ձեւաւորումը։

Հայրենադարձութեան տարիներուն, այլ մտաւորականներու շարքին, ինքն ալ կը հրաւիրուի՝ վերադառնալու հայրենիք: Ան կը պատրաստուի միանալու ներգաղթող հայերուն եւ ինք իր ձեռքերով կը զետեղէ իր ստեղծագործութիւնները (2000 հատ) սնտուկներու մէջ: Սակայն, ան անակնկալ կը հիւանդանայ եւ 84 տարեկանին կը մահանայ 7 հոկտեմբեր 1947-ին Միացեալ Նահանգներու Մետֆըրտ քաղաքին մէջ: *Իր կտակին համաձայն, իր աճիւնը եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ պահուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: Անոր աճիւնները Երեւանի մէջ ամփոփուած են նկարիչ Սեդրակ Աղաճանեանի աճիւններուն մօտ: Դժբախտաբար այսօր անոր գերեզմանը անյայտ է:

Ծննդեան 150-ամեակ

Խմբագրել

Արշակ Ֆեթվաճեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հրատարակուած են դրոշմաթուղթերու շարք մը՝ օգտագործելով Արշակ Ֆեթվաճեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն նկարները:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

«Ազատ Օր» օրաթերթ, 2020 թ․, Երեքշաբթի 2, Չորեքշաբթի 3 եւ Հինգշաբթի 4 Յունիս, էջ՝ 4, հեղ․՝ բժշ․Կարպիս Հարպոյեան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել